Այլընտրանքային Բացատրութի՞ւն Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Տումայի նախկին նախագահ Կենատի Սելեզնիովի եւ ներկայ նախագահ, Ռուսիոյ իշխող Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան ականաւոր անդամներէն Սերկէյ Նարիշքինի խորհրդականի պաշտօններ վարած, Քրեմլինի մօտիկ ռուս քաղաքագէտ Ալեքսանտր Տուկին, որուն տեսակէտները յաճախ նկատուած են իբրեւ ֆաշական, 10 յունիսին իր խմբագրած «Քաթեհոն» կայքին վրայ տեղադրուած տեսագրութեան մը մէջ յայտարարեց. «Իբրեւ պետութիւն եւ կայսրութիւն, Կոստանդնուպոլսոյ անկումէն ետք, մենք Բիւզանդիոնի ժառանգորդներն ենք: Երրորդ Հռոմը...




















