Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-Ամեայ Յոբելեանը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 2017-ի Յիշարժան Տարեթիւերուն Շարքին

Օգոստոս 30, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ayvazovzki-(2)_83016«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ նշանաւոր ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 2017-ի յիշարժան տարեթիւերու շարքին մէջ: Այս մասին լրագրողներուն տեղեկացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեան: Անոր համաձայն, այդ առիթով տարբեր երկիրներ եւս (Այվազովսքին իր կենսագրութեամբ տարբեր երկիրներու հետ կապուած է, ինչպէս` Ռուսիոյ եւ Լեհաստանի) ձեռնարկներ եւ ցուցահանդէսներ կազմակերպելու նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած են:

ayvazovzki-(4)_63016

«Հայաստանը` իբրեւ նախաձեռնող կողմ, ունի իր ծրագիրները. կը նախատեսուի մեծ ցուցահանդէս կազմակերպել: Միացեալ ծրագիրներ ունինք Ռուսիոյ հետ, եւ ներկայիս քննարկումներ տեղի կ՛ունենան Լեհաստանի հետ», յայտնած է փոխնախարարը: Ներսէս Տէր Վարդանեան, խօսելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պատմամշակութային ժառանգութեան ցանկերուն մէջ հայկական յուշարձաններու ներկայացման մասին, նկատած է, որ ներկայիս աշխատանքները կը տարուին այլ երկիրներու հետ միացեալ դիմումներ կազմելու կարելիութիւնները օգտագործելու ուղղութեամբ: «Միացեալ դիմումներ ներկայացնելու ուղղութիւնը յատկապէս վերջին շրջանին մեծ թափ կը ստանայ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ալ մեծ հետաքրքրութիւն կայ այդ առնչութեամբ: Միացեալ դիմումներու տարբերակներ կը քննարկուին նաեւ դրացի երկիրներուն` Իրանի ու Վրաստանի հետ, եւ Յունաստանի ու Կիպրոսի», աւելցուցած է Տէր Վարդանեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան իր կարգին նշած է, որ Քոչարի աւանդական խմբապարը` լրամշակուած տարբերակով, պիտի քննարկուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական ժառանգութեան պաշտպանութեան կոմիտէի 2017-ի շրջափուլին: Փոխնախարարին համաձայն, ներկայիս հայկական կողմին հիմնական ուշադրութիւնը այդ դիմումին շուրջ է:

ayvazovzki-(3)_63016

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնախումբի գլխաւոր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեան, անդրադառնալով նշեալ կառոյցի մշակութային ժառանգութիւնը արձանագրելու դիմումներու ներկայացման ընթացակարգին, նշած է, որ ատիկա կրնայ ընել միայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային յանձնախումբը: «Ոչ մէկ կազմակերպութիւն, գերատեսչութիւն, թանգարան կրնայ դիմում ներկայացնել: Անոնք կրնան առաջարկ եւ գաղափար ներկայացնել նախարարութեան եւ յանձնախումբին, բայց դիմում ներկայացնել չեն կրնար», ըսած է Վահան Կաժոյեան` անդրադառնալով Որդան կարմիրը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ներառելու մասին մամուլի հրապարակումներուն:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, Կաժոյեանի համաձայն, երեք յանձնախումբ ունի` համաշխարհային ժառանգութեան, ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան եւ մարդկութեան յիշողութեան ցանկերը: Կաժոյեան տեղեկացուցած է, որ առաջինին մէջ Հայաստանէն 3 արձանագրուած դիմում կայ, երկրորդին` 4 եւ մարդկութեան յիշողութեան ցանկին մէջ` 3: «Ներկայիս գաղափար կայ կեդրոնանալու համաշխարհային ժառանգութեան ցանկի համալրման ուղղութեամբ, որովհետեւ ասիկա նիւթական եւ շօշափելի է եւ միանշանակ կը նպաստէ զբօսաշրջութեան աճին: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն մարդկութեան յիշողութեան ցանկը իրականացնելու եւ ուխտի տրամադրութիւններուն ենթարկելու աշխատանքներուն սկսած է: Ասիկա ցանկ մըն է, որուն մէջ կը ներգրաւուին արխիւներ եւ պատմական փաստաթուղթեր: Մատենադարանի ամբողջ հաւաքածոն, Արամ Խաչատուրեանի շարժապատկերներու համար գրուած երաժշտութիւնը եւ Բենիամին Մարգարեանի աստղագիտական ուսումնասիրութիւններու Բիւրականի հաւաքածոն եւս այս ցանկին մաս կը կազմեն», յայտնած է ազգային յանձնախումբի գլխաւոր քարտուղարը:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին Մէջ Անիի Ընդգրկումը` Յուշարձանի Պահպանութեան Երաշխիք

ayvazovzki-(1)_83016

Միջնադարեան հայկական Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաք Անիի ընդգրկումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ցանկին մէջ մեծ ձեռքբերում է` յուշարձանի պահպանութեան առումով, այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեցին դիմումի քննարկման մասնակցած պաշտօնատարները:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` «Անի. հնէաբանական վայր» անուանումով դիմումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէին ներկայացուցած է Թուրքիան` նախապէս ներկայացուցած դիմումը յաւելեալ մշակումի ենթարկելէ ետք: Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեանի համաձայն, յաւելեալ մշակումի ենթարկուած դիմումը կ՛արտայայտէր Անիի ինքնութեան հատուածը եւ յստակօրէն կը ներկայացնէ անոր հայկականութիւնը, որ հայկական պատուիրակութեան համար կարեւոր դրոյթներէն մէկն է: «Կարեւոր կը նկատենք այս դիմումին ընդգրկումը ցանկին մէջ նախ եւ առաջ անով, որ մեր պատմամշակութային ժառանգութիւնը աշխարհով մէկ սփռուած է, եւ մենք պէտք է տէր կանգնինք Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող յուշարձաններուն ու ողջունենք փաստերը, երբ միջազգային կազմակերպութիւնները իրենց հսկողութեան տակ կ՛առնեն զանոնք: Ցանկին մէջ յայտնուիլը յուշարձանի պահպանութեան համար որոշակի երաշխիքներ կը ստեղծէ, իսկ Թուրքիոյ մէջ գտնուող յուշարձաններու շրջագիծին մէջ ատիկա աւելի կարեւոր կը նկատուի», ըսաւ փոխնախարարը:

Անոր համաձայն, Անիի հետ կապուած հետագայ գործողութիւնները` պահպանութիւն, զբօսաշրջական հոսքերու կառավարում, Թուրքիոյ կողմէ պարբերաբար պիտի զեկուցուին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին: Իսկ վերանորոգում իրականացելու համար թրքական կողմը պէտք չէ հեռանայ նախնական տեսքէն, որ ունեցած է յուշարձանը: Ն. Տէր Վարդանեան նաեւ տեղեկացուց, որ նախապէս տեղեկատուական գրքոյկ մը հրատարակած են Անիի` իբրեւ Բագրատունեաց մայրաքաղաքի վերաբերեալ ու զայն տարածած են այն մարդոց, որոնք որոշումին վրայ ուղղակի ազդեցութիւն կրնային ունենալ:

Հայաստանի Հանրապետութեան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնախումբի գլխաւոր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեանն ալ նկատեց, որ Թուրքիոյ կողմէ տուեալ դիմումին ներկայացումը պատահական չէր: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ ներկայացուած հայկական կողմը իր ելոյթներուն ընթացքին շատ անգամներ արծարծած է խնդիրը, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան բազմաթիւ յուշարձաններ այլ պետութիւններու տարածքներուն վրայ են եւ անոնք պատշաճ ուշադրութեան չեն արժանանար: Համաձայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կանոնադրութեան, իւրաքանչիւր երկիր կրնայ ներկայացնել իր վարչական տարածքին մէջ գտնուող յուշարձանները, հետեւաբար Հայաստան չէր կրնար դիմում ներկայացնել այլ պետութիւններու մէջ գտնուող իր յուշարձաններուն առնչութեամբ: «Մենք կը յիշեցնէինք մեր չորս դրացի երկիրներուն մէջ ինչպիսի վիճակ կը տիրէ յուշարձաններու պահպանման առումով` մասնաւորապէս ընդգծելով Իրանի մէջ գտնուող երեք հայկական յուշարձաններու (Ս. Ստեփանոս, Ս. Թադէ եւ Ձորձորի վանքերը` իբրեւ հայկական վանական համալիրներ) ընդգրկումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ: Պարբերաբար կը նշէինք այն փաստը, որ Թուրքիոյ տարածքին մէջ ունինք ոչ լաւ վիճակի մէջ գտնուող աւելի մեծ թիւով հայկական յուշարձաններ, որոնց պահպանումը չ՛իրականացուիր: Անոր հետեւանքը այն եղաւ, որ երկու-երեք տարի առաջ Թուրքիոյ կողմէ երկու բացայայտ յուշարձաններ ընդգրկուեցան համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ, որմէ ետք զանոնք կարելի էր ներկայացնել մնայուն ցանկին մէջ ընդգրկուելու համար», ընդգծեց Վահրամ Կաժոյեան:

Ան նշեց, որ թրքական կողմին ներկայացուցած նախնական դիմումը կը կոչուէր «Անիի մշակութային բնապատկեր», որ մերժուեցաւ, որովհետեւ այդ պարագային ոչ թէ բնապատկեր ներկայացուած էր, այլ` պատմամշակութային եւ հնէաբանական յուշարձանը`  քաղաքին պարիսպները, աւերակները, եկեղեցիներն ու վանքերը: «Փորձագիտական կոմիտէն կատարած էր այլ դիտարկումներ եւս, որոնք մինչ այդ փոխուեցան: Թրքական կողմէն յաւելեալ մշակման ենթարկուած վերջնական դիմումը բաւականին լաւ էր, ի հարկէ, կատարեալ չէր, բայց այնպէս ալ չէր, որ բացասական էր», նկատեց Կաժոյեան:

Ան տեղեկացուց, որ յայտնի քննարկումէն ետք առաջարկ եղած էր զայն կրկին ուղարկելու յաւելեալ մշակման եւ դիմումին ընդունումը յետաձգելու անորոշ ժամանակով, բայց, հաշուի առնելով յուշարձանի պահպանման կարեւորութիւնը, ի վերջոյ Անին ընդգրկուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ: «Դիմումին վերաբերեալ աննախադէպ քննարկում ծաւալեցաւ, կոմիտէի 21 անդամ երկիրներէն միայն երկուքը չեն խօսած` Քուպան եւ Ազրպէյճանը: Միւս բոլորը, խօսելով «Անի. հնէաբանական վայր» դիմումին մասին, շեշտած են ատոր հայկականութիւնը: Կարեւոր փաստ մըն ալ, որ կոմիտէի ոչ անդամ երկիրները կրնան կարճ ելոյթ ունենալ, մենք ատիկա ըրինք դիմումին ընդունումէն ետք: Ներկայացուեցան երկու ելոյթներ` մէկը Թուրքիոյ կողմէ, որ ներկայացուցած էր դիմումը, իսկ երկրորդը Հայաստանի կողմէ, որուն կը պատկանի Անիի հեղինակային իրաւունքը», նշեց Վահրամ Կաժոյեան` աւելցնելով, որ նիստէն ետք շնորհաւորանքներ կը ստանային ոչ միայն թուրքերը, որոնք դիմումը ներկայացուցած էին, այլեւ հայերը, որոնց պատմութեան կարեւոր դրուագն ու գլուխ-գործոցը ցանկին մէջ ներառուած էր:

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Նուիրուած «Խոստումը» Ժապաւէնին Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը` Թորոնթոյի Փառատօնին

Յաջորդը

Այլընտրանքային Բացատրութի՞ւն Մը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?