Յօդուածներ

«Նոր Հանգրուան Հայկական Լրատուական Ցանցի Ամրապնդման Եւ Զարգացման Ճանապարհին». Վաղինակ Վարդանեան

«Նոր Հանգրուան Հայկական Լրատուական Ցանցի Ամրապնդման Եւ Զարգացման Ճանապարհին». Վաղինակ Վարդանեան

ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ Հայաստանի ժուռնալիստների միութիւնը, Լրատուամիջոցների համահայկական ընկերակցութիւնը, Լրագրողների համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը,  Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, հոկտեմբերի 20-24 պիտի կազմակերպեն «Հայոց պետականութիւնը`  միասնութեան առանցք» խորագրով  Լրագրողների համահայկական 8-րդ համաժողովը: Նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ համաժողովին մասին խօսելու նպատակով «Հայերն այսօր» կայքը հարցազրոյցը կատարած է սփիւռքի նախարարութեան Տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեանին հետ: Ստորեւ`  հարցազրոյցը: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Լրագրողների համահայկական համաժողովի կազմակերպումն,...

Սայիտին Ուրախութիւնը

Սայիտին Ուրախութիւնը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Իւրաքանչիւր Հալէպ ճամբորդութեան անպայման պէտք էր կանգ առնէինք Մաարա գիւղը` Հալէպէն առաջ եւ մօտաւորապէս ութսուն քիլոմեթր հեռու: Եւ ասիկա ձեւով մը անգիր օրէնք եղած էր, կամովի պէտք էր հոն կանգ առնէին` թէ՛ քիչ մը հանգստանալու, եւ թէ՛ համտեսելու գիւղին համեղ ճաշերը եւ անուշեղէնները: Փոքր տարիքէս եւ մինչեւ չափահասութիւն` այս եղաւ մեր սովորութիւնը: Մաարա գիւղին հետ կը կամրջէի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Հոկտեմբեր Ա.- Հալէպի Վէրքը Կը Շարունակէ Կոտտալ

Սուրիա 6-րդ տարին ըլլալով կ՛ենթարկուի արտաքին ուժերու կողմէ ուղղորդուած ահաբեկչական պատերազմի: Այս պատերազմի ամէնէն սոսկալի բաժինը շուրջ 4 տարի է ի վեր տեղի կ՛ունենայ Հալէպի մէջ: Հալէպը ո՛չ միայն իր աշխարհագրական դիրքով եւ տնտեսական ազդու գործօն ըլլալու հանգամանքով կը տարբերի Սուրիոյ մնացեալ նահանգներէն, այլ նաեւ` բնակչութեան գունեղ պատկերով: Հալէպի մէջ, համեմատած Սուրիոյ այլ նահանգներու, հայ համայնքը ունէր եւ տակաւին ունի...

«Օրերը  Սեւ Են, Դագաղները Ճերմակ»

«Օրերը Սեւ Են, Դագաղները Ճերմակ»

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Բան չմնաց գրելիք: Բան չմնաց գրելիք, որովհետեւ այսօրուան զոհերուն կորուստը անցեալ շաբաթ սգացած էինք, դեռ ամիսներ առաջ, տարիներ առաջ սգացած էինք մեր նախորդ զոհերուն հետ, վաղուան եւ յաջորդելիք օրերու զոհերուն ալ մահը արդէն շատոնց սգացած ենք... առաջին զոհերուն հետ... Բայց սուգը կարծես անվերջ է, ու օրերը առաւել գորշ գոյն կը ստանան, ինչպէս այսօր մատնանշեց քահանայ հայրը իր հրաժեշտի...

Նարէ՛ «Նոր Ձայն»

Նարէ՛ «Նոր Ձայն»

Սեպտեմբեր 28-ին Երեւանի Կոմիտասի անուան Կամերային տան մէջ կայացած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին «Ցեղասպանութեան  100+1 ամեակի» խորագիրով մենահամերգով մասնակցեցաւ նաեւ Նարէ՛ «Նոր Ձայն» լիբանանահայը: Համերգը կազմակերպուած էր Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Ցեղասպանութեան 100+1 ամեակին  եւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած փառատօնին առիթով: Համերգին Նարէ՛ն ներկայացաւ յօրինող Կոնսդանդին Պետրոսեանի «Էլեգիա-վոկալիզմ» երգի կատարմամբ, որ Հայաստանի մէջ հնչեց առաջին անգամ ըլլալով: Իսկ սեպտեմբեր 26-ին կայացած...

Նամականի

Նամականի. Մինչեւ Ո՞ւր Զիջիլ

Ազգային մեր առօրեային մէջ կը հանդիպինք այնպիսի երեւոյթներու, որոնց հանդէպ լուռ եւ անտարբեր մնալ կարելի չէ այլեւս: Լռութիւնը հաւանութեան նշան է, իսկ հաւանութիւնը յաճախ համակերպումի եւ զիջումի արտայայտութիւն է: Դեռ մինչեւ ո՞ւր զիջիլ եւ ի՞նչ գնով: Ամէն ինչ կարելի չէ զիջիլ, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի արժէքներու, որոնց կորուստը հայեցի մեր դիմագիծը կը խաթարէ եւ ազգային մեր ինքնութիւնը կը վտանգէ:...

«Բամբիռ»-ի Երաժշտութիւնը Պիտի Հնչէ Պուրճ Համուտէն

«Բամբիռ»-ի Երաժշտութիւնը Պիտի Հնչէ Պուրճ Համուտէն

Պատրաստեց` ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Կայ երաժշտութիւն, որ կը լսենք ինքնաշարժին մէջ` առանց մտիկ ընելու, այլ երաժշտութիւն կը հադուրժենք լսել միայն պարահանդէսներու սահմաններուն մէջ, իսկ նաեւ կայ երաժշտութիւն, որ կը լսենք համտեսելու համար արուեստի գործը: «Բամբիռ»-ի մատուցած արուեստը կը պատկանի այն տեսակին, որ ոչ միայն յաջողած է նուաճել երաժշտական բարձր որակ, այլ նաեւ հասնելով երաժիշտներուն ծինային համակարգին` ծնած է «Բամբիռ»-ին շարունակողականութիւնը ապահովող...

«Կանչ»

«Կանչ»

Պատրաստեց` ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը եւ ճանաչման աշխատանքը արուեստի ճամբով կատարելու այլ աշխատանք մը յաջողութեամբ կը պսակէ բեմադրիչ Գուժ Թադեւոսեանի «Կանչ» ժապաւէնը: ժապաւէնը ոչ միայն կը հանդիսանայ Ցեղասպանութեան վկայութիւն մը, այլ նաեւ անիկա կը ներկայացնէ այլ դիտանկիւնէ մը: Դէպքը տեղի կ՛ունենայ թրքական ռազմական վարժարանի մը մէջ, որուն «կը ծառայեն» 1909 թուականին Քեսապի ու Ատանայի կոտորածներէն ճողոպրած երկու պատանիներ` Վարդանն...

Միջազգային Կրաւորական Արձագանգ` Ազրպէյճանի Հանրաքուէին

Միջազգային Կրաւորական Արձագանգ` Ազրպէյճանի Հանրաքուէին

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իշխանութեան ղեկին վրայ իր գերդաստանին երկար մնալը օրինականացնելու նպատակով վերջերս կազմակերպեց սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէ, որ միջազգային շրջանակներու, մարդկային իրաւանց խմբաւորումներու եւ քննադատներու կողմէ դատապարտուեցաւ: Սակայն, ինչպէս միշտ, «դատապարտում»-ը կը մնայ կրաւորական, որովհետեւ գործնական ոչ մէկ քայլ կ՛առնուի, իսկ բռնապետը եւ իր ընտանիքն ու անմիջական շրջապատը կը զօրանան ու կը բարգաւաճին... սահմանադրութեան օրէնքի «բարեփոխուած»...

«Գրգեաշարեան-Գայիքեան Ֆոնտ»-ի Ներդրումը

«Գրգեաշարեան-Գայիքեան Ֆոնտ»-ի Ներդրումը

Դոկտ. Ճան Շօ, Ստեփան Գրգեաշարեան եւ փրոֆ. Կարտնըր Սիտնիի համալսարանի արուեստի եւ ընկերային գիտութիւններու ուսումնասիրութեան գրասենեակը աւստրալիական մամուլին յղած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձած է «Գրգեաշարեան-Գայիքեան ֆոնտ»-ին: Ստորեւ` հաղորդագրութիւնը: Կը շնորհաւորենք «Գրգեաշարեան-Գայիքեան ֆոնտ»-ի առաջին հետազօտող նպաստընկալները` փրոֆ. Իըն Կարտնըր եւ դոկտ. Ճան Շօ, երկուքն ալ` «Ունիվըրսիթի աֆ Սիտնի»-ի դասախօսներ: «Գրգեաշարեան-Գայիքեան ֆոնտ»-ը ստեղծուեցաւ 2014-ի վերջաւորութեան, տէր եւ տիկին Ստեփան եւ...

Նահատակ Անդրանիկ Զոհրապեանի Ծնողքին Այցելութիւնը Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճ

Նահատակ Անդրանիկ Զոհրապեանի Ծնողքին Այցելութիւնը Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճ

Երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի երկրորդական բաժնի աշակերտութիւնը դաստիարակիչ հանդիպումով մը պատեհութիւնը ունեցաւ ծանօթանալու արցախեան քառօրեայ պատերազմի նահատակ Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքին: Ատոմ եւ Ալլա Զոհրապեաններ Լիբանան կը գտնուէին Հայաստանի վերանկախացման եւ Արցախի անկախութեան 25-ամեակի ժողովրդային հանդիսութեան մասնակցելու համար: Քոլեճ այցելելով` նահատակ Զոհրապեանի ծնողները հանդիպում ունեցան նախ տնօրէն Վիգէն Աւագեանի հետ, որ հիւրերուն ծանօթացուց լիբանանահայ...

«Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան» Սերտարանի Ծրագիր

«Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան» Սերտարանի Ծրագիր

«Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութիւն»-ը իր բազմազան բժշկական եւ ընկերային ծառայութիւններու կողքին, նոյեմբեր 2007-ին հաստատեց           սերտարանի բաժինը: Սերտարանին իսկական նպատակն է օգտակար դառնալ հայ աշակերտներուն, որոնք կարելիութիւնը չունին տան մէջ սորվելու իրենց ամէնօրեայ դասերը` հետեւեալ գլխաւոր պատճառներով. ա.- Տան մէջ փոքր մանուկներու ներկայութիւն, որ կ՛արգիլէ աշակերտին դասի մէջ կեդրոնանալ: բ.- Սենեակի, տեղի անբաւարարութիւնը: գ.- Աշխատող ծնողքի, կամ ծնողքի ուսումէ զրկուած ըլլալը,...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Նուռի Այգիներ՝ Ազատագրուած Հողերու Վրայ

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Արցախ այցելողներէն շատ քիչեր տեսած են Առաջամուղ գիւղը: Անիկա զբօսաշրջիկներուն համար ծանօթ վայր մը չէ, տեսարժան յուշարձաններ չունի, հեռու է Ստեփանակերտէն եւ կը գտնուի Հադրութ վարչական շրջանի ամէնէն հարաւը, Հադրութէն մօտ 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Առաջամուղ գիւղը ազատագրուած տարածքներուն վրայ կառուցուելու սկսաւ 2004 թուականին, «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի եւ ԼՂՀ իշխանութիւններուն համատեղ ջանքերով, հետագային նաեւ` Արեւելեան Ամերիկայի «Արցախ ֆոնտ»-ին մասնակցութեամբ:...

Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) Նահատակութեան  24-Ամեակի Հանդիսութիւն.«Աշոտ Ղուլեան Արցախի Բանակի Ոգին Էր Եւ Բանակի Յաղթանակներու Խորհրդանիշը»  Ըսաւ Մելիք Գարագաւորեան

Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) Նահատակութեան 24-Ամեակի Հանդիսութեան Մելիք Գարագաւորեանի Արտասանած Խօսքը

Հաւաքուած ենք այսօր միասնաբար նշելու ազգային հերոս, առասպելական դաշնակցական հրամանատար, արժանապատիւ ու խիզախ հայու` Աշոտ Ղուլեան - Բեկորի  նահատակութեան  24-ամեակը: Հայ ժողովուրդի գիտակցութեան, հոգւոյն, սիրտին ու պատմութեան մէջ, ինչպէս որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան սերունդը իւրայատուկ տեղ ունի յանձինս Դրոներու, Արամներու, Նժդեհներու, Ռուբէններու, նոյնպէս ալ արցախեան պայքարի ամբողջ տեւողութեան մասնակցած, բազմաթիւ ռազմավարական յանձնառութիւններ կատարած անձնուրաց Աշոտ Ղուլեանը, Մհերը, Կարօտը, Շահէն Մեղրեանը,...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայաստանի Եւ Արցախի Անկախութեան 25-Ամեակներուն Նուիրուած Ձեռնարկներ Ռուսիա 21 սեպտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի Տաւրիտեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի 25-ամեայ անկախութեան կարեւոր փուլերուն` ընդգծելով, որ անկախ հանրապետութեան բնորոշ իրաւական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ մարզերու համակարգային փոփոխութիւններուն զուգահեռ, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ստիպուած...

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Վերամուտին` Մանկապարտէզի «Գէորգ Հ. Արապեան Ծաղկոց»-ի Եւ Վերանորոգութեանց Հանդիսաւոր Բացում Հայաստանի Վերանկախացման 25-Ամեակի Եւ Վարժարանի 75-Ամեակի Տօնախմբութիւն

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Վերամուտին` Մանկապարտէզի «Գէորգ Հ. Արապեան Ծաղկոց»-ի Եւ Վերանորոգութեանց Հանդիսաւոր Բացում Հայաստանի Վերանկախացման 25-Ամեակի Եւ Վարժարանի 75-Ամեակի Տօնախմբութիւն

Չորեքշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, վարժարանի աշակերտութիւնն ու անձնակազմը հաղորդութիւն ստանալէ ետք, դիմաւորեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը: Այնուհետեւ, առաջնորդը դիմաւորող բազմութիւնը աշակերտութեան հետ հաւաքուեցաւ եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ վերամուտի, բարերար խոստումի իրագործման, վարժարանի հիմնադրութեան 75-ամեակի եւ Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակի հպարտալից առիթները նշող հանդիսութիւն: Առաջնորդին հովանաւորութիւնը վայելող հանդիսութեան ներկայ էին` Ազգային իշխանութեանց, ՀՅԴ Կ. կոմիտէի,...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի  (2016-2017) Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի (2016-2017) Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտը

Ամրան արձակուրդէն ետք մարդոց կեանքը արտասովոր թափով կը վերաշխուժանայ դպրոցներու վերամուտով: Երեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն Հռիփսիմեանցի աշակերտները կարօտով կը շտապեն իրենց հարազատ կրթօճախը` վերամիանալով երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն, որոնք 14 սեպտեմբերէն կը յաճախէին դպրոց եւ ընտելացեր էին դպրոցական առօրեային: Առաւօտեան դպրոցական առաջին զանգին աշակերտները իրենց ուսուցիչներու գլխաւորութեամբ մէկտեղուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած խաչքարին դիմաց: Ծնողներու հոծ բազմութիւն մը եւս...

Ս. Խաչ-Հարպոյեանի 30-Ամեակի Տարեշրջանը Սկիզբ Առաւ Նոր Թափով Եւ Խանդավառութեամբ

Ս. Խաչ-Հարպոյեանի 30-Ամեակի Տարեշրջանը Սկիզբ Առաւ Նոր Թափով Եւ Խանդավառութեամբ

Երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2016-ը վերամուտ էր Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին համար, որ իր դռները լայնօրէն բացաւ դիմաւորելու համար 2016-2017 կրթական տարեշրջանը: Վարժարանիս վերանորոգուած պասքեթպոլի դաշտին վրայ հաւաքուած ծնողներու ներկայութեամբ, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը խօսք առնելով` խնդրեց Աստուծոյ օրհնութիւնը` բոլորելու համար դպրոցական նոր տարեշրջան մը: Ան ըսաւ, որ բոլորս` ծնողք, տնօրէնութիւն...

Վերահսկուողէն Դէպի Անձեւ Քաոս`  Սուրիական Տարածքներու Վրայ

Վերահսկուողէն Դէպի Անձեւ Քաոս` Սուրիական Տարածքներու Վրայ

Շ.Գ. Վերահսկուողէն անձեւ քաոսի անցումի նախադրեալները կը յուշէին ռազմական այն գործողութիւնները, որոնք արձանագրուեցան Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, անցեալ օրերուն: Համաձայնեցուած զինադուլը անպայման պիտի ընդհատուէր, ռուս-ամերիկեան ո՛չ միայն յայտարարողական, այլ նաեւ գետնի վրայ ռազմական միջնորդաւորուած երեւոյթով, անուղղակի, ըստ էութեան ուղղակի, բախումներու հետեւանքով: Ամբողջ խնդիրը կը կեդրոնանար այն պահանջին վրայ, որ անընդհատ ռուսերը կ՛արծարծէին` տարանջատել ընդդիմադիր զինեալները ահաբեկչական խմբաւորումներէն: Դէպքերը այնպէս կ՛ընթանային,...

Խմբագրական «Գանձասար»-Ի Սեպտեմբեր Ե.- Իրանահայութիւնը` Ազդեցիկ Գործօն

Խմբագրական «Գանձասար»-Ի Սեպտեմբեր Ե.- Իրանահայութիւնը` Ազդեցիկ Գործօն

Իրանի եւ իրանահայութեան պատմութիւնը միահիւսուած է անքակտելի կապերով: Իրանահայութիւնը Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի հնագոյն համայնքներէն մէկն է: Համայնքը իւրայատուկ է քանի մը հանգամանքներով. նախ` համայնքը սերտօրէն կապուած է Հայաստանի հետ Իրան-Հայաստան աշխարհագրական կապին բերումով: Երկրորդ` երկու երկիրներու ժողովուրդները ունեցած են դարարմատ յարաբերութիւններ, իսկ երրորդ` իրանահայ համայնքը Միջին Արեւելքի մնացեալ համայնքներուն նման չէ գոյացած Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն, այլ կայացած է...

Page 887 of 1110 1 … 886 887 888 … 1,110

Արխիւներ