Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նարէ՛ «Նոր Ձայն»

October 8, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

nare-2_10816

Սեպտեմբեր 28-ին Երեւանի Կոմիտասի անուան Կամերային տան մէջ կայացած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին «Ցեղասպանութեան  100+1 ամեակի» խորագիրով մենահամերգով մասնակցեցաւ նաեւ Նարէ՛ «Նոր Ձայն» լիբանանահայը:

Համերգը կազմակերպուած էր Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Ցեղասպանութեան 100+1 ամեակին  եւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած փառատօնին առիթով: Համերգին Նարէ՛ն ներկայացաւ յօրինող Կոնսդանդին Պետրոսեանի «Էլեգիա-վոկալիզմ» երգի կատարմամբ, որ Հայաստանի մէջ հնչեց առաջին անգամ ըլլալով:

Իսկ սեպտեմբեր 26-ին կայացած համերգը նուիրուած էր Կոմիտասի (Սողոմոն Սողոմոնեան) ծննդեան տարեդարձին: Ի յիշատակ Մեծն  Կոմիտասին, ներկայացուեցան իր գործերը, ինչպէս նաեւ մէջբերում կատարուեցաւ իր կեանքէն ու ստեղծագործական գործունէութենէն: Նշանակալից օրուան առիթով Նարէն կատարեց «Չինար ես» եւ «Շախկր Շուխկր» ստեղծագործութիւնները:

Համերգներուն եզրափակիչ խօսքը արտասանեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ իր ջերմ մօտեցումով եւ ոգեշնչող խօսքերով ներկայացուց աշխարհի բոլոր ծագերէն եկած եւ ձեռնարկներուն մասնակցութիւն բերած հայ եւ հայերէն երգով ներկայացած օտար մասնակիցները եւ  յաջողութիւն մաղթելով մասնակիցներուն, յանձնեց հաւաստագիրներ եւ մետալներ:

Նախարարը ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ լիբանանահայերուն եւ նշեց, որ Լիբանանը սփիւռքի մայրաքաղաքն է, իսկ Նարէն` ըլլալով լիբանանահայերուն ներկայացուցիչը, արժանացաւ ժողովուրդին ծափահարութիւններուն եւ նախարարութեան կողմէ առաջարկի` միշտ  մասնակցութիւն բերելու համահայկական նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ աշխարհի վրայ հայ երգի տարածողը ըլլալու:

Նշենք, որ Նարէն 6 յուլիս 2016-ին Ֆրանսայի «Քոնսերվաթուար ինթերնասիոնալ տէօ միւզիք տէօ Փարիզ» սրահին մէջ «Նարէ՛, նոր ձայն մը երաժշտական աշխարհին մէջ» խորագիրով մենահամերգ մը ունեցաւ` արժանանալով մասնագէտներու գնահատանքին:

Ան նոյն ելոյթը ունեցած էր նաեւ 3 մարտ 2016-ին Լիբանանի Էն.Տի.Եու. համալսարանին մէջ:

Նախորդը

Կեանքը Անկքորի Նշանաւոր Տաճարներուն Մօտ

Յաջորդը

«Օրերը Սեւ Են, Դագաղները Ճերմակ»

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.