Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի. Մինչեւ Ո՞ւր Զիջիլ

Հոկտեմբեր 7, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային մեր առօրեային մէջ կը հանդիպինք այնպիսի երեւոյթներու, որոնց հանդէպ լուռ եւ անտարբեր մնալ կարելի չէ այլեւս: Լռութիւնը հաւանութեան նշան է, իսկ հաւանութիւնը յաճախ համակերպումի եւ զիջումի արտայայտութիւն է:

Դեռ մինչեւ ո՞ւր զիջիլ եւ ի՞նչ գնով: Ամէն ինչ կարելի չէ զիջիլ, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի արժէքներու, որոնց կորուստը հայեցի մեր դիմագիծը կը խաթարէ եւ ազգային մեր ինքնութիւնը կը վտանգէ:

Վերջերս ընդհանրացած երեւոյթներէն մէկը հայ մամուլին մէջ օտար ծանուցումներու հրապարակումն է: Երեւոյթը կրնար մասամբ ընդունելի ըլլալ, եթէ ծանուցողը ըլլար օտար հաստատութեան մը մէկ ներկայացուցիչը, որ փափաքէր լիբանանեան բոլոր թերթերու մէջ միաժամանակ միեւնոյն ծանուցումը տպուած տեսնել: Սակայն, երբ ծանուցողը հայկական վարժարան մը, միութիւն մը կամ համալսարանական խմբաւորում մըն է, եւ ծանուցումը ուղղուած է հա՛յ մարդոց, ինչո՞ւ գրել եւ ծանուցել օտար լեզուով: Եթէ մեր վարժարանները, միութիւնները եւ համալսարանականները իրե՛նք տէր պիտի չկանգնին մայրենիին, ո՞վ պիտի կանգնի:

Հայ լեզուի պաշտպանութիւնը եթէ տեղէ մը պէտք է սկսիլ, նախ դպրոցներէն ու միութիւններէն պէտք է սկսիլ: Մամուլը պիտի աջակցի անոնց եւ ոչ թէ մեղսակից ըլլայ ընդհանուր նահանջին` իր էջերուն մէջ տեղ տալով նման ծանուցումներու: Հայ թերթը կարդացողը հայ մարդն է, օտարը չէ: Եթէ անպայման օտար ծանուցում հրատարակելու անհրաժեշտութիւնը կայ, զայն պէտք է տպել օտար թերթի մէջ, որպէսզի օտարները կարդան եւ հասկնան: Այլապէս, նիւթականի եւ ճիգի անիմաստ վատնում է, քաղքենիութիւն եւ շփացածութիւն է հայ ընթերցողին` հայ դպրոցին, հայկական միութեան կամ երաժշտական մէկ ելոյթին մասին օտար լեզուով քարոզչութիւն կատարելը:

Երկրորդ երեւոյթը, որուն կ՛արժէ անդրադառնալ, ուրախ թէ տխուր առիթներով մեր այլասերումն է, այլափոխումը, աւելի պարզ` օտար բարքերու որդեգրումը: Այս պարագային ընելիք ունի նաեւ եկեղեցին: Շատ յաճախ ներկայ կը գտնուինք պսակներու, որոնց աւարտին ներկաները եկեղեցւոյ մէջ նորապսակներուն կը ծափեն, անոնց վրայ ծաղիկի փերթեր կը թափեն եւ կամ ուրախութեան բացագանչութիւններով եկեղեցւոյ սրբութիւնը կը պղծեն: Օտարոտի այս երեւոյթները ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս մուտք գործած են մեր մէջ: Հաւանաբար խառն ամուսնութիւններով` ըսուի: Սակայն ճիշդ չէ արդարացումը եւ անվերջ համակերպումը, արտօնելով, որ նման երեւոյթներ շարունակուին: Տակաւին չենք անդրադառնար նորածինի մը գալուստը ողջունող «պէյպի շաուըր»-ներուն, ամուրիութեան հրաժեշտ տուող «պեչըլըր փարթի»-ներուն, «պրայտըլ շաուըր»-ներուն եւ այն միւսներուն, որոնք օրէ օր աւելի կ՛ընդօրինակուին եւ կը տարածուին մեր մէջ:

Կայ նաեւ տխուր առիթներու` յուղարկաւորութիւններու պարագան: Վերջին տարիներուն նորութիւն են յուղարկաւորութեան թափօրները… երաժշտութեամբ կատարելը, ինչ որ խոտոր կը համեմատի հայկական բարքերուն: Մեր յուղարկաւորութիւնները ունին իրենց զուսպ ու պատշաճ, եկեղեցական յատուկ կարգն ու կանոնները, իսկ անոնցմէ դուրս` բարձր երաժշտութիւն սփռելը եւ ինքնաշարժներով փողոցները շրջիլը հայկական չէ, հարազա՛տ չէ:

Կար ժամանակ, երբ յուղարկաւորութիւններու ժամանակ հրացանաձգութիւն կը կատարուէր, հիմա նորոյթը պայթուցիկ պայթեցնելն է: Յուղարկաւորութեան ամբողջ տեւողութեան, ննջեցեալը տունէն եկեղեցի տանելու ճամբուն վրայ, պայթուցիկ կը պայթեցուի եւ «Տէ՛ր,  ողորմեա»-ի երաժշտութեան սփռումին խառնուելով` ականջ կը խլացնէ, ահ ու սարսափ կը ստեղծէ եւ սրտաճմլիկ պատկեր մը կը պարզէ: Հայկական յուղարկաւորութիւնները այսպէս չեն ըլլար ու պէտք չէ ըլլան: Հարկ է կտրուկ կերպով արգիլել նման երեւոյթներու ընդհանրացումը մեր մէջ:

Անշուշտ, եկեղեցւոյ չափ պահանջկոտ պէտք է ըլլալ նաեւ մեր դպրոցներէն, որոնք ազգային սովորութիւններու, մշակոյթի եւ արժէքներու գլխաւոր պահապանը կոչուած են ըլլալու: Բայց հոն եւս ընկրկումը, զիջումը եւ օտարին կապկումը սկսած են տեղ գտնել: Հայկական կարգ մը դպրոցներ «հալոուին» կը տօնեն եւ կրթական մարմիններ լուռ կը մնան, ուրիշներ` «փիժամա տէյ» (գիշերանոցով դպրոց երթալու օր…) կը կազմակերպեն, եւ չի գտնուիր ծնող մը, որ առարկէ, թէ ի՞նչ կ՛ընէք եւ ինչո՞ւ կ՛ընէք: Իսկ աւարտականներու տարեվերջի տօնախմբութիւննե՞րը… բեռնակառքերով շրջիլ, ճչակներով թաղերը թնդացնել, տնօրէնութիւններու քիթին տակ ամբողջ օր մը ջրախաղեր կազմակերպել, անվերջ պոռչտուքներ եւ անկարգութիւններ կատարել: Ի՞նչն է դաստիարակիչը այս բոլորին մէջ եւ ի՞նչն է օգտակարը, չենք գիտեր: Ասոնց կողքին, կան նաեւ վկայականաց բաշխումի հանդէսներէն աւելի կարեւոր դարձած` հանդէսին յաջորդող եւ մինչեւ յաջորդ առաւօտ երկարող աշակերտական բազմահանգրուան տօնախմբութիւններն ու անիմաստ մսխումները (ճաշարան, գիշերային զբօսավայր, ծովափ…), որոնց մասին պէտք է խօսիլ եւ արտայայտուիլ անպայման:

Այս բոլորը եւ տակաւին շատ մը այլ չափազանցութիւններ տեղի կ՛ունենան մեր բոլորին աչքերուն դիմաց, յաճախ` մեր կամ մեր հարազատներուն մասնակցութեամբ ու մեղսակցութեամբ: Բայց որքա՞ն ճիշդ է այս ընթացքով շարունակելը:

Կ՛արժէ անգամ մը մտածել այս բոլորին մասին:

ԸՆԹԵՐՑՈՂ ՄԸ

 

Նախորդը

«Բամբիռ»-ի Երաժշտութիւնը Պիտի Հնչէ Պուրճ Համուտէն

Յաջորդը

«Հրանդ Տինք» Հիմնարկին Եւ Համազգայինի Կազմակերպութեամբ. Հայկական Ինքնութեան Մասին Միջազգային Գիտաժողով` Պոլսոյ Մէջ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?