Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կանչ»

October 7, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

kanch_article_10716

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը եւ ճանաչման աշխատանքը արուեստի ճամբով կատարելու այլ աշխատանք մը յաջողութեամբ կը պսակէ բեմադրիչ Գուժ Թադեւոսեանի «Կանչ» ժապաւէնը: ժապաւէնը ոչ միայն կը հանդիսանայ Ցեղասպանութեան վկայութիւն մը, այլ նաեւ անիկա կը ներկայացնէ այլ դիտանկիւնէ մը:

Դէպքը տեղի կ՛ունենայ թրքական ռազմական վարժարանի մը մէջ, որուն «կը ծառայեն» 1909 թուականին Քեսապի ու Ատանայի կոտորածներէն ճողոպրած երկու պատանիներ` Վարդանն ու Միհրանը: Վարդանին արեան կանչը միշտ զայն տանելով իր ընտանեկան յիշատակներուն` անընդհատ մտածել կու տայ իրեն իր մեծ հօր նուիրած մագաղաթեայ Սուրբ Գիրքին մասին, որ խլած են թուրքերը: Վարժարանին մէջ  Միհրանն ու Վարդանը իրարու մէջ կը գտնեն իրենց ապաւէնը ու ուժերը կը միացնեն` գտնելու մագաղաթը:

«Կանչ» ժապաւէնը առաջին անգամ կը ցուցադրուի ապրիլի 20-ին «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ: Ժապաւէնի մտայղացման հեղինակն ու արտադրողն է Հայկ Աւագեանը («AVAGYAN» production), իսկ բեմագրողներն են Սամուէլ Թադեւոսեանն ու Կառլեն Աբրահամեանը:

Խօսելով ժապաւէնին մասին` Աւագեան կը նշէ, որ «Կանչ» ժապաւէնը տարբեր է այն բանով, որ չի պարունակեր բռնութիւն ցոյց տուող տեսարաններ, այլ պատանիներուն ապրումներուն եւ պայքարին ընդմէջէն կ՛արտացոլայ այդ մէկը: Բեմադրիչ Գուժ Թադեւոսեանը կ՛ընդգծէ, որ ժապաւէնին յստակ պատգամը այն է, որ հայ մարդու կերպարը մնայուն է, կ՛անցնի դժուարութիւններէ իր տեսակը պահպանելու համար: Այս ողբերգական ժապաւէն չէ, որովհետեւ չկան Ցեղասպանութեան բնորոշ տեսարաններ, այս յաղթական ժապաւէն է, կը հաստատէ ան` բացատրելով, որ մագաղաթը կը յատկանշէ ընտանիքի, այբուբենը պահպանելու, ընտանեկան տոհմածառի գաղափարը, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի:

Բացի անկէ, որ դէպքերը կը դառնան պատանիներուն շուրջ, «Կանչ» ժապաւէնը պատմական հաւաստիութիւն ունի: Ժապաւէնին բեմագրողը կը նշէ, որ «Կանչ»-ը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ պատմական դէմքեր, որոնք մեծ դեր խաղացած են հայատեացութեան մթնոլորտի ձեւաւորման գործին մէջ: Մասնաւորապէս խօսքը թուրք հասարակական գործիչ Հալիտէ Էտիպ Ատըվարի մասին է, որ մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ որբերու «վերադաստիարակման»:

Ժապաւէնը նկարահանուած է «Փիւնիկ հիմնադրամ»-ի, Ազգային կինոկենտրոնի ֆինանսաւորմամբ եւ կրթութեան գիտութեան, մշակոյթի, պաշտպանութեան նախարարութիւններու աջակցութեամբ:

«Կանչ» ժապաւէնը, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Շուշի կոմիտէին, պիտի ներկայացուի Սիթի մոլի «Սինեմա սիթի» սրահին մէջ, հինգշաբթի, հոկտեմբեր 13-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին: Ներկայացման ներկայ պիտի ըլլայ բեմագրող Սամուէլ Թադեւոսեան:

Նախորդը

Միջազգային Կրաւորական Արձագանգ` Ազրպէյճանի Հանրաքուէին

Յաջորդը

«Բամբիռ»-ի Երաժշտութիւնը Պիտի Հնչէ Պուրճ Համուտէն

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Կանացի Աչքերով Զ.

January 12, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը` Ապաստան (Բ.)

November 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.