Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 20-Ամեակը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Լոս Անճելըսի Մէջ
«20-ամեակի այս առիթով կը վերանորոգեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտս` առաւել նուիրուածութեամբ ու վերանորոգ հաւատքով շարունակելու մեր եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութիւնն ու ազգային ծառայութիւնը» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նուիրական ոգիին ու անխոնջ ծառայութեան 20-ամեակը նշուեցաւ մեծ շուքով, Լոս Անճելըսի Կլենտէյլ Բարձրագոյն վարժարանի սրահին մէջ, 1 հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Բացման խօսքէն եւ գեղարուեստական յայտագիրէն ետք ցուցադրուեցաւ...


















