Յօդուածներ

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

«Արարատի Գագաթից Կը Թքեմ Ձեզպէսների Երեսին»

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Դեռեւս գոյութիւն ունեն հայ մարդիկ, ոչ միայն պարզ հայեր, այլեւ` պետական այրեր, քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ, որոնք ծիծաղում են հայի պահանջատիրութեան վրայ: Որպէս միամիտների` ծաղրում բոլոր նրանց, ովքեր հաւատում եւ գործում են մեր բռնագրաւեալ հողերի ազատագրման համար: Որակում են իբրեւ երազապաշտների բոլոր նրանց, ովքեր ձգտում են Կարսի, Արտահանի, Մուշի, Սասունի եւ մեր հայրենական միւս բնակավայրերի վերամիացմանը: Մինչեւ իսկ...

Միջին Արեւելքի Մէջ Պարսկահայ Համայնքը` Բարեկամութեան Կամուրջ «Ալիք» Օրաթերթի Հիմնադրութեան 85-Ամեակին Առիթով

Միջին Արեւելքի Մէջ Պարսկահայ Համայնքը` Բարեկամութեան Կամուրջ «Ալիք» Օրաթերթի Հիմնադրութեան 85-Ամեակին Առիթով

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ Տարիներէ ի վեր արեւմտեան երկիրները Միջին Արեւելքի մէջ իրենց ազդեցութեան գօտիները ամրացնելու համար հեռուէն կամ մօտէն թիրախ առած են Իրանը: Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ծայրայեղ իսլամական շարժումներու դէմ պայքարին մէջ կարեւոր գործօն կը հանդիսանայ իրանեան զինեալ միջամտութիւնը: Այս բոլորին կողքին, իրանեան հիւլէակայաններու տագնապը ամէնէն ծանրակշիռն էր, որովհետեւ Արեւմուտքը Իրանին պարտադրեց տնտեսական եւ ելեւմտական խիստ պատիժներ, որոնք տարիներ շարունակ...

Նշանակալի Այցելութիւններ

Նշանակալի Այցելութիւններ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Անցեալ շաբաթավերջին շրջանս պատիւը ունեցաւ հիւրընկալելու մեր ժամանակաշրջանի ամէնէն ակնառու հայ քաղաքական գործիչներէն մէկը` Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար կազմէն Կարօ Փայլանը: Շրջանս պատուով դիմաւորեց այս խիզախ մարդը, որուն կեցուածքը, արտայայտութիւնները, վերաբերմունքը իսկապէ՛ս հիացուցին մեր հասարակութիւնը, որ իր համակրանքը արտայայտեց անոր հանդէպ` խուռներամ ներկայութիւն բերելով անոր բոլոր ելոյթներուն: Յարգանքի ու ակնածանքի զգացումներուն հետ, Փայլանի ունկնդիրները, գրեթէ...

Կարօ Փայլան Ներկայ Եղաւ Ս. Խաչ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կարօ Փայլան Ներկայ Եղաւ Ս. Խաչ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, սեպտեմբեր 25-ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ տուաւ իր պատգամը: Պատարագին ներկայ էր Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր: Նշենք, որ Փայլանի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով, շաբաթավերջին կազմակերպուած էին զանազան ձեռնարկներ եւ ժողովրդային հանդիպումներ. արդարեւ, շաբաթ, սեպտեմբեր 24-ին, «Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքականութիւնը եւ փոքրամասնութիւնները» նիւթով...

Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Մինչեւ Փոքրիկ Հայաստան… Կարօ Փայլանը Եւ Մենք

Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Մինչեւ Փոքրիկ Հայաստան… Կարօ Փայլանը Եւ Մենք

Ազգային արդար հպարտութեամբ, միախառնուած` անսահման խանդավառութեամբ եւ անհամբերութեամբ, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանի աշակերտութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը երկուշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2016-ին պատրաստ էին դիմաւորելու վաղուց սպասուած մերօրեայ ազգային հերոս, ասպետ եւ իսկական յեղափոխական Կարօ Փայլանը: Աշակերտները տեղեակ էին անոր սխրագործութիւններուն եւ կեանքին մասին: Անոնք իրենց դասարաններէն ներս յիշած ու գնահատած էին իր գործունէութիւնը: Տարիներէ ի վեր անոր տարած քաղաքական...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Րաֆֆի Թոքաթլեան Արժանացաւ «Մովսէս Խորենացի» Շքանշանին Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին ծիրին մէջ կատարուած պարգեւատրումներու կարգին լիբանանահայ հանրածանօթ արուեստագէտ-քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեան պարգեւատրուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի «Մովսէս Խորենացի» մետալով: Ան այս պարգեւատրումին արժանացաւ արուեստի աշխարհին մէջ իր ունեցած յատկանշական ներդրումին համար: ՀՕՄ-ական` Վանուհի Իսաճանեան Կ՛արժանանայ Հայաստանի Հանրապետութեան «Երախտագիտութեան» Մետալին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին առթիւ, շաբաթ, 17 սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Արցախեան Բնակավայրերու Վրայ Յարձակումներ Եւ Սաստիկ Ռմբակոծումներ

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախեան Բնակավայրերու Վրայ Յարձակումներ Եւ Սաստիկ Ռմբակոծումներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Հայկական Ուժերու Յառաջխաղացք Արցախի վրայ ազերիական յարձակումները կը շարունակուէին եւ հայ ազատամարտիկներ բուռն դիմադրութիւն ցուցաբերելով ետ կը մղէին նախայարձակները: 1992-ի սեպտեմբերի կէսէն ետք յարձակումները կեդրոնացած էին Մարտունիի շրջանին վրայ, իսկ Մաճակալաշէն ու Կոլխոզաշէն գիւղերը օդային եւ հրետանային սաստիկ ռմբակոծումներու կ՛ենթարկուէին: Միւս կողմէ, հայ ազատամարտիկներ Շահումեանի մէջ ֆետայական յարձակումներ կը կազմակերպէին բռնագրաւող ազերիական ուժերուն դէմ: Բախումներ տեղի կ՛ունենային...

Դպրոցական Վերամուտ… Եւ Յիշատակներ

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան ունի իր առանձնայատկութիւնը: Երբ պատանիներ էինք, մեր դարի յատկանշական իրերէն էր հեռատեսիլը, որ գուցէ քառորդ դար աւելի կտրած ու անցած էր եւ հասած` գունաւոր դարձած ըլլալու հանգրուանին: Հիմա, կեանքիս աշնանամուտին, ժամանակաշրջանիս (որպէսզի դար-դար շատ չկրկնեմ) յատկանիշներէն, երեւոյթներէն է համակարգիչը` իր իւրայատկութիւններով, չափերով... եւ այլն: Իսկ անոր մանրակերտը կը թուի ըլլալ սմարթֆոնը` իմաստուն բջիջային հեռաձայնը, որ...

Միասին` Ուխտի

Միասին` Ուխտի

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ «Ասպարէզ»-ի խմբագիրի հանգամանքով, այլ հայկական թերթերու եւ լրատուական միջոցներու պատասխանատուներու հետ հրաւիրուած էի Իրան` մասնակցելու համար մեր պաշտօնակից «Ալիք»-ի 85-ամեակի տօնակատարութեան: Թոյլ տուէք, որ այս անմոռանալի փորձառութեան անդրադառնամ ոչ զգայացունց շարադրումով եւ հաւանաբար անաւարտ թողում տպաւորութիւններուս արձանագրումը այսօր: Նախ յստակացնեմ, որ Իրան ճամբորդեցի ամերիկեան անձագիրով: Վիզա ստացայ Ուաշինկթընի մէջ Իրանի գործերը վարող Փաքիստանի դեսպանատան մէջ աշխատող իրանեան հիւպատոսական...

Իրանի Բացայայտումը Հայկական «Ալիք»-Ի Միջոցով. Թեհրանում Լոյս Տեսնող Ամենահին Երկրորդ Օրաթերթի Տարեդարձը Նշուեց Բազմազան Ծրագիրներով

ՅԱԿՈԲ ԱՍԱՏՐԵԱՆ Թաւրիզի առաջնորդարանի բակում Կրկին վերադառնալով Թեհրան` հասցրեցինք ծանօթանալ հայկական Սասուն թաղամասում գտնուող Աւետիսեան  բուժարանին, որը իւրայատուկ բարեգործական հաստատութիւն է, ունի 90 հոգանոց աշխատակազմ, որից 45-ը` բժիշկ: 65 տարեկանից բարձր մեր հայրենակիցներին սպասարկում են անվճար: Այն գործում է շնորհիւ խնամակալ մարմնի եւ Ազգային առաջնորդարանի: Բուժարանի հովանաւորութիւնը կազմակերպում է Ժոզեֆ Մեհրաբեանը, ով սիրով մեզ ուղեկցեց, իսկ տնօրէնուհին` Մարիեթ Թումիյեանը  հանգամանալից...

Ուրֆայի Հայրենակցական Միութիւնը` Այսօր

Ուրֆայի Հայրենակցական Միութիւնը` Այսօր

Ուրֆայի հայրենակցական միութեան տունը 1920-ականներուն սկիզբը Կիլիկիոյ եւ Հայկական Միջագետքի հայութեան իր պապենական հողերէն վերջնական պարպումէն ետք, այդ շրջաններու հայերը հաստատուեցան գլխաւորաբար Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ: Տարագրութեան այս դառն ճակատագիրէն անմասն չմնացին նաեւ Ուրֆայի հայերը, որոնք հազիւ հաստատուեցան Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, անմիջապէս սկսան մտածել ինքնակազմակերպման եւ դիւցազնական Ուրֆայի ժառանգութիւնը պահպանելու մասին: Այս ճիգին շնորհիւ 1923-ին Պէյրութի մէջ կը հիմնուի...

Դիւցազնաթռիչ Ուրֆան

Դիւցազնաթռիչ Ուրֆան

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ Ուրֆայի բերդը եւ քաղաքի համայնապատկերը Ուրֆա... Մտքիս տեսիլին մէջ կը պատկերազարդուի ան իբրեւ ցռկանաւ, հիմակ` խրած ու խորտակուած քարերու վրայ: Ցռկանաւ մը` գիտութեան, արուեստի ու արութեան: Փոթորիկի օր մը, բորբոքման եւ աստուածարժան բարկութեան, արմենական նաւազախումբը, անհնարին դիւցազնութեամբ, բացը այլազգիներու ծովուն, անօգնական, լծուեցաւ հերոսական մարտնչումի մը, որու նմանը, հաւատացէ՛ք, չէ արձանագրուած ո՛չ մէկ պատմութեան մէջ: Ծովամարտը ունեցաւ իր հրեշտակապետը`...

Ուրֆայի Մէջ Յայտնաբերուած Է Եդեսիոյ Աբգար Թագաւորի Ընտանիքին Ժայռափոր Դամբարանը

Ուրֆայի Մէջ Յայտնաբերուած Է Եդեսիոյ Աբգար Թագաւորի Ընտանիքին Ժայռափոր Դամբարանը

Աբգար թագաւորի ընտանիքին դամբարանը Պատմական Ուրֆայի ամրոցի  տարածքին մէջ վերջերս յայտնաբերուած մեծաքանակ ժայռափոր  դամբարաններու շարքին յայտնաբերուած է նաեւ Եդեսիոյ Աբգար Ե. թագաւորի ընտանիքին դամբարանը: «Հիւրրիյէթ» կը գրէ, որ հնագէտներու կարծիքով, յայտնաբերուած ժայռափոր դամբարանախումբը աշխարհին մէջ մեծագոյնը կրնայ ըլլալ: 45.000 քառ. մեթր տարածքի մը մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ` մօտ 80 դամբարան վերականգնուած է: Թադէոս Առաքեալ Աբգար թագաւորին կը յանձնէ Ս. դաստառակը...

Երգ Մը` Ուրֆայի Ժողովրդային Բանահիւսութենէն

Երգ Մը` Ուրֆայի Ժողովրդային Բանահիւսութենէն

Աման Էս Աղկէկ Աղջինա Էլերա բարձր տէներա, Կը փռէ պասմա տեղերա, Հէչ չըսեր Ասուած կա վերա, Աման էս աղկէկ աղջինա, Խլերեմ ծոցին մըջինա: Ուշգա կու գայ վերի էգուն, Խավոխա կը թափի գոգուն, Պագիկ մի տուր պապուդ հոգուն, Աման էս աղկէկ աղջինա, Խլերեմ ծոցին մըջինա: Ուշգա կու գայ վերի տանա, Ասուած քզի դոռ մի բանա, Պագիկ մի տուր հարաֆանա, Աման էս...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Դո՞ւն Ալ Բրուտոս

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Անցնող հինգշաբթի, երեւանաբնակ եւ անձնապէս այս յօդուածագիրին ծանօթ լրագրող Վարդ Սիմոնեան Դիմատետրի իր էջին վրայ բաւական ընդվզած ոճով մը գրառում մը կատարած էր` խնդրոյ առարկայ դարձնելով ՀՅ Դաշնակցութեան (իր բառերով) «արդարամտութիւնը եւ բարոյականութիւնը»: Իր ընդվզումին պատճառը լուր մըն էր, որուն յղումը եւս տեղադրած էր: Այս յօդուածագիրը, իբրեւ դաշնակցական հրապարակագիր, բնականաբար պիտի հետաքրքրուէր, թէ «բանն ինչո՞ւմն էր», ի՞նչն էր,...

Իրանի Բացայայտումը Հայկական «Ալիք»-ի Միջոցով.  Թեհրանում Լոյս Տեսնող Ամենահին Երկրորդ Օրաթերթի Տարեդարձը Նշուեց Բազմազան Ծրագիրներով

Իրանի Բացայայտումը Հայկական «Ալիք»-ի Միջոցով. Թեհրանում Լոյս Տեսնող Ամենահին Երկրորդ Օրաթերթի Տարեդարձը Նշուեց Բազմազան Ծրագիրներով

ՅԱԿՈԲ ԱՍԱՏՐԵԱՆ «Ալիք» օրաթերթի խմբագրութիւնում 1992 թուականից ի վեր երկրորդ անգամ էի գտնւում Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնում: Առաջին անգամ հրաւիրել էր Իրանի արտաքին գործերի նախարարութիւնը` մասնակցելու Չմիաւորուած երկրների լրատուական գործակալութիւնների համաժողովին իբրեւ դիտորդ: Այս անգամ հրաւիրողը Իրանի «Ալիք» օրաթերթն էր` միասին նշելու թերթի 85-ամեայ յոբելեանը: Օդակայանում առաջին իսկ պահերից նկատեցի  դրական փոփոխութիւնները: Թէ՛ նոր օդակայանը, եւ թէ՛ քաղաք տանող ճանապարհը փոփոխուած ...

Յարգանք` Շիջող Խոնարհ Հերոս` Յարութիւն Տաղլեանին

Յարգանք` Շիջող Խոնարհ Հերոս` Յարութիւն Տաղլեանին

Քառասուն օրեր կը բաժնեն մեզ այն տխուր օրէն, երբ կանխահասօրէն շիջեցաւ, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի հերթապահը` ընկ. Յարութիւն Տաղլեանը: Փափկանկատ հանդուրժողութեամբ` կարգապահական կուռ կառոյցով յատկանշուող Դաշնակցութեան տաճարին երկրպագու հաւատաւոր տիպար ընկերը մնաց ան, տառացիօրէն մինչեւ երկրային կեանքի իր վերջին օրը: ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւնը, խոր վշտով կորսնցուցին` երկար տարիներ շրջանի հերթապահութիւնը կուսակցական բարձր պատասխանատուութեամբ վարող ընկերը:...

Ցեղասպան Թուրքը Պարտուեցաւ 1965-ին,  Մեր Յաղթական Երթը Նաեւ 100-Ամեակէն Անդին

Եթէ Ըլլայի Մեղադրեալ Սթամֆի Աթոռին…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Այն օրերուն, երբ զանգուածային լրատուամիջոցները տարուած են Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրապայքարի իրերայաջորդ ու շռնդալի բեմադրութիւններով ու ժողովուրդն ալ իրենց ետեւէն կը քաշեն դէպի անվաղորդայն բանավէճերու դաշտը, ելեւմտական բեմն ու զայն հակակշիռի տակ պահելու կոչուած պետական պատասխանատուներ պաշտօնապէս ձեռք դրին դրամատնային գայթակղութեան մը վրայ, որ առնուազն հինգ տարիէ ի վեր կ՛եփէր տաք ու մեղմ փուռերու մէջ: Երեքշաբթի, 20 սեպտեմբերին,...

Նշմար.  Մեր «Ղեկավարները»

Կառչինք Արութեան Գործերուն (25-Ամեակի Խոհեր)

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Տօն ու տօնակատարութիւններէ ետք, հանդէսներէ ու հրավառութիւններէ յետոյ, պահ մը կրկին կեդրոնանանք Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակին վրայ եւ հարեւանցի խորհրդածենք, թէ այս ժամանակաշրջանի ելեւէջներու բովէն անցնելէ ետք, ինչպիսի՛ պատկեր կը պարզէ այսօր հայրենի կեանքը: - Յուշ մը. տարիներ առաջ էր, 1960-ականի կէսերուն, օրուան Սփիւռքի հետ կապի կոմիտէի հրաւէրով Հայաստան այցելած էր բանաստեղծ-մանկավարժ Մ. Իշխան: Վերադարձին` դիմեցինք իրեն, որ Հայաստանէն...

Քաղաքականութեան Անապատացում

Տեսակէտ. Պատմութեան Աղբակոյտը

ՀՐԱՅՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Շատ մը հարցականներ կը ծագին, երբ պատմական հոլովոյթին մասնակից դարձած եւ նոյնիսկ զայն ղեկավարած քաղաքական հաւաքականութիւն մը կը դատապարտուի լուսանցքային գոյատեւման: Ի վերջոյ, որեւէ քաղաքական հաւաքականութեան մը նպատակն է հասնիլ իշխանութեան, ի միջի այլոց` գործադրութեան դնելու համար իր քաղաքական, վարչական, կազմակերպական, ռազմական եւ ընկերատնտեսական նպատակները: Հաւաքականութիւնը կը մասնակցի ընտրապայքարներու, կը հաստատէ իր ժողովրդային եւ կամ այլ ենթահողային յենարանն...

Page 888 of 1110 1 … 887 888 889 … 1,110

Արխիւներ