Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժորժ Կիւրիւնեանի Յիշատակին

January 6, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

george-gurunyan-pictureՅաճախ կը դժուարանանք հասկնալ Աստուծոյ կամքը եւ անոր արդարութեան իմաստը, մասնաւորապէս` երբ դէմ յանդիման գտնուինք անակնկալ, ցաւալի եւ դժուար կացութեան մը կամ պատահարի մը:

Ինչո՞ւ մահը մօտեցաւ եւ տարաւ անձ մը, որ կը մարմնաւորէր աստուածային ու մարդկային սէրը եւ համակ ծառայութեան, զոհողութեան եւ ուրիշին օգնելու ճշմարտութիւնը: Այս բոլորը լուսարձակներէ հեռու, հաւատքով, համեստութեամբ եւ ազնուութեամբ ու մանաւանդ` առանց ոչ մէկ ակնկալութեան եւ սպասումի:

Ինչո՞ւ այսքան կայծակնային արագութեամբ հարուածեց մահը այս ազնիւ հոգին, ընտանիքին բարի սամարացին, առաքինի, հոգատար եւ նուիրեալ ամուսինը, հաւատացեալ անձնաւորութիւնը: Ինչո՞ւ այս սուր եւ անակնկալ յաւիտենական ճամբորդութիւնը:

Այժմ ոչ եւս է քենեկալս` Ժորժ Կիւրիւնեանը:

Տնտեսագէտ-դրամատնագէտ եւ ԷՄԻՐԷՅԹՍ դրամատան տնօրէն` Ժորժ Կիւրիւնեանը ինկաւ պարտականութեան պատնէշին վրայ:

Ժորժ Կիւրիւնեան իւրայատուկ անձնաւորութիւն մըն էր: Ան գործեց անաղմուկ եւ լուսարձակներէ հեռու` ի շահ իր համայնքին, իր եկեղեցիին եւ իր ժողովուրդին: Եղաւ անպարտելի եւ ամուռ: Եղաւ իր ընտանիքին, ծնողքին եւ քոյրերուն անխախտ սիւնը եւ պահապան աղաւնին ու հրեշտակը: Ան ապրեցաւ իր կեանքի ընկերուհիին` իր կողակիցին Սոնիկին հետ ամբողջական սիրով, նուիրումով, հաւատարմութեամբ եւ յարգանքով: Անոնց սիրոյ ներաշխարհը կը դրսեւորուէր փոխադարձ հեզութեամբ եւ ազնուութեամբ:

Ան ունէր անսահման ծառայութեան եւ օգնելու ոգի: Ան մեծահոգի էր: Ժորժին գերագոյն գոհունակութիւնը իր կնոջ եւ ընտանիքին  երջանկութիւնն էր: Ասիկա իրեն համար առաջնահերթութիւն էր: Ան հոգեպէս հանգիստ կը զգար իր շրջապատը շէն եւ ուրախ տեսնելով: Այս մէկը կ՛իրականանար եւ կ՛իմաստաւորուէր իր տեսանելի ու անտեսանելի հոգատար արարքներով, որոնք իրեն համար սրբազան պարտականութիւններ էին:

Ժորժ իրապաշտ էր եւ գործնական: Կեանքը կը դիտէր իմաստութեամբ եւ կը դրսեւորէր իր բացառիկ փորձառութիւններով:

Բարի, ազնիւ, կիրթ, զուսպ, գիտակից, ծառայասէր, մաքուր հոգիով եւ անկեղծութեամբ օժտուած անձնաւորութիւն էր:

Ոխը գոյութիւն չունէր իր բառամթերքին մէջ: Իրեն դէմ եղած անբաստանութիւններն ու ոտնձգութիւնները կ՛ընդունէր խոհեմութեամբ եւ ներողամտութեամբ: Նենգութիւն չէր գիտեր: Իր սիրտը եւ հոգին մաքուր էին:

Ժորժ եղաւ բացառիկ դրամատնագէտ: Գործին մէջ ունէր հեռատեսութիւն, խորհրդաւոր հայեացք եւ զօրաւոր հոտառութիւն: Իր խօսակիցը կը կախարդէր շուտով:

Գործին մէջ կը սիրէր պաշտօնականութիւնը: Խստապահանջ ճշդապահ, ուղղամիտ եւ օրէնքի ու կանոնի մարդ էր: Ան ունէր խորունկ եւ երկնասլաց համբերութիւն. Անոր ժպիտը մեղմ էր եւ աննշան: Չունէր տնօրէնի մը խայթող խօսքն ու նայուածքը: Կը մօտենար իր պաշտօնակիցներուն որպէս գործընկերներ եւ խրատատու:

Ժորժը խօսքէն աւելի գործին կը հաւատար: Ան գործեց որպէս պատասխանատու եւ ղեկավար տնօրէն, առանց ցուցամոլութեան եւ սնափառութեան: Իր անձը ի սպաս դրաւ Աստուծոյ եւ մարդոց ծառայութեան: Իր հմտութիւնը եւ կարողութիւնները ի սպաս դրաւ անխտիր իրեն դիմող բոլոր մարդոց, որպէսզի բարելաւուի անոնց ելեւմտական իրավիճակը: Այս բոլորը ան կը կատարէր խոնարհաբար եւ սիրով, որպէս պարտականութիւն, առանց ոչ մէկ ակնկալութեան եւ շահամտութեան: Ան կը գործէր եռանդով, բարձր ոգիով եւ  պատասխանատուութեան ամբողջական գիտակցութեամբ: Ան սիրուած էր անխտիր բոլոր հայ թէ օտար գործակիցներու եւ գործատէրերու կողմէ: Ան նուաճեց իր բարեկամներուն եւ գործակիցներուն հոգին, միտքը եւ սիրտը:

Ժորժը ճանչցուած էր որպէս կարող, վաստակաւոր եւ վստահելի տնօրէն: Ան վայելեց դրամատան վերին մարմիններուն վստահութիւնը եւ արժանացաւ անոնց յիրաւի յարգանքին, ակնածանքին եւ գնահատանքին:

Ան ունէր սիրալիր եւ յարգալից փոխյարաբերութիւն նաեւ պետական, քաղաքական, ընկերային, համայնքային եւ յարանուանական շրջանակներուն հետ:

Այսպէս ճանչցայ իմ անզուգական քենակալս:

Սիրելի՛ եւ անմոռանալի Ժորժ,

Որպէս քենեկալ, յետ մահու կ՛ուզեմ զրոյց մը ունենալ քեզի հետ.- աշխատեցար եւ տքնեցար տարիներ շարունակ եւ երազներ հիւսեցիր ապագայիդ հաշուոյն, սակայն ակնթարթի մը մէջ բոլոր երազներդ անհետացան:

Քեզ ճանչցայ որպէս մտերիմ կրտսեր եղբայր եւ քենեկալ, որպէս խոհեմ եւ բարեսիրտ բարեկամ, որպէս ազնուական հոգի եւ միտք, որպէս պայծառամիտ եւ հանդարտաբարոյ տնօրէն ու ղեկավար:

Կարելի՞ է մոռնալ ամէն ինչ, որ դուն կատարած ես անձայն ու լուռ, կարելի՞ է չափսոսալ կեանքի խաւարման իրականութենէն:

Սիրելի՛ Ժորժ, առ յաւէտ պիտի յիշեմ քու մտերմիկ եւ անկեղծ խօսակցութիւններդ, քու եղբայրական խրատներդ, ցուցմունքներդ եւ կեանքի փիլիսոփայութեան հանդէպ քու մօտեցումներդ:

Մահուանդ փոթը շուտով դարձաւ տխրութեան եւ վիշտի հեքիաթ ու դաժան իրականութիւն: Քու մահովդ հոգիս եղաւ թախծոտ, խոցոտ ու մռայլ:

Քու բացակայութիւնդ իմ կեանքիս մէջ պիտի դառնայ մորմոք ու ցաւ, իսկ անունդ փարոս մը պիտի ըլլայ իմ կեանքիս վերջալոյսին:

Սիրելի՛ Ժորժ, վստահ եմ դագաղիդ մէջ հանգիստ ու խաղաղ կը ննջես եւ բանաստեղծին նման սրտիդ խօսքը կ՛ուղղես մեզի եւ կ՛ըսես`

Մնաք բարով, ասում եմ ես, բոլոր մարդկանց` չար ու բարի,
Տանջուող ու որբ Ադամորդուն ասում եմ ես մնաս բարով:
Մնաք բարով, ասում եմ ես, ընկերներիս` մօտ ու հեռու,
Ոսոխներիս` չար ու արթուն, ասում եմ ես մնաք բարով:
Գնում եմ ես մի մութ աշխարհ, հեռու երկիր, էլ չեմ գալու,
Բարի յիշէք ինձ ձեր սրտում, մնաք բարով, մնաք բարով:

Իսկ մենք կը փոխադարձենք` ըսելով.

Սիրելի Ժորժ,

Այո՛, պիտի յիշենք քեզ շարունակ: Յիշատակդ անխախտ պիտի մնայ մեր հոգիներուն եւ սիրտերուն մէջ:

Քու բացակայութիւնդ մեր կեանքին մէջ պիտի ըլլայ զգալի, սակայն քու  առաքինի կեանքդ, մաքուր հոգիդ, բազմատեսակ ծառայութիւններդ եւ անմոռանալի յիշատակներդ մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնան անջնջելի:

Կը խոնարհինք վաստակիդ առջեւ:

Մեր աղօթքները քուլայ – քուլայ պիտի բարձրանան եւ բալասան դառնան քու բիւրեղ հոգիիդ:

Դիտէ մեզ հոնկէ, ուր որ կը գտնուիս: ՀետեւԷ մեր քայլերուն եւ արդար վճիռդ արձակէ:

Հողը թեթեւ կշռէ մարմնիդ եւ հոգիիդ վրայ:

Հանգչէ խաղաղ սիրելի՛ քենակալ:

 

Դեկտեմբեր 31, 2016

 

 

Նախորդը

Անժել Սապունճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

Բեմի Հրէշը…

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.