Աշխարհը մեծամասնութեամբ կը հետեւի Գրիգորեան օրացոյցին. 365 օրեր, կամ 12 ամիսներ տարուան մը մէջ: Տարին կ՛աւարտի 31 դեկտեմբերին, կը սկսի 1 յունուարին` Ամանորի օրը:
Բայց կան քաղաքակրթութիւններ, որոնք Ամանորը կը նշեն տարուան մէջ աւելի ուշ: Այս քաղաքակրթութիւնները կը հետեւին լուսնային, արեգակնային եւ այլ խառնածին օրացոյցներու, ժամանակը նշելու համար:
Ն.
Չինական Ամանոր
8 փետրուար

Կը կոչուի նաեւ գարնանային փառատօն կամ լուսնային Նոր տարի: Չինական Նոր տարին կը յատկանշէ գարնանային բերքահաւաքի եղանակի սկիզբը: Դրամով լեցուած նամակի կարմիր պահարաններ կը նուիրեն ընտանիքներուն եւ բարեկամներուն, եւ բնորոշ անուշեղէնը` հաւկիթով լեցուած լուսնային կարկանդակները կը վայելեն բոլորը: Այս օրը աշխարհի զանազան վայրերու մէջ կը տեսնուին գունագեղ վիշապներ եւ մոգական լապտերներ:
Սէոլլալ (Քորէական Ամանոր)
8 փետրուար

Հարաւ-արեւելեան քանի մը քաղաքակրթութիւններ Նոր տարին կը նշեն լուսնային Ամանորի օրը: Բայց նշումներու ձեւով իւրաքանչիւր ենթամշակոյթի Նոր տարուան օրը կը տարբերի: Ամանորը եռօրեայ տօն է Քորէայի մէջ, ուր ընտանիքները գոհունակութիւն կը յայտնեն անցնող տարուան առատութեան համար: Շատեր կը հագնին գունագեղ զգեստներ, որոնք կը կոչուին հանտպոք, իսկ ուրիշներ կը կատարեն թէյ հիւրասիրելու հինաւուրց ծէսը, որ կը կոչուի չարիէ:
Նիեփի (Պալինեան Ամանոր)
9 մարտ

Պալինեան ամանորը կը նշէ լուսնային Սաքա օրացոյցի առաջին օրը, որուն կը հետեւին պալինեան եւ ճաւայական քաղաքակրթութիւնները: Ի տարբերութիւն այլ քաղաքակրթութիւններու, որոնք Նոր տարին շուքով կ՛ողջունեն, Նիեփին ներհայեցողութեան եւ հանգիստի օր մըն է: Կղզիին մեծ մասը այս օրը փակուած կ՛ըլլայ, բացի հիւանդանոցները: Նոր տարուան գիշերը այդուհանդերձ կը նշուի ամբողջ քաղաքին մէջ կատարուող հրավառութիւններու ծէսերով:
Նովրուզ (Իրանեան Ամանոր)
20 մարտ

Նաեւ նշելով գարնանամուտը, Նովրուզը կը տօնեն ե՛ւ զրադաշտական, ե՛ւ պահայական համայնքները: Թուականը ինքնին կը զուգադիպի հիւսիսային էքինոքսին, երբ ցերեկը եւ գիշերը հաւասար կ՛ըլլան (մարտ ամսուան կէսերուն): Այդ օրը սովորաբար կը նշուի յատուկ ծէսերով. փողերը կ՛աւետեն Նոր տարին, սեղաններուն վրայ կ՛ըլլան գունաւոր հաւկիթներ եւ կաթսաններ, որոնք կը պարունակեն աճ խորհրդանշող ծլարձակող ձաւարեղէն, Աշ-ի Ռեշտէ ապուր: Ամէն ոք գարնանային ընդհանուր մաքրութիւն կ՛ընէ:
Ալութհ Աւուրուտտա
(Սինհալական Ամանոր)
13, 14 ապրիլ

Թէեւ Ալութհ Աւուրուտտան սինհալական փառատօն է, ատիկա կը զուգադիպի թամիլեան ամանորին եւ կը տօնուի Սրի Լանքայի բնակչութեան մեծամասնութեան կողմէ: Ի տարբերութիւն այլ մշակոյթներու, որոնց ամանորը կ՛ողջունէ հունձքը, Ալութհ Աւուրուտտան կը նշէ հունձքի եղանակի աւարտը: Ատիկա նաեւ կը զուգադիպի երկու պահերէն մէկուն, երբ արեւը ուղղակի կը գտնուի Սրի Լանքայի վերեւ: Տեղացիները օրը կը նշեն բանալով իրենց տուներուն մուտքի դռները, խրախուսելու համար ընտանիքներու, բարեկամներու, եւ նոյնիսկ անծանօթներու այցելութիւնները: Տօնի օրերուն նաեւ տարածուած է քաւում կոչուող փոքր կարկանդակներու եւ քանի մը արեւադարձային ուտելիքներու պատրաստութիւնը:
Փութհանտու (Թամիլեան Ամանոր)
14 ապրիլ
Փութհանտու ամէն տարի կը նշուի 14 ապրիլին` հետեւելով արեւային օրացոյցին: Օրը կը նշուի տուներու սեմին նոր զգեստներով, երաժշտութեամբ, անուշեղէնով եւ բրնձափոշի քոլամներով (ճամբու արուեստ): Փութհանտուն գլխաւորաբար կը նշուի հարաւային Հնդկաստանի Թամիլ նահանգին եւ Սրի Լանքայի մէջ: Թէեւ Մալեզիոյ եւ Սինկափուրի թամիլներն ալ կը նշեն տօնը:
Տիուալի (Մարուրական Եւ
Կուճարաթական Ամանոր)
30 հոկտեմբեր
Տիուալի, Լոյսերու փառատօնը, կը նշեն ամբողջ աշխարհի հինտուները, սիխերը եւ ժայները: Թէեւ հիւսիսային Հնդկաստանի մարուարի եւ կուճարաթի համայնքներուն համար տիուալին իրենց տարեսկիզբն է: Այս համայնքները, որոնք կը կազմեն հին Հնդկաստանի առեւտրական եւ գործարար դասակարգերը, օրը կը նշեն շնորհակալութիւն յայտնելով հարստութեան եւ բարգաւաճման աստուածուհի Լակշմիի:
Ուկատհի (Թելեկու Եւ
Քառնաթաքա Ամանոր)
8 ապրիլ
Հնդկաստանի հարաւային Քառնաթաքա, Թլենկանա եւ Անտր Փրատեշ նահանգները կը նշեն ուկադհին, ըստ իրենց լուսնային օրացոյցին: Օրը կը նշեն անուշեղէնով, հրավառութեամբ եւ նոր զգեստներով: Կուտի Փատու (Մահարաշթայի մէջ) եւ Չեթի Չանտ (Հնդկաստանի սինտհի համայնքներու մէջ) Ամանորի տօնակատարութիւնները կը զուգադիպին այս օրուան:
Ռաս Ալ-Սընի Ալ-Հիժրիյա
(Իսլամական Ամանոր)
Հոկտեմբերի սկիզբ

Իսլամական Նոր տարին կը տօնեն Մուհարրամի առաջին օրը` իսլամական օրացոյցի առաջին ամիսը: Ատիկա կը նշէ Մուհամմէտ մարգարէի Մեքքայէն դէպի Մետինա գաղթը, որ կը կոչուի Հիժրա: Այս ամանորի օրը առաւել իւրայատուկ կը դարձնէ այն, որ, ըստ իսլամական օրացոյցին, իւրաքանչիւր օր կը սկսի մայրամուտին հետ: Տօնը կը նշեն ամբողջ աշխարհի իսլամները, թէեւ ոչ Իտը նշելու խանդավառութեամբ:
Մուրատօր Բնիկներու Ամանոր
30 հոկտեմբեր
Արեւմտեան Աւստրալիոյ բնիկ ցեղախումբը` մուրատօր, ամանորը կը նշէ Գրիգորեան օրացոյցով 30 հոկտեմբերին զուգադիպող օրը: Ցեղախումբի օրացոյցին մէջ ասիկա կարեւոր օր մըն է, որ կը նշէ բարեկամութեան, հաշտութեան եւ անցնող տարուան համար շնորհակալ ըլլալու ժամանակը: Մուրատօր բնիկները այժմ անհետացման եզրին կը գտնուին, թէեւ իրենց մշակոյթը կը գոյատեւէ արհեստներու եւ գրութիւններու ընդմէջէն:
Ամանորի 10 Խոստումներ,
Որոնք Կը Մոռցուին– Նիհարնալ
– Ծխախոտէն հրաժարիլ
– Նոր բան մը սորվիլ
– Սննդականոնի հետեւիլ, աւելի առողջապահական ուտել
– Պարտքերը փակել եւ դրամ խնայել
– Նոր վայրեր այցելել
– Ընտանիքին հետ աւելի ժամանակ անցընել
– Աւելի նուազ ճնշուած ըլլալ
– Կամաւոր աշխատանք ընել
– Աւելի նուազ օգտագործել ոգելից ըմպելիներ


