ԼՕԽ-ի «Արազ» Մասնաճիւղի 40-Ամեակ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40-ամեակի ձեռնարկը, «Նահր էլ Քալպի» «Նահր էլ Ասրար» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Սօսի Արամեանի, մասնաճիւղի մօտ ներկայացուցիչ Սիլվա Գարակէօզեանի, հիւրերու եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Լենա Արամ իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց մասնաճիւղի պատմականը, շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադիրներուն եւ վստահեցուց, թէ անոնց սկսած սրբազան առաքելութիւնը կը շարունակուի շնորհիւ կամաւոր, անվերապահ եւ ազգանուէր ընկերուհիներու:
Ապա հրաւիրեց Սօսի Արամեանը, որպէսզի փոխանցէ իր սրտին խօսքը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ մասնաճիւղի 40 տարուան գործունէութեան հիմքը ԼՕԽ-ականներուն անշահախնդիր նուիրումը, համակ սէրը եւ անխախտ հաւատքն են: «Անարդար պիտի ըլլար մեծ յարգանքով չյիշատակել նաեւ հայ ժողովուրդին ազնուական օժանդակութիւնը, ըլլայ այդ բարոյական կամ նիւթական: Վերոյիշեալները գրաւականներն են, որոնք կը կազմեն մեր յաջողութիւններուն երաշխիքները եւ որոնցմով պիտի շարունակենք մեր նուիրական արշաւը», շեշտեց ան:
Ս. Արամեան նշեց, որ թէեւ ժամանակները, մարդիկ, մարտահրաւէրները կը փոխուին, սակայն ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը կը մնայ նոյնը` միշտ ձգտելով դէպի վերելք:
Ձեռնարկին ներկայ ընկերուհիները միասնաբար հատեցին 40-ամեակի կարկանդակը:
Երգիչ Վարդան Տէր Սարգիսեան խանդավառեց մթնոլորտը: Կատարուեցան նուիրատուութիւններ, տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:
ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» Մասնաճիւղի 40-Ամեակ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Գայեանէ» մասնաճիւղին (Պէյթ Գօգօ), երեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2016-ին, «Նահր Էլ Գալպ»-ի «Հոլիտէյ Պիչ»-ի «Լը Քանօ» ճաշարանին մէջ նշուեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40 ամեակը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ ներկայացուցիչ ընկերուհիներուն, հիմնադիրներու, հիւրերու եւ ԼՕԽ-ականներու:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սօսի Մանուէլեան իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ.- «40 տարիներ առաջ, նուիրեալ ընկերուհիներու անխոնջ աշխատանքով ու ճիգով հիմնուած «Գայեանէ» մասնաճիւղը գոյատեւեց, կանգուն մնաց եւ իր սրբազան առաքելութիւնը շարունակեց շնորհիւ իրերայաջորդ վարչութիւններուն եւ անվերապահ նուիրումով գործող ու կամաւոր ընկերուհիներու»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի հիմնադիրներուն եւ բարի երթ մաղթեց «Գայեանէ» մասնաճիւղին:
Ապա Խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեան, որ շեշտեց, թէ «Գայեանէ» մասնաճիւղը իր 40 տարուան երթը կը շարունակէ շնորհիւ մասնաճիւղի կամաւոր եւ աշխուժ ընկերուհիներուն: Մասնաճիւղը տնտեսական եւ մարդուժի մարտահրաւէրները դիմակալեց համբերութեամբ եւ հաւատքը գործի վերածելով` բոլորեց 40 տարիները: Հաւատաց մասնաճիւղի հիմնադիրներուն սուրբ առաքելութեան եւ յառաջացաւ ինքնավստահութեամբ:
Հոգիով ազնուական է այն անձը, որ իր ուրախութիւնը տալու մէջ կը գտնէ: «Ժողովուրդէն ժողովուրդին համար» նշանաբանը բոլոր ԼՕԽ-ականներուն սկզբունքն է, միասնաբա՛ր շարունակենք մեր ազգային պարտականութիւնը ջերմացնելով կարիքաւորներուն հոգիները», ըսաւ ատենապետը:
Աւարտին Մ. Մխճեան կոչ ուղղեց` մնալու պատնէշի վրայ, զօրացնելու շարքերը եւ բարեսիրական նուիրումը անմա՛ր պահելու իրենց հոգիներուն մէջ:
Վարչութիւնը հրաւիրեց ձեռնարկին ներկայ մասնաճիւղի հիմնադիրներէն` Մատլէն Պէրպէրեանը, որ փոխանցեց իր սրտին խօսքը, ապա միասնաբար հատեցին մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40-ամեակի կարկանդակը:
Ձեռնարկի յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ ջութակահար Լիւսի Չամսարեանը, որ խանդավառեց մթնոլորտը, որմէ քաջալերուած ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:
ԼՕԽ-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի 25-Ամեակ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Մարալ Պուճիքեանի, կազմակերպութեամբ «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2016-ին, «Սուլթան Իպրահիմ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 25-ամեակի նշումը: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին տիկինը` Իզապէլ Մկրտչեան, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեան, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ բարեկամներ:
Ճաշարանի մուտքին ներկաները ստացան յատուկ յուշանուէրներ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ Սիլվա Սապունճեան, որ ըսաւ, թէ հաւաքին առիթը տարբեր է, որովհետեւ «Արցախ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 25-ամեակն է: «1991-ին ազգանուէր նպատակներով հիմնուած այս մասնաճիւղի իրերայաջորդ 12 վարչութիւնները հաւատարիմ մնացին ժողովուրդին օգտակար դառնալու ԼՕԽ-ի սկզբունքներուն եւ անմիջական զօրակցութեամբ շարունակեցին ծառայութեան առաքելութիւնը», ըսաւ ան:
Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեան, որ անդրադարձաւ 25-ամեայ երթին` դիտել տալով, որ ազգանուէր ծառայութեան դիմաց առաջին հերթին գոհունակութեան եւ հպարտութեան զգացումն է, որ կը պարուրէ` մտաբերելով դէմքերը ժրաջան ԼՕԽ-ականներուն, որոնք 25 տարուան ընթացքին ծառայութեան անսակարկ ոգիով` լաւագոյնը նուիրեցին, որպէսզի մասնաճիւղը մնայ կանգուն եւ անխախտ:
Բնական է, որ մասնաճիւղը ունեցաւ դժուարութիւններ, բայց անոնք աւելի զօրացուց զինք, ամուր կամքով տոկաց, յառաջդիմեց, մեծցաւ եւ ուռճացաւ, որովհետեւ գիտցաւ տալ եւ միայն տալ, «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» նախաբանը դարձուց իր միակ նպատակը, թակեց դռներ եւ ստացաւ ընդունելութիւն, ժպիտ եւ գոհունակութիւն», ըսաւ ատենապետը: Ան աւելցուց, որ բարերարներ դարձան մասնաճիւղի անդամներուն նեցուկը, որովհետեւ անոնք գիտցան հասնիլ կարիքաւորին:
Իր խօսքի աւարտին Մարալ Մխճեան դրուատեց մասնաճիւղի երդիքին տակ ծառայածները` կոչ ուղղելով խանդավառութեամբ շարունակելու նուրիրական գործը:
Ապա վարչութիւնը հայկական ձեռագործ խաչքարով մը պատուեց օրուան նախագահը` Մարալ Պուճիքեանը:
Ձեռնարկը ճոխ էր իր յայտագրով. մթնոլորտը ճոխացուց ջութակահար Լիւսի Չամսարեան: Խանդավառ մթնոլորտէն քաջալերուած կատարուեցան նուիրատութիւններ:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որուն յատուկ նուէրներէն բախտաւորուեցան գրեթէ բոլոր ներկաները:
Կազմակերպչական Յանձնախումբ
Դիւանի Անդամներու Պարտաւորութիւնները, Պարտականութիւններն ու Իրաւունքները
ԼՕԽ-ի 57-րդ պատգամաւորական ժողովը, այլ որոշումներու կարգին, որոշում տուած էր` մասնաճիւղերու նորընտիր վարչութիւններու գործունէութիւնը աւելի հեզասահ դարձնել: Այս որոշումի իրագործման նպատակով ժողովը կը թելադրէր կազմակերպել հաւաքներ, որոնց ընթացքին մասնաճիւղերու վարչութիւններուն բացատրել դիւանի անդամներու պարտաւորութիւնները, պարտականութիւններն ու իրաւունքները:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Կազմակերպչական յանձնախումբը իր երկամեայ գործունէութեան ծրագիրի մշակման ընթացքին կարեւորութեամբ նկատի ունեցաւ վերոյիշեալ որոշումը եւ առաջին հերթին իսկ կազմակերպեց սոյն հաւաքը, որ կազմակերպականօրէն մեծ նշանակութիւն ունի:
Յանձնախումբը որոշեց այս հաւաքը կազմակերպել չորս փուլերով, չորս տարբեր շրջաններու մէջ: Միեւնոյն ատեն, ան նպատակադրեց այցելել հեռակայ մասնաճիւղեր` խանդավառելու համար ԼՕԽ-ականները:
Վերոյիշեալ հաւաքներէն առաջինը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2016-ին Թրիփոլիի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ: «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի անդամներուն կողքին ներկայ էին նաեւ Ժիպէյլի «Սօսէ» մասնաճիւղի ընկերուհիները:
Երկրորդ հաւաքը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2016-ին Զահլէի «Շուշի» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ` ներկայութեամբ նոյնանուն մասնաճիւղի, ինչպէս նաեւ Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն:
Յիշեալ երկու հանդիպումներուն ալ յանձնախումբէն երեք անդամներ բացատրութիւններ տուին ատենապետի եւ ատենադպիրի պարտաւորութիւններուն, պարտականութիւններուն եւ իրաւունքներուն մասին: Աւելի՛ն, բացատրուեցան նաեւ ժողովավարական կանոնները:
Մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն իսկ վկայութեամբ, հանդիպումները կայացան առողջ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ: Ուղղուեցան հարցումներ, որոնց համապատասխան լուսաբանութիւններ տրուեցան: Յիշեալ հաւաքներուն մասնակցողները առաջարկեցին, որ յաճախակի ըլլան նմանօրինակ այցելութիւններն ու հանդիպումները: Անոնք բաժնուեցան միութենական գիտելիքներով եւ ոգիով լիցքաւորուած:
Յիշեալ ծրագիրի յաջորդող երկու հաւաքները տեղի պիտի ունենան 17 եւ 24 յունուար 2017-ին:
Տօնական Օրերու Առիթով Կը Յիշենք
Տօնական օրերու առիթով, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտութիւնը, դասարանային բաժանումով, նախաձեռնած է բարեսիրական աշխատանքներու` յիշելու համար բոլոր անոնք, որոնք Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու ուրախութեան ամբողջական վայելքէն զրկուած են:
Բարեսիրական այս աշխատանքներու ծիրին մէջ, քոլեճին 9-րդ դասարանի աշակերտները, իրենց դաստիարակին եւ քոլեճին ընկերային ծառայողին հետ, այցելեցին ԼՕԽ-ի «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան սրտի ճաշարան» եւ իրենց հիւրասիրութեամբ ու գեղարուեստական յայտագիրով ջերմացուցին ԼՕԽ-ի խոհանոցէն օգտուող ծերերուն սրտերը:
Աշակերտները երգեցին ու պարեցին` տօնական խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով ծերերուն մօտ: Աւարտին անոնք նուիրատուութիւն ալ կատարեցին ԼՕԽ-ի խոհանոցին:
Աշնանային Հաւաքոյթ
ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր աշնանային հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ 10 նոյեմբեր 2016-ին, «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու, ԼՕԽ-ականներու եւ բարեկամուհիներու:
Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որոնց շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար:
Ձեռնարկին մթնոլորտը խանդավառեցին Կարին Անդրանիկեանը` հայկական- եւրոպական երգերով եւ Մարինէ Ասայեանը` ասմունքով:
Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի (Նոր Մարաշ) վարչութեան կազմակերպած աշնանային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 15 նոյեմբեր 2016-ին, «Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` Իսկուհի Գաբլանեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու:
Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Քնար Գուճանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց երգիչ Նժդեհ Պոտրումեանը, որ ժողովրդական , աշուղական եւ հայրենասիրական երգերով ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ մը, որմէ քաջալերուած կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Մարալ Վարդապետեան եւ Մարինէ Ասայեան ելոյթ ունեցան ասմունքով: Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն:
Աւանդական Ճաշի Պազար
Շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2016-ին Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի կազմակերպած ճաշի պազարը, Սուրբ Յակոբի տօնին առիթով: Վարչութիւնը այս պազարին յաջողութիւնը կը պարտի մասնաճիւղի անդամուհիներուն, ոմանց` իրենց կատարած նուիրատուութեանց, ուրիշներու` ճաշի պատրաստութեանց համար:
Վաճառուեցան հայկական ճաշեր, անուշեղէն եւ ձեռային աշխատանքներ:
Սրահին մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ, եւ հոն գտնուող մանուկներուն ուրախութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ անակնկալօրէն սրահ ժամանեցին Կաղանդ պապուկը, խամաճիկն ու թզուկը, որոնք մանուկներուն հետ երգեցին, պարեցին եւ խաղացին: Ապա մանուկները Կաղանդ պապուկին ձեռամբ ստացան կաղանդչէքեր` պատրաստուած մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ:
Միօրեայ Դասընթացք` «Քանափէներ» Եւ Թացաններ
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի Դաստիարակչական յանձնախումբին, 18 նոյեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Քանափէներու» և Թացաններու պատրաստութեան միօրեայ դասընթացք մը, որ ներկայացուեցաւ ընկերուհի Փառանձեմ Քէլեանի կողմէ:
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան և Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Ռիթա Քիւսպէքեան, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ ամանորի սեմին կը գտնուինք եւ, յանձնախումբը նորութիւններու հետամուտ ըլլալով, խոհանոցը հարստացնելու և ճոխ սեղաններ պատրաստելու համար յատուկ առիթ մը ստեղծեց:
Փառանձեմ Քէլեան, իբրեւ տիպար մայր, տանտիկին, տնտեսող եւ վարպետ, ճարտար ձեռքերով, ինքնաշխատութեամբ եւ ճաշակով ներկաներուն առջեւ պատրաստեց թացաններու եւ «քանափէներու» ճոխ սեղան մը, որ բարձր գնահատուեցաւ բոլորին կողմէ:
Ձեռնարկի աւարտին ընկերուհիներուն կողմէ անոր յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:
ԼՕԽ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղ
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի (Անթիլիաս) վարչութեան, 29 նոյեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ ամանորի ընկերային հանդիպումը «Աղբալեան» համալիրի «Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարօ Թազեանի, քոյր մասնաճիւղերու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հիւրերու:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Սալբի Աննայեան վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց քաջալերանքին համար, եւ նկատել տուաւ, թէ փոքր տարիքին մարդ արարածին համար «ստանալ»-ը հաճոյք կը պատճառէ անոր, սակայն այդ հաճոյքին բնոյթը փոխուելով երբ «տալ»-ու չվերածուի ապագային, ան կը մնայ փոքր` ո՛չ թէ տարիքով, այլ արժէքով: Աննայեան աւելցուց, որ պէտք է աւելիով բոցավառենք ԼՕԽ-ի սուրբ առաքելութեան ջահը եւ կոչ ուղղեց բոլոր երիտասարդներուն, որ միանան ԼՕԽ-ի կամաւորներու շարքերուն:
Ապա ձեռնարկին դասախօսը` Լուիզա Պապոյեան ներկաներուն փոխանցեց կենցաղավարութեան մասին օգտաշատ ցուցմունքներ:
Գեղարուեստական բաժինով մթնոլորտը ճոխացուց երգիչ Ռաֆֆի Կէօվօղլանեան:Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւնը: Տարուան բախտաւորը ստացաւ մասնաճիւղի հիմնադիր, արուեստագէտ Ռոզվարդ Սիսեռեանի գեղանկարներէն մէկը:
Ամանորի Ցուցահանդէս Վաճառք
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2016-ին ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ուտեստեղէններու եւ տոհմիկ աւանդութիւններու տարեկան ցուցահանդէս-վաճառքը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր հայրերը, առաքինազարդ քոյրը, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ:
Միւռոն Աւագ քահանայ Աւետիսեանի օրհնութեան աղօթքով եւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեանի ձեռամբ մուտքի ժապաւէնի հատումէն ետք, բացուած յայտարարուեցաւ ցուցահանդէս-վաճառքը:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Նաթալի Քենտիրճեան բարի գալուստի խօսքով ողջունեց բոլոր ներկաները` դիտել տալով, որ յանձնախումբին նպատակն է տեսնել և տարածել հայկական ձեռագործները, քաջալերել արուեստն ու ձեռարուեստը եւ գնահատել հայ կնոջ աշխատանքը այս մարզին մէջ:
Ան յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան, «Էս. Փի. Էն. Էլ.»-ին, ինչպէս նաեւ բոլոր այն ընկերուհիներուն, որոնք աշխատեցան այս ցուցահանդէսը իրականութիւն դարձնելու:
Ապա իր խօսքը փոխանցեց քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան: Ան ըսաւ. «ԼՕԽ-ը այն կազմակերպութիւնն է, որ իր հզօր գործով անպայմանօրէն յարգանք կը պարտադրէ բոլորին, ո՛չ միայն իր կատարած աշխատանքին համար, այլ ծառայութեան ոգիին. Այդ պատճառով է, որ բոլորը անխտիր մեծ երկիւղածութեամբ կը նային ԼՕԽ-ի աշխատանքին»: Այնճարի անունով ան գնահատեց ձեռնարկն ու տարուած հրաշալի աշխատանքը:
Ցուցահանդէսին վաճառուեցան հայկական ու աւանդական ուտեստեղէն եւ ձեռագործներ:
Շաբաթ, 10 եւ կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ մանուկներու յատուկ յայտագիր մը` խաղերով, անակնկալներով, երգերով, պարերով, նուէրներով ու Կաղանդ պապայի այցելութեամբ:
Յայտագիրէն ետք տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:
Ամանորեան Ձեռնարկներ
ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, շրջանի ԼՕԽ-ականները համախմբելու եւ միասնաբար ուրախ ժամանակ անցընելու միտումով, հինգշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2016-ին ճաշարան «Տիուան Հաշըմ»-ի մէջ կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ յոյս յայտնեց, որ Նոր տարին բերէ առողջութիւն, յաջողութիւն, խաղաղութիւն եւ արեւշատութիւն:
Կաղանդի եւ Սուրբ Ծննդեան երգերու ունկնդրութենէ ետք, Սիմոն Կոստանդինեան իր ձեռնադաշնակով եւ երգերով խանդավառեց ներկաները: Ապա հասաւ Կաղանդ պապան, նուէրներ բաժնեց բոլորին անխտիր եւ իր պարերով խանդավառեց բոլորը:
Այս ուրախ մթնոլորտէն խանդավառ` եղան սրտաբուխ նուիրատութիւններ:
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ներկաները ստացան Սուրբ Ծննդեան ծաղիկներու թաղարներ` տրամադրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ:
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Դարմանատուն
16 դեկտեմբեր 2016-ին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնը ժամադրավայրը դարձած էր դարմանատան մէջ ծառայող կամաւոր բժիշկներուն (թիւով 12)` իրենց ընտանիքներուն հետ: Աւանդական դարձած այս հաւաքոյթը վարչութիւններուն համար եղած է երախտագիտութեան նուազագոյն արտայայտութիւնը հանդէպ անոնց, որոնք իրենց մարդասիրական ծառայութիւնը մատուցեցին ժողովուրդին:
Վարչութեան եւ դարմանատան յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Լոռի Կէօքճեան, որ գնահատեց անսակարկ մօտեցումը հանդէպ իրենց դիմողներուն: Խանդավառ եւ հարազատ մթնոլորտի մէջ անցաւ երեկոն:
Կաղանդ պապուկին մուտքը` առաւել թնդացուց մթնոլորտը, ան բաժնեց նուէրներ բոլոր բժիշկներուն: Ճոխ երգերուն ընկերակցեցան պարերը,որոնք տեւեցին մինչեւ կէս գիշեր:
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Աղթամար» մասնաճիւղի Ընկերային յանձնախումբին, Ամանորի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ 17 դեկտեմբեր 2016- ին ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետ Մատլէն Խոշեան, որ ողջոյնի խօսք ուղղեց ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն հաւատացող համակիր կիններուն, գնահատեց մասնաճիւղին գործունէութեան հանդէպ ժողովուրդին համարումը եւ ընկերուհիներուն յօժար ծառայութիւնները: Ան նաեւ դրուատեց գիւղի պատկան մարմիններուն եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան զօրակցութիւնը` միութեանս: Ապա խօսք առաւ Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ անդրադարձաւ ձեռնարկի նպատակին կարեւորութեան` կարիքաւոր աշակերտներու կրթական ծախսերու օժանդակութիւն տրամադրել: Նաեւ ընթերցեց կաղանդի սովորութիւններուն մասին տեղեկութիւններ, բարեմաղթութիւններ:
Օրուան մթնոլորտը ճոխացուց Լիզա Սվաճեան: Աշուղական, ժողովրդային շուրջպարերով շուրջ 175 ներկաներ անցուցին ուրախ պահեր: Ներկաները վիճակահանութեան տոմսեր ստացան, կատարուեցաւ վիճակաձգութիւն: Անոնք բախտաւորուեցան արժէքաւոր նուէրներով:
Կաղանդ պապաները բաժնեցին վիճակահանութեան նուէրները: Եղան նուիրատուութիւններ:
ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան Նոր Տարուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ, երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Անապ» ճաշարանին մէջ, Մար Մըխայէլ:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն ընկերուհիներ, մասնաճիւղերու վարչութիւններէ ներկայացուցիչներ եւ բարեկամուհիներ իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին վարչութեան տարած աշխատանքը:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Արփի Կոստանեան կատարեց ձեռնարկին բացումը: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք նշեց, թէ ԼՕԽ-ը արդէն 86 տարիներ բոլորած է եւ հաստատ քայլերով կը յառաջանայ դէպի հարիւրամեակ: Անդրադարձաւ նաեւ ԼՕԽ-ի կատարած ներդրումներուն հալէպահայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն օժանդակելու եւ նեցուկ կանգնելու առումով: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, շնորհաւորեց Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը` մաղթելով, որ 2017 թուականը ըլլայ առողջութիւններով լի, բարեբեր եւ բախտաբեր տարի մը:
Մթնոլորտը ճոխացուց Կարօ Կէօքէօզեան` մեկնաբանելով ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգեր:
Կաղանդ պապան իր ներկայութեամբ խանդավառեց բոլորը, նուէրներ բաժնեց եւ իր մաղթանքները փոխանցեց: Ընկերուհիները շրջեցան սեղանները եւ Նոր տարին խորհրդանշող իրեր ծախեցին` փոխան վիճակահանութեան:
Տեղի ունեցաւ միութեան կազմակերպած մեծ վիճակահանութեան տոմսերու վիճակաձգութիւնը, որմէ բախտաւորուեցան 4 անձեր: Անմիջապէս յաջորդեց ներքին վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը:
Ձեռնարկի աւարտին իւրաքանչիւրին բաժնուեցաւ Նոր տարին բնորոշող ծաղիկի թաղար մը (փուանսէնթա)` նուիրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ:
«Հեղուշ Փափազեան (Ռաուտա)
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Հեղուշ Փափազեան» (Ռաուտա) մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2016-ին «Էհլան»-ի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամանորի ձեռնարկը:
Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մարիա Չոլաքեան, մասնաճիւղերու վարչութիւններէ ընկերուհիներ, բարեկամուհիներ եւ հիւրեր:
Վարչութեան անունով բացման խօսքը փոխանցեց ատենապետ Սօսի Յակոբեան, որ ըսաւ, թէ ամավերջը առիթ մըն է, որ իւրաքանչիւր անձ կատարէ իր հաշուեյարդարը. «Բոլորս ալ միշտ ունինք ձգտումներ եւ երազներ. անցեալ տարուան ընթացքին, եթէ կարողացանք մեր երազներէն մաս մը իրականացնել, թող այս Նոր տարին ըլլայ նոր ակնկալութիւններու եւ բոլոր փափաքներու իրականացման տարի մը», շեշտեց ան:
Խամաճիկն ու նապաստակը պարելով խանդավառեցին ներկաները: Ապա ժամանեց նուէրներով ծանրաբեռնուած Կաղանդ պապուկը, որ զուարճացուց բոլորը եւ բաշխեց իր բերած շատ գեղեցիկ նուէրները:
Ձեռնարկի աւարտին բոլորը գնահատեցին տարուած աշխատանքը եւ վկայեցին, որ իսկապէս աննախընթաց օր մըն էր: Անոնք մեկնեցան ուրախ եւ գոհունակ` մաղթելով առողջութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն:
ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2016-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի սրահին մէջ կազմակերպեց ընկերային հաւաքոյթ մը, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, քոյր մասնաճիւղերու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, վարչութեան ատենապետ կատարեց ձեռնարկին բացումը:
Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` յուսալով, որ 2017 թուականը ըլլայ բարեբեր, խաղաղ տարի մը: Ան ըսաւ, թէ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ԼՕԽ-ի կամաւորները անսակարկ նուիրումով աշխատեցան հասնիլ անկարին, աշակերտին, ծերին , հիւանդին:
Խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք միշտ սատար կը հանդիսանան մասնաճիւղի աշխատանքներուն յաջողութեան:
Կաղանդի երգերով ելոյթ ունեցան Ազգ. Աբգարեան վարժարանի աշակերտները` ստեղծելով տօնական մթնոլորտ:
Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը` Սեդա Մածունեան իր սրտի խօսքին մէջ յիշեց, թէ Կաղանդը տարուան ամէնէն սիրուած ու սպասուած տօնն է ո՛չ միայն փոքրերուն, այլ նաեւ մեծերուն համար: Ան շեշտեց, որ Ս. Ծննդեան տօնը եւս սիրոյ ու նուիրումի տօն է, եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհի արդէն կը գործէ այդ սկզբունքով: Ան բոլորին մաղթեց սիրով լեցուն երջանիկ օրեր:
Մթնոլորտը ճոխացաւ հայկական շուրջպարերով եւ Կաղանդ պապուկին այցելութեամբ: Ուրախ մթնոլորտէն խանդավառուած եղան նուիրատուութիւններ:
Ներկաները մեկնեցան իրենց հետ տանելով հաւատք` ԼՕԽ-ի աշխատանքին, յոյս` աւելի փայլուն ապագայի եւ սէր` մարդկութեան հանդէպ:
ԼՕԽ-ի «Կարինէ» (Ամանոս) մասնաճիւղի Կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2016-ին «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ:
Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն ընկերուհիներ, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ համակիրներ:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Օլկա Պրունսուզեան, կատարեց ձեռնարկին բացումը: Ան ըսաւ.- «Կաղանդը բոլորին ամէնէն սիրելի տօնն է` եւ Ամանորը առիթ մըն է նորոգելու մեր կեանքը` զինուած նոր յոյսերով, նոր երազներով եւ աւելի փայլուն ապագայի մը հեռանկարով»: Ապա Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սեդա Մածունեան, փոխանցեց իր սրտին խօսքը` շնորհաւորելով բոլորին Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը` մաղթելով, որ 2017-ը ըլլայ բարեբեր ու խաղաղ տարի մը, իրեն հետ բերէ առողջութիւն, հոգիի խաղաղութիւն եւ փափաքներու իրականացում: Ան գնահատեց ընկերուհիներուն` ի սպաս ԼՕԽ-ին անսակարկ նուիրումը եւ ծառայութիւնը: Վարչութիւնը պատրաստած էր ճոխ յայտագիր մը` երգ ու պար, նուէրներ, վիճակահանութիւն, համադամ ճաշեր, ուսուցողական ու հետաքրքրական տեղեկութիւններ Կաղանդին «poinsetillas» կարմիր տերեւներով բոյսին մասին եւ հաճելի խաղեր, որոնք խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ:
Մթնոլորտը աւելի ճոխացաւ, երբ Կաղանդ պապան ժամանեց` Կաղանդ մամային ընկերակցութեամբ:
Խանդավառուած ճոխ մթնոլորտէն, եղան նուիրատուութիւններ: Բոլորը մեկնեցան գեղեցիկ յուշերով, իրենց հետ ունենալով տօնական փայլուն մոմեր` լուսաւորելու մեր հայ օճախները:
ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի «Ծերերու Կաղանդ պապուկ»-ի աւանդական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 23 դեկտեմբեր 2016-ին, Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ: Մասնաճիւղի իրերայաջորդ վարչութիւններ միշտ նախանձախնդիր եղած են պատուելու իրենց տարեցները.այդ նպատակով ալ ամէն տարուան 23 դեկտեմբերին կը կազմակերպուի «Ծերերու Կաղանդ պապուկ»-ի ձեռնարկը:
Անգամ մը եւս տօնական մթնոլորտը արտացոլացնող սրահին մէջ ներկայ էին Արագածի եւ Սիսի շրջաններու մէջ բնակող 130 հայ մամիկներ ու պապիկներ:
Խրախճանքի մթնոլորտի մէջ բոլոր տարեցները զուարճալի պահեր անցուցին, ճաշակելով այդ առիթով մատուցուած ուտեստեղէնները, անուշեղէնները, որոնք տրամադրուած էին մասնաճիւղի ընկերուհիներու թէ նուիրատուներու կողմէ: Հայկական պարեղանակներու կշռոյթով բոլոր երգեցին ու պարեցին, ապա Կաղանդ պապուկը ժամանեց ու նուէրներ բաշխեց բոլորին անխտիր:
Ձեռնարկը կարելի եղաւ իրականացնել շնորհիւ «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ բազմաթիւ նուիրատուներու: