Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոջալու. 25-26 Փետրուար 1992 – Արցախի Ազատագրութեան Յաղթարշաւը Եւ Խոջալուի Վտանգազերծման Ողբերգութիւնը

Փետրուար 27, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փետրուարի վերջին օրերուն պահանջատէր հայութիւնը կը նշէ Խոջալուի վտանգազերծումը, որ արցախեան ազատամարտի յաղթարշաւին մեծ թափ տուաւ:

Փետրուար 25-էն 26 լուսցող գիշերը, 1992-ին, Ստեփանակերտէն չորս մղոն դէպի հիւսիս գտնուող Խոջալուի մէջ արձանագրուեցաւ ռազմաքաղաքական նշանակութեամբ կարեւոր յաղթանակ մը Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարի արիւնալի, այլեւ հերոսական պատմութեան մէջ:

Հայկական ջոկատները այդ օր ընդհանուր յարձակողականի ձեռնարկեցին ազրպէյճանական հրետանիին ահ ու սարսափ եւ մահ սփռող կեդրոն դարձած Խոջալուի վրայ:

Թշնամին անփառունակ պարտութեան մատնելով ու Խոջալուէն դուրս մղելով` հայկական ուժերը վտանգազերծեցին Արցախի ոստանները: Վերջակէտ դրին Խոջալուէն արձակուող Կրատ ու այլ տիպի ռումբերու եւ հրթիռներու ամէնօրեայ տարափին:

Յատկապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու Բերդաձորը ամէնօրեայ ռմբակոծման թիրախ դարձած էին Խոջալուի կողմէ: Շուշիի անառիկ բարձունքներէն ազերի զինեալներու ծաւալած ռմբակոծումներուն պատճառած քանդումն ու արիւնահեղութիւնը ամբողջացնելու կու գար Խոջալուն:

Ասկերանի շրջանին մէջ ռազմագիտական կարեւոր դիրք գրաւող Խոջալուն նաեւ իրարմէ կտրած էր Մարտակերտն ու Ստեփանակերտը` անշարժութեան մատնելով պաշարուած Մարտակերտին մարդկային թէ զինական օգնութիւն հասցնող հայկական ջոկատները:

Թէեւ Արցախ դեկտեմբեր 1991-ին արդէն հռչակած էր իր անկախութիւնը եւ ձեռնարկած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարման համակարգումի ստեղծումին, այսուհանդերձ` Շուշին, Խոջալուն եւ Աղդամը, մնացած ըլլալով ազրպէյճանական ուժերուն ձեռքը, կը շարունակէին հանդիսանալ հայկական արծուեբոյն լեռնային Արցախը պատուհասելու եւ, մահ ու աւեր սփռելով, ծունկի բերելու ուղին ընտրած ազրպէյճանական բռնութեանց վտանգաւոր յենակէտերը:

Խոջալուի վտանգազերծման գործողութիւնը մեծաթիւ զոհեր խլեց ո՛չ միայն ազերի զինեալներուն, այլ նաեւ հոն ապրող մեսխեթցի թուրք անզէն բնակչութեան շարքերէն: Միայն զինեալ ընդհարումներու իբրեւ հետեւանք չինկան մեսխեթցիները: Հայկական ուժերուն կողմէ Խոջալուի վտանգազերծման հետեւեցաւ իր տեսակին մէջ «թրքավարի» սադրանք մը, որ նոյնինքն ազրպէյճանեան բանակային ուժերու կողմէ գործուած սպանդն էր Խոջալուն պարպող անզէն մեսխեթցիներուն…

Խոջալուի վտանգազերծումը եւ բնակչութենէ պարպումը վերջ գտան ահաւոր ողբերգութեամբ, երբ հայկական ջոկատներու հսկողութեան տակ առճակատման գիծը կտրած եւ ազրպէյճանական կողմի առաջաւոր դիրքերը հասած մեսխեթցի բնակչութիւնը սպանդի ենթարկուեցաւ նոյնինքն ազրպէյճանական զօրքին կողմէ:

Խոջալուի այդ ողբերգութեան ծալքերը բարդ են, եւ երկար ժամանակի պէտք եղաւ, որպէսզի տակաւ առ տակաւ բացայայտուին օրուան Ազրպէյճանի իշխանաւորներուն` յատկապէս Հայտար Ալիեւի սադրած դաւադրութեան մանրամասնութիւնները:

Բայց օրին, երբ ազրպէյճանական սադրանքին ծալքերը դեռ բացայայտուած չէին, Պաքու եւ Անգարա անմիջապէս, ձայն-ձայնի տուած, հաւար փրցուցին հայ ազատամարտիկներուն դէմ` զանոնք ամբաստանելով իբր թէ Խոջալուի մէջ «ցեղասպանութիւն» գործած ըլլալու մեղադրանքով:

Օրին միջազգային հանրային կարծիքը հալած իւղի պէս կուլ տուաւ ազրպէյճանական կողմի եւ անոր թափ տուող թրքական շրջանակներու հակահայ քարոզարշաւին տարածած այդ անհիմն վերագրումներն ու մեղադրանքները:

Մինչեւ այսօր, մեծապետական քաղաքականութեան ծառայող զանգուածային լրատուութեան միջոցները, այլեւ ու մանաւանդ համացանցի թրքամէտ կայքերը, սուտ ու կեղծ հազարումէկ «փաստ»-եր հնարելով` կը շարունակեն ջուր հոսեցնել ազրպէյճանական եւ թրքական կայքէջերու կողմէ հրամցուող «Խոջալուի ցեղասպանութեան»… խեղաթիւրումներու ջաղացքին:

Իրենց խիղճը վարձու հանած թղթակիցներ ու պատմաբաններ միշտ ալ գտնուած են եւ, այս պարագային ալ, բացառութիւն չեն կազմեր բոլոր անոնք, որոնք այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան» սուտ վկաները կ՛ուզեն դառնալ` ձայնակցելով ազրպէյճանական եւ թրքական աղբիւրներու հակահայ քարոզչութեան:

Դժբախտաբար միեւնոյն դատապարտելի ընթացքին մէջ կը յայտնուին նաեւ միջազգային ատեաններուն կողմէ եւ անոնց անունով հանդէս եկող որոշ հեղինակութիւններ, որոնք իրենց կարգին, այսօր եւս, կը շարունակեն արցախահայութեան վերագրել Խոջալուի մէջ «ազերիները ցեղասպանութեան ենթարկած ըլլալու յանցագործութիւն»-ը:

25 տարի անցած է Խոջալուի վտանգազերծումէն: Վաւերագրական ամբողջ գրականութիւն մը արդէն գոյութիւն ունի, որպէսզի պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող եւ հեղինակութիւն նկատուող անձնաւորութիւններն ու շրջանակները քիչ մը ժամանակ տրամադրեն եւ ստուգեն փաստերը, փոխանակ կուլ տալու ազրպէյճանական քաղցրապատ թոյները:

Իսկ վաւերական փաստերը բազում են` նոյնինքն Ազրպէյճանի այդ ժամանակուան նախագահ Մութալիպովի խոստովանութիւններէն սկսելով, հակահայ վերագրումները հետազօտած օտար լրագրողներու եւ պատուիրակութիւններու զեկոյցներէն անցնելով եւ Խոջալուի արիւնալի ողբերգութենէն վերապրողներու վկայութեանց հասնելով:

Այսօր արդէն արար-աշխարհին ներկայացուած են փաստացի բաւարար տուեալներ, որպէսզի միանգամընդմիշտ պարզ ու յստակ դառնայ ամբողջական ճշմարտութիւնը` Խոջալուի բնակչութեան դէմ նոյնինքն ազերի բանակայիններու եւ զինեալներու գործադրած սպանդին մասին: Ալիեւ հօր` Հայտար Ալիեւի մատնահետքերով սադրանք մըն էր եղածը Խոջալուի բնակիչներուն դէմ… Եւ ի՞նչ նպատակով. մէկ կողմէ օրուան նախագահ Մութալիպովի դէմ ժողովուրդը գրգռելու եւ իշխանափոխական յեղաշրջում իրականացնելու նպատակով, իսկ միւս կողմէ` Պաքուի եւ Սումկայթի մէջ հայերու բնաջնջումին դէմ բարձրացած միջազգային դատապարտանքի ալիքին պատասխանելու… «Խոջալուի մէջ հայերու գործած ցեղասպանութեան» յերիւրանքով եւ համապատասխան հակահայ ապատեղեկատուութեամբ:

Արար-աշխարհ շատ լաւ կը գիտակցի, թէ ո՞վ է ցեղասպանը…

Կը մնայ, որ քաղաքակիրթ աշխարհը ղեկավարող ուժերը արդարութեան եւ ճշմարտութեան չգերադասեն իրենց նաւթային ու ռազմաքաղաքական ինչ-ինչ հաշիւներն ու ախորժակները:

Կը բաւէ, որ վերջ տրուի քաղաքական աշխարհը երկու չափ եւ երկու կշիռով ղեկավարելու մեծապետական պատեհապաշտութեան:

Խոջալուի վտանգազերծումը, ի վերջոյ, միակ ելքն ու գրաւականն էր հայկական Արցախի ինքնապաշտպանութեան` ազատ ու անկախ ապրելու անոր բնական եւ անբռնաբարելի իրաւունքին նուաճումին:

Ն.

Նախորդը

Վերջին Խօսքը Կը Պատկանի Միայն Քեզի

Յաջորդը

27 Փետրուար 1988, Սումկայիթ. Հայասպանական Թրքատիպ Եղեռնագործութեան Ազրպէյճանական Մոլեգնումը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?