ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Ուրբաթ, 24 փետրուարին, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին պատուեց Այնճար հայաւանի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժումին մէջ բազմամեայ ծառայութիւն բերած եղբայր Լեւոն Թաշճեանը եւ քոյր Վերգինէ Այնթէպլեանը: Ասիկա առաջին պարգեւատրումը չէ այս երկու նուիրեալներուն, որոնք ՀՄԸՄ-ի անցնող 50 եւ աւելի տարիներու տոմարին վրայ իրենց անշահախնդիր ծառայութեամբ եւ նորահաս սերունդներուն ջամբած դաստիարակութեամբ հարստացուցին այնճարահայութեան կեանքը եւ ընդհանրապէս ՀՄԸՄ-ի նշանաբանով բարձրացան ու բարձրացուցին անոր առաքելութիւնը:
Սակայն առիթը պարտաւորեցնող է անդրադառնալու ծառայութեան այս երկու տիպարներու երեւոյթին. անոնցմէ մեր կեանքը ամէն օր ներշնչուելու անհրաժեշտութեան դիմաց կը գտնուի այսօ՛ր, անկասկա՛ծ: Քոյր Վերգինէ Այնթէպլեան միութենական այս պարտականութեան կողքին տասնեակ տարիներ իբրեւ Ազգային «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի մանկապարտիզպանուհի դարձաւ իրերայաջորդ սերունդներու գորգուրացող մայրը: Նոյն խանդավառութեամբ եւ նուիրումով իր շունչին տակ հասակ առին աշակերտներ ու շատ յաճախ անոնց թոռնիկները: Ան իր ասպարէզը վերածեց երջանկութեան անսպառ աղբիւրի, ժպիտը դէմքին վրայ մնաց անպակաս, սիրեց ու սիրուեցաւ բոլոր փոքրիկներէն ու ծնողներէն եւ մնաց իր կոչումին հաւատարիմ ծառայ: Մնաց ու կը շարունակէ մնալ բոլորին օրիորդ Վերգինէն, նոյնիսկ այսօ՛ր: Ազգային կրթութեան եւ ազգային վարժարանի դերակատարութեան խորապէս հաւատացող այս տիպարը ամբողջ կեանքը` իր առօրեայով ու յուզումներով խառնեց վարժարանի մանկապարտէզին հետ, նոյնացաւ անոր տագնապներուն եւ անհունօրէն հպարտացաւ անոր նուաճումներով: Աւելի՛ն, իր շունչին տակ հասակ առին նոր դաստիարակներ, որոնց` կրթական եւ մանկավարժական մեթոտներու վարժեցման կողքին, հաւատարմօրէն փոխանցեց հայ կրթական մշակի իր հասկացողութիւնը, ըմբռնումն ու հաւատամքը:
Եղբայր Լեւոն Թաշճեան երեւոյթ է ու կը շարունակէ մնալ մեր կեանքին մէջ: Թէեւ պարագաներու բերումով ան չէ ստացած ուսումնական համապատասխան կրթութիւն, այսուհանդերձ իր ինքնաշխատութեամբ ու հետեւողականութեամբ եւ մանաւանդ հայ հոգեմտաւոր արժէքներուն նկատմամբ երկրպագութեան հասնող իր սիրով յաջողած է կերտել ինքզինք եւ դերակատար դառնալ նորահաս սերունդներու ֆիզիքական, ազգային ու գաղափարական եւ յատկապէս միութենական կազմաւորման գործընթացներուն մէջ: Լեւոն կը մնայ ծառայութեան, համեստութեան, բարիութեան ու անշահախնդրութեան վաւերական խորհրդանիշ մը մեր կեանքին մէջ: Ան տակաւին աշխուժ մարզիկ է, կը մասնակցի վազքի մրցաշարքերու եւ նոր մետալներով կ՛աւելցնէ գիւղի հպարտութիւնը: Ան միշտ պատրաստ մարտիկ ու զինուոր է եւ հո՛ն է, ուր մեր ազգային ու հողային անվտանգութիւնը մարտահրաւէրի դիմաց է: Այս յաւերժ ուխտաւորը քանիցս այցելած է մեր հայապատկան, բռնագրաւեալ բոլոր հողերն ու տարածքները, հետիոտն հասած է շատ մը հայրենի բնակավայրեր, ապրած է մեր ժողովուրդի բոլոր բեկորներուն հետ ու ընտելացած անոնց նկարագիրին, ապրումներուն եւ սովորութիւններուն` դառնալով հետաքրքրական տեղեկութիւններու հարուստ շտեմարան մը: Հայ մշակոյթը եղբայր Լեւոնի համար սրբութիւն է: Այս համեստ նուիրեալին քրտինքը շաղախուած է Այնճարի հարուստ ու բարեբեր հողին եւ ան կը շարունակէ արթուն պահապանը մնալ գիւղի անվտանգութեան ու հայեցի դիմագիծին: Լեւոն բոլոր գիւղացիներուն հարազատն է եւ միշտ անոնց օգնութեան հասնող առաջին կամաւորներէն մէկը: Մեծ ու փոքր գործերը նոյն լրջութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կատարող այս հայորդիին համար նոյնիսկ մեռելաթաղի պարտականութիւնը ի պահանջեալ հարկին կարեւոր աշխատանք է: Այսօ՛ր, ան նաեւ իր ընտանեկան բոյնի կազմութեամբ այժմէական պատգամ մը կու տայ գիւղին ու բոլորին:
Այս բոլորը գրելով ու հաստատելով մենք մեծարեալներուն համեստութիւնները վիրաւորած չենք ըլլար: Այս արժէքներու վերծանումը կը գօտեպնդէ մեզի, որպէսզի նոր լիցքաւորումով շարունակուի մեր հաւաքական գործը եւ երթը: Անկասկած տակաւին ըսուելիք ու վկայելիք շատ բան կայ, այդ մէկն ալ կը կատարուի իրենց գործընկերներուն եւ իրենց շուքին տակ հասակ առած «բանակ»-ին կողմէ յարմար ժամանակին: Մինչ այդ` անոնց կը մաղթենք արեւշատութիւն եւ բեղուն ծառայութիւն:
Յարգա՛նք ձեզի…