Աւարտին կը մօտենան Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի «Արքայ արթնցի՛ր» ներկայացման փորձերը:
Երաժշտական կատակերգութեան հեղինակ եւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան վերջին ցուցումները կու տայ դերասաններուն. մարտ 3-էն սկսեալ բեմ կ՛ելլեն «Արեգ»-ի շուրջ 35 դերակատարներ: «Գայեանէ» պարի դպրոցէն ներկայացման կը միանան շուրջ 50 աշակերտներ` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններու:
Թատերախաղը գրուած է Յովհաննէս Թումանեանի «Ոսկիի կարասը» հեքիաթի հետեւողութեամբ եւ ծիծաղի ընդմէջէն կը շօշափէ մերօրեայ լուրջ խնդիրներ:
«Արեգ»-ի գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեան ներկայացումը հասցէագրուած է` մանուկներէն մինչեւ հասուն տարիքի հանդիսատեսին:
Ուրբաթ, 3 մարտ 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին եւ 12:00-ին կը կայանան աշակերտական ներկայացումները, իսկ երեկոյթները կը կայանան շաբաթ` 4 մարտ, կէսօրէ ետք ժամը 5:00 եւ երեկոյեան ժամը 8:30-ին` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
ԹՂԹԱԿԻՑ