Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկականութեան Մոմ Մը Եւս Շիջեցաւ

Փետրուար 28, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

(Զուարթ Աբէլեան Դաստիարակի Յիշատակին)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Յունուարի վերջին օրը Լոս Անճելըսի մէջ այս աշխարհին սուսիկ-փուսիկ հրաժեշտ տուաւ Զուարթ Աբէլեան անուն հայուհի մը, որուն վերջին յարգանք մատուցելու համար 9 փետրուարին շիրիմին շուրջ համախմբուեցան խումբ մը հարազատներ եւ նախկին աշակերտներ: Այսպիսով, փակուեցաւ կեանքի տաֆթարը բազմավաստակ ուսուցչուհիի մը եւ մօր մը, որուն իմացական ողջ կեանքը եղած էր յարատեւ ճամբորդութիւն մը` հայ դպրութեան ջահէն արձակուող լոյսը տարածելու իրերայաջորդ սերունդներու միտքերուն, բայց մանաւանդ` հոգիներուն մէջ: Այդ ճամբորդութիւնը չեղաւ սուսիկ-փուսիկ, այլ` մնայուն ակօսներ բացող սերմնացանի մը վայել «աղմուկ»-ով:

Զուարթ Աբէլեան մաս կը կազմէր սերունդին այն ուսուցիչներուն, որոնք իրաւա՛մբ իրենց անուան կողքին շահած են Հայ Դաստիարակ կոչումը: Ծննդավայր Քեսապէն մինչեւ Պէյրութ ու ամերիկեան ափեր` Լոս Անճելըս, անոր ուսուցչական վաստակը կերտուեցաւ աւելի քան 50 տարիներու վրայ. հաւանաբար ինք ալ չէր գիտեր, թէ քանի՛ հայ աշակերտ վարակուած է իր շունչով, իրմէ փոխանցուած է հայոց լեզուի, գրողներու եւ մշակութային ժառանգութեանց  բարի «ախտ»-ը: Հայ Դաստիարակի իր վաստակը ան այնքան չի պարտիր իր ստացած բարձրագոյն ուսման, որքան` իր հոգիին մէջ մանկութենէն իսկ բոցավառած այն խարոյկին, որուն ջերմութիւնը ո՛չ միայն կը տոգորէր իր դասաւանդութիւններն ու դասախօսական ելոյթները, այլ նաեւ լիովին կը տարածուէր զինք լսող աշակերտներուն եւ ունկնդիրներուն հոգիներուն մէջ: Խօսելու խանդավառ ոճն իսկ, զոր պահպանեց մինչեւ յառաջացեալ տարիքը, գրաւական մըն էր, որ դիմացինը վարակուի նոյն խանդավառութեամբ, ներշնչուի հայկականութեամբ եւ սիրէ հայ գիրը, բանաստեղծներն ու գրողները, մէկ խօսքով` այն բոլորը, ինչ որ կը կոչենք հայկականութիւն:

Զինք ճանչցայ Պէյրութի Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանին աշակերտութեանս օրերուն. նախակրթարանի վերին կարգերու հայերէնի դասատու էր: Այդ օրերուն ան կը ճանչցուէր տիկին Աբէլեան անունով.  քանի մը տարի անց էր, երբ իմացանք, թէ առաջին անունը Զուարթ էր: Իր աշակերտները այնքան կ՛ակնածէին իրմէ, որքան կը սիրէին զինք, որովհետեւ ծանօթ էր իբրեւ խստապահանջ եւ նոյնքան մըն ալ գուրգուրացող ուսուցչուհի:

Աւետարանական վարժարաններու մէջ կայ աւանդութիւն մը. առաւօտները, դասապահերէն առաջ, աղօթքի` պաշտամունքի պահ մը տրամադրուած է աշակերտութեան. տօնական օրերուն, այդ պահը կը յատկացուի տուեալ տօնին, որոնց շարքին` հայկական ազգային ու պատմական տօներու: Տիկին Աբէլեան երբեմն պարտականութիւնը կը ստանձնէր աշակերտներուն խօսելու տուեալ տօնին մասին, ու ամբողջ սրահը կը մագնիսանար իր խօսքով. կը զգայինք, որ իր բառերը կը բխէին իր հոգիէն, գիտելիքներու շտեմարանէն, բայց նաեւ հարազատ արձագանգ մըն էին դարերէն եկող կոչերուն, թէ հայ աշակերտը պարտի իւրացնել իր պատմութիւնը, ժառանգութիւնները, զանոնք վերածէ ապրումի, իսկ ինք արդէն գործնական վկայութիւն մըն էր իր աւանդածին:

Տիկին Աբէլեան, ինչպէս նշեցինք, կը պատկանէր սերունդին այն  դաստիարակներուն, որոնք հայերէնի ու գրականութեան դասաւանդումը չեն բանտարկեր լոկ դասագրքայինի սահմաններուն մէջ: Անոնց համար կային աշակերտական տրամախօսութիւններու, ասմունքի ու խմբային արտասանութեան «գործիքներ»-ն ալ, որովհետեւ այդ սերունդի դաստիարակները գիտէին, որ աշակերտը կը սիրէ բեմ բարձրանալ, յաղթահարել ամչնալու վիճակը եւ ԱՊՐԻԼ մեր պատմութեան դրուագները, իր մէջ վերապրեցնել հայ գրողները: Այսօր ալ կան նման դաստիարակներ, սակայն յիշեալ

«դարաշրջան»-ին սա համատարած երեւոյթ էր հայկական վարժարաններու մէջ:

Եւ ահա այդպիսի վաստակ մը ու ժառանգութիւն մը իրեն ու նմաններէն իբրեւ պատգամ կը մնայ նորահաս սերունդին:

Տիկին Աբելեան յաճախ կը մարմնաւորէր իր անունը` Զուարթ, հակառակ անոր որ կեանքը երբեմն հարուածներ տուաւ անոր ու խանգարեց զուարթութիւնը: Ինքզինք հանգստեան կոչեց բաւական ուշ, որովհետեւ կը հաւատար, որ Հայ Ուսուցիչի իր առաքելութիւնը պէտք էր շարունակէր, որքան որ կարող էր: Զերծ չմնաց ողբերգութիւններէ. ունէր երազ մը` հրատարակութեան տալ տարիներու ընթացքին իր պատրաստած խմբային արտասանութիւններու եւ բեմական արտայայտութեանց շարքը. զանոնք գեղեցիկ շրջանակով օժտուած էջերու վրայ ընդօրինակած էր գեղագիր ձեռագիրով: Ափսո՛ս, որ վերջին տարիներուն անոր յիշողութեան կալուածը դաւաճանեց իրեն ու լիովին չըմբոշխնեց երազին իրականացումը. տարի մը առաջ, շնորհիւ զաւկին` Վահէին ճիգերուն, հատոր մը լոյս տեսաւ իր հաւաքածներէն` իբրեւ գործնական երախտագիտութիւն հանդէպ վաստակաւոր դաստիարակին ու մօր:

Զուարթ Աբէլեանի մեկնումով հայկականութիւն տարածող մոմ մը եւս  մարեցաւ յունուար 31-ին:

 

 

Նախորդը

Մարտիրոս Մնակեան (1837-1920). Հայ Բեմի Մեծարժէք Դերասանապետը

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Կ’ամբարոյականան Ընկերութիւնները

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?