Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աբբասեան Խալիֆայութեան Վերջին Պատմաշրջանը Եւ Հայութիւնը (991-1258 Թ.Թ.) Հեղինակ` Պետրոս Մ. Թովմասեան

Մարտ 13, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Մեծագոյն ուրախութեամբ ստացայ եւ հաճոյքով կարդացի վերոնշեալ հատորը, որ իր եզակի բովանդակութեամբ ու նիւթերու արհեստավարժ դասաւորումով տպաւորիչ գործ մըն է:

Իբրեւ Իրաք ծնած հայ մը` բնաւ չէի լսած կամ կարդացած, թէ Աբբասեան խալիֆայութեան ընթացքին ծագումով հայ խալիֆաներ ունեցած ենք, թէկուզ` իրենց մօր կողմէ հայեր: Այս հատորին ընդմէջէն նման տեղեկութիւններ ստանալով` իրապէ՛ս հպարտ զգացի:

Հատորը հրատարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան բաժանմունքին կողմէ, լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի անունը կրող հիմնադրամին մեկենասութեամբ, իբրեւ 146-րդ հրատարակութիւն:

Հեղինակը` Պետրոս Մովսէս Թովմասեան, ծնած է Պասրա, Իրաք, 1954-ին: Աւարտած է Պաղտատի Ազգային կրթական վարժարանը, ապա Պաղտատի համալսարանի ճարտարապետական քոլեճը` արժանանալով ճարտարապետի վկայականի:

Հմուտ, բանիմաց ճարտարապետ մը ըլլալով հանդերձ, Պետրոս Թովմասեան յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է հայոց պատմութեան հանդէպ: Ունի հայոց պատմութեան մասին խորաթափանց ուսումնասիրութիւններ, յօդուածաշարքեր եւ երիտասարդ տարիքէն իսկ դասախօսական շարքերով ելոյթներ ունեցած է: Այսպէս, դասախօսած է Իրաքի, Յորդանանի, Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ, Հոլանտայի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Պետրոս Թովմասեանի սոյն հատորը կը հանդիսանայ հեղինակին երրորդ գործը: Նախապէս ան հրատարակած է երկու այլ պատմական գիրքեր` «Հայկական լեռնաշխարհը եւ Միջագետքը», 2006-ին, եւ «Արարատ-Ուրարտու Աստուածաշունչի ընդմէջէն», 2012-ին: Իսկ այս վերջին հատորը լոյս տեսաւ 2016-ին. երեք գիրքերն ալ լոյս տեսած են Երեւանի «Զանգակ» տպարան-հրատարակչատան կողմէ:

Պետրոս Թովմասեանն ու իր կինը` դոկտ. Հրաչուհին, երկուքն ալ` ճարտարապետներ, Լոս Անճելըսի մէջ պատուաբեր պաշտօններ վարելով հանդերձ, կանուխ տարիքէն հանգստեան կոչուեցան, Հայաստան տեղափոխուեցան եւ քանի մը տարիէ ի վեր Երեւան կ՛ապրին:

Աբբասեան արաբ խալիֆայութիւնը, որուն մայրաքաղաքն էր Պաղտատ, իշխեց 500 տարի (750-1258): Այս խալիֆայութիւնը կերտեց արաբական աշխարհի ամէնէն փայլուն էջերը: Զինուորական, մշակութային, ճարտարապետական, տնտեսական ու պետական առումներով աննման շրջան մը ապրեցան արաբները այս խալիֆայութեան օրերուն, որուն սահմանները անծայրածիր էին, կ՛երկարէին Պաղտատէն Սպանիա եւ կ՛ընդգրկէին Ափրիկէի հիւսիսային շրջանը, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան, Պարսկաստանի մէկ մասը, Կովկասը եւ այլն:

1258-ին մոնկոլներ կոչուած հրէշներուն արշաւանքներով հիմնայատակ եղաւ Աբբասեան խալիֆայութիւնը: Արմատախիլ եղան այս պետութեան մշակոյթի կոթողները, հրդեհի տրուեցան գիրքերը, կողոպտուեցան ժողովուրդին ունեցուածքները, քարուքանդ եղան մզկիթները եւ հազարումէկ գիշերներու քաղաքը` Պաղտատը, աւերակներու վերածուեցաւ:

Այս հատորով Պետրոս Թովմասեան տուած է Աբբասեան խալիֆայութեան վերջին երեք հարիւր տարուան պատմութիւնը (991-1258): Այս ժամանակներուն էր, երբ ծագումով հայ խալիֆաներ եղած են:

Աբբասեան խալիֆայութիւնը իր 500 տարուան պատմութեան մէջ ունեցած է 37 խալիֆաներ, որոնցմէ շատերուն մայրերը արաբներ չէին, այլ` պարսիկ, յոյն, թուրք, եթովպիացի, վրացի, ռուս եւ… հայ:

Ծագումով հայ խալիֆաները իշխած են 142 տարի. անոնք թիւով 5 հոգի էին, որոնց կա՛մ մայրը, կա՛մ մեծ մայրը հայ եղած էր:

Սոյն խալիֆաները Աբբասեան խալիֆայութեան ամէնէն փայլուն ու սիրուած խալիֆաներէն էին եւ ծանօթ էին, իբրեւ ծագումով հայեր, օրինակ` Ալ-Կամ խալիֆան, որ իշխեց 1031-1075 թուականներուն: Անոր մայրը եղած է հայ, անունը` Կաթըր Ալ Նատա, որ հայերէնով կը թարգմանուի` Շողակաթ, որ Էջմիածին (Վաղարշապատ) քաղաքին մէջ կառուցուած եկեղեցի մըն է, ըստ աւանդութեան,  հո՛ն, ուր Հռիփսիմեանց նահատակներուն վրայ «շող կաթած» է (մէջբերումը` Պ. Թովմասեանէն):

Կաթըր Ալ-Նատան կը հանդիսանայ բացառիկ կիրքերով եւ ուշիմութեամբ օժտուած հայուհի մը: Զայն կարելի է դասել հայոց պատմութեան կարեւոր հայուհիներու շարքին: Ալ-Կամի խալիֆայութեան օրերուն Աբբասեան իշխանութիւնը շատ ջերմ ու սիրալիր յարաբերութիւններ ունէր հայերուն հետ` շնորհիւ Կաթըր Ալ-Նատայի:

Ալ-Կամի որդին էր Ալ-Մուկթատին, որ իշխեց 1075-1094 թուականներուն, իսկ այս վերջինին որդին էր Ալ-Մուսթազհեր խալիֆան, որ իշխեց 1094-1118: Ուրեմն, այս երեք խալիֆաները, որոնք Կաթըր Ալ-Նատայի զաւակը, թոռն ու ծոռն են, ծագումով հայ արմատներ ու հայու արիւն ունէին: Անոնք իշխեցին ընդհանուր 87 տարի:

Այնուհետեւ, ուրիշ շրջան մը` 55 տարիներու տեւողութեամբ, դարձեալ հայկական ծագումով խալիֆաներ եղան, ինչպէս` Ալ-Մուսթանճիտ խալիֆայի հայ կնոջ` Ղդդաթի զաւակը` Ալ-Մուսթատի խալիֆան (1170-1180) եւ ապա անոր որդին` Ալ-Նասըր խալիֆան (1180-1225): Ուրեմն ծագումով հայ Կաթըր Ալ-Նատան եւ Ղդդաթը իբրեւ հայ մայրեր եւ մեծ մայրեր` ծնունդ տուած են հինգ խալիֆաներու, որոնք իշխած են ընդհանուր 142 տարի:

Այս հինգ խալիֆաներու օրերուն Աբբասեան խալիֆայութիւնը շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունեցած է հայերուն հետ: Կիլիկիոյ, Վասպուրականի, Կովկասի եւ այլ շրջաններու հայեր յաճախ վայելած են Աբբասեան այս խալիֆաներուն սէրն ու յարգանքը: Այս հինգ խալիֆաները, ըստ արաբական աղբիւրներու, արդէն իսկ ծանօթ էին իրենց հայ ծագումով: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, այս խալիֆաները յիշատակուած են իբրեւ արդար, մարդասէր, խալիֆայի անուան ու կոչումին արժանի անձնաւորութիւններ:

200 էջնոց սոյն հատորը բաժնուած է 8 գլուխներու: Հեղինակը իւրաքանչիւր գլուխի սկիզբը յիշած է ներկայացուելիք նիւթը, տուեալ պատմական շրջանը եւ խալիֆաներուն դերն ու ունեցած յարաբերութիւնները` հայերուն, հարեւան պետութեանց ու ժողովուրդներուն հետ: Նաեւ, հոն կը գտնենք խալիֆաներուն նուաճումները, խաչակիրներու, սելճուքներու եւ պարսիկներու հետ ունեցած պատերազմներն ու նուաճումները, ինչպէս նաեւ` Սպանիոյ հարաւային շրջանին մէջ ծնունդ առած Անտալուսեան մշակոյթը, ճարտարապետական կոթողները եւ այլն:

Հատորը հարուստ է քարտէսներով, յաւելեալ լուսաբանութիւններով, օգտագործուած շուրջ 100-է աւելի հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն աղբիւրներով, ինչպէս նաեւ` գիրքին պարունակած անուններու եւ տեղանուններու ցանկով:

Նշենք, որ օտար հեղինակներ մեծ գովասանքով ներկայացուցած են այս հայ խալիֆաներուն նկարագրային գիծերը եւ անոնց մասին դրական վկայութիւններ տուած են: Օրինակի համար, Ալ-Կամ խալիֆային մասին կ՛ըսուի, որ ան ծանօթ էր իբրեւ «ժուժկալ, համբերատար, գիտուն, աստուածասէր, կրօնասէր, հաւատացեալ, օգնող եւ արդար մարդ»: Իսկ Ալ-Մուկթատիի մասին կը նշուի, որ ան խալիֆաներու լաւագոյնն էր` «քաջ էր եւ վեհանձն», «ընկերային էր», «մեծ բարեկարգիչ», «զօրաւոր անհատականութեամբ խալիֆա մը»:

Ալ-Մուսթատիի մասին կ՛ըսուի, որ ան «աստուածապաշտ, արդարասէր էր», եւ թէ` իրեն նման «գթասէր խալիֆա չեն տեսած. քիչ կը պատժէր եւ շատ կը ներէր: Ապրեցաւ փառաբանուած եւ մեռաւ ուրախ»:

Ալ-Նասըր խալիֆայի մասին եւս կը գրուի, որ ան իշխեց 45 տարի, եւ թէ` «շատ հոգատար էր ժողովուրդին հանդէպ, կը հետաքրքրուէր իր հպատակներուն վիճակով, գիշերները միշտ քալելով կը ստուգէր երկրին ու ժողովուրդին վիճակը»:

Իսկ հայ մայրերուն մասին, ըստ արաբական աղբիւրներու, կ՛ըսուի, թէ Կաթըր Ալ-Նատան «լաւագոյն տիկիններէն էր խալիֆաներու կիներուն մէջ: Նկատուած էր իբրեւ օրհնուած կին, իրմով եւ իր օրհնութիւններով պահպանուած է Աբբասեան խալիֆայութեան տունը` բազմաթիւ փորձանքներէ եւ կռիւներէ փրկելով երկիրը»:

Արդարեւ, այս գիրքը մեծագոյն հետաքրքրութեամբ կ՛ընթերցուի: Հոն ուսանելի շատ բան կարելի է գտնել` հայ ժողովուրդին եւ մանաւանդ աշխարհիկ ու հոգեւոր ղեկավարութեան համար:

Հսկայ, երկարատեւ ու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք եղող այս բովանդակալից գիրքին համար մեծապէս կը շնորհաւորեմ մեր սիրելի բարեկամը` Պետրոս Թովմասեանը, մաղթելով իրեն կենսառողջ օրեր եւ գիտական նորանոր հրատարակութիւններ:

Կ՛եզրափակենք` յիշելով անմահն Պարոյր Սեւակի խօսքերը.

«Եթէ տիրել ենք,
Ձիրքերով միայն…»:

Փա՜ռք ու պատիւ մեր հայ ժողովուրդին, որ իր հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին, մարդկութեան համար միշտ եղած է օրհնութիւն եւ կեանքի լոյս` հաւատարմօրէն ծառայելով եւ օգտակար հանդիսանալով իր ապրած երկիրներուն ու անոնց ժողովուրդներուն:

 

Նախորդը

Շուէտի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդացի Ընկերները Ձախողութեան Մատնեցին Ազրպէյճանական Քարոզարշաւ Մեքենան

Յաջորդը

Հայեցի Դաստիարակութիւնը` 21-րդ Դարու Սկիզբին – Յամեցող Ու Նոր Մարտահրաւէրներ

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?