Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ջիւան Աւետիսեանի Կարմիր Թելը

Մարտ 14, 2017
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Հազիւ թէ կարիք կայ Ջիւան Աւետիսեանը ծանօթացնելու հայ ընթերցողին: Ակնյայտ կարիք կայ, սակայն, ծանօթանալու անոր իւրայատուկ գեղարուեստական մօտեցումին եւ քաղաքական ասքին, որ «կարմիր թել»-ի նման կ՛անցնի իր ժապաւէններու երկայնքին եւ տակաւ կը խտանայ: Յանձնառու բեմադրիչը հետեւողականօրէն կը ծանրացնէ իր ասքին դեղաչափը (dose): Վերջին ժապաւէնը Հայաստանի մէջ յարուցած է որոշ ընդվզում:

Աւետիսեան բեմադրած է ղարաբաղեան բներգով երեք խաղարկային ժապաւէններ: Անոնց կարելի է աւելցնել չորրորդ մը` «Պատերազմի տխուր նամակատարը», որ մնացած էր հայցի հանգրուանին մէջ:

Ա.- «Ընդհատուած մանկութիւն» 2013, 46 վ.  Աւետիսեան ծնած է 1981-ին: Վեց տարեկան էր, երբ տեղի ունեցաւ առաջին ջարդը (Խաչիսար-Չարդախլու գիւղ): Վեց տարեկան է նաեւ Ալլան, ժապաւէնի երկրորդ գլխաւոր դերակատարը, երբ տեղի ունեցաւ Մարաղայի ջարդը: Ի տարբերութիւն շարք մը բեմադրիչներու` Աւետիսեանի ասքը հիմնուած է անձնական փորձառութեան վրայ: Մանկութիւնը ապրած է ոչ թէ ձիւնամարդեր շինելով, այլ` նկուղներու մէջ թաքնուած, արտաքին աշխարհը դիտելով փոքր պատուհաններէ: Ի դէպ, իր քամերան յաճախ «կը դիտէ» կանգնած պատուհանի մը ետին:

Դիպաշարը.- 1992 թուականի ապրիլին Մարաղայի մէջ Ազրպէյճանցիներ կը ջարդեն շուրջ հարիւր հայ եւ կը գերիվարեն 63-ը,  որոնց շարքին են 11 մանուկներ: Ալլա անոնցմէ մէկն է: Ալլան կը յանձնեն տարեց կնոջ մը, որու որդին կորսուած է պատերազմի ընթացքին: Ազրպէյճանցիներ կը յուսան փոխանակութիւն կատարել: Ալլա աւելի քան չորս ամիս կը մնայ որպէս պատանդ: Կինը կը խնամէ եւ կը պաշտպանէ աղջնակը: Յամառ պայքարէ ետք կը շահի անոր վստահութիւնը: Ալլա կը սկսի զինք կոչել Ֆաթմա խալա (մօրքուր): Ալլա կը հասկնայ, թէ կան թուրքեր, որոնք իր ականջէն կոպտօրէն կը պոկեն օղը ինչպէս նաեւ կան այլ թուրքեր, որոնք կը նուիրեն օղեր: Թուրք կինը կը պահպանէ նաեւ աղջնակի արտակարգ խոշոր ճերմակ գլխազարդը, որ կը խորհրդանշէր անոր հայկական ինքնութիւնը: Ի դէպ, իր տարիքէն անհամեմատ աւելի հասուն խաղարկութիւն ցուցաբերած Ալլայի աչքի անկիւնը արցունքի կաթիլ մը երևցաւ միայն, երբ վաստակաւոր դերասանուհի Ալլա Սահակեան քնքշօրէն կ’անցընէր օղերը: Բեմադրիչը մեզի ցոյց կու տայ արհաւիրքին մէջ գոյատեւող «ծաղիկներ»(1):

Ալլա ի վերջոյ կը փոխանակուի դիակի մը հետ: Կնոջ զաւկին ճակատագիրը կը մնայ անյայտ: Իրականութիւն է, որ  ազրպէյճանցիք վերադարձուցած են Չարդախլուի մէջ գերուած բոլոր մանուկները: Ժապաւէնը կը սկսի եւ կը վերջանայ փոխանակման տեսարանով: Շրջանային (cyclic) կառոյցը առկայ էր նաեւ «Թեւանիկ»-ի մէջ, որուն գլխաւոր հերոսները եթէ ոչ մանուկ` պատանիներ էին:

«Ընդհատուած մանկութիւն»-ը ստացած է «Ոսկէ ծիրան» 2013-ի «Հայկական համայնապատկեր» բաժնի լաւագոյն բեմագրութեան մրցանակը: Նոյն տարին ներկայացած է նաեւ «Քանն 66» փառատօնին: Նշենք, որ հրապարակագիր Կարինէ Խոդիկեան(2) հեղինակած է նաեւ «Թեւանիկ»-ի բեմագրութիւնը(3):

Բ.- «Պատերազմի տխուր նամակատարը» 2014, 24վ.  Բեմագրութիւնը նոյնպէս գերիներու փոխանակումն է: Ինչպէս առաջին ժապաւէնը, այստեղ եւս բեմագրութիւնը կազմուած է համադրելով վաւերական պատահարներ: Սուրէնի եղբայրը` պատերազմական գերի մը` Զաքիրը, կը տանի իր տունը, որպէսզի հայ գիւղացիներ չխոշտանգեն զայն: Զաքիր, ինչպէս Ալլա, կը դառնայ «ընտանիքի անդամ»: Ուշադրութի՛ւն. ազերի մը կը դառնայ հայ ընտանիքի մը անդամ: Կ’օգնէ հարեւան թիթեղագործ Միշային: Սուրէնին հայրը անոր կու տայ ռուսերէն Աւետարան եւ թրքերէն Ղուրան: Գոյ է երկու կրօն, բայց` մէ՛կ Աստուած: Բայց Զաքիր չի բանար զանոնք: Ուշադրութի՛ւն, Զաքիր մոլեռանդ իսլամ մը չէ: Սուրէն, ինչպէս «Վերջին բնակիչ»-ի Եուրկան, ի վերջոյ կը գտնուի: Զաքիր կը հեռանայ` իրեն հետ տանելով Սուրէնին լուսանկարը եւ Ղուրանը: Ուշադրութի՛ւն. չի տանիր Աւետարանը: Իր վերջին խօսքերն են. «Վկա՛յ Աստուած, որ պիտի չմոռնամ ձեր վերաբերմունքը»: Աւետիսեանի խօսքերով, ժապաւէնը ցոյց կու տայ, որ ծայրայեղ վայրագութիւնն ու ծայրայեղ հանդուրժողականութիւնը առկայ են կողք կողքի:

Հայցը ներկայացուած էր հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակին` նախատեսելով 20 հազար տոլարի պիւտճէ: Դատական կազմը, սակայն, դրամական նպաստը շնորհեց Արթուր Սուքիասեանի «Մեր Աթլանթիս»-ին (նախատեսուած պիւտճէ` 100 հազար տոլար), որ կը խօսէր այդ օրերուն լրատուական միջոցներու մէջ աղմուկ բարձրացուցած «Արմէն ճամբար»-ին, այսինքն Հրանդ Տինքի որբանոցին մասին(4):

Գ.- «Թեւանիկը» 2014 (80 վ.).- Ժապաւէնը Ջիւան Աւետիսեանի այցետոմսը դարձած է: Պիտի չանդրադառնամ դիպաշարին, քանի որ ընթերցողը շատ հաւանաբար դիտած է զայն(5): Երեք ընդելուզուած պատումներէն պիտի անդրադառնամ միայն երկուքին: Թեւանիկին եւ Արամին:

Կեդրոնական հրամանատարութենէն հրաման կու գայ` առանց դիմադրութեան լքել գիւղը: Տեղացիներ կ’անտեսեն նահանջի հրահանգը: Ափ մը մարտիկներ դուրս կու գան հրասայլերու շարասիւնին դէմ: Թեւանիկ ո՛չ միայն կը կործանէ հրասայլ մը, այլեւ որսի հրացանով կը հետապնդէ այն արհեստավարժ արձակազէնը, որ սպաննած էր հրամանատարը` իր հոգեւոր հայրը: Այստեղ կան լքուած դրախտի, հողի կանչի, վճռակամութեան եւ անհաւասար կռուի բներգները: Գոյ են նաեւ այլ բներգներ: Ծերունի հայը կը նկատէ, օրինակ, որ ներխուժող հրասայլերու վարորդներէն մին` համագիւղացի թուրք Հասանը, կը խուսափի տրորելէ ցորենի արտը…

Արամիկի մայրը ազերի է: Ղարաբաղի մէջ իսկապէս կային խառն ամուսնութիւններ: Արամիկի պապը կ’ուրանայ զայն, կը կոչէ «թորքի լակուտ»: Գիւղի տղաքը կը քարկոծեն տունը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս «Վերջին բնակիչ»-ի մէջ ազերի տղաք կը քարկոծեն Աբգարին տունը: Այնպէս` ինչպէս ազերի մանուկներ ծեծած էին Ալլան: Չարացուած, կուրացուած  մանկութեան բներգը այն կարմիր թելերէն մէկն է, որ կ’անցնի Ջիւան Աւետիսեանի ժապաւէններուն ընդմէջէն: Ազերի կինը կը պարտադրուի լքել իր տունը եւ երէց որդին` Արամիկը: Հայ հայրը եւս կը պարտադրուի բաժնուիլ իր անչափահաս զաւկէն: Քամերան ցոյց կու տայ խորապատկերին մէջ տակաւ հեռացող մշուշապատուող գիւղը…

«Վերջին բնակիչը» 2016 ( 82 վ.).- Ժապաւէնի «անձագիր»-ը եւ դիպաշարը մեծ մասամբ պիտի զեղչեմ, որովհետեւ լրատուական միջոցներու մէջ արդէն բազմիցս յիշուած են:

Առաջին հերթին կը նկատենք, որ «Թեւանիկ»-ի եւ «Վերջին բնակիչ»-ի տեւողութիւնը շուրջ 80 վայրկեան է: Մինչդեռ վերջին տասնամեակին արտադրուող շուկայական ժապաւէններու տեւողութիւնը կը տարուբերի 115-130 վարկեանի միջեւ: Աւետիսեան ժուժկալ, «սակաւախօս» բեմադրիչ մըն է: Բազմաթիւ պատահարներ պարզապէս ցոյց չեն տրուիր, հարկ է որ մենք զանոնք կռահենք: Այլ խօսքով, ժապաւէնները ուղղուած են մտածելու ատակ եւ տրամադիր հանդիսատեսին:

Բեմագրութիւնը.- Ժապաւէնը ներշնչուած է ղարաբաղցի հեղինակ Ծովինար Խաչատրեանի «Գիւրջեւանի վերջին բնակիչը» փաստագրական պատմուածքէն: Գիւրջեւան` 4 հարիւր տնտեսութիւն ունեցող գունագեղ աւանդապահ աւանը, իր ամուսնին ծննդավայրն է: Գլխաւոր հերոս Աբգարը որոշած է մնալ ամայացած գիւղին մէջ: Իր որդեգիր Եուրկան հոգեկան խանգարում ունեցած է Սումկայիթի ջարդերու ընթացքին: Երեք ամիս լուռ մնալէ երք Եուրկա սկսած է խօսիլ, երբ տուն մտած պահուն տեսած է կուժը. «Ռեբեկան ինչո՞ւ չի գալիս, գնա՛նք ջրի»: Ռեբեկան իր մանկութեան ազերի ընկերուհին է: Ս. Գրային անունը «Ռիվքահ» եբրայերէնով կը նշանակէ «ամուր կապ»: Հայկական ուղղաթիռը մը զիրենք դուրս կը բերէ գրաւեալ գիւղէն: Աբգար եւ Եուրկա այժմ կ’ապրին Հրազդան քաղաքին մէջ: Պատմուածքը կը խօսի կորուսեալ դրախտի յուշերով ապրող ծերունիի մը մասին: Յիշել կու տայ Համաստեղի «Գիւղը»: Պատմուածքի մէջ գրեթէ բացակայ է ուղղակի գործողութիւնը: Բացակայ են ազերիները` ի բաց առեալ հատուկենտ գողերէ, որոնք կը թալանեն լքուած տուները:

Ձայնասփիւռային հարցազրոյցի մը ընթացքին Խաչատրեան այսպէս արտայայտուած է (6)։ «Եթէ պատմուածքի նպատակը գիւղի պատմութեան պահպանումն է եղել` իր կոլորիտով, բառուբանով, առանձին տոհմերի պատմութեամբ, նրանց յատուկ սրախօսութիւններով, հանաքներով, բնաւորութիւններով, ապա ֆիլմի ձեւաչափն ուրիշ է, այն սիրում է գործողութիւններ, տրամաթիք իրավիճակներ, հանգուցալուծումներ:

«…Իպրահիմի նմանները քիչ չեն կեանքում, եւ նմանատիպ պատմութիւններ շատ կան: Այսպիսիները վաղուայ յոյս են տալիս, եւ ամենակարևորը` օրինակ են դառնում իր պէս մտածող, բայց վարանող ու անհամարձակ մարդկանց համար: Սա շատ կարեւոր է…»:

Ժապաւէնը շեշտը կը դնէ ոչ թէ յուշերու, այլ հայ-ազերի յարաբերութիւններու վրայ: Աւելցուած են առնուազն ութ տիպարներ: Ձեւով մը այստեղ ևս կայ փոխանակում: Աբգարի (Ալեքսանդր Խաչատրեան) հարևան – ընկեր Իպրահիմը (Հոմայուն Էրշատի  – պարսիկ) կ’առաջարկէ գտնել Եուրկան (SandraDaukšaitė), եթէ Աբգար (գրաւեալ հայկական գիւղին մէջ) նոր կառուցուող մզկիթին համար քանդակէ Ղուրանէն առնուած նախադասութիւն մը (որ մահապատիժ կը սահմանէ անհաւատներուն)(7): Մեկնաբանութիւն` ազերին կարիք ունի հայու շնորհին:

Իպրահիմի աղջկան (Անն Պետեան, Միացեալ Նահանգներ) առաջին երկու զաւակները նորամանուկ կը մահանան: Իպրահիմի մայրը կը հաւատայ այն աւանդութեան, թէ  կարելի է իսլամ Աստծու պատժէն խուսափիլ, եթէ նորածինը ընդունուի քրիստոնեայ կնոջ մը կողմէ եւ ստանայ անոր անունը: Եուրկա կ’ընդունի նորածինը: Այս յուսակտուր սնոտիապաշտ քայլը կը մեկնաբանուի այն իմաստով, որ «մուսուլմանը կարիք ունի խրիստիանին»: Ժապաւէնին մէջ քրիստոնէական անուն (Ռեբեկա) կը կրէ ծննդաբերող կինը: Աւանդութեան տրամաբանութեամբ ան պէտք չէ ենթակայ ըլլար իսլամներու համար սահմանուած պատիժին(8): Սնոտիապաշտութիւն կը տեսնենք նաեւ մեր կողմը: Աբգար Եուրկայի փէշէն երիզ մը կը պատռէ եւ կը կապէ փափաքներ իրականացնող ծառի ճիւղին:

Թերեւս Իպրահիմի արտակարգ գեղեցիկ և պայծառ տիպարը հակակշռելու համար աւելցուած էին երկու ազերի ժխտական տիպարներ, որոնք «խորապատկեր»-ի հանգամանք ունին: Գեղադէմ տականք Արտիսը (Սօս Ջանիբեկեան) կը փորձէ «կարեւոր մարդ» դառնալ: Տեղացի ազերիներ կ’արհամարհեն պատեհապաշտ դրսեցին: Արտիսը կը գործակցի զէնքի վաճառական, խման ռուսի մը հետ: Տականքին դրսեցի ըլլալու հանգամանքը կարեւոր է: Համագիւղացիները, որոնք աղ ու հաց կիսած են հայերու հետ, հակամէտ են աւելի դրական վերաբերմունք ունենալու: Փոքր դեր ունի ֆիզիքապէս այլանդակ Քոմանտանը, որ Ռեբեկայի ամուսինն է, կը բռնցքահարէ Աբգարը եւ կը սպառնայ բութ կացինով մասնատել: Այլանդակ կերպարանք ունէին նաև «Ընդհատուած մանկութեան» ջարդարար ազերի սպան եւ… Արամիկի անհանդուրժող հայ պապը:

Իպրահիմ կը սպաննէ Արտիսը, երբ ան կը փորձէր բռնաբարել Եուրկան: Կը սպաննուի նաեւ Քոմանտանը: Աբգար եւ Իպրահիմ կը պարտադրուին արագ հեռանալ աւանէն: Երկու ընկերները կը զոհուին հայկական սահմանի մօտ տեղի ունեցող մարտերու պատճառով:

Եուրկա կը մնայ առանձին,  պատերազմի դաշտին վրայ ծնրադիր. «Ռեբեկան կեամ չի՞ քինանք ջրի», կը կրկնէ` հոգեպէս մեկուսանալով անցեալի յուշերուն մէջ…

Պատկերներու լեզուն.– Ամէնէն ակնբախ ներկայութիւնը մշուշն է: Տիրական գոյներն են աղօտ դեղնաւուն կանաչը եւ մոխրագոյնը: Վառ գոյներ գրեթէ ի սպառ բացակայ են: Ոսպնեակը եւս ունի որոշ պղտորութիւն:  Պաստառը կը թելադրէ թախծոտ անորոշութիւն:

Աբգարի քրոջ որդին գերեզմանոցէն բուռ մը հող (աճիւն) կը փաթթէ ռուսերէն լրագրի մը մէջ, որուն վերնագիրն է «Սումկայիթ»: Քամերան մօտէն ցոյց կու տայ հողը` գեղեցիկ արկղի մը մէջ: Աւարտական տեսարանին մէջ Աբգար այդ արկղը կը գտնէ սահմանամերձ աւերակի մը մէջ: Աբգար կ’որոշէ այդտեղ տալ իր վերջին կռիւը:

Կրկնուող պատկերներէն մէկն էր վանդակաճաղը: Իպրահիմը կը տեսնենք վանդակաճաղի ետին: Ապա վանդակաճաղի շուքը կը տեսնենք իր տան մէջ այլուր: Շուքը տեսնենք կրկին եւ կրկին: Կը տեսնենք մանաւանդ Աբգարի աւերուած տան մէջ: Վանդակաճաղ կրնայ նշանակել պատուար կամ կաշկանդում: Ի՞նչ է այդ, որ կը կաշկանդէ ժապաւէնին հերոսները:

Կային դիւրին տեսարաններ: Աբգար կը յենի ծառի մը, որ ունի արտակարգօրէն խոշոր եւ ցցուն արմատներ: Պատուհանէն դուրս, համայնապատկերի վրայ կը տեսնենք անձրեւ եւ արեւ միատեղ: կը տեսնենք, որ Աբգար կը փշրէ ընկոյզներ: Եուրկա նստած է մանկական օրօրոցի մէջ: Եուրկա կը կրէ Աբգարի տարագիր մօր հնամաշ շալը: Եուրկա կը լոգնայ մաքրելու համար կարմիր գինին (արիւնը)(9): Մաքրուած Եուրկա պահ մը ետք կ’արտասանէ իր առաջին եւ միակ խօսքը: Անձրեւը (երկինքը) կը լուայ Աբգարին քանդակած սալը: Մեղքի թողութի՞ւն:  Քամերան հայ-ազերի եղբայրական հացի սեղանը կը նկարէ վերէն, երկինքէն:

Ապա կան պատկերներ, որոնք ցոյց կու տան հասարակ յայտարարներ: Կու տամ ճանաչելի օրինակներ: Աբգար եւ Քոմանտան ունին միանման ինքնաշարժեր: Ազերիներ եւ հայեր կ’ուտեն միանման հաց…Ի դէպ, հացը առկայ էր «Ընդհատուած մանկութեան» մէջ եւս: Ալլա ընդունեց Ֆաթմայի երկարած հացը, ինչպէս Աբգար կ’ընդունի Իպրահիմի երկարած հացը: Աբգար եւ Իպրահիմ կը հագնին միանման դեղնաւուն անձրևանոցներ: Բեմադրիչի խօսքերով, անձրևանոցը կը խորհրդանշէ պատերազմը: Վերջին տեսարանին մէջ Եուրկա կը կրէ Աբգարի անձրեւանոցը:

Նոյն դասին կը պատկանի Աբգարի թառը: Թառը պարսկական ծագումով նուագարան մըն է, որ կը գործածուի ամբողջ շրջանին մէջ: Բայց այստեղ կայ նրբութիւն մը: 2012  թուականին ազրպէյճանական թառը ճանչցուած է որպէս «Համամարդկային անշօշափելի մշակոյթի ժառանգութիւն» (Intangible Cultural Heritage of Humanity): Թառը կը տեսնուի ազրպէյճանական մետաղեայ դրամին վրայ …

Մանրամասնութիւն.- Աւետիսեան, ըստ երևոյթին, մեծ կարեւորութիւն չի տար մանրամասնութիւններու:

Թառը, գործիք մըն է, որուն «փարտէ»-ները (fret) կարելի է տեղաւորել ըստ երաժշտութեան «մախամ»-ին (արաբերէն «մաքամ», բանալի): Մեր տեսած թառի փարտաները անհամաչափ էին: Կը թուի, թէ  դասաւորուած էին նուագելու համար արեւելեան երաժշտութիւն:

Արհեստական անձրևը իրականացուած էր ցած մակարդակի արհեստարագիտութեամբ:

Սալիկը քանդակուած էր ոչ թէ գրիչով, այլ նոր արհեստագիտութեամբ: Հաւանաբար` աւազի ռմբակոծումով:

«Ընդհատուած մանկութեան» մէջ ակնբախ էր, որ սպաննուող հարսի գրկած խանձարուրին մէջ չկար նորածին:

Կարելի է տալ այլ օրինակներ: Ճիշդ է, որ նման մանրամասնութիւններ պէտք չէ լրջօրէն նկատի առնուին ժապաւէնը արժեւորելու տեսանկիւնէն: Բայց եւ այնպէս անոնք կրնան ժխտական տպաւորութիւն ձգել հանդիսատեսին վրայ:  Կրնան զաւեշտականացնել կացութիւնը: Հարկ է, որ Աւետիսեան աւելի ուշադիր ըլլայ ապագային:

Հարկ է նաեւ, որ Աւետիսեան խուսափի չափազանց յուզական պատկերներէ: Այդ եւս կրնայ ժխտական հակազդեցութիւն յառաջացնել:

Խաղարկութիւն եւ երաժշտութիւն.- Գլխաւոր դերերու համար ընտրուած էին յոյժ ներկայանալի գեղադէմ դերասաններ, որոնք գաւառական արտաքին չունին: Ի դէպ, Ալեքսանդր Խաչատրեանի աչքերը խաժ են, քիթը` ոչ հայկական: Զինք կարելի է դիւրաւ համարել լիթուանացի Եուրկայի բնախօսական հայրը:  Խաչատրեան Սունդուկեանի անուան թատրոնի վաստակաւոր դերասան է: Ափսո՜ս, որ մենք զինք կը ճանչնանք որպէս տաղտկալի ֆիլմաշարերու մաֆիոզական հերոս: Պարզ է, որ աշխատած էր իր դերին վրայ: Չէր փորձած խօսիլ ղարաբաղեան բարբառով, հաւանաբար որովհետեւ այդ իրագործելի չէր: Խաղարկութիւնը տպաւորիչ էր` ի բաց առեալ խնդրայարոյց թառի տեսարանները: Երաժիշտներ ահաւոր գուրգուրանքով կը վերաբերին  նուագարաններու հետ: Թերեւս ծանօթ էր գործիքի անձնագիրին…Շա՛տ բարի:

Սօս Ջանիբեկեան եւս փորձած էր լրջօրէն աշխատիլ իր դերին վրայ(10): Արդիւնքը, սակայն, համոզիչ չէր: Իրեն համար ակնյայտօրէն անծանօթ բառերը կ’արտասանէր ծամածռութիւններով` «Պու օղլան…» եւ այլն: Թերեւս պէտք չէ մեղադրել դերասանը, որովհետեւ կերպարը ինքնին համոզիչ չէր: Պարզ չէ, թէ ո՛վ էր Արտիս: Ջանիբեկեան ձեւով մը ունէր «անկարելի յանձնառութիւն»: Ջանիբեկեան անհամեմատ աւելի համոզիչ էր «Թևանիկ»-ին մէջ:

Բեմադրիչի խօսքերով, Թանքեանի «կինոերաժշտութիւնը ֆիլմի հագով էր նստեցրած»: Այլ խօսքով, պարզապէս` խորապատկերային տարր: Կը յիշեցնէր հոլիվուտեան այն ժապաւէնները, որոնք ամէն տարի կը ցուցադրուին Զատկուան առթիւ: Անձնապէս բոլորովին այլ բան կ’ակնկալէի երաժշտութենէն, որ յօրինուած է զայրացած ռոք գերաստղի մը կողմէ եւ կատարուած` ոչ նուազ քան Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք(11) նուագախումբի եւ «Հովեր» սենեկային երգչախումբին կողմէ:

Թանքեան, ինչպէս նաեւ օտար դերասաններ ներածուած էին իրենց ենթադրեալ վաճառանշային (հայաստանեան բարբառով` «պրենտային») արժէքին համար, հազիւ թէ արդարացուցին իրենց ներկայութիւնը:

Հուսկ Բանք.- Ժապաւէնը ունի աւելի քան մէկ առաջադրանք: Պարզ է, որ քարոզչական գետնի վրայ կը միտի ղարաբաղեան հարցը ծանօթացնել միջազգային, իմա` արևմտեան հասարակութեան: Բարի՛: Այստեղ կարելի է նշել, որ ժապաւէնը չունի հայերէն ենթագիրերով տարբերակ: Ոչ բարի:

Հարցերը, արդարացի թէ ոչ, կը ծագին անոր մօտեցման եղանակէն: Վարագոյրը կը բացուի աւետարանական մէջբերումով  (Մատթէոս 7:12): Ապա հանդիսատեսը կը տեղեկացուի, թէ Ղարաբաղը Ազրպէյճանին նուիրուած է Ստալինի կողմէ: Ստալինի դաջուածքը կը տեսնենք տականք Արտիսի ուսին վրայ, եւ ոչ` միայն: Կ’իմանանք, որ Աբգար Սիպերիա աքսորուած է, հակառակ անոր որ խոյս տուած էր նացիական կեդրոնացման ճամբարէն: Այդ եւս խարան մըն է խորհրդային կարգերուն(12):  Կրօնական – հակախորհրդային գունաւորումը ժապաւէնը ի սկզբանէ կը տեղաւորէ քաղաքական ճամբարի մը մէջ, որ առհասարակ ախորժելի չէ եւրոպական մտաւորականութեան համար: Այդ աւելի գրաւիչ էր ամերիկեան հանդիսատեսին համար… Պաղ պատերազմի թէժ օրերուն:

«Թեւանիկ»-ի հայ հրամանատարը սպաննուած էր առերեւոյթ ռուս վարձկան արձակազէնի մը կողմէ: Այստեղ ռուս (ուրեմն խման) տականք մը բարձր որակի արդիական զէնքեր կը վաճառէ: Զէնքեր, որոնք հայեր կը սպաննեն: Մինչ հայեր (Աւետիսեանի այլ ժապաւէններու մէջ եւս)  կը պայքարին որսորդական հրացաններով: Այս պատկերները, թէկուզ հիմնաւորուած,  նոյնպէս քաղաքական դիրքորոշման ցուցանիշներ են: Ատիկա ի հարկ է քարոզչական առումով նպաստաւոր չէ: Աւետիսեան լաւ բեմադրիչ է, բայց` գէշ վաճառական:

Երկրորդ առաջադրանքը անհատական է: Աւետիսեան մղում ունի ճանչցուելու որպէս միջազգային մակարդակի բեմադրիչ: Ասիկա ի հարկէ իր իրաւունքն է: Կ’իմանանք, որ մանուկ հասակին կ’երազէր դառնալ ծովակալ: Մեծ ակնկալութեամբ ժապաւէնը ներկայացաւ թէ՛ «Ոսկէ ծիրան» եւ Քաննի փառատօներուն:

Վերջապէս առկայ է ամէնէն ցաւոտ, ամէնէն հիմնական նպատակը: Պատերազմը արհաւիրք է: Հարկ չկայ այդ բներգը լուսաբանող ժապաւէններ պատրաստելու: Արհաւիրքի մէջ պահել մարդկայինը` հազուագիւտ առաքինութիւն է: Այս բներգին շուրջ եւս հարկ չկայ ժապաւէններ պատրաստելու: Ո՞ւր է ուրեմն հարցը: Հարցը այն է, որ առաքինութիւնը եւ մարդկայինը ցոյց կը տրուին ազրպէյճանցի՛ տիպարներու մէջ: Բոլոր ազրպէյճանցիք, ինչպէս եւ բոլոր թուրքերը ճիւաղներ չեն: Եղեռնի ընթացքին կարգ մը թուրքերու մարդասէր արարքները տակաւ ի յայտ կու գան: Կոյր ատելութիւնը առաքինութիւն չէ:

Արցախի մէջ կարելի էր հանդիպիլ հայ-ազերի համատեղ կեանքի եւ անկեղծ բարեկամութեան: Ասիկա իրականութիւն է, բայց ոչ ոք կը համարձակի այդ մասին խօսիլ: Աւետիսեան ունի այդ քաջութիւնը: Ունի նաեւ բաւարար ողջմտութիւն` չափաւորելու իր ասքը:

Աննպաստ է նաեւ ժամանակը: Նկարահանումները կը կատարուէին, երբ վրայ հասաւ քառօրեայ պատերազմը: Սահմանի վրայ առօրեայ դրութեամբ զոհեր կու տանք: Զգացումները բռնկած են: Խաղաղութեան մասին խօսիլը կրնայ մեկնաբանուիլ պարտուողականութեամբ:

Երեք ժապաւէններու մէջ կան տեսարաններ, ուր հայեր որսի հրացաններով եւ կամ շատ համեստ միջոցներով մինչեւ վերջին փամփուշտը կը դիմադրեն: Բայց մինչեւ ե՞րբ …

Աւետիսեան խիզախ եւ շնորհալի բեմադրիչ է: Իր ժապաւէնները, յատկապէս «Վերջին բնակիչը»  օրակարգի վրայ կը դնեն գոյութենական հարցեր: Ասքը ընկալուի այնպէս, ինչպէս հարկ է:

———————–

 

1.- Արմէն Օհանեան, «Դժոխքում բացուած երկու դրախտի ծաղիկ», կինոաշխարհ, 15 օգ.  2013
2.- Կարինէ Խոդիկեան հիմնած է «Դրամատուրգիա» հանդէսը, վարած է «Գրական թերթ»-ի գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը եւ նշանակուած մշակոյթի նախարարի տեղակալ:
3.- Ժապաւէնը հասանելի է Youtube-ի վրայ  v=OY-DJZ0EBnE
4.- «Հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակը  Բ.», «Ազդակ», 23 հոկտ. 2014:
5.- «Ոսկէ ծիրան-11. հայկական համայնապատկեր, «Թեւանիկը», «Ազդակ», 5 օգ. 2014:
6.- Հայաստանի հանրային ռատիոյի «Վերնատուն» հաղորդաշար, 24 հոկ. 2016:
7.- Հատուածը բացայայտօրէն չի յիշուիր: Իսլամութիւնը մահապատիժ կը սահմանէ հեթանոսներուն, հաւատքը ուրացողներուն եւ այն միաստուածականներուն, որոնք կը մերժեն ենթարկուիլ եւ դառնալ «ահլուլ զիմմէ»:
8.- Աբգար եւ  Իբրահիմ Ս. Գրային անուններ են: Իպրահիմ (էպ րահիմ – գթասէր հայր) միաստուածութեան խորհրդանիշ է:
9.- Ընթերցողը կը յիշէ, որ լոգանքի (արիւնը լուալու) տեսարան կար նաեւ Թեւանիկի մէջ:
10.- Տես անոր տեսակցութիւնները.- CIVILNET  5 դեկտ 2015,  «Մարդկային գործօն» 22 դեկտ. 2015:
11.- «Phil-Harmonic»-ի տառացի թարգմանութիւնը պիտի ըլլար «Ներդաշնակ-ա-սիրական»
12.- Գերմանիա հայ եւ այլ պատերազմական գերիները կը զինուորագրէր օժանդակ ջոկատներ կազմելու համար:

Նախորդը

Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) Համընդհանուր Գործերու Արուեստագեղագիտական Վերահրատարակութեան Առիթով*

Յաջորդը

Հայ Սկաուտի Օր` Դէպի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?