Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գանձանակներ

Յունուար 3, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇԱՒԻՐ ԳԱԲՈՒՃԵԱՆ

Մանկութեանս խաղալիքներն են, որոնք հիմա յուշերուս բնակիչներն են դարձած, շարքով կանգնած՝ գեղեցիկ դասաւորութեամբ, որոնք հին ընկերներուս պէս զիս խաղի էին հրաւիրեր, զինուորներու պէս բարի, որոնք մանկութիւնս էին պաշտպաներ: Չեմ գիտեր, հիմա ո՞ւր են անոնք՝ անոնց մեծամասնութիւնը. շատ փոքր մասնիկ մը կայ անոնցմէ իմ կողքին, իսկ մեծ մասը վստահաբար տեղ մըն է… Կը դժուարանամ ըսելու ճակատագրուած բառերը, որոնք ծանրօրէն կ՛ազդեն, եթէ մտաբերեմ, որ ոմանք ջարդուեցան, փշրուեցան, կիսուեցան, նետուեցան, կորսուեցան: Անոնց հանդէպ ամենագուրգուրոտ վերաբերմունքն եմ ունեցեր, բնականօրէն, այդ օրերուն չեմ մտածած, որ նուէրին մէջ տուողին, նուիրողին ոգին կայ, այլ՝ որովհետեւ իմս են եղած, եւ եթէ իմս էին, ուրեմն անոնք անուն ունին՝ շունչ ունէին, ոգի ունէին… մէկ-մէկ ալ ես ինծի համար նուէր-խաղալիք առած եմ, որ իմ սիրածս իմս ըլլայ. ասոր համար է, որ անոնց կորուստ-բացակայութիւնը այսօր զիս կը յուզէ. երբեմնի իմը այսօրուան իմը չէ: Բայց մէկ բան հաստատ՝ եթէ ժամանակին քուկդ է եղած, ուրեմն մշտապէս քուկդ է մնալու, ուր ալ ըլլայ, ինչ ալ ըլլայ, որունն ալ ըլլայ:

Չկայ մանուկ, որ խաղալիք չուզէ եւ ուզած չըլլայ եւ ունեցած չըլլայ: Խաղալիքները, զորս ունեցեր ենք, հիմնականին մէջ նոյնն են եղած՝ աւելի կամ պակաս, տարբեր կամ նման. բայց վստահ եմ, բոլորս ալ ունեցած ենք անոնցմէ մէկը, հաւասարապէս բոլորս ալ, եւ բոլոր ժամանակներու համար՝ բոլորինս, անիկա ԳԱՆՁԱՆԱԿՆ է, տարբեր չափի ու ձեւի, տարբեր գոյնի ու որակի, տարբեր նկարով ու պատկերով. բայց որ տրուած ժամանակ դատարկ է եղած, փաստ է: Ուրիշ նմանութիւններ ալ ունին՝ անոնց շուրթափակ բացուածքը. մէկ այլ նմանութիւն ալ հիմա յիշեցի, անոնց կիսաբաց աչքը, որ մէկ կողմէ քեզի կը նայի, միւս կողմէ՝ ինքն իր մէջ, և քեզի թոյլ չի տար տեսնել այն, ինչը ինք կը տեսնէ:

Այսօր, սակայն, տարբեր աչքերով կը նայիմ մեր այդ հասարակաց «խաղալիքին», որուն հետ խաղալ չէր կարելի՝ ծնողներու նկատողութիւն, իյնալ ջարդուելու վախ… Միայն լեցո՛ւր, տո՛ւր, առանց զգալու անոր հետ խաղալու հաճոյքը. մէկ-մէկ անոր թեթեւութիւնը կամ ծանրութիւնը զգալու հպումը, կամ մետաղական զրնգոցը:

Եւ հիմա կը մտածեմ, որ անիկա ի՞նչ տուաւ, կրցա՞ւ տալ այն, ինչը կ՛ուզէինք, երբ լեցուցինք զայն: Միայն լեցուցինք, ուրախացնելով զայն, բայց յետին միտք մը մեզի համար պահած, որ լեցուածը մերն էր ըլլալու, բայց անկեղծ ասած, չգիտցանք ինչո՞ւ համար լեցուցինք… Առաջինը դրինք, գիտնալով ինչքան է, եւ այսպէս ամէն անգամ ալ տեսանք ինչքան դրինք, բայց արդէն մոռցանք պարունակութեան չափը. համբոյրի պէս է՝ ամէն տրուածն ու դրուածը կը յիշուի, բայց ամբողջը՝ ոչ… Երկար պիտի սպասէինք անոր լրիւ լեցուելուն, եւ չեմ ալ յիշեր, եղա՞ւ պահ, որ լեցուեցաւ:

Եւ հիմա կը մտածեմ աղքատի գանձանակին մասին, որ չի լեցուիր, որովհետեւ այնքան շատ է ծախսուածը եւ քիչ՝ մնացածը, որ մարդուն ձեռքը կը վարանի զայն դատարկ գանձանակ նետել. չէ՞ որ դատարկ ստամոքս կա, չէ՞ որ այդ չնչին մնացածին նայող դատարկ աչքեր կան, որոնք աւելի կ՛արժեն քան լեցուող–չլեցուող գանձանակները:

Հարուստին գանձանակն ալ չի լեցուիր. ինչո՞ւ լեցնել, երբ ինչ կ՛ուզես կայ, երբ գանձանակին կապուած երազ չկայ…

Եւ հիմա տարբեր ձեւով կը մտածեմ գանձանակի մասին, որ կեանքին պէս գեղեցիկ է: Որքա՜ն գեղեցիկ բաներ կը սորվեցնէ մեզի. մասնակցութեան առանցք է, որուն շուրջ կը հաւաքուինք, թէկուզ մէկ ակնթարթ բայց յաւերժ՝ «յանունի» մը համար. չափի գիտակցում է, որ չափելով քեզի կարողութիւն մը կու տայ չափուածը յատկացնելու բանի մը.  սպասումի տագնապ կը հաղորդէ, չկայ աւելի գեղեցիկ երազ, քան այն, որ օրէ օր կը լեցուի, որպէսզի լեցնես դատարկութիւն մը, որպէսզի ստանաս լեցունութիւն մը:

Գանձանակը հայելին է քու եւ իմ: Ես գիտեմ ի՛նչ է եւ որքա՛ն է իմ տուածը, սակայն չեմ գիտեր քու տուածդ եւ տրուածին չափը. արդեօք կարեւո՞ր է իմանալ, չէ՞ որ տուողն ու տրուածն են կարեւորը, եւ անոնք արդէն կան, եւ մենք ենք այդ եղողները:

Որքա՜ն քացր է մտաբերել գանձանակին դէմ կանգնած մանկական երազանքներուս մաքրութիւնը:

Որքա՜ն կ՛ուզեմ երազանքներու նոյն մաքրութեամբ կանգնիլ մարդոց դիմաց, կաթիլ մը ամէն ինչ տալու…

Նուէրներ

Նուէրներ տարբեր՝
Լուսաբեր յուշեր,
Դուք բերիք երգեր,
Տարիներ, դէմքեր:
Ամէն մէկն հիմա
Իմ դէմ կը բանայ
Անցեալի ուղին,
Նորէն դէպի հին:
Ճամբան այս կեանքի
Եւ զարդարանքի
Բերաւ ամէն ինչ,
Պատկերով մը ջինջ՝
Շղթայէն ինկած
Զարդ մը բաժնուած,
Գրքի մը բացուած
Էջը պատռուած,
Ծաղիկ սիրացօղ,
Փերթ մը բրածոյ,
Նկար ու քանդակ,
Այսպէս շարունակ…
Արդ, պահն է տալու
Եւ ստանալու
Եւ մտածելու՝
Ի՞նչ նուիրելու:
Ի՞նչն է ամէնէն
Լաւը լաւերէն.
Գուցէ եւ պէտք չէր
Նման հարց տրուէր…
Հինը՝ ճիշդն ասած,
Նոյնը անկասկած,
Որ մշտանորոգ
Կ՛ընծայէ կարօտ:

 

Տօնածառի Յուշեր

Յուշերն այսօր զարդեր են.
Թեւիկ-թեւիկ կը պարեն
Վերթեւումով սիրելի:
Նազանքներէն գեղանի
Տօնածառս կը ծաղկի:
Ժպիտները փալփլուն
Լուսաստղիկներ են ծփուն
Երազներէն լուսալի:
Շող ցոլքերէն երկնալի
Տօնածառս կը փայլի:
Բառերն այսօր, ի՜նչ դիւթիչ,
Թովիչ երգ են հմայիչ
Մեղեդիով լուսահիւս:
Ի լուր երգին այս լոյսի,
Տօնածառս կը խօսի:
Բարութիւն մը ճաճանչէն,
Լուսադալար կանաչէն
Աստղաբոյլով կ՛անդրանցնի…
Եւ հրաշքէն մարդածնի
Հոն Յիսուս մը կը ծնի:

Նախորդը

Հարցազրոյց Պոլսահայ Գրող Եւ Ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի Հետ

Յաջորդը

Տէր Զօրի Նահատակաց Յուշահամալիրին Մասնայատուկ Տեղը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?