Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Այն օրերուն, երբ նախագահ Տոնըլտ Թրամփ աշխարհը կը զբաղեցնէր Հիւսիսային Քորէայի, Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու, ռուսական «միջամտութիւններ»-ու, իսլամական ու լատինամերիկեան երկիրներու դէմ բազմապիսի արգելքներու եւ այլ «հնարքներ»-ով, իսկ զուգահեռ գիծերու վրայ, լրատու աղբիւրներ, «օրը նոր, գայթակղութիւնը` նոր» սկզբունքով, իրարու ետեւէ հրապարակ կը նետէին շարժապատկերի-պատկերասփիւռի ու քաղաքական աշխարհի կարգ մը մարդոց անբարոյ վարմունքին մասին` Պիլ Քլինթըն-Մոնիքա Լիուինսքի գայթակղութիւնը նսեմացնող դրուագներու շարանը (բոլորն ալ` արժանի առանձին քննարկման ու քննական մեկնաբանութեան), ամերիկեան խորհրդարանը, իր երկու տուներով, երկու օրուան մէջ վաւերացուց եւ նախագահին յղեց շահատուրքերու բարեկարգումի եւ աշխատանքի կարգաւորման օրինագիծ մը, որ վաւերացնողներուն կողմէ ժողովուրդին ու աշխարհին հրամցուեցաւ իբրեւ վերջին աւելի քան 30 տարիներու «ամէնէն արմատական բարեկարգում»-ը, եւ որ` ամենայն բարիք կը խոստանայ զանգուածներուն, պիտի բարելաւէ ժողովուրդին նիւթական-տնտեսական վիճակը: Խորհրդարանական այս բեմադրութենէն ետք ոչ ոքի համար անակնկալ էր օրինագիծին ստորագրումը` նախագահին կողմէ, որ պատկերասփիւռի ոսպնեակներուն դիմաց իբրեւ «մեծ յաղթանակ» տօնեց այս իրագործումը` յայտարարելով, որ ամերիկացի ժողովուրդին իր տուած խոստումը կ՛իրականանայ` իբրեւ Ամանորի նուէր…
Անմիջապէս արձանագրենք, որ օրէնքը ընդհանուր առմամբ դիմաւորուեցաւ սուր քննադատութիւններով, որովհետեւ անոր մասնակի ու երեւութական բարի խոստումներուն ետին պահուըտած են տնտեսական-ընկերային արհաւիրքներ, որոնց զոհը պիտի ըլլան ժողովրդային զանգուածները, իսկ գլխաւոր օգտուողները` նիւթական հսկայական կարողութիւններով օժտուած փոքրամասնութիւն մը: Քննադատութիւններն ու արդար մատնանշումները ծայր առած էին օրինագիծի քննարկման օրերուն, հնչած էին զգուշացման կոչեր, սակայն օգտուող փոքրամասնութիւնը վճռած էր «իր էշը յառաջ քշել», այդպէս ալ ըրաւ:
Թէեւ այս օրէնքը անմիջականօրէն կը շահագրգռէ ամերիկացի ժողովուրդը, սակայն անիկա անուղղակիօրէն հրամցուեցաւ նաեւ աշխարհին` իբրեւ օրինակելի ուղեցոյց, որովհետեւ մօտակայ ու հեռաւոր երկիրներ (ինչո՞ւ չէ, նաեւ մեր Հայաստանը) եւս կը հետեւին Ուաշինկթընէն ծնած «հնարքներուն», հարկադրուած կը զգան կապկելու զանոնք, կամ` մրցակցելու այսպիսի հնարքներու հետ, որովհետեւ, կարճ խօսքով, համաշխարհայնացումը ա՛յդ կը թելադրէ, ու նման քայլերով ճամբայ կը հարթուի որոշ փոքրամասնութեան մը կողմէ նիւթական միջոցներու սեփականացման, դրամագլուխներու բուրգին խարիսխէն դէպի փոքրադիր գագաթ հոսքի արագացման, դրութիւն մը, որ տարուէ տարի ինքզինք աւելի՛ զգալի կը դարձնէ աշխարհի տարածքին, եւ` ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու եւ անոր նման Ա. Աշխարհին պատկանող երկիրներու մէջ: Այս ընթացքը նաեւ պատճառ կը դառնայ, որ պետական իշխանութիւնները վարկաբեկ դառնան ու արժեզրկուին յաչս ժողովուրդին, իշխանութիւններուն իրաւասութիւններն ու հեղինակութիւնը իրողապէս սահին նիւթական կարողութիւններով օժտուած` բուն իշխողներու ափին մէջ: (Վերջին տարիներուն ա՛լ սովորութեան վերածուած է կառավարութեան պիւտճէի վաւերացումը պատանդ բռնելը` իրողական այս կամ այն խմբաւորումի շահերուն, ու երբ խորհրդարանին կողմէ վաւերացումը ուշանայ, զրոյցներն ու սպառնալիքները կը բազմանան «կառավարութիւնը փակելու» մասին. նոյնը եղաւ նաեւ այս օրէնքի վաւերացման օրերուն ու անոր վաղորդայնին…):
***
Եթէ հպանցիկ քննարկումներէ քիչ մը աւելի խորաթափանց կերպով մտնենք այս հսկայական թղթածրարին հաւաքագրման ու քննարկումներուն ոլորապտոյտին մէջ, վստահաբար ընթերցողն ալ շփոթի պիտի մատնենք ստեղծուած լաբիւրինթոսին մէջ. բաւականանանք միայն յիշեցնելով, որ այս օրէնքը թրամփեան խոստում մըն էր ընտրապայքարի օրերէն ի վեր եւ կը ձգտի «Ամերիկան վերստին մեծ-հեղինակաւոր դարձնելու» անոր «վարդապետութեան» իրականացման (որ, ի դէպ, համբակի ընդօրինակութիւն մըն է ռիկընեան «վարդապետութեան»): Անիկա երկար ատենէ ի վեր կը քննարկուէր (գոնէ այդպէս կը ձեւացուէր) խորհրդարանական ոլորտներուն մէջ` յանձնախումբեր, ծերակոյտ, Ներկայացուցիչներու տուն, քիչ մըն ալ` մամուլ-քարոզչական մեքենաներ. վաւերացումէն շուրջ երկու շաբաթ առաջ անիկա հանդիպեցաւ որոշ խոչընդոտներու, եւ եղաւ պահ մը, երբ կը կարծուէր, որ այս օրէնքն ալ աւազախրումի պիտի ենթարկուէր, ինչպէս որ եղած էր պարագան «Օպամա քեր»-ին. յետոյ, վերատեսումներ տեղի ունեցան, մինչեւ որ յանգեցաւ խորհրդարանական փոքր մեծամասնութեան մը կողմէ ընդունելի ներկայ տարազին եւ ստացաւ զոյգ տուներուն կնիքը: Իրազեկ աղբիւրներ կ՛ըսեն, որ բազմահարիւր էջերով օրինագիծին մանրամասնութիւններն ու ծալքերը ծանօթ են միայն սակաւաթիւ խորհրդարանականներու, անոր վաւերացումը կատարուած է «որոշ` վերէն եկած թելադրանքներով», ինչպէս որ աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, նախագահ Պուշի օրով որդեգրուեցան Իրաքի վրայ յարձակման ու (իբր թէ) երկրին անվտանգութիւնը ապահովելու ձգտող կառոյցներու արարման օրինագիծները, յետոյ, տարիներ ետք բացայայտուեցաւ, որ խորհրդարանականներ քուէարկած էին… առանց բանաձեւերը կարդալու: Հիմա կ՛ըսուի, որ կարդացողներուն թիւը աւելի մեծ է:
Այլ խօսքով, այս օրէնքին «բարիքներէն» վնասուելիք զանգուածին կարծիքն ու շահերը լուսանցքայնացուած են` անգամ մը եւս ապացուցելով, որ ժողովուրդի ներկայացուցիչները ըլլալ յաւակնող խորհրդարանականներուն մեծամասնութիւնը ժողովուրդը չի ներկայացներ, այլ պաշտպանն է նիւթական կարողութիւններով գերհզօրներու շահերուն: Այս մասին` նաեւ քիչ մը անդին:
***
Անցնինք աւելի էական, հետեւաբար նաեւ` վրդովեցնող մտահոգութեանց:
Նախագահն ու իր համախոհ-գործակիցները օրինագիծին վաւերացումէն առաջ իսկ լծուած էին զայն «ծախելու» քարոզչութեան, թէ` անիկա միայն ու միայն բարիք կը խոստանայ ժողովուրդին: Գլխաւոր «դրօշակ»-ը կը կրէ շահատուրքերու նուազումի, հետեւաբար պաշտօնեային ու աշխատաւորին, այսինքն սահմանափակ եկամուտ ունեցողին քիչ մը աւելի եկամուտ ապահովելու հաւաստիքը: Անկախ այն իրողութենէն, որ օրինագիծը քիչ թէ շատ հասկնալու համար մարդս պէտք է մանուածապատ բանաձեւեր վերծանելու վարպետ ըլլայ (կարգ մը մասնագէտներ իսկ կը խոստովանին, որ հասկնալու դժուարութիւն ունին ու, հետեւաբար, դուռը լայն կը բացուի հակասական մեկնաբանութիւններու), բացայայտ է, որ այս հարցը, ինչպէս` բազմաթիւ այլ էական հարցեր, հսկայական երկփեղկում ստեղծած է օրէնսդիրներուն ու ժողովուրդի տարբեր խաւերուն միջեւ, ու եթէ օրէնքը ունի դրական երեսներ, անոնք կը կքին բացասականի բեռներուն տակ (կը մոռցուի նաեւ, որ օրէնքները, ըստ էութեան, կոչուած են ժողովուրդին բարիք բերելու):
Նախ խօսինք թիւերով (*). ծերակոյտը օրէնքը վաւերացուց 48-ի դէմ 51 քուէով, այսինքն` 3 ձայնի առաւելութեամբ մը (հանրապետական Մաքքէյն առողջական պատճառներով բացակայ էր նիստէն, ներկայութեան պարագային, քուէներուն պատկերը պիտի ըլլար 51-ով 49), իսկ Ներկայացուցիչներու տունը վաւերացուց 201-ի դէմ 244 քուէով, որ այդքան ալ փայլուն առաւելութիւն մը չի նշանակեր նման ճակատագրական ու ծանրակշիռ հարցի մը դիտանկիւնէն: Ի դէպ, բանաձեւին դէմ քուէարկողներուն շարքին էին… 12 հանրապետականներ, մինչդեռ դեմոկրատները միաձայն էին իրենց մերժումին մէջ: Այս թիւերը (ոչ ալ, անշուշտ, երգիծաբաններուն սրամտութիւններն ու զիրենք ձաղկողները, նաեւ` զանգուածներուն ցասումը) մտահոգութիւն չեն պատճառեր թրամփականներուն, որովհետեւ անոնք ի սկզբանէ ապահոված էին անհրաժեշտ քուէները, իսկ «երկու թելի վրայ պարողներ»-ու քուէները ապահովուեցան քիչ մը ուշացումով, իբր թէ երկու տուներու նախագիծներուն միջեւ տարբերութիւններու լուծման գնով (ո՛չ ոք պիտի գիտնայ, թէ արդեօք ո՞վ զո՛վ եւ ի՞նչ միջոցներով կաշառեց. չմոռնանք, որ քաղաքական աշխարհին մէջ կաշառքը միայն դրամով չ՛ըլլար): Եւ ահա, փաստը այն է, որ ոչ ժողովրդական եւ մեծ կարեւորութիւն ունեցող օրէնք մը կ՛որդեգրուի փոքր մեծամասնութեամբ մը. կասկածելի կը մնայ, թէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, եթէ դեմոկրատները շահին խորհրդարանի աթոռներուն մեծ մասը, պիտի համարձակի՞ն զայն վերատեսութեան ենթարկելու քայլ առնելու… Չէ՞ որ Օպամայի օրով իրենց վայելած առաւելութիւնը ամիսէ ամիս մսխեցին եւ ենթակայ մնացին նո՛յն լծակներուն, որոնք այսօր աւելի բացայայտ կերպով կը բանին:
Խորհրդարանէն դուրս, ինչպէս նշեցինք, պատկերը բոլորովին տարբեր է եւ նպաստաւոր չէ նոր օրէնքին. ըստ կարգ մը վիճակագրութեանց, ժողովուրդին միայն 30 առ հարիւրը կողմ է նոր օրէնքին. աւելի՛ն, մեկնաբանները կը հաւաստեն, որ անիկա անխուսափելի չարիք պիտի ըլլայ երկար ժամանակի վրայ` թէ՛ ժողովուրդի զանգուածին եւ թէ՛ պետութեան, որովհետեւ տուրքերու կրճատումը ունի ի՛ր բազմերես պատմութիւնը. կրճատումներուն պատճառով, պետութեան պիւտճէի բացը, ըստ պաշտօնական տուեալներու, պիտի աւելնայ մօտաւորապէս 1,5 եռիլիոն (թրիլիըն) տոլարով (դաշնակցային կառավարութեան պարտքը ներկայիս հասած է մօտաւորապէս 20,5 եռիլիոն տոլարի` առանց հաշուելու նահանգային եւ այլ պարտքեր. այս գումարը ժողովուրդին վրայ բաժնելով` իւրաքանչիւր ամերիկացի կ՛ունենայ աւելի քան 62 հազար տոլար պարտք…). իսկ թէ ոչ պաշտօնական յաւելումը ի՞նչ պիտի ըլլայ, Ողիմպոսի բնակիչներն անգամ չեն կրնար գուշակել. կրնայ տեղեակ ըլլալ միայն այն «խունթա»-ն, որ ձեւեց-չափեց «բարեկարգումի ծրագիր»-ը: Եւ այժմէն իսկ ահազանգ կը հնչեցուի, թէ վաղը-միւս օր, երբ կառավարութիւնը իր այս կամ այն ծրագիրին համար նիւթական աղբիւրները չորցած գտնէ, աչքերը պիտի ուղղուին այնպիսի՛ պահեստներու կամ գանձանակներու, որոնք կը կոչուին ընկերային ապահովութեան սնտուկ ու նմանակներ, կամ` կացինը պիտի իջնէ հանրօգուտ այլ ծրագիրներու գլխուն, պիտի սահմանափակուին կրթական եւ այլ ծրագիրներու պիւտճէները (եւ ըստ այս դիտանկիւնէն կատարուող մեկնաբանութիւններու, Թրամփ ու ընկերներ այլեւս պէտք պիտի չունենան հետապնդելու «Օպամա քեր»-ի ջնջումը, որովհետեւ նման հարցեր այս ընթացքով ինքնաբերաբար պիտի լուծուին ի վնաս անոնցմէ օգտուողներուն: Մինչ այդ Օպամա կրնայ զուարճանալ, որ իբրեւ Կաղանդ պապուկ` Ամանորի նախօրեակին, նուէրներու տոպրակ մը շալկած, մանուկներու այցելած է…): Հետեւանքը կրնայ ըլլալ այն, որ տարեցներ ու նպաստընկալներ անձուկ վիճակի մատնուին, անբնակարան դարձած ընտանիքներու թիւը յաւելում կրէ: Իսկ ո՞վ գիտէ, որ անբնակարան ըլլալն ու հարկադրաբար վրանաբնակ դառնալը ոճիր հռչակուած է իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք կը փակեն նման «աւաններ»: Թշուառ ցուցարարներուն «թող կարկանդակ ուտեն» յանձնարարող Մարի Անթուանեթի նորօրեայ թոռները վաղը կրնան մինչեւ իսկ օրէնքներ մշակել, որ հանգստեան թոշակ-նպաստ ստացող տարեցներ հրաժարին երկարակեցութենէ, ու աշխարհէն կանուխ չուելու դուռեր բանան անոնց դիմաց…
***
Մեծ տարակարծութիւններ չկան, որ այս ծրագիրը առա՛տ, շա՜տ առատ «իւղ կը քսէ» մեծ հարստութիւն կուտակած ընկերութեանց ու անհատներու հացին, իսկ մեծամասնութեան շնորհուած զեղչերը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` աչքի փոշի, որ սակայն պէտք է փարատէ կուրութիւնը եւ ոչ թէ աւելի եւս ծանրացնէ զայն: Կ՛արժէ միայն յիշեցնել, որ շուրջ տասնամեակ մը առաջ, տնտեսական տագնապի օրերուն, երբ իշխանութիւնները կը փութային հսկայական գումարներ հոսեցնել դրամատնային ու ելեւմտական «սնանկացող» սնտուկներու մէջ` զանոնք փրկելու նախանձախնդրութեամբ, բարեսի՜րտ նախագահ Պուշ չմոռցաւ ժողովուրդը, եւ 600-ական տոլարի գումարներ հասան ամսականաւորներու: Այդ օրէն ասդին քիչեր կը հետեւին (թէեւ ամէն մարդ մտահոգ է) ապրուստի սղութեան աննահանջ աճին, մինչդեռ եկամուտները վերածուած են շատ դանդաղ աճող ուխտի պոչի: Սպասելի է, որ վաղը պատկերասփիւռներէ ծանուցուին ժողովուրդին փոխատուութիւն «շնորհելու» այնպիսի միջոցներ, որոնք այժմէն իսկ որոշ սնտուկներ ուղղեն շահատուրքերու նուազումէն խնայուելիք գումարները…
Դիմենք քանի մը այլ թուանշաններու (աւելին քրքրելը յաւելեալ լոյս պիտի չսփռէ յամենայն դէպս): Հաւաստիքը այն է, որ յառաջիկայ տարիէն սկսեալ, երբ օրէնքը ի զօրու պիտի դառնայ, մահկանացուներու շահատուրքերը պիտի նուազին միջին հաշուով 1.600 տոլարով: Մինչեւ 25.000 տոլար եկամուտ ունեցողներ պիտի վճարեն 60 տոլար նուազ տուրք, իսկ մինչեւ 149.000 տոլար շահողներ` 7.600 տոլար նուազ տուրք: Այս մահկանացուներուն համար օրէնքը ի զօրու պիտի մնայ մինչեւ 2026, ապա, վերատեսութիւն պիտի կատարուի ու մինչեւ 75.000 տոլար շահողներու տուրքերը պիտի բարձրանան անբաղձալի համեմատութեամբ (որ հաւանաբար պիտի նշանակէ, թէ քանի մը տարուան մէջ շնորհուած խնայողութիւնը շուտով պիտի «փոխհատուցուի»): Իսկ եթէ խօսինք ոչ հասարակ մահկանացուներուն, այսինքն` հսկայական եկամուտ-շահ ունեցող ընկերութիւններու ու անհատներուն մասին (ամէնէն «առատաձեռն» հաշուարկով` ժողովուրդին 5 առ հարիւրին), անոնց տուրքերու համեմատութիւը 35 առ հարիւրէն կ՛իջնէ 21 առ հարիւրի: Այս դրութիւնը ժամանակ չի ճանչնար, ինչպէս որ է պարագան սահմանափակ եկամուտ ունեցողներուն, այսինքն 2026 տարին վերատեսութեան թուական չէ անոնց համար:
Պարզ խօսքով, որքան շատ եկամուտ ունիս, այնքան քիչ տուրք կը վճարես:
Բացատրութիւնը կամ անհամաչափութեան արդարացումը կ՛ըլլայ սապէս. մեծ գումարներ ապահովողները աւելի՛ մեծ գումարներ պիտի վճարեն իբրեւ շահատուրք (այսինքն, եթէ մէկը կը շահի 50-60 հազար տոլար, կը վճարէ քանի մը հազար, մինչդեռ բազմամիլիոններ ու միլիառներ ապահովողը կը վճարէ հարիւր հազարներ կամ աւելի…): Յիշողութիւններէ դուրս վանուած է այն, որ տասնամեակներ առաջ, երբ շահատուրքերու աւելի արդար դրութիւն մը կար, մեծ եկամուտ ունեցողներ տոկոսային համեմատութեամբ աւելի մեծ գումարներով տուրք կը վճարէին, քան` սահմանափակ եկամուտ ունեցողներ. սակայն տասնամեակներէ ի վեր, այսինքն` յետռիկընեան իշխանութեանց օրով (եւ հոս այլեւս հանրապետականի-դեմոկրատի տարբերութիւն չկայ), օրէնքին մէջ քայլ առ քայլ այնպիսի «բարեփոխութիւններ» կատարուած են, եւ մի՛շտ` օրէնսդրութեան ճամբով, որ ահաւասիկ հասած ենք մեծ անարդարութիւնը օրէնքո՛վ ամրագրող այս տարազին: Իսկ թէ ինչպէ՛ս պատահած է այս «սահանքը», կը բաւէ արձանագրել մեկնաբաններու եւ իրազեկներու այն հաստատումները, որ աշխարհածաւալ ընկերութիւնները, որոնք «պահուըտած» են ամերիկեան ընկերութիւններու անուան տակ, ժրաջան աշխատանք տարած են տարուէ տարի` ի հարկին խորհրդարանականներ իրենց կողքին շահելով ու մինչեւ իսկ բարձրագոյն ոլորտներու վրայ մարդիկ (նախագահներ, նախարարներ) «տեղադրելով», որպէսզի այս «բարեկարգումները» օրէնքի կարգ անցնին. ժողովուրդն ալ «մարզումի» ենթարկուած է, որպէսզի չկարենայ ձայն բարձրացնել օրէնքին դէմ. չէ՞ որ օրէնքը մարդոցմէ, մինչեւ իսկ նախագահներէ աւելի բարձր է… (այս տողերը ո՛չ անիշխանականութեան քարոզ են, ո՛չ ալ օրէնքը անտեսելու-ոտնակոխելու հրաւէր):
Ահա թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէինք, երբ քիչ առաջ կը նշէինք, որ իշխանութեան բարձրագոյն ոլորտները գրաւողներուն մեծամասնութիւնը դադրած է ժողովուրդին, այսինքն ընտրող մեծամասնութեան ներկայացուցիչը ըլլալէ: Այս մասին նոյն տէրերուն լծակից դարձած մամուլն ալ լռութեան մատնուած է, իսկ բողոք բարձրացնողներուն ձայները կը կորսուին աղճատուած ու խեղաթիւրուած մամուլին ստեղծած աժան աղմուկին մէջ:
***
Խտրական ու անարդար այս դրութիւնը կ՛արդարացուի նաեւ հազար ու մէկ պատճառաբանութեամբ, որոնցմէ արձանագրենք մէկ քանին` անոնց դիմաց դրուած արդար հակաճառութիւններուն հետ միասին:
Կ՛ըսուի, որ կարգ մը գործատէրեր ու հսկայ ընկերութիւններ իրենց դրամագլուխները «փախցուցած» են այլուր (աւելի պարզ բառերով` ստեղծուած են օֆ-շորային «ապաստանարաններ»), ուր կուտակուած են աներեւակայելիօրէն վիթխարի հարստութիւններ. իսկ թէ ո՞ր օրէնքը արտօնած է նման փախուստ, կամ` օրէնքը ինչպիսի՞ խեղկատակ թեքումներու ենթարկուած է նման բացթողումներու համար, ուրիշ հարց. հիմա կ՛ըսուի, որ եթէ այդպիսիներու շահատուրքերը զգալի նուազումի ենթարկուին, ինչպէս կ՛ընէ այս օրէնքը, դրամագլուխները վազելով Միացեալ Նահանգներ պիտի վերադառնան, դուռ պիտի բացուի գործի առիթներու, անգործութիւնը պիտի նահանջէ (վաղը կրնան շինծու վիճակագրութիւններ հրապարակուիլ, թէ անգործներու թիւը նուազած է. չէ՞ որ քանի մը տարիէ ի վեր գործ փնտռող ու չգտնողներու որոշ մէկ մասը հաշուի չ՛առնուիր անգործներու պաշտօնական թիւին մէջ), ամսականներու յաւելում պիտի տրուի, ապրուստի սղութիւնն ալ պիտի նահանջէ եւ այլն: Սակայն տնտեսագէտներ ու նախկին նմանօրինակ պայմաններէն փորձառութիւն շահած մասնագէտներ կ՛ըսեն, որ սա մեծ սուտ մըն է, որովհետեւ մեծահարուստ ընկերութիւններ իրենց դրամագլուխները պիտի չգործածեն գործի նոր առիթներ ստեղծելու համար, այլ այդ գումարները պիտի օգտագործեն, օրինակի համար, իրենց ընկերութեանց բաժնետոմսերը գնելու եւ անոնց սակերը բարձրացումի մղելու համար, մէկ խօսքով, իրենց շահերը պիտի կրկնապատկուին ու բազմապատկուին: Նոյնքան երեւակայական են աշխատանքի նոր առիթներու ստեղծման կարելիութիւնները, մանաւանդ, որ աշխարհը կը շարժի դէպի նոր տեսակի մեքենայացում ու աշխատող ձեռքերու` վարձք ստացողներու նուազեցում: Ալ ի՜նչ խօսք` սակագիներու նուազումի մասին. կատակով կ՛ըսուի, որ բարձրացող սակերը ենթակայ չեն ձգողութեան օրէնքին, ըստ որուն, ամէն վեր բարձրացող բան ի վերջոյ վար կ՛իյնայ: Արդարօրէն կը նշուի, որ մեծ գործատէրերը, իրենց կողքին շահելով բազմաթիւ խորհրդարանականներ, տարիներէ ի վեր ոգի ի բռին կը պայքարին նուազագոյն աշխատավարձի սահմանը բարձրացնելու ամէն փորձ ձախողութեան մատնելու ի խնդիր եւ ընդհանրապէս կը յաջողին: Վերոյիշեալ իրականութիւններուն իրազեկ եղողը չի հարցներ, թէ ինչո՛ւ կը յաջողին:
… Խորհրդարանին մէջ օրինագիծին վաւերացումէն ետք, հանրապետականներու կարկառուն դէմքերէն` Ներկայացուցչական տան նախագահ Փոլ Ռայըն լայն ժպիտով մը յայտարարեց, որ սա մեծ յաղթանակ է` ի նպաստ ժողովուրդին, խորհրդարանականները կ՛իրականացնեն խոստում մը, որ տրուած էր ընտրողներուն: Երկդիմի արտայայտութի՞ւն մը` արդեօք. հաւանաբար ան ըսել կ՛ուզէր, որ ինք եւ իր նմանները խոստում տուած են այն «ընտրողներուն», որոնց ի նպաստ է նոր օրէնքը, եւ խորքին մէջ անոնց իսկ ներշնչումով ու ցուցմունքներով մշակուած է անիկա, իրենք ալ անոնց «ընտրութեամբ» գրաւած են աթոռները: Այլ խորհրդարանականի մը` հանրապետական Թերի Սիուէլի մեկնաբանութիւնը աւելի դիպուկ էր. «Ասկէ աւելի մեծ մտաւորական անբարոյութիւն չի կրնար ըլլալ», յայտարարած է ան վաւերացումէն ետք: Իսկ դեմոկրատներու պարագլուխները կը շարունակեն ողբալ կորսուած դատը` վստահելով Օպամայի օրերուն իրենց մսխած-ծախած առիթներուն մասին զանգուածներու կարճ յիշողութեան: Այս իմաստով ալ, Ծերակոյտի դեմոկրատ փոքրամասնութեան առաջատար Չաք Շումըրի այն նշումը, թէ օրէնքին վաւերացման առիթով գինարբուք սարքուած է միայն «Թրամփ աշտարակ»-ին ու մեծ ընկերութեանց սրահներուն մէջ, դատարկ եւ ուշացած մեղադրանքէ աւելի բան չ՛արժեր, սնամէջ է ու` այլ սնանկութեան մը խոստովանութիւնը:
***
Թրամփ եւ գործակիցները շահատուրքերու նոր օրէնքը կը տօնեն իբրեւ յաղթանակ: Այո՛, յաղթական դուրս եկաւ փոքրաթիւ խմբակ մը, այսինքն` կարգ մը իշխանաւորներ ու անոնց ետին կանգնող դրամատիրական դասը, պարտուեցաւ զանգուածը, որ երեւութական շահերէ ետք պիտի շարունակէ յարաճուն կերպով վճարել սուղ:
Այս ու նման քայլերով աշխարհը արագօրէն կը վազէ դէպի… արդի աւատապետութիւն (կարելի է ըսել նաեւ` աւազակ-ա-պետութիւն, որ մեր օրերուն ունի մաֆիաներու` ստուերային դրութեան ծանօթ անուանումը). զանգուածներ հետզհետէ աւելի՛ ու աւելի՛ կախեալ պիտի ըլլան նիւթական միջոցներ իրենց մօտ կուտակող փոքրամասնութենէ մը, ինչպէս որ միջին կամ աւելի կանուխ դարերուն ժողովուրդը` իբրեւ ճորտ, կախեալ էր միապետներէ ու անոնց զինակից` կալուածատէր իշխաններէ. այդ դարերուն, ժողովուրդին կ՛ըսուէր, որ դրութիւնը աստուածատուր է, ի վերուստ տնօրինուած է, մինչեւ որ օր մըն ալ Օլիվըր Քրոմուէլ մը եկաւ ու աստուածային մենաշնորհներով օժտուած թագաւոր մը գլխատեց, իսկ յաջորդ դարուն ֆրանսացիք կառափնատ ղրկեցին մենաշնորհեալները:
Հաւանաբար շահագործուող ու օրէնքի ճամբով կողոպտուողներ ի վերջոյ պիտի դարմանեն կարճ յիշողութիւնները եւ նոր ճորտատիրութիւն տարածող արդի աւատապետներուն (կամ աւազակապետերուն) դէմ պիտի հնարեն կառափնատը փոխարինող արդի միջոցներ, որպէսզի արդի աշխարհը կերտող վերջին քանի մը դարերուն ընկերային արդար դրութեան հաստատման ի խնդիր մղուած պայքարներէն շահուած իրաւունքները այսպէս` քանի մը տասնամեակի ընթացքին չմսխուին ու չկորսուին, այլ աւելի հաւասարակշիռ ընկերութեան մը արարումը վերագտնէ կորսուած հունը` այլապէս նպաստ բերելով աւելի խաղաղ աշխարհի մը կերտումին:
23-24 դեկտեմբեր 2017
—————
(*) Այս սիւնակներուն մէջ արձանագրուած թիւերը քաղուած են պաշտօնական ու հաւաստի աղբիւրներէ: