Պետութիւն եւ եկեղեցի հակամարտութիւնը գոյութիւն ունեցած է եկեղեցական նուիրապետութիւններու կազմաւորման օրերէն: Եկեղեցական նուիրապետութիւնները կազմաւորուած են, չորրորդ դարէն սկսեալ, պետական աւատապետական դրութեան նմանողութեամբ, ուր կաթողիկոսը թագաւորն է, իսկ առաջնորդ եպիսկոպոսները` աշխարհներու (նահանգներու) տէր նախարարները: Այս նմանութիւնը սակայն կը վերաբերի եկեղեցւոյ, որ մարդերու համախմբում-ժողով է, միայն ու միայն արտաքին, տեսանելի կազմակերպութեան: Այս կազմակերպութիւնը կապ չունի եկեղեցւոյ ներքին կեանքին, այսինքն` հաւատքին հետ: Քրիստոնէական հաւատքին առնչուած հարցերը կապուած են մարդկային իմացականութեան, հոգեկան ապրումներուն եւ խիղճին հետ: Եկեղեցւոյ իսկական պետը Յիսուս Քրիստոսն է. Քրիստոսի յանձնարարութիւնները կատարողները` եկեղեցւոյ սպասաւորները` սարկաւագ, քահանայ եւ եպիսկոպոս, ծառայողներ են: Անոնք եկեղեցի կոչուած հաստատութեան պաշտօնեաները չեն: Այս հասկացողութեամբ, անոնք չեն կրնար ենթակայ ըլլալ պետութեան պաշտօնէութեան վերաբերող կամ առհասարակ աշխատանքային պետական օրէնքներուն:
Եկեղեցական նուիրապետութեան մաս կազմող պաշտօնեաները կ՛ենթարկուին կանոններու, որոնք որոշուած են, ըստ աւանդութեան, առաքեալներու կողմէ, կամ որդեգրուած են Տիեզերական ժողովներու, եկեղեցիներու ներքին ժողովներուն, հեղինակաւոր եւ սրբացուած հոգեւորականներու ու կաթողիկոսներու կողմէ: Այս կանոնները չեն վերաբերիր ժողովուրդներու ընթացիկ կեանքին, որոնք պետական օրէնքներուն կ՛առնչուին, այլ` եկեղեցականներու ու հաւատացեալներու հոգեկան կեանքին, յարաբերութիւններուն ու քրիստոնէավայել կենցաղին:
Երբ կը խօսինք եկեղեցական նուիրապետութեան մասին, խօսած կ՛ըլլանք եկեղեցական կարգերու աստիճանաւորումին մասին, իւրաքանչիւր աստիճանին տրուած իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով: Այս կարգերը չեն ստացուիր, պետական պաշտօններուն նման, միայն ընտրութեամբ կամ նշանակումով: Ընտրութիւնը կամ նշանակումը կը նուիրականացուին ձեռնադրութեան միջոցով: Ձեռնադրութիւնը եկեղեցական խորհուրդ մըն է, այսինքն` արարողութեամբ կատարուող գործողութիւն մը, որուն միջոցով ընծայեալը (ձեռնադրուողը) կը տիրանայ շնորհքի մը, որ Սուրբ հոգիին միջոցով կը շնորհուի իրեն: Այդ շնորհքը իրեն կու տայ, համաձայն իր կարգին, իրաւունքներ, միաժամանակ` պարկեշտութեան, հնազանդութեան, ծառայութեան ու աղօթարար կենցաղի պարտաւորութիւններ: Անսաստողները կ՛ենթարկուին եկեղեցական մեղմ պատիժներու, ծանրագոյն պարագային` նաեւ կարգէ զրկումի, կարգազուրկ դառնալու: Այս պատիժներուն որոշումը իրաւասու է տալու յանցանք գործողին կարգէն բարձր դիրք ունեցող եկեղեցականը, որուն ենթակայութեան տակ կը գտնուի ան: Եկեղեցական կանոնները ո՛չ հարցաքննութիւն կը նախատեսեն, ո՛չ դատ ու դատաստան, ո՛չ փաստաբան, ո՛չ ալ դատախազ: Վերադաս եկեղեցականը կրնայ ատեան կազմել ու յանցաւորին տալ ինքնապաշտպանութեան իրաւունք, ապա որոշում կայացնել ատեանի առաջարկին հիման վրայ:
Եկեղեցւոյ կանոնական այս սկզբունքները բացատրեցինք, յստակ դարձնելու համար, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. Ներսիսեանը կարգազուրկ հռչակելու ու գահազուրկ դարձնելու մասին բոլոր հաղորդումները զուրկ են իրաւական նշանակութենէ: Կաթողիկոսը գահընկէց դարձնելու իրաւասութիւնը կը պատկանի զինք ընտրող Ազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողովին: Պետական պաշտօնէութիւնը, ինչ աստիճանի ալ ըլլայ, չի կրնար եկեղեցական կանոնին անտեսումով որոշում կայացնել եւ կաթողիկոսը կոչել իր աշխարհական անունով: Քաղաքական անպիտան միջոցառում է, իշխող մեծամասնութեան եւ վարչապետին կողմէ, իրենց քաղաքական դիրքորոշումը չբաժնող կաթողիկոսը հալածանքի ենթարկել իր ընտրութենէն եւ օծումէն քսանվեց տարիներ ետք, ենթադրեալ զանցառումի մը համար, որ հաւանաբար կատարուած է անկէ ալ առաջ: Եկեղեցին եւ իր նուիրապետութիւնը կարելի չէ քաղաքական խաղաքարտի վերածել:
Վարչապետին ներկայութիւնը, Յովհաննավանքի եկեղեցւոյ մէջ, կարգազուրկ հռչակուած ըմբոստ եկեղեցականին մատուցած անօրինական պատարագին, ծանր զանցառութիւն է, եկեղեցւոյ կանոններու խախտում: Հայաստանի բոլոր շրջաններէն հաւաքուած թերեւս քանի մը հազար համախոհներու ներկայութեամբ կատարուածը ամբարշտութիւն է, պետութենէն անջատ եղող եկեղեցւոյ դարաւոր կանոններու անտեսում, եկեղեցին պետութեան ենթակայութեան տակ դնելու մտադրութեան նախապատրաստութիւն:



