Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 25, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀԵԴ-ի Երեք Անդամներ Վարժողական Ծրագիրներու Կը Մասնակցին Արցախի Մէջ

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի նախաձեռնութեամբ, այս ամառ սփիւռքահայ երեք երիտասարդներ վարժողական ծրագիրներու կը մասնակցին Արցախի մէջ:

Արցախի մէջ կամաւորական աշխատանք կատարող այս խումբի պատասխանատուն` Էմիլիա Տէր Սարգիսեանը, կը յայտնէ, թէ այս նախաձեռնութեան գաղափարը ծագած է քանի մը տարի առաջ. «Սփիւռքի մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կայ Արցախի նկատմամբ, բայց տարբեր ծրագիրներով հոս գալու շատ քիչ կարելիութիւններ կան: Մեծ մասամբ հոս կ՛այցելեն քանի մը օրով` ծանօթանալու նպատակով, ինչ որ շատ քիչ է Արցախը լիովին ճանչնալու համար եւ հիմնականին մէջ մակերեսայի՛ն է»:

Արցախի մէջ ՀԵԴ-ը նաեւ կ՛իրականացնէ ճամբարներու ծրագիրը, որ սակայն միայն երկու շաբաթ կը տեւէ: Այլ ծրագիր մը պէտք էր Արցախը աւելի լաւ ճանչնալու համար: Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ եւս կը կատարուէին այսպիսի ծրագիրներ, որոնց մաս չէր կազմեր Արցախը: Այս բացը գոցելու համար է, որ յառաջացած է յանձնախումբ մը, եւ Արցախի մէջ վարժողական ծրագիրը կամաց-կամաց իրականութիւն դարձած է:

«Անցեալ տարի պիտի գայինք, բայց կազմակերպչական շարք մը հարցեր կային, ուստի յետաձգեցինք աւելի լաւ պատրաստուելու համար», կը մանրամասնէ Էմիլիան:

Յունուար 2018-ին մասնակցութեան համար յայտարարութիւն տարածուեցաւ: Արցախի մէջ այս ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողները շատ էին, բայց անոնցմէ ընտրուած է միայն երեք հոգի:

Էմիլիան կ՛աշխատի «Սիներճի սիսթըմզ» ընկերութեան մէջ, իսկ ծրագիրին միւս մասնակիցները` Մանէ Գրիգորեան` Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակին, եւ Սեւակ Ինճէեան` Արցախի Հանրապետութեան բնապահպանութեան եւ բնական հարստութեանց նախարարութեան մէջ:

Երիտասարդները ոլորտներ ընտրած են իրենց մասնագիտութիւններուն եւ նախասիրութիւններուն հիման վրայ: Վարժողական ծրագիրը պիտի տեւէ վեց շաբաթ` յունիսի վերջաւորութենէն մինչեւ օգոստոսի սկիզբը:

Երիտասարդները գոհ են ծրագիրի ընթացքէն, իրենց ստացած գիտելիքներէն ու ձեռք բերած փորձառութենէն եւ յոյս ունին, որ այս կարելիութեան շնորհիւ ո՛չ միայն աւելի լաւ պիտի ճանչնան Արցախն ու արցախցիները, այլեւ պիտի կարենան առաւել մասնագիտանալ իրենց բնագաւառներուն մէջ` նոր փորձառութիւն եւ մասնագիտական որակ ձեռք բերելով:

 Նախագահ Արմէն Սարգսեան Այցելեց Անուանի Նկարիչ Մինաս Աւետիսեանի Արուեստանոցը

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը  այցելեց մեծանուն նկարիչ Մինաս Աւետիսեանի տունը` շնորհաւորելով անոր այրին, զաւակները եւ թոռները` մեծ նկարիչին ծննդեան 90-ամեակին առիթով:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմէն յայտնեցին, որ նախագահը դիտած է Մինասի քանի մը գործերը, զրուցած` ընտանիքի անդամներուն հետ եւ լսած է անոնց պատմութիւնները` Մինասի մասին:

Այնուհետեւ նախագահ Արմէն Սարգսեանը այցելած է նկարիչին արուեստանոցը, ուր այսօր կը ստեղծագործէ անոր որդին` նկարիչ Նարեկ Աւետիսեանը:

Հաղորդենք, որ նախագահը դիտած է անոր կտաւները, եւ զրուցած` հայ ժամանակակից արուեստի զարգացման միտումներուն մասին:

Ամերիկահայ Բեմադրիչը Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Ժապաւէն Պիտի Նկարահանէ Հայաստանի Մէջ

Ամերիկահայ բեմադրիչ Ռոպերթ Դերանեանը մտադիր է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան մասին ժապաւէն նկարահանել Հայաստանի մէջ: Ան կ՛ուզէ ժապաւէնին մէջ ներգրաւել ինչպէս արտասահմանցի, այնպէս ալ հայ դերասաններ:

Այս եւ «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին մասնակցութեան մասին «Արմենփրես»-ի թղթակիցը զրուցած է Դերանեանին հետ:

«Կը ձգտիմ պատմական-վաւերագրական կողմէ ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Շարժանկարը հիմնուած պիտի ըլլայ յուշագրութեան մը վրայ: Հետս Հայաստան պիտի բերեմ ստեղծագործող եւ նկարահանող անձնակազմը, բայց կ՛ուզեմ ժապաւէնին մէջ ընդգրկել նաեւ հայ դերասաններ», ըսած է ան:

Ըստ բեմադրիչին, պիտի ստեղծեն գիւղի պատկեր, ուր տեղի ունեցող գործողութիւնները ցոյց պիտի տան, թէ ի՛նչ կատարուած է 1915-ին: «Կ՛ուզեմ, որ մարդոց լայն շրջանակը իմանայ այդ պատմական իրողութեան մասին», ընդգծած է ան:

Անդրադառնալով այս տարի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնի մասնակցութեան` Դերանեան ըսած է, որ առաջին անգամ ըլլալով փառատօնին մաս կը կազմէ, բայց նախապէս բազմիցս եղած է Հայաստանի մէջ:

«Այն ժապաւէնը` «Թապուն»-ը, որ այս տարի ներկայացուցած եմ շարժապատկերի փառատօնի հայկական համայնապատկեր բաժինին մէջ, շատ կը նմանի Ռոմէոյի եւ Ժիւլիէթի պատմութեան: Թեման Հայաստանն ու Թուրքիան են: Փորձած եմ աւելի թարմ եւ երկու տեսանկիւնէ ներկայացնել 1915-ին կատարուած իրադարձութիւնները եւ անոնց ազդեցութիւնը` ներկայ սերունդին վրայ: Ժապաւէնին մէջ ամերիկահայ ուսանողը կը սիրահարի թուրք ուսանողին հետ: Աղջիկը, ի տարբերութիւն տղայէն, աղօտ պատկերացում ունի կատարուած դէպքերուն մասին», ներկայացուցած է Դերանեանը:

Բեմադրիչը նշած է, որ շարժանկարը ցուցադրուած է Քալիֆորնիոյ եւ Ֆլորիտայի մէջ: «Չեմ կրնար ըսել հանդիսատեսի շարքերուն մէջ եղա՞ծ են թուրքեր, թէ՞ ոչ, բայց հայ արուեստասէրները շատ հաւնած էին»:

Այս պատմութեան մէջ չի ժխտուիր Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Խնդիրը հետեւեալն է. այնպէս ըսուած ու պատմուած է անոր մասին, որ դիմացինը կարենայ ընկալել զայն: Ժապաւէնին մէջ չեմ ըսեր, թէ թուրք աղջիկը ի վերջոյ կը հասկնա՞յ կատարուածը, թէ՞ ոչ:

Կը կարծեմ, որ արդար եւ ազատամիտ թուրքերը ի վերջոյ պիտի ընդունին եղելութիւնը, եզրափակած է բեմադրիչը:

Հանրայայտ Շարժապատկերի Գործիչները Կը Դառնան «Ոսկէ Ծիրան»-ի Դեսպաններ Ամբողջ Աշխարհի Տարածքին

«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի 15 տարուան կարեւորագոյն ձեռքբերումը այն է, որ հանրայայտ բեմադրիչները պարբերաբար կը վերադառնան «Ոսկէ ծիրան» եւ կը դառնան փառատօնի դեսպանները ամբողջ աշխարհի տարածքին: Այս մասին 15 յուլիսին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է փառատօնի տնօրէն Սուսաննա Յարութիւնեանը:

Պարսիկ յայտնի բեմադրիչ եւ խաղարկային ժապաւէններու դատական կազմի նախագահ Ասղար Ֆարհատին ըսած է, որ խաղարկային մրցումին մէջ ընդգրկուած 12 շարժանկարները բաւականին բազմազան ու հետաքրքրական էին: Անդրադառնալով յաղթած «Հրաբուխ» եւ «Ֆորտունա» ժապաւէններուն` ան խոստովանած է, որ երկար քննարկումներէ ետք ընտրուած են ասոնք: «Հրաբուխ»-ը իւրայատուկ շարժանկարի լեզու ունի եւ անիկա լի է կախարդական իրականութեամբ: «Ֆորտունա»-ի բեմադրութիւնը շատ յաջող էր, հրաշալի դերասանական խաղ կար, եւ բեմադրիչը կրցած էր ստանալ ցանկալի պաղ մթնոլորտը», ընդգծեց Ֆարհատին:

Խօսելով «Ոսկէ ծիրան» փառատօնէն ստացած տպաւորութիւններուն մասին` բեմադրիչը նշած է, որ շատ սիրած է այն հանգամանքը, որ անիկա զերծ է ձեւականութիւններէ եւ պաշտօնականութիւններէ: «Շեշտը դրուած է արուեստասէրներու եւ շարժապատկերի գործիչներու հաղորդակցման վրայ: Հրաշալի դրական մթնոլորտ կը տիրէր», անկեղծօրէն նշած է ան:

Վաւերագրական ժապաւէններու դատական կազմի անդամ Ալեքսէյ Վախրուշեւը յայտնած է, որ դատական կազմին` անդամները ուղղակիօրէն եզրակացութեան չեն եկած, սակայն յաղթած է համերաշխութիւնը: «Ընտրուած շարժանկարները ստեղծած են երիտասարդ հեղինակները` մեծ մարդոց մասին: Այդ ժապաւէններուն մէջ անհաւատալի սէր կայ, կը բացակայի հեռաւորութիւնը բեմադրիչին եւ դերակատարներուն միջեւ», ըսած է Վախուշեւը` աւելցնելով, որ կը սիրէ Հայաստանը, Երեւանն ու հայ ժողովուրդը, եւ յոյս յայտնեց, որ անգամ մը եւս կու գայ Հայաստան:

Վաւերագրական ժապաւէններու դատական կազմի անդամ Թամարա Ստեփանեանը ըսած է, որ շարժանկարները շատ հետաքրքրական են ու նոր մօտեցումներ կ՛առաջարկեն: «Դժուար էր 13 լաւ ժապաւէններէն ընտրութիւն կատարել: Շատ լաւ էին վեցը: Նախատեսուած էր երկու հատը ընտրել, բայց, քանի որ ժապաւէնները չափազանց լաւ էին, յաղթեցին երեքը: Այդ ժապաւէններուն մէջ կը բարձրանայ հերոսներու արժանապատուութիւնը, եւ ժապաւէններու միջոցով մենք կը գնահատենք ու կը սիրենք տարեցները», եզրափակած է ան:

Շարժապատկերի հանդէպ երկար տարիներու ծարաւի ու սիրոյ պատճառով 2004-ին հիմնադրուած է «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը: Անիկա երազ մըն էր, գաղափար մը, որ ծնած է երեք հոգիի միտքերուն մէջ. այդ մարդիկն են` բեմադրիչ եւ փառատօնի գլխաւոր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանը, շարժապատկերի քննադատ եւ փառատօնի ծրագիրի ղեկավար Միքայէլ Ստամպոլցեանը եւ շարժապատկերի քննադատ ու փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեանը:

Փառատօնը որդեգրած է «Մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկ» կարգախօսը: Նպատակը մշակութային կամուրջներ կառուցելն ու տարբեր երկիրներու միջեւ երկխօսութիւն ստեղծելն է:

Առաջին Անգամ Ըլլալով Հայ Ունկնդիրին Ներկայացուած Են Սենեկային Վոքալ-Սիմֆոնիք Չորս Ստեղծագործութիւններ

Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը եւ Հայաստանի պետական սենեկային երգչախումբը 2017-2018 համերգաշրջանը եզրափակած են ինքնատիպ ելոյթով մը:

20 յուլիսին սենեկային նուագախումբը, որուն գեղարուեստական ղեկավարը եւ գլխաւոր խմբավարն է Վահան Մարտիրոսեանը, եւ սենեկային երգչախումբը, որուն գեղարուեստական ղեկավարը եւ գլխաւոր խմբավարն է Ռոպերթ Մլքէեանը, ելոյթ ունեցած են Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, խմբավար Ռոպերթ Մլքէեանի ղեկավարութեամբ, ներկայացնելով սենեկային վոքալ-սիմֆոնիք ստեղծագործութիւններու անդրանիկ ներկայացումը: Այս մասին  յայտնած են սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Համերգային երեկոյին ընթացքին հնչած են հայաստանեան անդրանիկ ներկայացումներ: Չորս ստեղծագործութիւններ, որոնք հեղինակած են Հայտընը եւ Մոցարթը, որոնք հանրութեան ներկայացուած են առաջին անգամ ըլլալով:

Նշենք, որ սենեկային երգչախումբը տարեկան ամէնէն քիչը 25 երգահանդէս կը ներկայացնէ Հայաստանի մէջ, իսկ արտերկիրներու երգահանդէսները անհամար են:

Սփիւռքի Հայ Համայնքներու Մշակութային Օրերը Հայաստանի Մէջ

Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ պիտի իրականացուի «Սփիւռքի հայ համայնքներու մշակութային օրերը Հայաստանի մէջ» ձեռնարկը: Թանգարանի Դիմատետրի էջէն տեղեկացանք, թէ յուլիս 26-ին կայանալիք համերգը նուիրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ մայրաքաղաք Երեւանի 2800-ամեակին:

Համերգին պիտի մասնակցին «Երազանք» երգչախումբը` Էսթոնիայէն,  «Աստղիկներ» երգչախումբը` Միացեալ Նահանգներէն, դաշնակահարուհի Սիոնա Առաքելեանը` Իրանէն,  Հայաստանէն` սոփրանօ Լիլիթ Դաւթեանը, դաշնակահարուհի Յասմիկ Յովսէփեանը,  «Հայ միւզիք» համոյթը, «Գառնի» համոյթը: Ծրագրին մէջ պիտի հնչեն հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները: Նշենք նաեւ, որ մուտքը ազատ է:

Պոլսահայ Ստեփան Պալըք Վանաձորցի Ընտանիքին Բնակարան Նուիրեց

Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեանին օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ «Ձեռք մեկնիր եղբօրդ» բարեգործական ծրագիրով գնուած 22-րդ բնակարանի յանձնման արարողութիւնը:

Սրբազան հօր խնդրանքին ընդառաջելով` բնակարանը գնուեցաւ պոլսահայ Ստեփան Պալըքի կողմէ եւ իբրեւ նուէր յատկացուեցաւ Վանաձորի Ս. Փեթերսպուրկ տնակային աւանին մէջ բնակող Սուրէն Նալպանտեանի ընտանիքին` ի յիշատակ պոլսահայ Արմէն Պալըքի:

Յայտնենք, որ Նալպանտեան ընտանիքը բաղկացած է 5 անձերէ եւ կ՛ապրէր փոքրիկ, նեղ, տարրական պայմաններէ զուրկ 27 քառակուսի մեթր թիթեղաշէն տնակի մը մէջ:

Ձմերուկի 6-րդ Փառատօնը

Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւանեան ամառ 2018» եռամսեայ ձեռնարկներու ծիրին մէջ յուլիս 22-ին Կարապի լիճի յարակից տարածքին սկիզբ առաւ բազմաթիւ երեւանցիներու եւ զբօսաշրջիկներու կողմէ սիրուած եւ սպասուած ձմերուկի 6-րդ փառատօնը:

Յայտնենք, որ արդէն աւանդական դարձած փառատօնի ծիրին մէջ հիւրերուն եւ մասնակիցներուն համար նախատեսուած էր հաճելի եւ հետաքրքրական ժամանց, որոնցմէ են` շքերթ դիմակահանդէսով, որ իրականացուեցաւ Կարապի լիճ – Հիւսիսային պողոտայ – Կարապի լիճ յետագիծով: Տեղի ունեցաւ փառատօնի բացման արարողութիւնը, որուն կը հետեւէին` մրցոյթներ, հիւրասիրութիւն, երաժշտական ծրագիր, ուրախ խաղեր եւ այլն:

Աւարտին պէտք է նշենք, որ մրցոյթներուն յաղթողները արժանացան հետաքրքրական մրցանակներու:

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. Քարոզներ (Ա. Գիրք) (Հեղինակ` Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս)

Յաջորդը

Արտենիսի Միակ Գիւղական Հիւրատան Տէրը Կը Սպասէ Հայաստանի Զբօսաշրջիկներու Այցելութեան

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?