Յօդուածներ

Ազնաւուրը Մեծ Մարդ Էր, Հանճար. Ժերեմի Տելվերը` Հայաստանի, Ազնաւուրի Ու Միւզիքըլում Երգելու Մասին

Ազնաւուրը Մեծ Մարդ Էր, Հանճար. Ժերեմի Տելվերը` Հայաստանի, Ազնաւուրի Ու Միւզիքըլում Երգելու Մասին

ՌՈԶԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Նա ընդամէնը մէկ հայկական երգ երգեց ու այդ երգով կարողացաւ գրաւել աշխարհի բոլոր ծայրերում ապրող հայերի սրտերը: Ֆրանսացի պարիթոն, ֆրանսական Ազգային պահակագնդի երգչախմբի անդամ ժերեմի Տելվերը համահայկական սիրոյ արժանացաւ այն բանից յետոյ, երբ առասպելական Շարլ Ազնաւուրի հոգեհանգստի արարողութեան ժամանակ գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ ներկայացրեց «Հայկական վալս» ստեղծագործութիւնը` չտիրապետելով հայերէնին: Տելվերը Հայաստանում է, Երեւանում մասնակցում է «Քեզ համար, Ազնաւո՛ւր» խորագրով համերգին` այստեղ ներկայացնելով հայերի սրտերը գերած...

Ստացուած Գիրքեր.  «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին»  (Հեղինակ` Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին» (Հեղինակ` Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մոնրէալի մէջ 2018-ին լոյս տեսաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին» գիրքը, բաղկացած` 217 էջերէ: Գիրքին հրատարակութիւնը իրականացած է Լոս Անճելըսի «Արարատ» տան Էսքիճեան թանգարանի մեկենասութեամբ, որուն հեղինակը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ: Հարպոյեան գիրքը ձօնած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած իր հօր ու մօր` Թորոս եւ Մարթա Հարպոյեաններուն: Գիրքը կը բացուի Քանատայի հայոց...

Խմբագրական «Հայրենիք »-ի.  Ռազմավարութին… Եւ Ռազմագիտութիւն

Խմբագրական «Հայրենիք »-ի. Ռազմավարութին… Եւ Ռազմագիտութիւն

Տարբեր բառեր են ռազմավարութիւնն ու ռազմագիտութիւնը, որոնց մասին յատուկ դասընթացներ կը տրուին ռազմական բնագաւառէն ներս մասնագիտացող բանակայիններու, քաղաքագէտներու եւ ռազմագէտներու: Վերջին շաբաթներուն Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան ժամանած պետական պատուիրակութիւններու եւ քաղաքագէտներու այցելութիւնները թէ՛ ռազմավարական եւ թէ՛ ռազմագիտական բնոյթ ունէին: Հաւանաբար Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւններուն մեկնակէտն էր ռազմավարութիւնը, սակայն նկատի ունենալով անոնց գործընթացն ու յատկապէս անցեալի գործունէութիւնը, առանց յստակօրէն արտայայտուելու, անոնք կը բացայայտէին,...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Զրոյցի Պէս. Լրատուամիջոց, Հրապարակախօսութիւն, Գրականութիւն Եւ Մենք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ընկերութիւններու հաղորդակցութեան հրաշք միջոցը լեզուն է, նոյնիսկ` կոյրերու եւ համրերու համար: Անորակ լեզուով ո՛չ ճիշդ լուր կը հաղորդուի, ո՛չ թափանցող հրապարակախօսութիւն կ՛ըլլայ, ո՛չ ալ գեղեցիկ գրականութիւն կը մշակուի: Խնամուած եւ պատշաճ լեզուով կատարուած լրատուութիւնը` թերթ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, կը գտնուի գրականութեան շեմին: Ապաշնորհ լեզուով սփռուած լուրը անարգանք է հասարակութեան հանդէպ: Իսկ որակաւոր հրապարակախօսութիւնը գրեթէ գրականութիւն է, յաճախ` լիիրաւ: Յիշենք...

Գիրքի Շնորհահանդէս – Գինեձօն «Armenia  And Soviet Turkish Relations In Diplomatic Documents, 1945-1946»

Գիրքի Շնորհահանդէս – Գինեձօն «Armenia And Soviet Turkish Relations In Diplomatic Documents, 1945-1946»

Կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Արման Կիրակոսեանին հեղինակած ու 2018-ին հրատարակուած «Armenia and Soviet Turkish Relations in Diplomatic Documents, 1945-1946» գիրքին շնորհահանդէս-գինեձօնը: Հայկական հարցի նորագոյն պատմութեան մէջ գիտական այս աշխատութիւնը կու գայ լուսարձակի տակ առնելու միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ յատկապէս Խորհդային Միութեան եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն ընթացքն ու...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Որոշումը Կայացուելու Է Արցախում

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Որոշումը Կայացուելու Է Արցախում

Թրամփեան Ամերիկայի շունչը անցեալ շաբաթուայ ընթացքում զգաց նաեւ Կովկասի տարածաշրջանը: Անվտանգութեան հարցերով Միացեալ Նահանգների նախագահի խորհրդական Ճոն Պոլթընը թրամփեան Ամերիկայի հռետորաբանութեամբ այցելեց տարածաշրջան` Վրաստանին, Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին հրամցրեց ամերիկեան շահը գերակայող քաղաքականութեան «առաջարկները», որոնք, ըստ էութեան, ոչ թէ առաջարկ էին, այլ` սպառնալիքով համեմուած թելադրանք: Ինչքան էլ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան պատասխանատուները պնդեն, թէ Պոլթընի ասուլիսներում հնչեցրած մտքերը պաշտօնական բանակցութիւնների...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. Էջմիածինի Անտառը Եւ Գաղթականները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ստորեւ կը ներկայացնենք «Զանգ»-ի «Ընթացիկ կեանք» բաժինին մէջ «Արտօս» ստորագրութիւնը կրող թղթակցութիւնը` Կովկասի մէջ Գերմանիոյ ներկայացուցիչ զօրավար Ֆրետերիք Ֆրայհըր Քրես վոն Քրեսենշթայնի պատուիրակութեան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի առաջին նիստին ներկայ գտնուելու առիթով Էջմիածին կատարած այցելութեան մասին, ուր, սակայն, յօդուածագիրը աւելի լայն տեղ յատկացուցած է Էջմիածին գտնուող գաղթականներուն ցաւալի վիճակը նկարագրող (1): Յատկանշական է, որ այս այցելութեան Քրեսին  կ՛ընկերակցէր թուրք...

Ազգային Մտաւորականութեան Անհրաժեշտութիւնը

Ազգային Մտաւորականութեան Անհրաժեշտութիւնը

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ Պատմական գիտութիւնների դոկտոր Մեր պետականութեան համար, այս բախտորոշ ժամանակաշրջանում, իր ազդեցիկ խօսքը պէտք է ասի հայ ազգային մտաւորականութիւնը: Ցաւօք հէնց ազգային մտաւորականութիւնն էլ հանդիսանում է ներհայաստանեան կեանքի ամենաթոյլ օղակը, եթէ, ի հարկէ, ասելու չլինենք, որ ըստ էութեան ազգային մտաւորականութիւնը բացակայ է: Ընդհանրապէս հասարակութիւնը մտաւորականութեան արտացոլանքն է: Թերեւս կարիք չկայ պատմութիւնից օրինակներ բերելու, թէ ի՛նչ հզօր, կազմակերպուած, ծանրակշիռ ուժ...

Լրագրողների Լռեցման Աւանդոյթը Թուրքիայում  (Հասան Ֆեհմիից Մինչեւ Հրանդ Տինք)*

Թուրքիոյ Մէջ Կանգուն Մնացած Սեմեն Եայլայի Եկեղեցին Վերանորոգման Կարիք Ունի

Պատրաստեց ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆԸ Ներկայիս Թուրքիոյ Արդուինի եւ Կիրասոնի բնակիչներուն կողմէ որպէս մզկիթ օգտագործուող Սեմեն եայլայի եկեղեցին մարտահրաւէր նետած է ժամանակին: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները: Աղբիւրին համաձայն, սոյն եկեղեցին ամառնային ամիսներուն որպէս մզկիթ կ՛օգտագործուի եայլաներ բարձրացող տեղացիներու կողմէ: Եկեղեցւոյ շուրջ գտնուող տուներուն մէջ բնակողները կը փորձեն պահպանել եւ այցելուներուն ներկայացնել այս պատմական կառոյցը: Սեմենի եկեղեցւոյ այցելուներէն Պիւլենթ...

«Մենք Որպէս Առաջնորդարան Եւ Լիբանանահայութիւն` Վերադասաւորումի, Վերաորակաւորումի Եւ Մեր Ուժերը Հաւաքելու Մարտահրաւէրին Դիմաց Կը Գտնուինք»  Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

«Մենք Որպէս Առաջնորդարան Եւ Լիբանանահայութիւն` Վերադասաւորումի, Վերաորակաւորումի Եւ Մեր Ուժերը Հաւաքելու Մարտահրաւէրին Դիմաց Կը Գտնուինք» Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2018-ին «Վանայ Ձայն»-ի «Բաց քննարկում» յայտագիրին ընթացքին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան անդրադարձաւ Լիբանանի հայոց թեմի գործունէութեան եւ իր աշխատանքներուն: Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Րաֆֆի Տեմիրճեանը: Հարցազրոյցը իր ամբողջութեան մէջ կը հրատարակենք երկու յաջորդական էջերով: «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Սրբազա՛ն հայր, նախ պիտի խնդրենք, որ ներկայացնէք Հայ եկեղեցի եւ ժողովուրդ հասկացողութիւնները: ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ.- Երբ հայ...

Դոկտ. Յակոբ Ա. Եագուպեանին Արտասանած Խօսքը` Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպած` Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւատրման Հանդիսութեան Ընթացքին

Դոկտ. Յակոբ Ա. Եագուպեանին Արտասանած Խօսքը` Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպած` Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւատրման Հանդիսութեան Ընթացքին

Նախ թոյլ տուէք, որ սրտանց շնորհաւորեմ ձեզ, պաքալորէայի գերազանց արդիւնքներ եւ հայոց լեզուի բարձրագոյն նիշեր ապահոված ուսանողուհիներ եւ ուսանողներ: Գիտեմ եւ կ՛ընդունիմ, որ այսպիսի փայլուն արդիւնքներու տիրանալը որքա՜ն ժրաջան աշխատանք եւ զոհողութիւն պահանջած է ձեզմէ: Կը մաղթեմ, որ նոյն թափով շարունակէք ձեր կրթաուսումնական ընթացքի յաջորդ փուլերը: Կը շնորհաւորեմ նաեւ ձեր հարազատները, ինչպէս նաեւ` ձեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներն ու տնօրէն-տնօրէնուհիները: Իրապէս ուրախ եւ...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Էրտողանի Կապուած Կաշառակերութեան Ուրիշ Հսկայական Գայթակղութիւն Մը. Այս Անգամ` Միացեալ Նահանգներու Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Շաբաթ չ՛անցնիր` առանց մեծ գայթակղութեան մը բացայայտման, Ազրպէյճանի կամ Թուրքիոյ մէջ: Վերջին նման գայթակղութիւն մը բացայայտուած է Սթոքհոլմի «Ազատութեան կեդրոն»-ի յօդուածին մէջ, թուրք վտարանդի գրող Ապտուլլա Պոզքուրթի գրած` «Եութայ նահանգի դատական գործը յաւելեալ կեղտ կը մատնանշէ Թուրքիոյ Էրտողանի վրայ» վերնագիրով: Յօդուածին մէջ ցոյց տրուած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի փտածութեան...

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին

Ո՛չ, Սիրելի՛ Լիբանան

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ Լիբ. կանանց մարմնի անդամ Նախորդ շաբաթներուն շրջան ընող լուրերուն համաձայն, երեսուն նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան մէջ հայերու չափաբաժինի խախտում մը խնդրոյ առարկայ էր: Արդարեւ, կը նշուէր, որ հայերուն պիտի վերապահուէր մէկ նախարարական աթոռ, երկուքի փոխարէն, ինչպէս որ եղած էր միշտ, ըստ Թաէֆի համաձայնութեան: Երկրորդ աթոռը փոքրամասնութիւններուն տրամադրելու մասին կը խօսուէր: Ողջունելի է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական...

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Սահմանադրական Գործընթացի Իրական Նորմերը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը ձեւաւորուած է Արեւմտեան ժողովրդավարական կարգերու էական սկզբունքներով: Ան կը ձգտի քաղաքական հակամարտ ուժերու խաղաղ հաւասարակշռութեան: Ան չի ջնջեր տարբերութիւնները: Չի խեղդեր հակադրութիւնները: Հակառակ յաճախ յեղյեղուած եւ ոչ-գիտակ կարծիքներու, ան նաեւ, ինքնըստինքեան, չի ներկայացներ ազգային ընդհանուր համաձայնութիւնը: Ան օրինակարգուած բեմ կը հայթայթէ հակընդդէմ ուժերուն, որպէսզի այս վերջինները ԿԱՐՈՂԱՆԱՆ դարբնել այդ համաձայնութիւնը ամէնօրեայ փոխներգործութեամբ: Յիշեալ փոխներգործութեան անունը, սիրելի՛...

Դաշնակցութիւնը Հաւատարիմ Է Իր Սկզբունքներին Եւ Իր Ժողովրդին

Դաշնակցութիւնը Հաւատարիմ Է Իր Սկզբունքներին Եւ Իր Ժողովրդին

Հայաստանի Աժ ՀՅԴ Խմբակցութեան Պատգամաւոր Սուրէն Մանուկեանի Ելոյթը Ազգային Ժողովի Յատուկ Նիստին Վերջին ժամանակներում որոշ քաղաքական գործիչների մօտ անհասկանալիօրէն աշխուժացել է հակադաշնակցական ջղագարութիւնը: Թէեւ օրեր կը պահանջուի ամբողջութեամբ եւ լիարժէք ներկայացնելու համար Դաշնակցութեան դերը` ազգային գաղափարախօսութեան եւ հայապահպանութեան գործում, սակայն հարկ եմ համարում եւս մէկ անգամ հակիրճ ներկայացնել նորանկախ Հայաստանի ծննդեան, նրա հետագայ առաջընթացի, զարգացման գործընթացում Դաշնակցութեան կատարած աշխատանքների մասին:...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Քարկոծուած, Բայց Վերակենդանացած

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներուն մէջ 2016-ի նախագահական ընտրութիւններուն Տանըլտ Թրամփի յաղթանակէն ետք, ան իր աջակողմեան ամբոխավարութեան վրայ հիմնուած նախագահական քարոզարշաւէն ետք ոգեւորեց նաեւ աշխարհի չորս անկիւնները գտնուող ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւնները: Իր (Թրամփի) նախագահ ընտրուելէն ետք, Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելցան ցեղային հիման վրայ կատարուած ոճիրները, ցեղի, կրօնի կամ գոյնի հիմքի վրայ հրահրուած ատելութիւնները: Նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ժամանակաշրջանին, Թրամփի հնչեցուցած խօսքերը հիմնուած...

Նամականի

Նամականի

ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՄԵԼԷՔԵԱՆ Յարգելի՛ «Ազդակ»-ի խմբագրութիւն, Սոյն նամակով կ՛ուզեմ անդրադառնալ գաղութին մէջ հիւանդութեան պէս տարածուող երեւոյթի մը, որ օրին զաւեշտի ձեւով կը դիտուէր թէ՛ ղեկավարութեան եւ թէ՛ հաւաքականութեան կողմէ, սակայն տարիներու ընթացքին նոյն երեւոյթին անտեսումը պատճառ դարձաւ, որ անիկա վերածուի վարակիչ հիւանդութեան եւ դառնայ անբուժելի: Մեր հաւաքականութեան մէջ օրէ օր կը շատնայ սուտը, խեղաթիւրուածը, իրականութեան հետ երբեք կապ չունեցողը տարածող...

«Ֆինէյճընթ.Ամ»ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի Տնտեսական Հետազօտութիւնների Գրասենեակի Պատասխանատու, Տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեանի Հետ

«Ֆինէյճընթ.Ամ»ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի Տնտեսական Հետազօտութիւնների Գրասենեակի Պատասխանատու, Տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեանի Հետ

«Կառավարութեան Տնտեսական Հատուածի Ծրագրերում Զգալի Դեր Խաղաց Հակափտածութիւն Պայքարը» «ՖԻՆԷՅՃԸՆԹ.ԱՄ».- Ինչպէ՞ս էք գնահատում կառավարութեան կատարած աշխատանքը եւ ծրագիրը, նաեւ տնտեսական նախաձեռնութիւնները: ՍՈՒՐԷՆ ՊԱՐՍԵԱՆ.- Միանշանակ պատասխան դժուար է տալ: Այս յունիսին Ազգային ժողովը հաստատեց նոր կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրը, որը նախորդ կառավարութիւնների գործունէութեան ծրագրերից էականօրէն տարբերւում էր, յատկապէս այն հանգամանքով, որ այդ ծրագրի մէջ որեւէ քանակական ցուցանիշ նպատակադրուած չէր, դրանք պարզապէս բացակայում...

ՀՄԸՄի Հարիւրամեակի Շքեղ Հանդիսութիւն Կլենտէյլի Մէջ

Կիրակի, 28 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5ին, Կլենտէյլ «Հայ սքուլ»ի հանդիսասրահին մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ մէջ, ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու եզրափակիչ հանդիսութիւնը: Ներկայ էին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, նահանգային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարճըր, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան եւ քաղաքա-պետական խորհուրդի անդամներ Փօլա Տիվայն եւ Վարդան Ղարպետեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Վիգէն Եագուպեան եւ Յակոբ...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Հայաստանի բաց սահմանները փակելու եւ փակ սահմանները բանալու արկածախնդրութիւնը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Առաջնորդելու կոչուած ղեկավարի մը պարտականութիւնն է ախտաճանաչումը կատարել, վերլուծել եւ քննել առկայ քաղաքական որեւէ իրավիճակ, որ կառնչուի երկրի անվտանգութեան ու բարօրութեան։ Ուստի, պէտք է հասկնալի համարել Ազգային Ժողովի լուծարումէն առաջ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի նկատողութիւնները Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ։ Մեկնակէտ ունենալով Հայաստանի դէպի ծով ելք չունենալու (landlocked) հանգամանքը, Պրն. Փաշինեան նկատեց, «Հայ-իրանական սահմանը դե ֆակտօ ամէն պահի...

Page 641 of 1111 1 … 640 641 642 … 1,111

Արխիւներ