Պատրաստեց ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆԸ
Ներկայիս Թուրքիոյ Արդուինի եւ Կիրասոնի բնակիչներուն կողմէ որպէս մզկիթ օգտագործուող Սեմեն եայլայի եկեղեցին մարտահրաւէր նետած է ժամանակին: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:
Աղբիւրին համաձայն, սոյն եկեղեցին ամառնային ամիսներուն որպէս մզկիթ կ՛օգտագործուի եայլաներ բարձրացող տեղացիներու կողմէ: Եկեղեցւոյ շուրջ գտնուող տուներուն մէջ բնակողները կը փորձեն պահպանել եւ այցելուներուն ներկայացնել այս պատմական կառոյցը:
Սեմենի եկեղեցւոյ այցելուներէն Պիւլենթ Աքչայը առաջին անգամ տեսնելով այս շինութիւնը` շեշտած է, որ միաժամանակ երկու նահանգներու համատեղ արժէքը եղող սոյն կառոյցը հարկ է վերականգնել` տուեալ շրջաններու մէջ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով:
Հարկ է նշել, որ Սեմեն աւանին մէջ 1900-1920 թուականներուն մօտ 5000 յոյն կը բնակէր: 1915-1920 թուականներուն տուեալ շրջանի յոյն բնակիչներու մէկ մասը բռնի կերպով տեղահանուած է Հալէպ, իսկ միւսը` Յունաստան: Յայտնի է նաեւ, որ Սեմենի եայլայի մէջ աճող առանձնայատուկ սալորէն կը պատրաստուէր գինի, որ կ՛արտահանուէր եւրոպական երկիրներ: Հակառակ բնութեան բոլոր արհաւիրքներուն` կանգուն մնալ յաջողած Սեմենի եկեղեցւոյ տանիքը կառուցուած է 1900-1910 թուականներուն` լաւագոյն յոյն վարպետներու կողմէ, յատուկ Մարսէյլէն բերուած կղմինտրներով: