ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
Լիբ. կանանց մարմնի անդամ
Նախորդ շաբաթներուն շրջան ընող լուրերուն համաձայն, երեսուն նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան մէջ հայերու չափաբաժինի խախտում մը խնդրոյ առարկայ էր: Արդարեւ, կը նշուէր, որ հայերուն պիտի վերապահուէր մէկ նախարարական աթոռ, երկուքի փոխարէն, ինչպէս որ եղած էր միշտ, ըստ Թաէֆի համաձայնութեան: Երկրորդ աթոռը փոքրամասնութիւններուն տրամադրելու մասին կը խօսուէր:
Ողջունելի է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին կողմէ այս առնչութեամբ տարուած աշխատանքը` հայութեան իրաւունքներու արդար պաշտպանութեան եւ կառավարութեան մէջ անոր ճշգրիտ ներկայացուցչութեան առումով, ինչպէս նաեւ հայութեան չափաբաժինէն փոքրամասնութիւններուն տալու քայլին մերժումը:
Ո՛չ, սիրելի՛ Լիբանան:
Փոքրամասնութիւններուն նախարարական աթոռ մը տրամադրելը շատ դասական երեւոյթ է, իսկապէս գնահատելի ու քաջալերելի, սակայն անիկա պէտք չէ ըլլայ հայ համայնքի հաշուոյն:
Հայ համայնքը կը կազմեն այն բոլոր լիբանանցիները, որոնք երեսնամեայ պատերազմին պաշտպանեցին Լիբանանի բոլոր շրջանները` պահպանելով լիբանանեան միասնականութիւնն ու ինքնութիւնը: Քաղաքական պատերազմի թէժ ու վատ օրերուն հայերը կը փորձէին պահել հաւասարակշռութիւնը բոլոր լիբանանեան համայնքներուն միջեւ` տարբեր կրօնական դաւանանքներու, միշտ հաշտարարի դերեր ստանձնելով, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը պիտի վտանգէր իրենց էութիւնը եւ կեանքը, միշտ ի մտի ունենալով պահել Լիբանանը մէկ հայրենիք, բոլորին` հայուն, քրիստոնեային, իսլամին եւ ընդհանրապէս բոլորին:
Հայ համայնքը կը կազմեն այն լիբանանցիները, որոնք իրենց «մեծ» փոքրամասնութեամբ կռուեցան` պաշտպանելու լիբանանեան հողերը արտաքին թշնամիներէն եւ մինչեւ այսօր կը ծառայեն լիբանանեան բանակին մէջ իրենց բարձր եւ խիզախ նկարագիրներով:
Հայ համայնքը կը կազմեն այն լիբանանցիները, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած եւ օգնած են լիբանանեան ճարտարարուեստի, վաճառականութեան եւ գիտութեան բարգաւաճման: Հայ արուեստագէտները իրենց բացառիկ յաջողութիւններով եւ արժանավայել կեցուածքներով պատիւ բերած են Լիբանանին եւ հայութեան` աշխարհի չորս ծագերուն: Միշտ պէտք է յիշել, որ այս յաջողած դէմքերը Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած եւ անկէ ճողոպրած հայ մանուկներէն սերած անձերն են, անոնց զաւակները, թոռները կամ ծոռերը, որոնք միասնաբար կերտեցին այսօրուան Լիբանանը, զոր բոլորս միասին կը կոչենք հայրենիք, անշուշտ` միշտ մեր սրտերուն մէջ ունենալով Հայաստանի հեռանկարը:
Ո՛չ, սիրելի՛ Լիբանան, հայրենի՛ք, ուր մենք բոլորս կը գործենք որպէս հարազատ եւ արդար քաղաքացիներ, ինչո՞ւ զրկել այս հայ «մեծ» փոքրամասնութիւնը իր արդար եւ արժանի իրաւունքներէն. չափաբաժինի խախտումը կարմիր գիծ է համայն լիբանանահայութեան համար:


