Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքի Շնորհահանդէս – Գինեձօն «Armenia And Soviet Turkish Relations In Diplomatic Documents, 1945-1946»

November 6, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Արման Կիրակոսեանին հեղինակած ու 2018-ին հրատարակուած «Armenia and Soviet Turkish Relations in Diplomatic Documents, 1945-1946» գիրքին շնորհահանդէս-գինեձօնը: Հայկական հարցի նորագոյն պատմութեան մէջ գիտական այս աշխատութիւնը կու գայ լուսարձակի տակ առնելու միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ յատկապէս Խորհդային Միութեան եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն ընթացքն ու զարգացումը Հայկական հարցին նկատմամբ:

Ձեռնարկին սկիզբը բարի գալուստի եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ տոքթ. Վրէժ Սահակեանը, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր: Ապա իրաւաբան Գէորգ Յակոբճեանը ամփոփ ձեւով ներկայացուց գիրքին մասերն ու բովանդակութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ գիրքին մէջ տեղ գտած Հայկական հարցի եւ տարածքային խնդիրներու պատմական հոլովոյթին` Սան Սնթեֆանոյի դաշնագրէն մինչեւ Սեւրի, Պրեսթ Լիթովսկիի, Պաթումի, Մուտրոսի, Ալեքսանդրապոլի, Մոսկուայի, Կարսի ու Լոզանի պայմանագրերուն: Դաշնագրերու եւ անոնց հետեւանքներու ներկայացումէն ետք, անդրադարձ կատարուեցաւ 1920-1990 ժամանակաշրջանին Խորհրդային Միութիւն, Խորհրդային Հայաստան եւ Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ այդ յարաբերութիւններու վերիվայրումներուն` շեշտելով 1945-1953 թուականներուն Խորհրդային Միութեան կողմէ Թուրքիայէն Կարսի ու Արտահանի տարածքները պահանջելու գործընթացին ու այս գործընթացի մէջ գերտէրութիւններուն, այս պարագային` Ամերիկայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ դերակատարութիւններուն, Խորհրդային Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան աշխատանքներուն:

Գիրքի ներկայացումէն ետք խօսք առաւ գիրքի հեղինակ դոկտ. Արման Կիրակոսեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»-էն` գիրքին անգլերէն հրատարակութիւնը ստանձնելուն համար, ապա հանգամանօրէն ներկայացուց գիրքին մէջ տեղ գտած արխիւային փաստաթուղթերուն պատմութիւնն ու յաջորդականութիւնը, որոնք կը վերաբերէին թիւ 410 թղթածրարին (1945-ին խորհրդային գերագոյն իշխանութիւններուն թելադրանքով Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ պատրաստուած «Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած տարածքներու» տեղեկագիրին, որմէ օրինակ մը պահուած էր հեղինակին հօր, 1975-1985 Խոհրդային Հայաստանի արտ. գործոց նախարար Ճոն Կիրակոսեանին մօտ, եւ որ այսօր յանձնուած է Հայաստանի Ազգային արխիւին), այս հարցով հրապարակուած միջպետական դիւանագիտական փաստաթուղթերու եւ նամակագրութիւններու վերլուծութիւններ կատարեց այդ օրերուն արձանագրուած դէպքերուն տուն տուած պատճառներուն: Դոկտ. Կիրակոսեանի ելոյթէն ետք տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխան,  ապա` աւանդական գինեձօնի արարողութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

Այս գիրքը միայն պատմական նշանակութիւն չունի, այլ միջազային օրէնքի, միջազգային յարաբերութիւններու եւ Հայ դատի իրաւական ու արդար լուծման տեսակէտէն դիտուած` լուրջ այժմէական եւ ուսուցողական է, որուն համար շնորհակալ ենք հեղինակին եւ «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»-ին:

 

Նախորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Որոշումը Կայացուելու Է Արցախում

Յաջորդը

Զրոյցի Պէս. Լրատուամիջոց, Հրապարակախօսութիւն, Գրականութիւն Եւ Մենք

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.