Յօդուածներ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Յաջող Հայ Երիտասարդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. 128 Տարուան Հայոց Պահապանը

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութիւնը 128 տարի համայն հայութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ եռագոյն դրօշին պահապանը եղած է... Այսօր, երբ Դաշնակցութեան գործունէութեան մասին ժխտական արձագանգներ կը լսեմ, կը զարմանամ մարդոց ապերախտութեան եւ կարճ յիշողութեան վրայ... 1890 թուականէն ետք Դաշնակցութիւնը սէր եւ միութիւն տարածելով` համախմբած է հայութիւնը հայրենիքին շուրջ, մանաւանդ` սփիւռքի մէջ, նոյն ատեն արմատախիլ ըրած է բոլոր տեսակի ազդակները, որոնք...

Հայաստանի Երկրաշարժի 30-ամեակ. Հայաստանի Անօթեւան Երեխաները Մեր Եղբայրներն Ու Քոյրերն Են

Հայաստանի Երկրաշարժի 30-ամեակ. Հայաստանի Անօթեւան Երեխաները Մեր Եղբայրներն Ու Քոյրերն Են

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ 7 դեկտեմբեր 1988 սովորական օր մըն էր Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն եւ սփիւռքահայութեան համար: Մեծերը իրենց աշխատանքային հոլովոյթի եւ տան պարտականութեանց հեւքին մէջ, իսկ ուսման ծարաւ երեխաները` առօրեայ դպրոցական մթնոլորտի մէջ: Յանկարծ Հայաստանէն լսուած երկրաշարժի գոյժը այս օրը դարձուց արտասովոր օրուան. տխուր գիծեր ուրուագծուեցան բոլորին դէմքերուն վրայ` մեծէն պզտիկ, խռոված սրտեր: Մենք` նախակրթարանի աշակերտներս, կը խայտայինք զբօսանքի ընթացքին, երբ...

Հայ Յեղափոխականի Ուղեցոյցը

Հայ Յեղափոխականի Ուղեցոյցը

ԱՐՇԱԿ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ Այս ամէնը` յիշեցման կարգով: Եկէք` դասակարգումների բաժանենք մարդկանց ապրելակերպն ու կենցաղը: Բազմաթիւ պայմաններից եւ պատճառներից ելնելով` մարդը լինում է մի քանի տեսակ: Մարդ կարող է իր գոյութիւնն ամբողջովին տրամադրել սեփական շահերից բխած նպատակներին. իրաւունք է, բայց` ինքնասէր եւ անձնակենտրոն: Կարող է կեանքի ողջ ընթացքում ծառայել իր ընտանիքին, ընկերներին եւ շրջապատին. իրաւունք է եւ երբեմն` օրինակելի: Կարող է նաեւ...

Դաշնակցականները Արհամարհողը Տգէտ Է Եւ Ցեղին Մատնիչ

Դաշնակցականները Արհամարհողը Տգէտ Է Եւ Ցեղին Մատնիչ

ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ ... Ասոնք էին ազգայնականները, դաշնակցականները, որոնք կռուեցան Հայաստանի համար, վասնզի կռիւը իրենց գիտցած միակ ուղին էր պահպանելու համար կեանքը, արժանապատուութիւնը եւ ցեղը: Աշխարհը ատկէ տարբեր միջոց մը չունէր: Միայն զէնքով կ՛ըլլար այդ: Դիւանագէտները ժամանակ չունէին Հայաստանի համար եւ գէշ միջոց մըն էր այդ, Աստուծոյ անիծած ոջլոտ միջոցը, բայց դաշնակցականները մեծ մարդիկ էին եւ ըրին այն, զոր պարտաւոր էին...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Մանիֆեստ . ՀՅ Դաշնակցութեան Օրուան Առթիւ

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Մենք անթիւ ու վէս Ուղեւորներն ենք լուսաւոր յաւերժի, Մեր հայրերը վեհ յանձնած են մեզի Ջահը անցեալի` Զոր կը կրենք մենք Ու կը վառենք յար Մեր բոլոր հոգիէն ժայթքող հուրերով: Մենք հաւատացեալ Ժառանգորդներն ենք դարերու յոյսին, Արիւնն անցեալի, Մեր ծլարձակած երակներուն մէջ, Դիզած է անհաշտ բողոքի պոռթկում. Կնքած է ցասման ու պայքարի ուխտ Եւ խօլ վրէժի երդում աննուաճ... Կիրք...

Խմբագրական.  Հանրապետութեան Համաչափ  Զարգացման  Հրամայականը

Խմբագրական. Հանրապետութեան Համաչափ Զարգացման Հրամայականը

Սպիտակ-Գիւմրիի երկրաշարժի երեսնամեակին առիթով քանի մը դիտարկում կարելի է ընել քաղաքական այն հետեւանքներուն մասին, որոնք թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ հայկական առումով սուր հնչեղութիւն ունեցան: 1988-ին Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումի նախանշանային տուեալները անտեսանելի ձեւով սկսած էին ուրուագծուիլ, երբ բնական աղէտը ցնցեց մեր երկիրը: Մարդասիրական եւ ինչու չէ հայասիրական համաշխարհային շարժումը ալիքային  բարձր մակընթացութիւններ ապահովեց շատ արագ: Անշուշտ այստեղ կար պատահածին ահաւորութիւնը, զոհերուն...

Նորընտիր Խորհրդարանը Լուրջ Ըսելիք Պէտք Է Ունենայ

Նորընտիր Խորհրդարանը Լուրջ Ըսելիք Պէտք Է Ունենայ

ԺԱՆ ԿՈՍԱԿԵԱՆ Դեկտեմբեր 9-ի ընտրութեան քուէարկողներու բացարձակ մեծամասնութինը պիտի քուէարկէ այն խոստումներու ծրարին, որուն գործադրութիւնը կը պատկերացնէ իրագործուած տեսնել շատ մօտիկ ապագային. մենաշնորհներու արմատական կերպով վերացում, օլիկարխներու վերջնականօրէն հեռացում քաղաքական կեանքէն, ընկերային-տնտեսական իրավիճակի կտրուկ բարելաւում եւ դատաիրաւական համակարգի վերակազմաւորում` նոր դատաւորներու նշանակումներու ճամբով: Ահաւասիկ` այն ակնկալիքները, որոնց իրականացման համար մեծ յոյսեր կը փայփայէ ոչ միայն հայաստանաբնակ հայ ընտրողը, այլեւ համայն...

Հաղորդագրութիւն` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 79-րդ Շրջանային Ժողովի

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Լոնտոնի Կոմիտէի

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Ահա կը մօտենայ դեկտեմբերի 9: Օր, երբ տեղի պիտի ունենան մեր հայրենիքի Ազգային ժողովի նոր ընտրութիւնները: Խիստ կարեւոր կը գտնենք ՀՅԴ-ի ներկայութիւնը խորհրդարանական այդ ժողովին: Ժողով, որ պիտի ճշդէ ապագայի քաղաքականութիւնը` հանդէպ Արցախի եւ հայրենիքի անվտանգութեան, պիտի ճշդէ ռազմավարութիւնը` Հայաստանի բնակչութեան ընկերային - տնտեսական արդար ու կայուն զարգացման: Այսօր ՀՅԴ-ն միակ ուժն է, որ հաւատարիմ իր 128-ամեայ պատմութեան...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Գահիրէ Հայաստանի Անկախութեան Եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Նշում 24 նոյեմբերին Գահիրէի «Ինթերքոնթինենթըլ» պանդոկի «Սարայա» սրահին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ  Հայաստանի անկախութեան  եւ ՀՄԸՄ-ի զոյգ հարիւրամեակները: Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Նանոր Գասարճեանը: Շրջանի ներկայացուցիչ տոքթ. Արմէն Մազլումեանը իր խօսքին մէջ վեր առաւ առաջին հանրապետութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ հիմք Խորհրդային Հայաստանին յաջորդած արդի անկախ Հայաստանին: ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի ատենապետ Լեւոն Դելփեանը ամփոփ կէտերու...

Հարցազրոյց` Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեանին Հետ

Հարցազրոյց` Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեանին Հետ

Ն Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան եկած էր Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեանը, որուն հետ «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ` իմանալու ուսանողներուն յատկացուող «Աւրորա» կրթանպաստի եւ համալսարանի վերջին շրջանի գործունէութեան մասին: «ԱԶԴԱԿ».- «Աւրորա» կրթանպաստը ի՞նչ նպատակով կ՛իրագործուի: ԱՐՄԷՆ ՏԷՐ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆ.- Այս գաղափարին հովանաւորներն են Ռուբէն Վարդանեանը եւ իր կինը` Վերոնիքա Զոնապենթը: Անոնք Ռուսիայէն եկած են Հայաստան: Վերոնիքան...

Հայ Աւետ. Քոլեճի 95-ամեակի Պաշտօնական Ճաշկերոյթը

Հայ Աւետ. Քոլեճի 95-ամեակի Պաշտօնական Ճաշկերոյթը

Քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճը, որ 1923-ին հիմնադրուած է եւ 1943-էն ի վեր սեփականութիւնն է Պէյրութի Հայ աւետ. Ա. եկեղեցիին, իր հիմնադրութեան 95-ամեակը նշեց պաշտօնական ճաշկերոյթով մը, Տըպպայէի «Լը Ռուայալ» պանդոկի «Ազուրէա» ճաշարանին մէջ: Պաշտօնական ճաշկերոյթին հանդիսավար Աւօ Թիւթիւնճեանին հրաւէրով Հայ աւետ. Ա. եկեղեցիի հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեանը աղօթք մատուցեց, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ քոլեճի 1967-2017 տարիներու վաստակաւոր տնօրէն, ներկայիս պատուակալ...

Սպիտակի Երկրաշարժին 30-րդ Տարելիցի Յիշատակում Զահլէի Մէջ

Սպիտակի Երկրաշարժին 30-րդ Տարելիցի Յիշատակում Զահլէի Մէջ

Կիրակի, 2 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը  6:00-ին Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ` ի յիշատակ Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին, օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, կազմակերպութեամբ «Արծիւ» շաբաթաթերթի խմբագրութեան, հովանաւորութեամբ ճաշարան «Արեւ»-ի եւ նախագահութեամբ Ճորճ Պուչիկեանի: «Արծիւ»-ի խմբագրութեան անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Եսայի  Հաւաթեանը: Ան անդրադարձաւ Սպիտակի երկրաշարժին պատճառով հայրենի ժողովուրդին ունեցած...

Իզնիկի` Թանգարանի Վերածուած Այա Սոֆիա Եկեղեցին Ողբալի Վիճակի Մէջ Կը Գտնուի

Իզնիկի` Թանգարանի Վերածուած Այա Սոֆիա Եկեղեցին Ողբալի Վիճակի Մէջ Կը Գտնուի

Թարգմանեց` ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆԸ Պուրսա նահանգի Իզնիկ գաւառին մէջ գտնուող եւ ներկայիս որպէս թանգարան գործող պատմական Այա Սոֆիա եկեղեցւոյ պատի ծեփերը կը թափին: Այդ մասին, ըստ «Ակունք»-ի, կ՛ահազանգեն թրքական լրատուամիջոցները: Թանգարանի նախկին տնօրէն Թայլան Սեւիլը շեշտած է այդ մշակութային հարստութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Աղբիւրին համաձայն, Պուրսայի հիմնադրամներու շրջանային տնօրինութեան կողմէ 2007-ին կ՛որոշուի թանգարանի վերածուած սոյն եկեղեցին վերանորոգել` «հաւատարիմ մնալով բնօրինակին եւ այն...

Մեր Պետականութեան Լինել-Չլինելու Մեծ Փորձաքննութիւնը

Մեր Պետականութեան Լինել-Չլինելու Մեծ Փորձաքննութիւնը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Խորագիրը ինքնին արդէն ծանր հաստատում մըն է։ Ծանր, որովհետեւ Հայաստանի մէջ իրականութիւնն է ծանր։ Շատեր (ու առաջին հերթին Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը) արդարօրէն մեծ յոյսեր կապած են խորհրդարանական վարչաձեւին վրայ։ Այսինքն, համակարգ մը, ուր փոխանակ միանձնեայ որոշումներու, պիտի կայացուին հաւաքական որոշումներ՝ նախարարաց խորհուրդի ձեւաչափով։ Համակարգ մը, ուր իշխանութեան երեք թեւերը պիտի խաղան փոխադարձ հակակշիռներու առողջ դերը։ Համակարգ մը, ուր դատական իշխանութիւնը...

Դաշնակցութիւնն Այն Միակ Կուսակցութիւնն Է, Որը Մինչեւ Հիմա Չունի Խօսքի Եւ Գործի Հակասութիւն. Արմէնուհի Կիւրեղեան

Դաշնակցութիւնն Այն Միակ Կուսակցութիւնն Է, Որը Մինչեւ Հիմա Չունի Խօսքի Եւ Գործի Հակասութիւն. Արմէնուհի Կիւրեղեան

«Երկիր»-ը հարցազրոյց մը կատարած է ՀՅԴ պատգամաւորութեան թեկնածու Արմէնուհի Կիւրեղեանին հետ: «ԵՐԿԻՐ».- Ինչո՞ւ որոշեցիք առաջադրել ձեր թեկնածութիւնը: ԱՐՄԷՆՈՒՀԻ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆ.- Կուսակցութիւնն է որոշել, որ ես առաջադրուեմ, իսկ ես չէի կարող չկատարել կուսակցութեան ԳՄ-ի որոշումը: Բացի այդ` ինքս էլ համարում եմ, որ Աժ-ում կանանց ներգրաւուածութիւնն անհրաժեշտութիւն է: Կարծում եմ` ես ունեմ այդ համապատասխան ներուժը եւ կարող եմ իմ ներդրումն ունենալ ե՛ւ խմբակցութեան...

Հաղորդագրութիւն` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 79-րդ Շրջանային Ժողովի

ՀՅԴ Ռուսաստանի Կազմակերպութեան Ուղերձը

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ռուսաստանի կազմակերպութիւնը իր ամբողջ կազմակերպական կառոյցով սատարելով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին` կարեւորում է դեկտեմբերի 9-ին կայանալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւնները եւ հաւատացած է, որ Հայաստանի եւ համայն հայութեան համար դրանք կը լինեն շրջադարձային: Այդ ընտրութիւնների արդիւնքում ձեւաւորուած Ազգային Ժողովը պիտի որոշի` Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման ռազմավարութիւնը, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը, տնտեսութեան զարգացման ուղենիշները: Նորընտիր Ազգային ժողովին է...

Հաղորդագրութիւն` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 79-րդ Շրջանային Ժողովի

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Յունաստանի 82-րդ Շրջանային Ժողովի

ՀՅ Դաշնակցութեան Յունաստանի շրջանի 82-րդ Շրջանային ժողովը, որ գումարուեցաւ 1 եւ 2 դեկտեմբեր 2018-ին, Աթէնքի մէջ, սոյն յայտարարութեամբ կու գայ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու ՀՅԴ Հայաստանի մեր կազմակերպութեան` արտահերթ երեսփոխանական ընտրութիւններու մասնակցութեան առիթով: 2018 տարին նշանաւորուեցաւ անկիւնադարձային փոփոխութիւններով` հայրենի քաղաքական կեանքին մէջ, հայ ժողովուրդին համար աւելի բարօր կեանքի եւ զարգացման երաշխիքներու սպասումներով Հայաստանի քաղաքական ուժերէն: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը ընտրութեանց...

Հաղորդագրութիւն` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 79-րդ Շրջանային Ժողովի

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Իրաքի Կոմիտէի

Յառաջիկայ կիրակի, տարւոյս դեկ. 9-ին պիտի կայանան Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները, որ հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի ապագայի նկատմամբ կարեւոր անկիւնադարձ պիտի հանդիսանայ: Կարեւորագոյնը հայ ժողովուրդի, Արցախի եւ Հայաստանի պետութիւններու անվտանգութեան ու կայունութեան եւ, ինչո՞ւ չէ, սփիւռքի գոյութեան ու բարգաւաճման հարցերն են, քանզի առանց ապահով ու անվտանգ հայրենիքի` սփիւռքը եւս անապահով կ’ըլլայ ու կը տկարանայ: Նմանապէս խիստ կարեւոր են ժողովուրդի...

Աբոխավարութիւն` Իր Ամենաբացարձակ Ու Էժան Տեսքով

Աբոխավարութիւն` Իր Ամենաբացարձակ Ու Էժան Տեսքով

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ «alikonline»-ի պատասխանատու-խմբագիր Ես չեմ էլ կասկածում, որ ոչ հեռու ապագայում Նիկոլ Փաշինեանից մէջբերումներ կ՛անեն ոչ միայն որպէս քաղաքական գործչի, Հայաստանի վարչապետի, այլեւ` մի մարդու, որը մեծ աւանդ ունի Հայաստանում ամբոխավարութիւնը բոլորովին նոր «մակարդակի» բարձրացնելու գործում: Եւ այսպէս, դեկտեմբերի 1-ին «Իմ քայլը» դաշինքի նախընտրական հերթական հաւաքի ժամանակ նա,  ինչպէս միշտ, բարձրացաւ բեմահարթակ ու, չխախտելով նախընտրական ողջ ընթացքի (ես կ՛ասէի...

Վտանգն Ու Առիթը

Ա՛լ Ընկրկում Չկա՛յ

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ Եւ այս քանիերորդ անգամն է, որ ժողովուրդը պիտի ընտրէ եւ յետոյ ատէ իր ընտրածը, հիասթափուի... Այսքան արիւն բաւարար չէ՞ սթափուելու... Այս քարոզարշաւը, որուն ականատեսն ենք ազգովին, այս փոխադարձ զրպարտութիւնները հիմնաւորուած չեն, անհիմն են եւ արդար չեն բնա՛ւ: Ի զուր չթափուեցաւ այսքան արիւն, տեսէ՛ք, ունինք միատեղ երկու հանրապետութիւն, ազատագրեր ենք Շուշին, շրջեր ենք մեր պարտուողական հոգաբանութիւնը` մե՛ծ տառապանքով. հազարաւոր...

Page 631 of 1111 1 … 630 631 632 … 1,111

Արխիւներ