Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մենք անթիւ ու վէս
Ուղեւորներն ենք լուսաւոր յաւերժի,
Մեր հայրերը վեհ յանձնած են մեզի
Ջահը անցեալի`
Զոր կը կրենք մենք
Ու կը վառենք յար
Մեր բոլոր հոգիէն ժայթքող հուրերով:
Մենք հաւատացեալ
Ժառանգորդներն ենք դարերու յոյսին,
Արիւնն անցեալի,
Մեր ծլարձակած երակներուն մէջ,
Դիզած է անհաշտ բողոքի պոռթկում.
Կնքած է ցասման ու պայքարի ուխտ
Եւ խօլ վրէժի երդում աննուաճ…
Կիրք է անհատնում
Եւ ճախրանք անսանձ
Մեր ճանապարհի երգը յաղթապանծ:
Հողի ու մարդու
Բարի ու արդար խորհուրդէն ծնած
Դարբիններ ենք մենք` սլացիկ, կարշնեղ,
Մեր մուրճով հուժկու
Կը կոփենք անվերջ ձեւը գոյութեան`
Արդարն անտեսող սրտերուն դէմ փակ,
Որպէս խարանող շառաչուն մտրակ:
Յեղափոխութեան երգով մրրկած
Ուխտեալներ ենք մենք,
Մեր գաղափարի ու խօսքի ուժին
Ձուլած ենք ահեղ
Երգը երազին…
Պարզած ենք կիրքով դրօշակը մեր`
Կարմիր ու կապոյտ
Եւ նարնջագոյն,
Արդար հատուցման յոյսով աներեր:
Մեր կարմիրը վառ,
Իրաւունքներու վերահաստատման ու ճանաչումին
Վճիռն է անդարձ,
Մերժումն է ուժին ու կոյր բռնութեան…
Մեր երկնաթաթաւ կապոյտը կախարդ
Խոր եղբայրութեան կոչ է լուսաւոր,
Ուր եսը մարդուն
Եսն է ամբողջի միաձայն կամքին.
Ուր խիղճը մարդուն`
Ուղիղ ու անկեղծ ապրելու տենչին
Երազը յուռթի:
Իսկ նարնջագոյն երանգը մեր հին
Երգն ու սուրբ հողին.
Երգն է` քրտնաթոր, արգաւանդ ճիգին,
Երգն է` հողագործ ու բանուոր մարդուն
Երկունքին վսեմ.
Երգն է` բնածին բայց արտասովոր
Մեր ձոյլ կիրքերուն
Եւ հանճարներուն,
Ու անոնց սրտին մշտավառ երազ:
Քրիստափորի
Մենք կամքն ենք անյաղթ,
Ու Զաւարեանի
Մենք խիղճն ենք արդար.
Եւ միտքն ենք պայծառ`
Ռոստոմին խոհուն…
Ու մեր վեհ ցեղին
Ընդոստ բորբոքած արիւնին մէջէն,
Մենք հրարձակուած
Երիվարներն ենք մեր նոր պատմութեան
Նորոգեալ յոյսին:
***
Անծայր է ուղին,
Կապուած հեռաւոր, լուսեղ յաւերժին…
Սերունդ մը վտիտ
Թերեւս հալի ու ի սպառ մարի.
Եւ գուցէ արդար իր երազներուն տիրել չկրնայ
Բայց մենք մեր ուխտի անանց հմայքով,
Միշտ նոր ուժերու պայթող խոյանքով,
Մեզի կտակուած դրօշին ցոլքով,
Պիտ՛ երթանք առաջ սերունդ առ սերունդ,
Երգով, լռելեայն
Մինչեւ որ հասնի օրը օրերուն,
Օրը հատուցման:
Նոյեմբեր 1968



