Յօդուածներ

Հատուածներ` Արա Արծրունիի Պարգեւատրման Նուիրուած Ձեռնարկներուն Իր Արտասանած Խօսքերէն

Վեհափա՛ռ տէր, դուք այսօր կը պարգեւատրէք գրական ոճ մը, որ ուշացումով մտաւ մեր գրականութեան մէջ: Անհեթեթի եւ այլաբանութեան ոճերու միաձուլումն է ան: Արդարեւ, դժուար արտայայտելի եւ դժուար ընդունելի գրական ոճ մըն է ան, որովհետեւ հոն մէջընդմէջ յաճախ իրարու կը բախին միասին ընթացող անհեթեթն ու այլաբանութիւնը: Շնորհակալութի՛ւն, վեհափա՛ռ տէր, որ այսօր զիս կը պարգեւատրէք իմ տարած աշխատանքիս համար: Շարունակեցի գրականութիւնը: Կարդացի,...

Ասպետական Ներկայութիւն, Ասպետական Մեկնում

Ասպետական Ներկայութիւն, Ասպետական Մեկնում

ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ Տերեւաթափ: Աշնանային տերեւաթափ: Այս անգամ աշնանային տերեւաթափին միացաւ լիբանանահայ երիցագոյն գրողներէն Արա Արծրունին: Բնութեան տերեւաթափին հետ լիբանանահայ գրողներու համախումբին տերեւաթափը կը շարունակուի: Անցնող վեց-եօթը տարիներուն գրողներու համախմբումը կորսնցուց իր երէց, եւ ոչ միայն երէց, անդամներուն աւելի քան կէսը: Զգալիօրէն նօսրացաւ անոնց թիւը: Անդրանիկ Ծառուկեանի բնութագրումով, անդի կողմը մեկնողներուն թիւը կը գերազանցէ այս կողմը մնացածներունը: Մեկնեցաւ նա՛եւ Արա Արծրունին:...

Արա Արծրունի՜ Իր Ստեղծած Տաճարին Քրմապետը  (Հեռակայ Զրոյց)

Արա Արծրունի՜ Իր Ստեղծած Տաճարին Քրմապետը (Հեռակայ Զրոյց)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Իմ երազս յուզում է եւ գրականութիւն...:                                                                                 ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻ Հեքիաթներու աշխարհէն ծնունդ առած հայորդի մըն էր Արա Արծրունի, որ ամիս մը առաջ վերադարձաւ իր բնօրրանը` Գերմարդոց աշխարհը, հոն վերստին ապրելու իր նոր կեանքը:  Ճիշդ է, որ ան «դիպուած»-ով մը, մեզի` մարդկութեան եկած էր, պատմելու եւ փոխանցելու իր կեանքի ու փորձառութեան մանրապատումները: Ան կը հաւատար, որ իր այս արարքով...

«Խենթ» Կամաւորը

ՄԱՐԱԼ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Ո՞վ է կամաւորը: Կամաւորը այն յատուկ նկարագիրով օժտուած, ինքնամատոյց անձնաւորութիւնն է, որ իր ազատ կամքով, գիտակցաբար կը նուիրուի` ծառայելու նպատակի մը համար, որուն վսեմութեան կը հաւատայ, եւ որ կը գոհացնէ իր գաղափարական համոզումները: Հաւատաւոր կամաւորը զերծ է նիւթական ակնկալիքէ, անոր ցանկութիւնը միայն ու միայն իր աշխատանքներուն արգասաբերութիւնն է: Ան մարդասիրական թէ բարեսիրական գործունէութեանց յառաջապահ մարտիկն է: Կամաւոր գործունէութիւնը...

Կամաւոր ԼՕԽ-ականը

ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ Հայ կինը մեր պատմութեան բոլոր դաժան օրերուն ոտքի կանգնած է` պայքարելու բազմազան դժուարութիւններուն դէմ, ամբողջ հայ ազգի զաւակներուն համար: ԼՕԽ-ը հայ ազգի մտահոգութիւններուն եւ անոր սպառնացող վտանգներուն ծնունդն է: Ան իր կամաւոր անդամուհիներու հսկայ փաղանգով, այլազան օժանդակութիւններով կը ծառայէ հայ ընտանիքին: Զանազան միջոցներով կը հոգայ ծերունիին, կարիքաւորին, հիւանդին, աշակերտին եւ ուսանողին: ՄԱԿ-ը 1985-ի իր ժողովին դեկտեմբեր 5-ը յայտարարեց...

Կամաւորներու Կայունութիւնը

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ ամէն տարի դեկտեմբեր 5-ը կը նշուի որպէս «Կամաւորներու օր»` որդեգրելով տարբեր թեմա մը իւրաքանչիւր տարի: Այս ծրագիրը սկսած է 1985-էն ի վեր` քաջալերելու եւ գնահատելու կամաւոր աշխատանքը: Այս տարուան թեման է` անգլերէն «Volunteers build resilient communities», որ կը թարգմանուի` «Կամաւորները կը կերտեն տոկուն եւ կայուն համայնքներ»: Սոյն օրը կամաւորներու աշխատանքը լուսարձակի տակ կ՛առնուի` զիրենք...

Մութին Մէջ Հալող Մոմերը

ՄԵՍՐՈՊ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ Մարտ 2011։ Հեռատեսիլի պաստառին դիմաց գամուած` կը հետեւիմ Ճափոնի աղէտներուն` երկրաշարժի եւ ցունամիի ցնցիչ աւերներու անհաւատալի տեսարաններուն: Նոր անուն մը կ՛աւելնայ այս մեծ ողբերգութիւններուն վրայ: Համաշխարհային հիւլէական նոր աղէտ մը. Ֆուքուշիմա վայրին մէջ կառուցուած հիւլէական ելեկտրական կայանի մը մէջ մէկ հնոցը հալած է: Շողարձակումները եւ հրդեհները` անչափելի: Կը քնանամ ուշ գիշերին, եւ մղձաւանջներ կը հալածեն զիս: Յաջորդ...

Կամաւոր Զինուորուհիներ

ԱՆԻ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Աստուած ամուր եւ հաստատ պահէ ընտանեկան սրբութիւնը: Ամուսինը սիւնն է, իսկ կնկան գլխուն թագը: Մէկը միւսին կ՛ամբողջացնէ երկնային դասաւորումով: Ընդունուած է, որ կինը բազմակողմանի յատկութիւններ ունի եւ ամէն ինչի կը հասնի, եթէ ուզէ: Նաեւ` ան կը տոկայ ցաւի եւ դժուարութիւններուն: Ան կը դաստիարակէ զաւակը, կը հոգայ անոնց սնունդն ու պէտքերը, կը ծառայէ ամուսինին եւ, տակաւին, արտատնային աշխատանքներ...

Կամաւոր Աշխատանքը Կ՛ազնուացնէ Մարդը

ԱՆԺԵԼ ՄԻՍԻՍԵԱՆ Աշխատանքը մարդկային այն գործունէութիւնն է, որ կը ստեղծէ բարիք, այսինքն` այնպիսի արդիւնք, որով կը պայմանաւորուի ընկերային կեանքի յառաջդիմութիւնը: Աշխատանքի դերը, քաղաքակրթութեան զարգացման առումով, այնքան մեծ եղած է, որ գիտնականներ մղուած են մտածելու, որ` բնութիւնը ինքնաբերաբար եղափոխած է անասուններու թէ մարդոց մարմինները` զանոնք պատշաճեցնելով տարբեր տեսակի աշխատանքներու: Անվերապահօրէն կրնանք ըսել, որ աշխատանքը սրբազան գործունէութիւն մըն է, ու անոր ստեղծած...

Կամաւորը Եւ Կամաւոր Ծառայութիւնը

ԵՒՆԻԿԷ ՏՕԳՈՒԶԼԵԱՆ-ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ «Կամաւոր», բառացի նշանակութեամբ` կամքի, ցանկութեան համաձայն, յօժար կամքով աշխատող, ինքնայօժար, առանց հարկադրութեան, յօժարակամ, ոչ պարտադիր եւ նմանօրինակ հոմանիշներ: Եւ կամ` ազատակամ, ինքնակամ, անպարտադիր, անձնայօժար, անբռնազբօս, անբռնադատ, անհամոզելի, կամածին եւ կամովի: Կամաւորութիւնը կամ կամաւոր աշխատանքը անշահախնդիր գործունէութիւն մըն է, որ կը կատարուի առանց վարձատրութեան: (Յաճախ վարձատրութիւնը կ՛ըլլայ բարոյական գնահատանք, դժբախտաբար երբեմն ալ` քննադատութիւն): Կամաւորութիւնը անհատին ազատ ցանկութիւնն է անվճար...

«Մարդ Էլ Կայ, Մա՛րդ Էլ»

ԳՕԳՕ ԿԱՐԱՊԵՏ Մարդ արարածի նկարագրին վատագոյն դրսեւորումն է ուրիշին վնասելը, զիրար ցաւցնելը: Շատ անգամ կը յիշուի, երբ բաղդատութեան կը դրուին անասունն ու մարդը, թէ միակ արարածը, միակ ապրող էակն է, որ կը ցաւցնէ իր նմանը, կը սպաննէ իր նմանը` զուտ հաճոյքի համար: Իր մտքի զարգացման հոլովոյթին խաթարուած մէկ դիմագիծին որպէս դրսեւորում` մարդը կը սպաննէ, կը վնասէ` իր անձնական շահերէն մղուած....

Հայ Կամաւորին Իղձը

ԱԶՆԻՒ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Տուր ինծի, Տէ՛ր, ուժն նուիրումի անհաշիւ, Ըլլալ անանձնական, անսակարկ, Ծառայելու ուժը, հաճոյքը ունենալ Գործել անշահախնդիր ամրակուռ: Տուր ինծի, Տէ՛ր, զօրութիւնը անսասան` Օգնելու կարիքներուն բիւր-բիւրաւոր, Ըլլալ համեստ, ըլլալ խոնարհ կամաւոր, Հասնիլ հայ կարօտեալին անխտիր: Տուր ինծի, Տէ՛ր, կարողութիւնը աշխատանքի` Դաշտին մէջ զրկանքներու անսահման, Ինքնաբուխ նուիրուածութեամբ աննկուն` Գրկաբաց օգնել հաւատալով այդ գործին Տուր ինծի, Տէ՛ր, սէրը նուիրումի անհատնում...    

Խմբագրական.   Այժմու Մարտահրաւէրը` Կասեցնել Կազմակերպ Կեանքէն Արտահոսքը  (ՀՅԴ-ի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Այժմու Մարտահրաւէրը` Կասեցնել Կազմակերպ Կեանքէն Արտահոսքը (ՀՅԴ-ի Օրուան Առիթով)

Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը ձեւականօրէն հաշուետուութեան օր չէ: Դաշնակցութեան համակիրը, որ հետեւողական ներկայութիւն կ՛ըլլայ տարին անգամ մը կազմակերպուող այս ձեռնարկին, ականատես կ՛ըլլայ ո՛չ միայն մէկ տարուան կտրուածքով Դաշնակցութեան իրականացուցած համահայկական, հայաստանեան, սփիւռքեան եւ լիբանանեան գործունէութեան հանրագումարի ներկայացման, այլ նաեւ այդ առիթով հանգամանաւորապէս հնչող ինքնաքննադատութեան: Փաստօրէն այն բոլոր բացթողումները, այն բոլոր թերի կողմերը, որոնք կը ներկայացուին ընդհանրապէս հայ եւ մասնաւորաբար այս պարագային...

Բոլոր Ժամանակներու Հայ Ազգային Քաղաքական Հանգանակին Խտացումը` Դաշնակցականութիւնը

Բոլոր Ժամանակներու Հայ Ազգային Քաղաքական Հանգանակին Խտացումը` Դաշնակցականութիւնը

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Յաճախ հարց կը տրուի եւ` արդարացիօրէն, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը գաղափարական ո՞ր դպրոցը դաւանող քաղաքական կուսակցութիւն է, եւ բնականաբար, մեկնելով 128 տարուան պատմական ընթացքէն եւ յեղափոխական պայքարի բովէն, հարցադրումին կը տրուին հետեւեալ պատասխանները. Դաշնակցութիւնը ընկերվարական կուսակցութիւն է, Դաշնակցութիւնը ազգային-ազատագրական պայքարի կուսակցութիւնն է, Դաշնակցութիւնը ընկերային արդարութեան ջատագով կուսակցութիւնն է հայութեան մէջ, Դաշնակցութիւնը էապէս ազգային կուսակցութիւնն է... Իր դաւանած արժէքներով, էութեամբ,...

7 Դեկտեմբերի Երկրաշարժի 30-Ամեակ.   Գիտե՞ս` Ի՛նչ Կը Նշանակէ Փլատակներուն Տակէն Ձայներ Լսել Ու Անզօր Ըլլալ Անոնց Հասնելու Ու Կեանք Փրկելու

7 Դեկտեմբերի Երկրաշարժի 30-Ամեակ. Գիտե՞ս` Ի՛նչ Կը Նշանակէ Փլատակներուն Տակէն Ձայներ Լսել Ու Անզօր Ըլլալ Անոնց Հասնելու Ու Կեանք Փրկելու

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Նստած է դիմացս... աչքերը կ՛ուղղէ մերթ առաստաղին, մերթ ուղղակի աչքերուս... - Աղջի՛կս, կեանքը առաջին անգամ չէ, որ այսպիսի մարտահրաւէր կը կարդայ մեզի, այս քննութենէն առաջին անգամ չէ, որ կ՛անցնինք մենք. մենք նաեւ մեր պապերուն ճամբով մեր դասը շատ լաւ սորված ենք, հմուտն ու մասնագէտը դարձած ենք այս բնագաւառին... Կը լռէ պահ մը, կը մօտենայ ինծի, ձեռքս կ՛առնէ ձեռքերուն...

Որպէսզի Քանդուի Մենաշնորհային Համակարգը

Որպէսզի Քանդուի Մենաշնորհային Համակարգը

ԱԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները կը հանդիսանան այն մարտահրաւէրը, որու ընդմէջէն Հայաստանի քաղաքացին պիտի վճռորոշէ իր թէ՛ սեփական եւ թէ հաւաքական կեանքի ուղղութիւնը։ Նման մարտահրաւէր, հասկնալի բայց անընդունելի պատճառներով, զլացուած էր պոլշեւիկեան ամբողջատիրական կարգերու տակ, ուր քաղաքացիին կը պարտադրուէր առանց այլընտրանքներու միակողմանի ընտրութիւն։ Այս ընտրական ձեւականութիւնը տասնամեակներու վրայ մեր ժողովուրդի մէջ արմատաւորեց այնպիսի քաղաքական մշակոյթ, որ քաղաքացիին մղեց անտարբերութեան...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

128 Տարուան Պատգամ` Վերադարձ Գաղափարական Արմատներուն

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Այսօր, երբ կը նշենք ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական գաղափարական աւանդներ կրող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 128-ամեակը, կը զգանք այդ 128 տարիներուն ընթացքին ՀՅԴ-ի կարեւորութիւնը` իբրեւ հայկական ընկերութեան մէջ փոփոխութեան եւ յառաջդիմութեան մղող ուժ: Երբ կը թերթենք «Դրօշակ»-ի, «Հայրենիք»-ի, «Վէմ»-ի, «Յառաջ»-ի, տասնեակ օրաթերթերու, ամսաթերթերու եւ այլ տեսաբանական բնոյթի հրատարակութիւններու էջերը, յստակօրէն կը տեսնենք ՀՅԴ-ի գաղափարաբանութեան ձգած ազդեցութիւնը սերունդներու դաստիարակութեան...

128 Տարի Իր Խաչը Հաւատարիմ Կրող Դաշնակցութիւնը

128 Տարի Իր Խաչը Հաւատարիմ Կրող Դաշնակցութիւնը

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Այս տողերը գրողը մտադիր չէ կուրօրէն կուսակցութեան փառքը հիւսել, այլ իրողութեանց վրայ հիմնուելով` մարդոց խղճին պիտի դիմէ: 128 տարիէ ի վեր անդադար կը շարունակուին հակադաշնակցական դրսեւորումները եւ բազմատեսակ քննադատութիւնները: Զարմանալի բան չկայ հոս, շատոնց վարժուած ենք, որ եթէ` «Մէկուն աղջիկ կը լրբանայ, միւսին տղան սիրահարուի, ամէնեքեան բերնէ բերան կը մեղադրեն Դաշնակցութիւն»: Ես սակայն պաշտպան փաստաբան պիտի չըլլամ, ո՛չ...

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայրենիք Է, Իսկ Դաշնակցականը` Հայրենապաշտ (128-ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Վաղը` նորէ՛ն ու նմանապէս` պիտի լեռնանայ Դաշնակցութիւնը: Նորէ՛ն ու նմանապէս` պիտի անտառանան Դաշնակցութեան բազուկները: Նորէ՛ն ու նմանապէս` Դաշնակցութեան «սիրտ»-ը համահայկական ծով պիտի դառնայ:  ԲԵԳԼԱՐ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱ «Դաշնակցականութեան հետքերով» Դաշնակցական մտածելակերպի ու գաղափարապաշտ սերունդի տիտան ներկայացուցիչ Վահան Նաւասարդեանի որդին է Բեգլար Նաւասարդեան, որուն վերյիշեալ խօսքը` նուիրուած ՀՅ Դաշնակցութեան 75-ամեակին, աւելի քան բարացուցական է այս օրերուն: Փաստօրէն, դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներ, անհատ...

ՀՅ Դաշնակցութեան Ուժը

ՀՅ Դաշնակցութիւնը

Ս. ՎՐԱՑԵԱՆ 1890 թ. օգոստոսին Վրաստանի այժմեայ մայրաքաղաք Թիֆլիսում հիմնուեց Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն անունով մի կազմակերպութիւն: Թիֆլիսը այն օրերին տնտեսական եւ մշակութային կենտրոնն էր արեւելահայութեան համար եւ աւելի Հայաստան էր, աւելի հայ կեանքով էր ապրում, քան բուն Հայաստանը` Ռուսաստանի սահմաններում: Նորածնունդ կազմակերպութեան հիմնադիր ժողովին մասնակցելու հրաւիրուած էին գոյութիւն ունեցող կուսակցութիւնները: Արմենական, Հնչակեան եւ բոլոր յեղափոխական գաղտնի խմբակներն ու խմբակցութիւնները, որոնց...

Page 630 of 1111 1 … 629 630 631 … 1,111

Արխիւներ