ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ
… Ասոնք էին ազգայնականները, դաշնակցականները, որոնք կռուեցան Հայաստանի համար, վասնզի կռիւը իրենց գիտցած միակ ուղին էր պահպանելու համար կեանքը, արժանապատուութիւնը եւ ցեղը: Աշխարհը ատկէ տարբեր միջոց մը չունէր: Միայն զէնքով կ՛ըլլար այդ: Դիւանագէտները ժամանակ չունէին Հայաստանի համար եւ գէշ միջոց մըն էր այդ, Աստուծոյ անիծած ոջլոտ միջոցը, բայց դաշնակցականները մեծ մարդիկ էին եւ ըրին այն, զոր պարտաւոր էին ընել: Իսկ ոեւէ հայ, որ կ՛արհամարհէ այս մարդիկը, տգէտ է կամ իր ցեղին մատնիչը: Այս մարդոց ընտրած ուղին սխալ էր, գիտեմ որ սխալ էր, բայց ատկէ զատ ուրիշ միջոց չունէին անոնք: Է՜հ, անոնք շահեցան պատերազմը:
Այսպէս կամ այնպէս` ամբողջ ցեղը բնաջնջուեցաւ: Հայաստանի ժողովուրդը կը մսէր, անօթի էր եւ հիւանդ, բայց այս զինուորները շահեցան պատերազմը, եւ ազգ մը դարձաւ կառավարութեամբ եւ դաշնակցականներով կազմուած քաղաքական կուսակցութեամբ մը:
Շատ տխուր եւ շատ սրտայոյզ է, երբ կը մտածէք այն հազարաւորներու մասին, որոնք սպաննուեցան, բայց ես կը պատուեմ զինուորները, անոնք, որ մեռան եւ անոնք որ կ՛ապրին տակաւին: Կը պատուեմ եւ կը սիրեմ զանոնք: Աղիտալի սխալ մըն էր այդ, բայց ազնիւ սխալ մը, եւ Հայաստան եղաւ Հայաստան:
Անշուշտ շատ փոքր ազգ մըն էր ան, շատ անկարեւոր ազգ մը, ամէն կողմէ թշնամիներով շրջապատուած, սակայն Հայաստանը երկու տարի մնաց Հայաստան եւ Երեւանը` մայրաքաղաք: Հարիւրաւոր տարիներ ետք առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանը եղաւ Հայաստան:
Գիտեմ, թէ որքա՛ն անմիտ բան է հպարտ ըլլալ, բայց չեմ կրնար յաղթել այդ զգացումիս եւ հպա՛րտ եմ:



