Կիրակի, 2 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ` ի յիշատակ Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին, օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, կազմակերպութեամբ «Արծիւ» շաբաթաթերթի խմբագրութեան, հովանաւորութեամբ ճաշարան «Արեւ»-ի եւ նախագահութեամբ Ճորճ Պուչիկեանի:
«Արծիւ»-ի խմբագրութեան անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Եսայի Հաւաթեանը: Ան անդրադարձաւ Սպիտակի երկրաշարժին պատճառով հայրենի ժողովուրդին ունեցած մեծաթիւ զոհերուն, արձանագրուած հսկայական աւերին եւ հայ ժողովուրդին կրած մեծ տառապանքին: Ան հայ ժողովուրդին վերականգնումը նկատեց կենդանի իրողութիւն եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն` թիկունք կանգնելու հայրենիքին, միշտ հզօր Հայաստան ունենալու տեսիլքով:
Արաբերէն լեզուով կարճ խօսք մը արտասանեց Ռիթա Պագալեանը, որ ողջունեց ներկաները` մաղթելով, որ հայութիւնը կարենայ միացեալ ջանքերով հզօրացնել անկախ Հայաստանը:
Ցուցադրուեցաւ երկրաշարժին նուիրուած ամփոփ տեսերիզ մը, ապա բեմ հրաւիրուեցաւ հայրենի երիտասարդ երգչուհի Քրիստինա Սահակեանը, որ հանդէս եկաւ հայկական այլազան բնոյթի երգացանկով մը` արժանանալով ներկաներու բարձր գնահատանքին: Երգչուհին ներկայացուց փունջ մը աշուղական, ժողովրդական, հայրենասիրական եւ ազգագրական երգեր` խանդավառելով ներկաները: Առաջին անգամ ըլլալով երգչուհին կատարեց նաեւ երկու համշէնական երգեր:
Ձեռնարկի աւարտին փակման խօսքով հանդէս եկաւ Վարուժան արք. Հերկելեանը, որ գնահատեց Զահլէի հայութիւնը այս ձեռնարկը կազմակերպելուն համար, որպէսզի յիշենք եւ յիշեցնենք մեր հայ նահատակները, որոնք պէտք է արժանանան մեր բոլորին յարգանքին:
Սրբազանը կոչ ուղղեց, որ նոր սերունդը առողջ դաստիարակուի, տէր կանգնի իր պատմութեան եւ մշակոյթին եւ մանաւանդ կենդանի պահէ հայ հոգին:
Յայտնենք, որ հայրենի երգչուհին մենահամերգով մը հանդէս պիտի գայ ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի ճաշարան «Արեւ»-ի մեծ սրահին մէջ, Հայաստանի աւերիչ երկրաշարժին 30-րդ տարելիցին օրը:



