Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետ. Քոլեճի 95-ամեակի Պաշտօնական Ճաշկերոյթը

Դեկտեմբեր 6, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճը, որ 1923-ին հիմնադրուած է եւ 1943-էն ի վեր սեփականութիւնն է Պէյրութի Հայ աւետ. Ա. եկեղեցիին, իր հիմնադրութեան 95-ամեակը նշեց պաշտօնական ճաշկերոյթով մը, Տըպպայէի «Լը Ռուայալ» պանդոկի «Ազուրէա» ճաշարանին մէջ:

Պաշտօնական ճաշկերոյթին հանդիսավար Աւօ Թիւթիւնճեանին հրաւէրով Հայ աւետ. Ա. եկեղեցիի հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեանը աղօթք մատուցեց, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ քոլեճի 1967-2017 տարիներու վաստակաւոր տնօրէն, ներկայիս պատուակալ տնօրէն եւ ճաշկերոյթի յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը` բացման խօսքին համար: Ան նշեց, որ անհատներու կեանքին մէջ 95 տարին յառաջացեալ ծերութեան տարիք է, բայց հաստատութիւններու պարագային, այդ կը նշանակէ 95 տարիներու հարուստ  փորձառութիւն: Ապա պատուակալ տնօրէնը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ յետեղեռնեան հայ սփիւռքի առաջին հայ երկրորդական վարժարանը (հայ սքուլ) հանդիսացող դպրոցին պատմութեան փուլերուն: Նշեց, որ դպրոցը ազգին տուած է 1595 շրջանաւարտներ, որոնք պատուաբեր դիրքերու հասած են կեանքի մէջ: Խօսքը աւարտեց` նշելով, որ ՀԱՔ-ի  ջահը առկայծ է եւ կը պատրաստուի դիմաւորել իր հարիւրամեակը:

Միակտուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը` կատարողութեամբ Հուրի Աբարդեան-Ֆրետլիի եւ Զուիցերիայէն ժամանած ճազ նուագախումբին (Օլիվըր Ֆրիտլի, Փիուս Պաշնակըլ եւ Անտրէ Փուսա), որոնք ներկայացուցին հայկական եւ միջազգային ճազի կատարումներ:

Դպրոցի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանը իր հակիրճ ելոյթին մէջ շեշտեց, որ իմաստութիւնն ու խրատը ճանչնալու եւ հանճարներուն խօսքերը ըմբռնելու համար (դպրոցին նշանաբանը) դրամը, աշակերտներուն թիւը, տարիներու վաստակը ու այլ նիւթական միջոցներ իսկական արժէքի եւ որակաւոր արդիւնքի կը վերածուին յանձնառու, գիտակից ու նուիրեալ աշխատանքով, որ կ՛իրականանայ ամենակալ Աստուծոյ ապաւինելով ու անոր ողորմութեան վստահելով: Իսկ Հայ աւետարանական քոլեճը իր այսօրուան հասած է ու վաղուան կը նայի այդ հաւատքով:

Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որուն համար նկատի առնուած էին յատկապէս արուեստի գործեր եւ այլ արժէքաւոր նուէրներ:

Յանձնախումբին անունով Սիլվա Սողոմոնեանը քաջալերեց ներկաները` գործնականօրէն  աջակից ըլլալու հայ դպրոցին եւ ապա յայտարարեց ճաշկերոյթէն առաջ եւ ընթացքին եղած նուիրատուութիւնները:

Վերջաւորութեան խօսք առաւ դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Պաղտոյեանը, որ Կանտիի հետեւողութեամբ նշեց, որ Հայ աւետ. քոլեճը ինքնին պատգամ մըն է յոյսի, սիրոյ եւ հաւատքի: Ան շեշտեց, որ սրահին մէջ ներկաները նաեւ իրենց ներկայութեամբ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ պատգամ մըն է, որ կը ղրկեն Հայ աւետ. քոլեճին, որ դէպի իր հարիւրամեակը կը խոյանայ, ապա գնահատեց 95-ամեակի գոյգ ձեռնարկներու յանձնախումբերը եւ արուեստագէտներուն յանձնեց յուշանուէրներ:

Միութեան նախագահ վեր. Գարակէօզեանը ներկաներուն ուղղեց իր սրտի խօսքը: Ան դրուատիքով անդրադարձաւ ՀԱՔ-ի անցած ուղիին մասին` մաղթելով, որ դպրոցը իր առաքելութիւնը շարունակէ հարիւրամեակէն ալ անդին` եւս 95 տարի:

Հուսկ, վերապատուելիներ Գարակէօզեան, Հայտոսթեան եւ Չոլագեան, Ներսէս Պաղտոյեան, դոկտորներ Մսըրլեան եւ Իւրնէշլեան միասնաբար հատեցին 95-ամեակի կարկանդակը: Յաջող ձեռնարկի աւարտին  ներկաները գոհ եւ ուրախ տրամադրութեամբ հեռացան սրահէն:

Նախորդը

Սպիտակի Երկրաշարժին 30-րդ Տարելիցի Յիշատակում Զահլէի Մէջ

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեանին Հետ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?