Միացեալ Նահանգներուն Համար Թուրքիան Վստահելի Պետութիւն Մը Չէ
Ա. Ա. Վերջին անգամ ամերիկեան ծովուժին պատկանող «Եու Էս Էս Մաունթ Ուիթնի» ռազմանաւը Սեւ ծովու ջուրերը հասաւ այս տարուան յուլիսին` ծովային ռազմափորձերու համար, որոնք կազմակերպուած էին ՕԹԱՆ-ի կողմէ: Երէկ, սակայն, ամերիկեան լրատու աղբիւրներու կողմէ հաղորդուած լուրը կը նշէր, որ ամերիկացիք կը պատրաստուին ռազմանաւ մը ուղարկել Սեւ ծով, այս անգամ` իբրեւ հակազդեցութիւն Կերչի նեղուցին մէջ ուքրանական ռազմանաւերու դէմ ռուսական գործողութիւններուն, որոնք...




















