ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Այսօր, երբ կը նշենք ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական գաղափարական աւանդներ կրող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 128-ամեակը, կը զգանք այդ 128 տարիներուն ընթացքին ՀՅԴ-ի կարեւորութիւնը` իբրեւ հայկական ընկերութեան մէջ փոփոխութեան եւ յառաջդիմութեան մղող ուժ:
Երբ կը թերթենք «Դրօշակ»-ի, «Հայրենիք»-ի, «Վէմ»-ի, «Յառաջ»-ի, տասնեակ օրաթերթերու, ամսաթերթերու եւ այլ տեսաբանական բնոյթի հրատարակութիւններու էջերը, յստակօրէն կը տեսնենք ՀՅԴ-ի գաղափարաբանութեան ձգած ազդեցութիւնը սերունդներու դաստիարակութեան վրայ. կը զգանք նաեւ այդ ազդեցութեան կարեւորութիւնը հայկական կեանքի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, ինչպէս նաեւ` ընկերաբանական, մշակութային ու տեսաբանական մարզերուն մէջ:
Իսկ երբ կը կարդանք Միքայէլ Վարանդեանի «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն»-ը, Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» եւ պատմական բնոյթի այլ հրատարակութիւններ, կը գիտակցինք, թէ ՀՅԴ-ի դաւանած գաղափարախօսութեան չորս սիւները (ազգայնութիւն, ընկերվարութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ յեղափոխականութիւն) որքանո՛վ գործադրուած են գետնի վրայ եւ որքա՛ն յաջողութիւն գտած են հայ աշխատաւորի, գիւղացիի, կիներու, երիտասարդներու ու բոլոր անոնց մօտ, որոնք կը պատկանին հայ ազգին. կը գիտակցինք, թէ Դաշնակցութեան բռունցքը որքա՛ն պայքարած է յանուն քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մտային ազատագրման. նաեւ կը գիտակցինք Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան ներդրումին` ընկերային ու տնտեսական անարդարութեանց դէմ պայքարին մէջ: Մեր աչքերուն առջեւ կը պատկերուին հայկական ընկերութեան մէջ կրօնական-դաւանական, ազգային, ցեղային թէ սեռային խտրականութեան դէմ պայքարի էջերը:
Յիշեալ դրուագները մաս կազմած են ՀՅԴ-ի պատմութեան, եւ անոնց ջնջումը անկարելի է:
Վերադառնանք այսօրուան` ՀՅԴ-ի հիմնադրութենէն 128 տարի ետք: Այս տարի ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան տարեդարձը կը նշենք միջազգային եւ ազգային տարբեր կացութեան մը մէջ, ինչ որ կը պարտադրէ մեզի` գիտակցիլ ու ճանչնալ մերօրեայ մարտահրաւէրները եւ, հետեւաբար, յաղթահարել զանոնք` ՀՅԴ-ի գաղափարաբանական հիմքերէն մեկնելով:
Միջազգային գետնի վրայ նոր-ազատականութիւնը (որ համաշխարհայնացման մղող թիւ մէկ ուժն էր եւ կը շարունակէ մնալ) կը շարունակէ արձանագրել անժողովրդականութիւն, իր հետեւանքներուն` աղքատութեան, անգործութեան եւ ընկերային-դասակարգային լայն անհաւասարութեան պատճառներով: Այս բոլորը պատճառ կը դառնան աջակողմեան ամբոխավարութեան, մենատիրական եւ բռնատիրական ուժերու աճին, որոնք կը քարոզեն ցեղապաշտութիւն, սեռի, գոյնի, կրօնի կամ ցեղային պատկանելիութեան վրայ հիմնուած խտրականութիւն եւ կլիմայական փոփոխութեան հերքում:
Միւս կողմէ` ընկերվարական շարժման մէջ վերադարձ կայ դէպի արմատներ, վերադարձ` դէպի ընկերային ու տնտեսական արդարութիւն, ընկերային բարօրութեան իտէալ եւ ընկերային շարժումներու զօրակցութիւն: Նոր-ազատական սեփականաշնորհումներուն, պետական ծախսի նուազեցման, աջակողմեան ամբոխավարութեան` սեռի, գոյնի, կրօնի կամ ցեղային պատկանելիութեան հիման վրայ քարոզներուն դէմ պայքարելու միջոցով ընկերվարականները սկսան գործադրել իրենց աւանդական քաղաքականութիւնները` ընկերային բարօրութեան ապահովումը, աշխատաւորներու, կիներու եւ բոլոր զրկուած խաւերու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
Ազգային գետնի վրայ 2018-ի ապրիլին տեղի ունեցաւ ժողովրդային շարժումը, որ ճանչցուեցաւ իբրեւ թաւշեայ յեղափոխութիւն: Այդ շարժումը պատահականութեան արդիւնք չէր, այլ մերժումն էր Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք որդեգրուած տնտեսական ազատական (լայնածաւալ սեփականաշնորհումներ, արհեստակցական միութիւններու տկարացում եւ գիւղացիական համագործակցութիւններու ջնջում) ու ծաւալուած ընկերային պահպանողական (սեռային անհաւասարութիւն, սեռով պայմանաւորուած վիժումներ, ընտանեկան բռնութիւն) քաղաքականութիւններուն, որոնք արտադրեցին շուկայական մենաշնորհներ, սակաւապետական համակարգ եւ փտածութիւն` պատճառ դառնալով աղքատութեան, անգործութեան, սեռային բռնութեան եւ արտագաղթի երեւոյթներուն: Դժբախտաբար թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ալ կը շարունակուին գործադրուիլ տնտեսական ազատական քաղաքականութիւնները, որոնք ապագային յուսահատութիւն պիտի պատճառեն ժողովուրդին:
ՀՅԴ-ն, համաձայն իր գաղափարաբանութեան եւ իբրեւ անդամ Ընկերվար միջազգայնականին ու Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան, պէտք է նաեւ դիմէ ընկերվարական արմատներու վերադարձին` զարկ տալով շարքերու գաղափարականացման, առաջնահերթութիւն նկատելով ընկերային եւ տնտեսական հարցերը, Հայաստանի մէջ արհեստակցական եւ գիւղացիական միութիւններու կազմաւորումը, ինչպէս նաեւ` թիկունք կանգնելով կիները եւ բնութիւնը պաշտպանող նախաձեռնութիւններուն, որովհետեւ ի վերջոյ ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութեան պայքարը անբաժանելի է ազգային-ազատագրական պայքարէն: Առանց ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութեան, ընկերային բարօրութեան եւ ամէն տեսակի խտրականութեան վերացման` ազգ մը լիիրաւօրէն ազատագրուած չ՛ըլլար:
Ահա ազգային-ազատագրութեան ըմբռնումը` ըստ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարախօսական հիմքին: «Դաշնակցութեան վեհ ծրագիր իր մէջ ունի անխտիր, ազատութիւն, արդարութիւն պէտք է լինի ամէնուն»: «Պէտք է լինի ամէնո՛ւն», այո՛, եւ շեշտուած` ամէնո՛ւն, առանց որեւէ բացառութեան: Երգի բառերուն համաձայն, 128 տարի առաջ նոյնն էր, նոյնը մնաց եւ պիտի մնայ անտարակոյս: Այսինքն` այնպիսի ազգային գաղափար մը, ուր մոլեռանդութիւնները, դաւանականութիւնները, կրօնամոլութիւնները եւ սեռային պատկանելիութեան վրայ հիմնուած խտրականութիւնները չեն մարսուիր: Ահա` առողջ ազգային գաղափարախօսութիւնը, որ ժառանգուած է Զարթօնքէն եւ զարգացած ազգային-ազատագրական պայքարով: Թանկագին գանձ մը, որ այսօր, երբ աջակողմեան ամբոխավար ուժերը կը փորձեն ազգայինը վերածել ազգայնամոլութեան, իրենց դէմ կը կանգնի ՀՅԴ-ի ազգային գաղափարախօսութիւնը` հիմք ունենալով ազգերու ներդաշնակութիւնը, ինքնորոշման իրաւունքը եւ աշխարհիկութիւնը:
Հետեւաբար ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 128-ամեակի պատգամը պիտի ըլլայ վերադարձը արմատներուն: Ներքնապէս կանգուն պահելով Քրիստափորի, Ռոստոմի, Զաւարեանի, Գարեգին Խաժակի, Արշակ Ջամալեանի եւ շատ շատերու գաղափարաբանական վաստակը` վերանորոգել սեփական հարուստ գաղափարաբանական գանձը եւ ճկուն պահել այն բռունցքը, որ հայկական կեանքին մէջ յառաջդիմութիւն եւ մտային զարգացում կ՛արտադրէ. իսկ արտաքնապէս մեկնելով ՀՅԴ-ի ընկերային-տնտեսական առաջադրանքներէն` առաջնորդել հայ ժողովուրդի զրկուած տարրերու պայքարը եւ անոնց կեանքը մղել դէպի ընկերայնօրէն եւ տնտեսապէս աւելի արդար ընթացք:



