Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաստակաշատ Կրթական Մշակի, Ընկերային Ծառայողի Եւ Գործիչի` Փրոֆ. Արփի Համալեանի Առաքինութեան Նուիրուած Հիմնադրամի Բացում

Դեկտեմբեր 11, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. Պ.

Կազմակերպութեամբ «Քոմիւնիթի նոլէյճ էքսչէյնճ/Քարոլտ» հաստատութեան, ուրբաթ, 22 նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Արփի Համալեան» հիմնադրամին բացումը` Քոնքորտիա համալսարանին մէջ, Քանատա:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց հաստատութեան վարչական տնօրէն Ռոզ Լինը, որ կառոյցի առաքելութեան մասին հակիրճ բացատրական մը տալէ ետք անդրադարձաւ այն լայնածաւալ աշխատանքին, զոր փրոֆ. Արփի Համալեանը տարած է չափահասներու ուսման եւ քաղաքային ընկերային ծիրին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ «Արփի Համալեան» հիմնադրամը նեցուկ պիտի կանգնի անոնց, որոնց փորձառութիւնները արհամարհուած են, ինչպէս նաեւ առիթը պիտի ընծայէ  լսելի դարձնելու իրենց ձայնը:

Լի ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք փակեց իր խօսքը` ըսելով, որ օրուան արարողութիւնը փրոֆ. Համալեանի տարիներու գործունէութիւնը տօնելու առիթ մըն է:

Ապա Քոնքորտիա համալսարանի երէց պատասխանատուներէն Վիքի Պոլտոնը իր անձնական փորձառութենէն մեկնած` նշեց, որ  կարեւոր է գաղթականները չնոյնացնելու գաղափարը, ինչպէս նաեւ` բազմազանութիւնն ու այլազանութիւնը յարգելն ու փառաբանելը: Ան ըսաւ, որ ինք` իբրեւ կին, մայր եւ մեծ մայր, կը խոնարհի փրոֆ. Համալեանի նուիրուածութեան դիմաց. ապա անոր տուաւ սագի փետուր մը: «Էգ սագը թէ՛ ղեկավար է, թէ՛ մայր է: Սագը ոչ ոք կ՛անտեսէ, ընդհակառակը, կը ստուգէ, որ իւրաքանչիւրը հասնի իր դիրքին», շեշտեց Պոլտոնը: Ան աւելցուց, որ իր մեծ մօրմէ ժառանգած իր նախնիներուն սովորութիւններն ու մշակոյթը զինք ամրապնդած են եւ ամրացուցած` իր արմատները: Ապա իր թմբուկով կիներու եւ փոքրիկներու նուիրուած երգ մը նուիրեց փրոֆ. Համալեանին:

«Քոմիւնիթի նոլէյճ էքսչէյնճ/Քարոլտ» հաստատութեան վարչութիւնը Պոլտոնի յանձնեց նիւթական օժանդակութիւն մը, զոր ան, իր կարգին, Մոնրէալի Նախնական աշակերտութեան կեդրոնին պիտի փոխանցէ:

Հանդէս եկաւ նաեւ հաստատութեան վարչական անդամներէն Քելսի Սփիծ-Տիյեթրիչը` արտասանելու համար իր սրտին խօսքը: Տիյեթրիչ նշեց, որ փրոֆ. Համալեանի նուիրեալ գործունէութենէն դաս մը պէտք է սորվինք, ինչպէս նաեւ անոր արդար եւ սիրով լի ղեկավարութեան արժանիքները կտակուին  եկող սերունդներուն: Ալեքսանտր Տայրեքսընը նաեւ իր կարգին ներկաներուն վստահեցուց, որ ինք եւ իր գործընկերները` իբրեւ հաստատութեան վարչականներ, ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն փրոֆ. Համալեանի սկզբունքներն ու արժանիքները  վառ պահելու` սոյն հիմնադրամին միջոցով:

Ապա փրոֆ. Համալեանը արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան նախ եւ առաջ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հաստատութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք մաս կազմեցին օրուան գեղեցիկ անակնկալի կազմակերպման: Համալեան նաեւ ակնարկեց Քոնքորտիա համալսարանի ընդունակ միջավայրին, որուն նաեւ ականատես է իր նախկին գործընկեր եւ Քարոլտ հաստատութեան նախկին նախագահ Միքայէլ Քուքը: Ան ընդգծեց հաստատուն յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, որոնք, ըստ Համալեանին, ընկերութիւններու յաջողութեան հիմնական բանալիներէն մէկն են: Համալեանը նաեւ աւելցուց, որ ինք զգացուած է` տեսնելով երեք տարբեր սերունդներու ներկայութիւնը ձեռնարկին եւ իր խօսքը եզրակացուց երախտագիտութեան լաւագոյն մաղթանքներով:

Բաժնեկցինք նաեւ քանի մը վկայութիւններ, որոնք այդ հանդէսը առաւել կը ջերմացնէին: Քոնքորտիայի ուսանողներէն Անտրիւ Ուտըլը, փրոֆ. Համալեանի աշակերտներուն հանդէպ յանձնառութիւնը բարձր գնահատեց, ինչպէս նաեւ ան ողջունեց փրոֆ. Համալեանի աշակերտներուն միջեւ միասնակամութիւն քարոզող գաղափարը: Իսկ փրոֆ. Եոսրա Տալին ըսաւ, որ ան աշակերտած է փրոֆ. Համալեանին եւ այժմ ինք իբրեւ փրոֆ. կը փորձէ Համալեանէն սորված արժանիքներէն`  գուրգուրանքով մշակել իր դասաւանդման ծրագիրները:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ թէ՛ աշակերտած, թէ՛ աշխատած է փրոֆ. Համալեանին հետ, շեշտեց, որ Համալեանը եզակի երեւոյթ է:  Ան վկայեց, որ փրոֆ. Համալեանը միշտ քաջալերած է հայ երիտասարդութիւնը ո՛չ միայն հայկական, այլ տարբեր շրջանակներու մէջ եւս: Տէր Խաչատուրեանը շեշտեց, որ փրոֆ. Համալեանը առաջին հայ գաղթական կիներէն եղած է, որ վարած է Քոնքորտիայի ուսումնական բաժանմունքի նախագահի պաշտօնը:

——————–

Արփի Համալեանը ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Ապա տեղափոխուած է Պէյրութ եւ  նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ս. Նշան վարժարանին մէջ, ապա հետեւած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ընկերային եւ մարդկային գիտութիւններու ուսմանց: 1973-ին տիրացած է իր մասնագիտութեան մագիստրոսականին: 1947-էն ի վեր կը դասաւանդէ Քոնքորտիա համալսարանի կրթութեան բաժանմունքին մէջ (Education), ինչպէս նաեւ վարած է տարբեր կրթական եւ ընկերային հաստատութիւններու մէջ` իբրեւ նախագահ:

Պարգեւատրուած է բազմաթիւ շքանշաններով ու յուշագիրներով:

Նախորդը

Յաւերժական Երուսաղէմ – 10. Տիւ Ու Գիշեր` Ձեռագրերու Մտերմութեան Մէջ

Յաջորդը

«Դեղին Բաճկոն» Շարժումը Նահանջի Կը Մատնէ Մաքրոնը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?