Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարելից. Երեսուն Տարիներ Ետք…

December 10, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քսաներորդ դարու անհամար աղէտներուն մութ շարքը փակող Սպիտակի մահասփիւռ երկրաշարժէն ասդին` երեք խռովայոյզ տասնամեակներ իրենց ետին թողած են դարաշրջանային ընդհարումներու, փլուզումներու եւ վերականգնումներու տարապայման շրջան մը, որուն անհաստատ սեմին այսօր կանգնած կը մնայ հայաշխարհն ու ամբողջ մարդկութիւնը:

Սպիտակի ընդերքէն ժայթքող ու տարածուող օրհասական կործանումին առաջին օրէն իսկ Հայ օգնութեան միութիւնը իր համատարած բոլո՛ր միաւորներով, հաւատարիմ իր կոչումին ու մարդասիրական երկարամեայ հունձքին, գործի անցաւ եւ համայն հայութեան ու քաղաքակիրթ մարդկութեան կողքին` հասնելու եւ ամոքելու իր հազարամեայ ժողովուրդին յանկարծահաս ու կսկծալի կորուստներուն ջլատիչ ցաւը:

Շուրջ ութ տասնամեակներու բացակայութենէ ետք, որուն ընթացքին տարագիր Հայ կարմիր խաչը, սփիւռքի տարածքին իր ցուցաբերած աննկուն ու նուիրեալ մարդասիրական գործունէութեան ճամբով, իրաւամբ դարձեր էր հայ կիներու ամենատարածուն ու գործունեայ կազմակերպութիւն, կը վերադառնար մայր հայրենիք` որպէս Հայ օգնութեան միութիւն:

Աւերեալ Շիրակի մարզի անպատսպար ժողովուրդին անմիջական կարիքները ստիպեր էին, որ օտարածին բռնատիրութեան մը վարիչները` ի խնդիր արտաքին անհրաժեշտ օգնութեան, ու գործակցութեան, շուրջ եօթը տասնամեակներէ ետք վերցնէին երկաթէ վարագոյրը` բանալով իրենց դռները օգնութեան ձեռք պարզած քաղաքակիրթ աշխարհին…

Երկրաշարժին յաջորդող ամիսներուն ընթացքին Հայ օգնութեան միութեան կեդրոններուն մէջ ընկերուհիները տիւ եւ գիշեր ծառայեցին յօժարակամ եւ անշահախնդիր` փառք դաւանելով անաղմուկ բարիքը եւ անտրտունջ յոգնութիւնը: Երկրաշարժի աղէտեալներու աշխատանքներուն ընթացքին ՀՕՄ-ը մասնակցեցաւ` ապահովելով տասնեակ բեռնատար օդանաւեր, որոնք կ՛ընդգրկէին` դեղորայք, հագուստեղէն, ճաշ, բժշկական գործիքներ եւ այլ պէտքեր` աշխարհի չորս կողմերէն, մաս կազմեց շինարարութեան եւ վերակառուցման աշխատանքներուն, բացաւ շարժուն դարմանատուներ եւ հոգեբանական կեդրոն, գործուղեց բժշկական մասնագէտներ եւ կամաւորներ դէպի Հայաստան եւ սատարեց ուսումնասիրութեան ծրագիրներու: ՀՕՄ-ը նաեւ հիմը դրաւ որբախնամ եւ որբերու ուսման ծրագիրը, որ կը շարունակէ հազարաւոր ծնողազուրկ պատանիներու խնամք տալ: Ըստ պատշաճի, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Միացեալ Նահանգներու, Խորհրդային Միութեան եւ Հայաստանի պատկան մարմիններուն հետ հանդիպումներ ունեցան: 1998-ին նաեւ իր դռները բացաւ ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր ու մանկան կեդրոն»-ը, եւ 2005-ին Ծննդատունը, որ այսօր կը հանդիսանայ Շիրակի մարզի լաւագոյն հիւանդանոցներէն:

Երէկ դարմանումի կարօտ խորունկ վէրքեր ունէր հայութիւնը, այսօր հայրենակերտումի աշխատանքները կը շարունակուին: Սպիտակի երկրաշարժէն 30 տարիներ անց Հայ օգնութեան միութիւնը կառչած կը մնայ իր գաղափարական սկզբունքներուն եւ իր բարեսիրական առաքելութեան զուգընթաց կը շարունակէ իր ազգանպաստ ծառայութիւնը հայրենիքի մէջ:

Կեանքն ու մահը տեսած մեր ՀՕՄ-ուհիները այժմ առաւել գօտեպնդուած իրենց ծառայասիրական սկզբունքներուն մէջ` ամէնօրեայ ներկայութիւն են հայ կեանքին մէջ: Եւ երբ կը կարծուէր, թէ անհնար է վերակառուցել հայրենիքը, կնոջական այս վիթխարի կազմակերպութիւնը փաստեց, որ կարելի է յաղթել` խնամելով եւ դարմանելով, սիրելով ու մահուան յաղթելու վճռակամութեամբ:

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

Նոր Ցեղասպանութի՞ւն Իսլամ Ռոհինկաները Եւ Միանմարեան Բանակն Ու Ժողովուրդը

Յաջորդը

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Ցաւէն Վեր…

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.