Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Տարբեր Ոճով Տօնեցին Բարեկենդանը
Բարեկենդան, բարեկենդան, Բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան: Բարեկենդանի տօնի նախօրեակին Ազգային միացեալ վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները ուրբաթ, 1 մարտ 2019-ին դպրոց ներկայացան ծպտուած` հայկական եւ ձեռային աշխատանքներով պատրաստուած տարազներով: Աշակերտներուն կը սպասէր տարբեր օր մը: Անոնք յատուկ այցելութիւններով պիտի նշէին Բարեկենդանի տօնը, պիտի շրջէին Պուրճ Համուտի Արաքս փողոցը, Մարաշ թաղը եւ Ամանոսի շրջանը: Առաւօտեան զբօսանքէն ետք աշակերտները բաժնուեցան չորս խումբերու, անոնց ընկերացան...



















