ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Վարչապետ Փաշինեանի շռնդալից այցը Թեհրան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Միրզոյեանի նոյնքան ուշագրաւ այցը Մոսկուա յստակ պատգամներ կը պարունակեն` ուղղուած Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան պետ Պոլթընի բացայայտ ակնկալութիւններուն: Պոլթընի առաքելութիւնը` Հայաստանը Իրանէն խզելու եւ Ռուսիայէն հեռացնելու, արդէն ձախողած պէտք է համարել: Հայաստանի դիտաւորութիւններուն հանրագումա՛րը`
Ա.- Հայաստանը Արեւմուտքի անկեղծ գործընկերն է, բայց անոր արբանեակը չէ,
Բ.- Ռուսիոյ ու Իրանի հետ Հայաստանը ունի ռազմավարական սերտ առնչութիւններ, որոնք սակարկութեան ենթակայ չեն կրնար ըլլալ եւ չեն:
Այս բոլորը` յստակ ու մեկի՛ն: Եւ այս բոլորը կ՛ենթադրեն, որ Հայաստան նոյնքան նախանձախնդիր պիտի ըլլայ իր անկախութեան` Արեւելքի՛ իր ռազմավարական գործընկերներուն նկատմամբ: Եւ իր բծախնդրութեամբ, Հայաստան ի՛նքն է, որ պիտի հաստատէ տիեզերական կանոնը իր անկախութեան:
Այս առումով, ինչպէ՞ս բացատրել ռուս խորհրդարանականներու մասնակցութիւնը Պաքուի հակահայ ցոյցերուն: Ի՞նչ որակում տալ քաղաքական այս անհեթեթ արարքին: Կրնա՞յ ըլլալ, որ այս քայլը առնուած է Փութինի հակակշռէն դուրս… Բացարձակապէս Ո՛Չ: Այս արարքին ետին պէտք է փնտռել Մոսկուայի նոյն երկդիմի քաղաքականութիւնը` Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կաշառելու եւ Պաքուի հարստութենէն բաժին վերցնելու` ի դիմաց ազրպէյճանական գերսպառազինման ծրագիրներու:
Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները շատ բարդ են եւ բազմաշերտ, եւ նոյն չափով նաեւ մանուածապատ է հայկական դիւանագիտութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Այնուամենայնիւ, ընդունելի չէ, որ ռուս պետական դէմքեր մտնեն ցեղասպան ուժերու խաղին մէջ եւ կացինահարեն արմատները հայ-ռուսական բարեկամութեան: Հայաստան պիտի չվարանի այս հարցին մէջ գերազանցօրէն բծախնդիր ըլլալու: