Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանք

Փետրուար 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Վաղուան օրը նուիրուած է Վարդանանց յիշատակին:  Կը կարծեմ, որ պէտքը չի զգացուիր անդրադառնալու Աւարայրի պատմութեան: Գէթ հայերէն գիտցող ամէն հայ մարդ այդ պատմութիւնը գիտէ արդէն: Սակայն վեր հանելու  ու պանծացնելու համար ցեղային մեր հոգեկերտուածքը, ազգը յատկանշող  տոկունութիւնն ու դիմադրականութիւնը` կ՛արժէ միայն արձանագրել, որ մեզի կրօնափոխութիւն պարտադրելու յաւակնող  հզօր Պարսկաստանը ի՛նք չդիմացաւ արաբական ճնշումներուն ու իսլամացաւ , մինչդեռ մենք հաստատ ու աներեր մնացինք մեր հաւատքին մէջ…

Այս առիթով` կարճ խորհրդածութիւն մը:

Ժամանակաշրջանի ( 5-րդ դար ) Հայաստանի տիրական երկու դէմքերը` Վասակ Սիւնի մարզպետը եւ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանը խորհրդանշականօրէն նեկայացուցիչներն էին երկու տարբեր բեւեռներու` քաղաքական երկու տարբեր հոսանքի ու վարքագծի:

Համախոհ իշխաններով Վասակ Սիւնի ներկայացուցիչն էր խոհականութեան, ստեղծուած տագնապալի կացութիւնները  շրջահայեացութեամբ ու դիւանագիտական քայլերով դիմագրաւելու ուղեգծին: Կը համարէր, որ ապստամբութիւնը աղէտալի կ՛ըլլայ հայրենիքին համար եւ կը մերժէր մաս կազմել այդ տեսակ կործանարար արկածախնդրութեան մը: Իսկ Վարդանն ու իր զինակից ընկերները կը հաւատային , որ մեր ազգը հոգեթափ ընելու Յազկերտի ծրագրին ու անոր գործադրած բռնացումին դէմ դնելու մէկ ու միակ միջոց կայ` «Մահ իմացեալ»-ով հերոսական խոյանքը : Առաջինը կը վստահէր իր մտքին ու անով կատարած հաշուարկներուն : Իսկ Վարդանանք կը կառչէին սեփական ուժին ու ոգիի խիզախումին:

Եւ իրապէս ոչ մէկ հաշուարկ կ՛երաշխաւորէ , որ չմարզուած, զինուորական վարժանքէ զուրկ 66.000 մարդոց բազմութիւն մը յաղթանակէր  300.000 հաշուող Յազկերտի սպառազինուած հզօր բանակին: Բայց…

Հայ ժողովուրդը հմայուեցաւ Վարդանանց խիզախումէն եւ անոնց «չհաշուարկուած» ապստամբութիւնը  անօրինակ յաղթանակի դափնիներով զարդարեց, իր  պատմութեան շքեղ էջերէն մին նուիրեց անոր եւ յաջորդական սերունդները, մանկապարտէզէն սկսեալ, դաստիարակեց Վարդանի ոգիով:

Այդ խիզախումին դիմաց ընկրկեցաւ նոյնինքն Պարսկաստանը եւ այդուհետեւ բռնացումով մեզ կրօնափոխ դարձնելու իր առաջին փորձը չկրկնեց :

Իսկ Վասակը խարանուեցաւ դաւաճանի պիտակով: Կը թուի, թէ ժողովրդային անգիտակից բնազդը կը զգայ, որ մտքի ամէնէն անխառն ու անշահախնդիր հաշուարկին մէջն իսկ, թէկուզ` շատ աննշան ու չնչին չափով, բայց անպայման տեղ մը կը յատկացուի նաեւ սեփական ակնկալիքի: Թերեւս այս էր պատճառը, որ հայ ժողովուրդը չներեց Վասակին` գիտնալով հանդերձ, որ ան Յազկերտի կողմէ բանտարկուեցաւ, ապա բանտին մէջ ալ մեռաւ այն յանցանքին համար , որ նախապէս ապստամբութեան կողմնակից ըլլալով եւ անոր  յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով Բիւզանդիոնի աջակցութիւնը խնդրած էր, եւ մերժումի հանդիպելէն ետքն է, որ ընդդիմացած էր  այդ գաղափարին` հաշուարկելով , որ ազգի ուժերէն վեր` անյոյս ու վտանգաւոր է ապստամբութեան ծրագիրը:

Այդպէս է . լուսապսակի կ՛արժանանայ եւ ժողովուրդի պատմական երթի ճամբան կը գծէ հերոսական խիզախումը , նոյնիսկ եթէ անյաջող աւարտ մը ունենայ , մինչ ամէնէն կատարեալ հաշուարկն անգամ չի ներուիր, եթէ ձախողի…

Աթէնք, 25  փետր. 2019

 

Նախորդը

Մենք Պատահական Ոչ Մի Գործ Չենք Ընտրել, Ցուցահանդէսի Այցելուն Էլ Դրանում Կը Համոզուի». Խաչիկ Աբրահամեան

Յաջորդը

Մեր Օրերու «Աւարայր»-ները, «Նոր» Վարդաններու Պէտք Ունին (Վարդանանց, 451 Թ.)

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?