Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան Այլընտրանքային Ծրագիրը

February 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

13 փետրուարին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հրապարակային ասուլիսով յայտարարուեցաւ, որ շուտով հանրութեան քննարկման սեղանին կը դրուի ՀՅԴ ընկերային-տնտեսական ծրագիրը իր համապարփակ ընդգրկումով: Հիմա, որ իշխանութիւնը հրապարակած է իրը, թէկուզ` սահմանադրական կանոններու լուրջ խախտումներով, Դաշնակցութեան այլընտրանքային ծրագրով հանրութեան դատողութեան կը յանձնուին իրական եզրերը երկրի զարգացման հրամայականներուն: Այսուհետեւ մեր երկրի ժողովրդավարական գործընթացն է, որ պիտի տայ իր արդար գնահատականը:

Ճիշդ է` շատեր յուսախաբ են այսօր` կարդալով իշխանութեան ծրագիրը: Յուսախաբ են մանաւանդ անոնք, որոնք «յեղափոխութիւն» կը ծանուցէին, երբ մենք կ՛ըսէինք, որ եղածը ընդամէնը իշխանափոխութիւն էր, եւ թէ` յեղափոխութիւնը դեռ պիտի գար, եթէ նոր իշխանութիւնը ուզէր բերել զայն… Իսկ իշխանութիւնը  պր. վարչապետին բերնով կը պնդէր, որ յեղափոխութիւնը արդէն աւարտած էր… Կառավարութեան ծրագրով իշխանութիւնը այժմ կ՛ըսէ մեզի, որ յեղափոխութիւնը պիտի չգայ: Ան չէր եւ պիտի չըլլայ իշխանութեան նպատակը: Այս իշխանութեան բնոյթը պէտք է փնտռել իր ծրագրի սկզբունքներուն մէջ:

Հիմա, որ խաղաքարտերը բացուած են, ես կ՛ուզեմ ըսել, որ իշխանութեան այս ծրագրո՛վ ալ իշխանութիւնը կրնայ շատ բան իրագործել մեր երկրին եւ մեր ժողովուրդին համար: Յեղափոխական յաւակնութիւններու կարիք չկայ: Կարիք չկայ մանաւանդ հանրութիւնը յեղափոխական լոզունգներով ապակողմնորոշելու: Կարեւոր է, որ իշխանութիւնը արագօրէն ամբողջացնէ կառավարութեան կազմը, եւ անոր մէջ ներառուին լուրջ եւ տաղանդաւոր ուժեր, եւ իշխանութիւնը դադրի հանրութիւնը զբաղեցնելէ փուճ ու աննպատակ խնդիրներով, ինչպէս ազգային օրհներգն ու դրօշը աղաւաղելու տխմար մարզանքներն էին:

Ես վստահ եմ, որ իշխանութեան շարքերուն մէջ այսօր ընթացք առած է իրական գործի խաղադաշտէն սորվելու դրական եւ հրամայական գործընթաց մը: Պէտք է արագացնել այդ կորագծի թափը: Դաշնակցութիւնը յստակ ըրած է սկիզբէն իսկ, որ հոն, ուր ճիշդ ուղիի վրայ կը գտնուի կառավարութիւնը, Դաշնակցութեան գործակցութիւնը պիտի ըլլայ անվերապահ: Բայց հոն, ուր խոտորումներ կը գործեն, Դաշնակցութիւնը պիտի գործէ իր ծրագրի յանձնառութեամբ:

Կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այսօր այն, որ ՀՀ քաղաքական բեմը սորվի առաւելագոյն արդիւնաւորութեամբ տէր կանգնիլ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան փաստին: Ասիկա նոր իրականութիւն է, որուն վերահասու պէտք է ըլլայ մանաւանդ գործադիր իշխանութիւնը: Մանաւանդ պր. վարչապետը` ի՛նք: Վարչապետ Փաշինեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի հանդիպման առթիւ արտայայտուած մտքերը պէտք չէ մոռացութեան տրուին:

Սահմանադրութիւնը կենդանի օրկանիզմ է որեւէ ժողովրդավարութեան մէջ: Իմաստուն քաղաքական ուժերն են, որ նոր իմաստով կը հարստացնեն սահմանադրութեան կեանքը: Դաշնակցութեան այլընտրանքային ծրագիրը, ըստ էութեան, հրաւէր մըն է բոլոր քաղաքական ուժերուն` մեր երկիրը տանելու դէպի նոր ուժականութիւն, դէպի նոր ինքնավստահութիւն, դէպի նոր լինելութիւն: Ան կը ձգտի մեր հաւաքական ուժերու միաւորման: Ան կը ձգտի Հայաստան երկրի լիարժէք գերազանցութեան:

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, Դաշնակցութեան կողմէ կառուցողական ընդդիմութեան գործընթացը արդէն իսկ ճամբայ ելած է` ի ծառայութիւն եւ ի փառս մեր ժողովուրդին: Բարի՛ երթ բոլորին: Բոլորին անխտիր եւ Տէր ընդ մեզ:

13 փետրուար 2019, Ուաշինկթըն

 

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Պէ՞տք Է Օրօրել, Թէ՞ Ոչ

Յաջորդը

Մենք Պատահական Ոչ Մի Գործ Չենք Ընտրել, Ցուցահանդէսի Այցելուն Էլ Դրանում Կը Համոզուի». Խաչիկ Աբրահամեան

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.