Բրիտանական «Տը Կարտիըն» Պարբերականը Անդրադարձած Է Ազրպէյճանի Մէջ Հայկական Խաչքարերու Ոչնչացման
Բրիտանական հեղինակաւոր «Տը Կարտիըն» պարբերականը անդրադարձած է Ազրպէյճանի մէջ 21-րդ դարուն տեղի ունեցող «մշակութային եղեռնին»: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, պարբերականը գրած է, որ այսօր մշակութային ամենամեծ աղէտը, հաւանաբար, ոչ թէ տեղի կ՛ունենայ Սուրիոյ մէջ, այլ Կովկասի մէջ` նկատի ունենալով Ազրպէյճանի մէջ հայկական խաչքարերու ոչնչացման փաստը: «Համաձայն «Հայփըրալերժիք» գեղարուեստական ամսագիրի փետրուարի թիւին մէջ զետեղուած հաշուետուութեան, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը վերջին 30 տարիներու ընթացքին պարբերաբար կը...




















