Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ա­զատ Օր»՝ 75 Տա­րե­կան. Ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ­Ծա­ռա­յու­թեան Նոր Տա­րի մը Նո­ւա­ճե­լու Հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ

Փետրուար 27, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր թեր­թը ե­րէկ թե­ւա­կո­խեց «Ա­զատ Օր» ա­նու­նով իր հրա­տա­րա­կու­թեան 75-րդ ­տա­րին։

«­Նոր Օր» ա­նու­նով 1923-ի ­Մարտ 25-ին ճամ­բայ ե­լլե­լէ ա­ւե­լի քան քսա­նա­մեակ մը ետք, Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. ­Պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին՝ 25 ­Փետ­րո­ւար 1945-ին, յու­նա­հայ գա­ղու­թի յա­ռա­ջա­պահ եւ ա­ռաջ­նոր­դող մեր թեր­թը իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն ներ­կա­յա­ցաւ «Ա­զատ Օր» վե­րա­նո­ւա­նու­մով։

Ե­թէ ան­ցեալ դա­րու քսա­նա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան մեր թեր­թը հայ ժո­ղո­վուր­դի տա­րա­գիր հա­տո­ւա­ծին «­Նոր Օր»ը ա­ւե­տե­լու եւ հու­նա­ւո­րե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ գոր­ծի լծուած էր, ա­պա 1945-ին ար­դէն ինք­զինք կը զի­նո­ւո­րագ­րէր մեր գա­ղու­թին ա­զատ մտքի եւ ա­զատ խօս­քի ան­կեղծ դրօ­շա­կիրն ու ընդ­հան­րա­կան բե­մը ըլ­լա­լու ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ծա­ռա­յու­թեան։

Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թիւ­նը վե­րի­վայ­րում­նե­րու ամ­բողջ պատ­մու­թիւն մը ապ­րե­ցաւ այդ եր­կար ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին, զան­գո­ւա­ծա­յին տե­ղա­շարժ­ներ ու­նե­ցաւ ե՛ւ դէ­պի Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թով, ե՛ւ դէ­պի Ա­մե­րի­կա­ներ ու Աւստ­րա­լիա ար­տա­գաղ­թով։ Քա­նա­կով շատ փոք­րա­ցաւ, հա­յա­խօ­սու­թեան ա­ռու­մով ալ աս­տի­ճա­նա­բար տժգու­նե­ցաւ, բայց հա­մազ­գա­յին մեր հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­նե­րուն եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան ա­ւանդ­նե­րուն ոչ միայն փա­րած մնաց, այ­լեւ նո­րո­վի՛ եւ իւ­րո­վի՛ վե­րա­նո­րո­գեց ինք­զինք՝ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն մէջ ամ­րապն­դե­լով պոր­տա­կա­պը ­Հայ Մ­շա­կոյ­թի ­Կե­նա­րար ­Յի­շո­ղու­թեան եւ ­Հայ ­Դա­տի ­Պա­հան­ջա­տի­րա­կան Ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան հետ։

Մեր գա­ղու­թի պար­զած այ­սօ­րո­ւան պատ­կե­րին հա­րա­զատ ցո­լա­ցու­մով՝ «Ա­զատ Օր» իր կար­գին կը ներ­կա­յա­նայ խիտ՝ բայց ա­ռոյգ, նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րու եւ մար­դոյ­ժի անձ­կու­թեան մատ­նո­ւած՝ բայց իր ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ծա­ռա­յու­թեան անմ­նա­ցորդ նո­ւի­րո­ւե­լու եւ հա­յա­պահ­պան­ման ու հա­յա­կերտ­ման իր եր­թը ան­խա­փան շա­րու­նա­կե­լու վճռա­կա­նու­թեամբ։

Սե­փա­կան ու­ժե­րով իր ու­ղին հար­թե­լու եւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ո­գիով իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը վե­րա­նո­րոգ թա­փով շա­րու­նա­կե­լու մեր թեր­թին ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը ի­րեն ա­պա­ւէն եւ ու­ժի անս­պառ աղ­բիւր ու­նի նոյ­նինքն մեր գա­ղու­թը, ո­րուն ընդ­հան­րա­կան տեն­չե­րուն եւ ե­րազ­նե­րուն ան­սա­կարկ սպա­սար­կողն է «Ա­զատ Օր»ը, նաեւ ու մա­նա­ւանդ՝ ան­խար­դախ եւ ան­վե­հեր հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ա­ռաջ­նոր­դը։

Մեր թեր­թը 75 տա­րե­կան է ար­դէն եւ կը շա­րու­նա­կէ ոչ միայն հպար­տու­թեամբ կրել ու գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն հասցնել յու­նա­հայ գա­ղու­թի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան քաղցր լուծն ու ան­չափ հարս­տու­թիւ­նը, այ­լեւ հա­նուր հա­յու­թեան հետ հա­մազ­գա­յին մեր ու­ղին հու­նա­ւո­րել դէ­պի ­Նոր ­Հա­յաս­տան՝ ա­զատ, ան­կախ եւ ուշ կամ կա­նուխ միա­ցեալ հա­յու­թեամբ ու հայ­րե­նի­քով։

«Ազատ օր»

Յունաստան

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 36 Կէտի Տարբերութեամբ (76-40) Յաղթեց Հուփսին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (27 Փետրուար 2019)

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?