Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրտի Խօսք. Աշխատունակ Կրթական Մշակ, Դասախօս Մինաս Օսգայեանի (Ուսթեզ) Յիշատակին

March 2, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԶ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Շուրջ քառասուն օրեր առաջ ցաւով եւ յուզումով ցուրտ հողին յանձնեցինք երկարամեայ կրթական մշակ, դասախօս մը, որ աւելի քան 30 տարի ծառայած էր հայ դպրոցին, ուսում եւ գիտելիք փոխանցած էր աշակերտին եւ ուսանողին` անհատնում նուիրումով եւ ամբողջական յանձնառութեամբ:

«Ուսթեզ» Մինաս (ինչպէս կը կոչէին զինք) սովորական կամ պատահական ուսուցիչ մը չէր: Կամովին եւ սիրով ընտրած էր այդ ասպարէզը, որ իրեն համար կոչում եւ առաքելութիւն էր: Իր դասաւանդած նիւթերն էին` բնագիտութիւն եւ ուսողութիւն. Ան ամենայն գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ փարած էր իր ասպարէզին եւ այդ ոգիով ալ կը գործէր:

Այս բոլորին կը վկայէին բազմատասնեակ ուսանողներ, որոնք պետական քննութիւններուն մէջ կ’արձանագրէին պատուաբեր յաջողութիւններ:

Իսկապէս արհեստագիտական ձեռնահաս մօտեցում ու հասկացողութիւն մը ունէր իր ասպարէզին նկատմամբ:

Երբ կը նկատէր, որ աշակերտները ունէին շնորհալի կարողութիւններ` յաջողութիւններ արձանագրելու, անհատական յաւելեալ ճիգ կը թափէր, որ անոնք հասնէին իրենց նպատակի իրագործման:

Ան յաճախ կ՛ըսէր, որ նիւթականը կարեւոր է ապրելու համար, բայց ուսումնական ասպարէզը չի գնահատուիր ատով: Հրճուանք ու հպարտանք կ՛ապրէր, երբ աշակերտները կամ շրջանաւարտները կ՛արձանագրէին բարձր յաջողութիւններ, կամ կը հասնէին բարձր դիրքերու ու կը գրաւէին պատասխանատու պաշտօններ:

Մինաս ծնած էր Պոլիս` ապրելով դառն մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներ: 60-ականներուն եկած էր Լիբանան` մեկնելու համար Միացեալ Նահանգներ:  Բայց սիրած էր լիբանանահայ գաղութը եւ իր համալսարանական ուսումը ստացած էր Հայկազեան համալսարանին մէջ: Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք դասաւանդած էր Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան եւ Հայկազեան համալսարաններուն մէջ:

1990-ականներու սկիզբը Մինասը ունեցաւ ֆիզիքական արկած մը եւ կիսով մը անդամալուծուեցաւ: Շրջան մը անկողնին ծառայելէն ետք, շարունակեց իր դասաւանդութիւնները` հակառակ իր առողջութեան տկար վիճակին. սակայն երկար չկրցաւ դիմանալ:

Ան լաւատես էր, որ իր ցաւերը կը մեղմանան, վիճակը կը բարելաւուի ու դարձեալ կը նուիրուի իր սիրելի ասպարէզին:

Մինասի առողջութեան վատթարացումով ու տեսողութեան կորուստով անկարելի եղաւ անոր վերականգնումը, ու ան մնաց գամուած իր սնարին:

Զինք սիրող ու գուրգուրացող կողակիցը` Սիրանը, ամէն խնամքի ու հոգատարութեան արժանացուց զինք, սակայն 3 յունուար 2019-ին նոր հարուած մը զինք հասցուց հիւանդանոց, եւ ան 20 օր ետք աւանդեց իր հոգին:

Ցաւալի է, որ տխուր աւարտ մը ունեցաւ Մինասը, որուն երբեք արժանի չէր իր կենսունակութեամբ, լաւատեսութեամբ եւ վճռակամութեամբ:

Բայց նախախնամութիւնը այլ ընտրանք չէր ձգած, եւ Մինասը մեկնեցաւ այդ դառնութեամբ ետին ձգելով իր հարազատները եւ զինք յիշող սիրելի աշակերտները:

Վարձքդ կատար եւ հողը թեթեւ գայ վրադ «Ուսթեզ» Մինաս:

1 մարտ 2019                   

Նախորդը

Զարիֆի Հրաժարականը Անակնկալ Եւ Շոքային Էր Իրանի Քաղաքական Շրջանակին Համար

Յաջորդը

Բաւական Է Պառակտէք Ժողովրդին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.