Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեակին Առթիւ. Բարի Եկաք Եւ Բարի Տարեդարձ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Մարդը իր կեանքի ընթացքին, ինքզինք սիրցնելու եւ կամ սիրելու մարմաջէն թելադրուած, միշտ ուզած է լաւագոյն ձեւով արտայայտուիլ: Ու նկատած է, որ երգն ու երաժշտութիւնը ամէնէն ազդեցիկ, կախարդական եւ իմաստալից որդեգրումն է եղած իր այս նպատակին հասնելու համար: Իր կարգին, երաժշտութիւնն ալ, ժողովուրդներու եւ ազգերու քաղաքակրթութեան հասունութեան եւ մակարդակի ցուցանիշն ու չափանիշը ըլլալով հանդերձ, նաեւ նկատուած է, որ արուեստներու...



















