Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Թուլացման Ազդանշա՞ն

Ապրիլ 9, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարտ 31-ի Թուրքիոյ քաղաքապետական ընտրութիւններուն դիտորդները կը նախատեսէին, որ գրեթէ քսան տարիէ ի վեր երկրին ղեկը ստանձնած Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, հակառակ ազգայնամոլ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը իր կողքին ունենալու, քուէներու առիւծի բաժինը չկարենար «աւլել»: Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ, յատկապէս մեծ քաղաքներուն մէջ, Էրտողան, հակառակ իր գործածած լծակներուն, ստիպուեցաւ տեղի տալ եւ գոհանալ «գաւառային» քուէներով:

Այսպէս, երեք մեծագոյն քաղաքները` Պոլիս, մայրաքաղաք Անգարա եւ Զմիւռնիա պիտի ունենան ընդդիմադիր Ժողովուրդի Հանրապետական  կուսակցութեան անդամ քաղաքապետներ: Անգարայի եւ մանաւանդ Զմիւռնիոյ ընտրութիւններուն «Ժողովուրդի հանրապետական» կուսակցութիւնը քուէներու շօշափելի տարբերութեամբ յաղթական դուրս եկաւ, մինչդեռ աւելի քան տասը միլիոն քուէարկող հաշուող Պոլսոյ  մէջ քուէները այնքան հաւասարութեամբ կ՛ընթանային, որ պարտուած կողմը մինչեւ վերջին քուէատուփերու ստուգումը կը պնդէր, որ արդիւնքը կրնար փոփոխութեան ենթարկուիլ:

Վոսփորի ափին պայքարը առաջնահերթութիւն մըն էր երկու կողմերուն համար ալ: Գրեթէ քառորդ դար Եւրոպան ու Ասիան կամրջող քաղաքին բանալիները Էրտողանի տրամադրութեան տակ էին: Հոն է, որ Էրտողան1994-ին քաղաքապետ ընտրուած էր եւ, քանի մը տարի քաղաքը կառավարելէ ետք ստեղծած էր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը: Այնուհետեւ դարձած էր վարչապետ եւ 2017-ին, երկիրը խորհրդարանական համակարգէն նախագահական համակարգ փոխադրելով, ցայսօր ստանձնած է երկրին նախագահի պաշտօնը:

Պոլսոյ Քազիմփաշա շրջանի զաւակ ու Էրտողանի թեկնածու Պիլալի Եըլտըրըմը տեղի տուաւ Տրապիզոն ծնած եւ վերջերս մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Էքրեմ Իմամօղլուի դիմաց: Այս վերջինը, որ տասը տարիէ ի վեր  անդամակցած է Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան, Էրտողանի ապագայի մեծագոյն գլխացաւը կը նկատուի` հետզհետէ աւելի ժողովրդականութիւն գտնելով եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը ներգրաւելով:

Ինքնավստահութիւն ներշնչող Իմամօղլու, ընտրութիւններու նախօրեակին, օտար լրագրողներու հարցազրոյցի առաջարկին հաստատակամ կերպով պատասխանած էր, որ կը նախընտրէր հարցազրոյցը կատարել® օր մը ետք, քաղաքապետի գրասենեակին մէջ:

Հոս տեղին է հարցադրել, թէ ի՞նչ էր ընթացքը Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան (HDP), մանաւանդ որ վերջին տարիներուն կատարուած հետեւողական հետապնդումներու պատճառով, հետզհետէ ճնշումի տակ եղած էր այս քրտամէտ խմբաւորումը, որ Տիգրանակերտի մէջ կրցած էր յաղթական դուրս գալ` արժանանալով քուէներու աւելի քան վաթսուն առ հարիւրին:

Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութիւնը ամբողջական ուժգնութեամբ չմասնակցեցաւ այս ընտրութիւններուն: Յատկապէս մեծ քաղաքներու պարագային, անոր համակիրները նախընտրեցին քուէարկել ի նպաստ Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուներուն, պարզապէս` «չարեաց փոքրագոյն»-ի տրամաբանութեամբ: Ասոր արդիւնք է, որ Պոլսոյ պարագային, ուր շօշափելի է քիւրտ քուէարկողներու թիւը, Իմամօղլու կրցած է յաղթական դուրս գալ` շնորհիւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան ցուցմունքներուն հետեւող քուարկողներուն:

Թէ ի՛նչ կարելի է ակնկալել ընդդիմադիր Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան այս յառաջխաղացքէն® ժամանակն ու անցուդարձները ցոյց պիտի տան:

Մինչ այդ պէտք է հաստատել, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը թէեւ կորսնցուցած է մեծ քաղաքներու բանալիները, սակայն պահած է ընդհանուր առմամբ քուէներու մեծամասնութիւնը:

Նախորդը

Դպրոցի Մը Պատմութիւնը (3)

Յաջորդը

Արցախն Ու Ազրպէյճանը Արմատապէս Հակադիր Մօտեցումներ Ունեն Փախստականների Խնդրի Հանդէպ. Արցախի Արտաքին Գործերի Նախարար

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?