Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեակին Առթիւ. Բարի Եկաք Եւ Բարի Տարեդարձ

Ապրիլ 10, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Մարդը իր կեանքի ընթացքին, ինքզինք սիրցնելու եւ կամ սիրելու մարմաջէն թելադրուած, միշտ ուզած է լաւագոյն ձեւով արտայայտուիլ: Ու նկատած է, որ երգն ու երաժշտութիւնը ամէնէն ազդեցիկ, կախարդական եւ իմաստալից որդեգրումն է եղած իր այս նպատակին հասնելու համար:

Իր կարգին, երաժշտութիւնն ալ, ժողովուրդներու եւ ազգերու քաղաքակրթութեան հասունութեան եւ մակարդակի ցուցանիշն ու չափանիշը ըլլալով հանդերձ, նաեւ նկատուած է, որ արուեստներու մէջ ունեցած է եւ տակաւին ունի ամէնէն տպաւորիչ ազդեցութիւնը մարդոց սրտերուն վրայ:

Այդ երգն ու երաժշտութիւնը` երկուքն ալ անմասն բաժիններն են եղած ստեղծագործող ժողովուրդի մը մշակոյթին: Եւ այս առիթով յիշենք, որ ժողովուրդ մը` որքան բարձր ըլլայ իր մշակոյթով, այնքան աւելի կը գնահատուի եւ ինքզինք կը պարտադրէ օտար աշխարհին:

Իսկ գալով մեզի, մեր հայ երգն ու երաժշտութեան, ըսենք, որ անոնք եթէ մեր ժողովուրդին համար նախապէս մէկական «ապաստաններ» էին, անոնք նաեւ մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութիւնը շաղկապող ոչ միայն պարզ լծակներ դարձած էին, այլ նաեւ` անբաժան մասնիկներ:

Ազգային առումով, եթէ հայ երաժշտութիւնը մեր ժողովուրդի ինքնատիպ արտայայտութիւններէն մէկն է եղած, բայց եւ այնպէս, անիկա նաեւ դարձած է անոր գեղարուեստական մտածողութեան յստակ հայելին:

Ուստի մեզի համար հայ երաժշտութիւնը մեր ազգային հպարտութեան եւ հարստութեան ամէնէն ամուր կռուաններէն մէկն ալ է:

Հոն է, որ մենք կը հանդիպինք մեր դարաւոր ապրումներուն, տագնապներուն, իտէալներուն եւ երազներուն:

Այլ խօսքով, մեր գոյատեւման հաճելի ու դրական միջոցն է, դպրոցն ու դարբնոցը, եթէ կ՛ուզէք: Մեր լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ կրօնի կողքին, նաեւ նկատուած է մեր ազգային ամէնէն հիմնական եւ հաստատուն հիմնաքարերէն մէկը:

Սակայն` ինչո՞ւ այս նախաբանը:

Որովհետեւ երաժշտագէտ Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեակն է:

Ո՞վ է այս հայ հանճարը:

Ներկայացնեմ:

Ան Պէյրութ (Լիբանան) ծնած հայրենադարձներէն է, սակայն իր մանկութիւնը անցուցած է հայրենի Շիրակի դաշտին մէջ, Մանթաշէ ձորի եզրին: Իր մեծ հայրն ալ եղած է երաժիշտ:

Ինք շատ յաճախ խօսելով երաժշտութեան եւ մշակոյթի մասին` հետեւեալը կը յիշեցնէ.

«Երաժշտութիւնը զուարճանք չէ եւ ոչ ալ` բեմ հանելու եւ գրաւիչ դառնալու արդիական դրսեւորում մը, այլ` մի ուրիշ կերպ: Իսկ մշակոյթը` գեղեցիկ միջոց, որի շնորհիւ ժողովուրդը իրար կը կապուի: Եւ մի՛ մոռացէք, հայ երաժշտութեան մէջ միշտ գտնում ես հայկական զգացում»:

Ամբողջ իր կեանքի ընթացքին Տիգրան Մանսուրեան, իր բոլոր ստեղծագործութիւններով, միշտ աշխատած է հայ երաժշտութիւնը, յատկապէս` օտարներուն դիմաց, պահել իր արժանի պատուանդանին վրայ:

Ու այս բոլորին իբրեւ հարազատ վկայութիւն` հպարտօրէն կրնանք նշել հետեւեալ ճշմարտութիւնները.

– Եթէ Կոմիտաս, մեր հանճար վարդապետը, մեր մշակոյթէն ներս դարձակէտ մը եղաւ,

– Եթէ Արամ Խաչատուրեան մեր երաժշտութեան «անապատին» մէջ, ինչպէս մեծերը ըսած են, հայկական նոր դպրոց մը ստեղծեց,

– Ապա եւ հաստատօրէն Տիգրան Մանսուրեան, իր բազմազան ստեղծագործութիւններով, հայ երաժշտութեան բերաւ նոր ճաշակ, իմաստ եւ նոյնքան ալ` որակ:

Իսկ այժմ` ամէն առիթով եւ բարձրաձայն կրկնած ենք, որ երախտագիտութեան գիտակցութիւնը մարդը բնորոշող ազնիւ տարրերէն մէկն է, իսկ արժանիքները ճանչնալն ու արժանիները մեծարելը` յատուկ եւ օրինակելի բարեմասնութիւններ:

Անկասկած, զանազան եւ բազմազան հայ եւ օտար տիտղոսներու, պարգեւներու եւ շքանշաններու տիրացած եւ արժանացած այս հայ մեծանուն անժխտելի երաժշտագէտ Տիգրան Մանսուրեանը արդի երաժշտութեան մէջ եզակի դէմք մըն է եւ մեծ պատիւ մըն է մեզի համար:

Համբուրելի է նման հայուն ճակատը, որ կ՛ապրի, կը շնչէ ու նաեւ կ՛երազէ միայն ու միայն իր ժողովուրդի դարաւոր երաժշտութիւնը մաքուր եւ անբիծ պահելու, բարգաւաճ դարձնելու եւ յաւերժ ու բարձր պահելու ձգտումով:

Ու կրկնելու գնով յիշեցնեմ, որ ան ազգային եւ մշակութային գետնի վրայ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող վաստակաշատ մեծ արուեստագէտ մըն է եւ իր ծննդեան 80-րդ տարեդարձին մենք ալ մեր կարգին կու գանք ձայնակցելու հազարաւոր հայ թէ օտար մշակութասէր գնահատողներուն` եւ կողքին մաղթելով առողջութիւն, արեւշատութիւն եւ ստեղծագործ աշխատանք:

Արդ,

Հայ մեծանո՛ւն երաժշտագէտ,

Ծնունդդ շնորհաւոր, յարգելի՛ս:

Դո՛ւք անկասկած համայն աշխարհի տարածքին հայ երաժշտութեան մեծ, փայլուն եւ պատուաւոր այցեքարտն էք:

Պատի՛ւ ձեզի:

Դուք արժանի էք մեր բոլորին անկեղծ, անհուն եւ անսահման յարգանքին:

Ձեր վարձքը կատար:

 

Նախորդը

Վարչապետի Յեղափոխական Միտքով Տասը Ամիսը Բաւ Չէ Նոյնիսկ Լաւ Հարսանիք Կազմակերպելու

Յաջորդը

Նոյն Տարուան Մէջ Երկրորդ Գիրքի Մը Հրատարակութեան Առիթով. «Սիրային Զրոյց Երեւանին Հետ»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?