Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետի Յեղափոխական Միտքով Տասը Ամիսը Բաւ Չէ Նոյնիսկ Լաւ Հարսանիք Կազմակերպելու

Ապրիլ 10, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ

Երեւան կ’ըսեն, որ գարուն է, բայց շուէտական կամ սիպերիական ցուրտը կը շարունակուի: Կեդրոնականցին, բուրդերու կծիկ եղած, Էլպիսի հետ խուժեց մեկնիլ չուզող ձմրան դէմ պայքարող մեր տան մէջ ապաստան գտնելու համար:
Բազմաշնորհ է Էլպիս: Անուշապուր բերած էր հայաստանեան առատ չիրով: Արմենակ պայուսակէն հանեց «Արարատ» քոնեաք մը: Բարեւեց եւ ըսաւ. «Նախ տաքնանք: Իսկ անուշապուրը այնքա՜ն էներգետիկ է, որ տաքցուելու կարիք չունի»:
Երեւանը` պատուհանէն դիտուած, արեւով լուացուած բիւրեղապակեայ երկինքին տակ էր: Լոյս: Երեւանի տուներու մնայուն եւ չլռող հիւրը հեռատեսիլն է, ներկայ` բոլոր սենեակներու մէջ, նաեւ` խոհանոցը: Անջատեցինք: Արմենակը եկած էր:
– Մակա՛ր, եկայ, որ Հայաստանը, մարդիկը եւ մեծերը մօտէն դիտեմ եւ ճանչնամ, սխալ կարծիքներու զոհ չըլլամ: Լսածներովս եւ տեսածներս շուարումի կը մատնեն:
– Կը վարժուիս: Սովետէն մարդիկ բնազդով դիալեկդիկա գիտեն, այսինքն խօսքի ծովուն մէջ լողալ: Ըսուածի ետին միշտ չըսուած կայ: Ի՞նչ բան կրկին յուզած է քեզ:
– Այլեւս չեմ յուզուիր, կը զարմանամ:
– Զարմանալու ալ կը վարժուիս, որպէսզի չզարմանաս,- ըսի:
– Զիս ձե՞ռք կ’առնես: Հեռատեսիլի մէկ ալիքէն միւսը գացի, կրկին եւ կրկին լսելու մեր յեղափոխական դիպաշարներու, ինչպէս կ’ըսեն` սցենարներով` իր քայլը նետող վարչապետը: Չհասկցայ, թէ տասը ամիս պատրաստութեան կարիք ունեցող հարսանեկան պատրաստութիւն ե՞րբ եւ ո՞ւր տեսած է, նոյնիսկ Անգլիոյ գահաժառանգներու հարսանիքները տասը ամիս պատրաստութեան պէտք չեն ունեցած: Իսկ եթէ կառավարութեան մը խնդիրներէն իւրաքանչիւրը տասը ամիս պահանջող պատրաստութիւն պահանջող հարսանիքի կը նմանի, ինչպէս ինք կ’ըսէ, տասը հարսանիքը Ազգային ժողովի տեւողութիւնն է, նաեւ` կառավարութեան: Ինչպէ՞ս պիտի կառավարուի երկիրը:
– Արմենա՛կ, վարչապետը զուարթախօսութիւն մը ըրած է:
– Այդպէս ալ մտածեցի: Բայց երեւոյթ մը զիս կը մտահոգէ: Վարչապետը առաջին օրէն ցոյց տուաւ, որ կը սիրէ յեղափոխական մենաթատրոն խաղալ, one man show, ես ըսեմ, բայց կարծեցէ՛ք, որ դուք կ’ըսէք եւ ծափահարեցէ՛ք: Բանիմացները չեն մնար սրահին մէջ: Կը մնայ ամբոխը: Եւ ամբոխով մեր դժուար կացութեան մէջ եղող երկիրը չի ղեկավարուիր:
– Մեր ժողովուրդը մտաւորականութիւն ունի, Արմենա՛կ, իմաստութի՛ւն:
– Ես ալ այդպէս կը հաւատամ, Մակա՛ր, ողջախոհութիւնը վերջ կու տայ յեղափոխութեան, կ’ըլլայ ազգային կառավարում, թէեւ ազգային իմացումը ելեկտրոնային ուշիմութեան մէջ տեղ չունի, կամ կրկին կ’ունենանք միջազգային լրատուամիջոցներուն խօսելու եւ գրելու նիւթ մատակարարող հակայեղափոխութիւն, որ ինքզինք կը կոչէ նոր յեղափոխութիւն: Մինչ այդ Երեւանէն դուրս գտնուող հիւանդանոցները կը մնան անտիրութեան վիճակի մէջ, Գիւմրիի աւերակները կը մնան աւերակ, բայց կը շարունակուին միջազգային ճամբորդութիւնները դէպի աշխարհի յայտնի եւ նուազ յայտնի մայրաքաղաքները` ի հարկին նկարահանողներով, որպէսզի հեռատեսիլի պատուհանները դատարկ չմնան:
Իմաստուն Կեդրոնականցին լռեց: Սպասեց անուշապուրի եւ քոնեաքի ակցիան:

1 ապրիլ 2019, Երեւան

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեակին Առթիւ. Բարի Եկաք Եւ Բարի Տարեդարձ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?