Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մայր Եկեղեցւոյ Վերօծման Հայրապետական Ուղերձները

Ապրիլ 8, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Հալէպ այցելութիւնը եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ վերօծումը ոչ միայն պատմական նշանակութիւն ունէին, այլեւ քաղաքական ու ներազգային պատգամներ կը պարունակէին:

Կարեւորութեամբ պէտք է ընդգծել, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին, ունենալով աւելի քան հինգ հարիւր տարուան պատմութիւն, նախ կը վկայէ Հալէպի մէջ հայութեան պատմական ներկայութեան մասին, ապա նաեւ` Սուրիոյ մէջ քրիստոնէութեան արմատներուն եւ քրիստոնեաներուն նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքին մասին: Երկրորդ` Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին կաթողիկոսութեան աթոռանիստ եղած է նաեւ, այստեղ կաթողիկոսներ եւ եպիսկոպոսներ ձեռնադրուած են, թաղուած են, այստեղ սրբալոյս միւռոն օծուած է: Տարիներ շարունակ պահուած նոյն այդ միւռոնով եկեղեցւոյ վերօծումը հաստատում մըն էր, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին, յաղթահարելով պատերազմի արհաւիրքը, կը վերականգնէ իր կարեւոր դերը մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր կեանքին մէջ:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` եկեղեցւոյ վերաշինութեան օժանդակութիւնն ու պետական մարմիններուն անվերապահ աջակցութիւնը յաչս աշխարհին վկայեցին, որ Սուրիան կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու գոյակցութեան երկիր էր ու կը շարունակէ մնալ այդպէս, որքան ալ խաւարամիտ ուժեր փորձեն շրջել այս պատկերն ու աղաւաղել Սուրիոյ դերն ու աշխարհաքաղաքական դիրքը տարածաշրջանին մէջ: Նորին սրբութիւնը իր պատգամներուն մէջ մէկէ աւելի անգամներ հաստատեց այս իրողութիւնը: Աւելի՛ն. վեհափառ հայրապետը Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն քաղաքական եւ կրօնական դէմքերու հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին վեր առաւ Սուրիոյ, անոր ժողովուրդին եւ սուրիահայութեան դերը Միջին Արեւելքի ընդհանուր պատկերին մէջ` ի հեճուկս այս երկրին քաղաքակրթութիւնը անհետացնել փորձող, Սուրիայէն տարածքներ պոկելու նկրտումներ ունեցող ու շրջանի ժողովրդագրական պատկերը աղաւաղելու համար ահաբեկչական շարժումներ հրահրող քաղաքական դէմքերու եւ պետութիւններու դաւադրութիւններուն:

Այս առումով, աւելի քան խօսուն էին եկեղեցւոյ վերօծումին առիթով քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնապետներուն, ինչպէս նաեւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն շնորհաւորական այցելութիւնները վեհափառ հայրապետին ու Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին:

Քաղաքական երկրորդ կարեւոր պատգամը հայ ժողովուրդին խաղաղասէր ու շինարար ժողովուրդ ըլլալու գործնական հաստատումն էր:

104 տարի առաջ ցեղասպան թուրքը մահ ու աւեր տարածեց իր չորսդին, մինչդեռ հայ ժողովուրդը ապրելով, գոյատեւելով, վերածաղկելով` ոչ միայն կառուցեց, այլեւ խաղաղութեան ջատագովը դարձաւ իրողապէս: 104 տարի վերջ ողջ աշխարհին դիմաց նոյն այս իրողութիւնը պարզուեցաւ: Ցեղասպանը այս անգամ Սուրիոյ մէջ ջարդեց, քանդեց, թալանեց, իսկ հայ ժողովուրդը ահա՛ եւ այսօր կը վերաշինէ, խաղաղ գոյակցութեան օրինակ կը հանդիսանայ ու կառչելով սուրիական հայրենիքին, որպէս երախտագիտութիւն, յանձն կ՛առնէ մասնակցութիւնը երկրի վերաշինութեան աշխատանքներուն` արաբին, իսլամին, քրիստոնեային հետ ձեռք-ձեռքի: Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ վերակառուցումը, վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ իրականացած վերօծման հանդիսաւոր արարողութիւնն ու խուռներամ բազմութեան ներկայութիւնը խօսուն վկաները կը հանդիսանան այս ճշմարտութեան: Այս պարունակին մէջ պէտք է տեղադրել նաեւ վեհափառ հայրապետին` Սուրիա ժամանած ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան մասնագէտներու խումբին տուած այցելութիւնը, ուր նորին սրբութիւնը ընդգծեց Հայաստանի խաղաղարար դերը նաեւ:

Ներազգային առումով, յատկանշական էին Արամ Ա. կաթողիկոսին շեշտադրումները` եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը նաեւ հոգեւոր զարթօնքի ազդանշան համարելու, եկեղեցին, ազգն ու հայրենիքը մէկ ամբողջութեան մէջ տեսնելու եւ ըստ այնմ գործելու, հոգեւոր ու բարոյական մեր սկզբունքներով առաջնորդուելու եւ, վերջապէս, հոգեւոր, ազգային թէ պետական աշխատանքներուն մէջ, ոչ թէ ծառայութեան չափին ու ձեւին, այլ անոր որակին կարեւորութիւն տալու, այդ որակը նուիրում համարելու` հեռու մնալով դատարկ քարոզչութեան ու ժողովրդահաճութեան դրսեւորումներէ:

Եւ վերջապէս, «Հալէպի վերաշինութիւնը պէտք է սկսիլ Նոր Գիւղէն» իր կոչին մէջ վեհափառ հայրապետը կ՛ընդգծէր հալէպահայութեան դիմադրողական ոգին, կանգուն մնալու վճռակամութիւնը` վերականգնումի աշխատանքներուն մասնակցութեան հրաւիրելով համայն հայութիւնը:

Սուրիահայութիւնը, պատերազմի անհամար դժուարութիւնները միասնակամութեամբ յաղթահարելով, պայքարելով, զոհեր տալով ու իր սրբագոյն արժէքներուն կառչած մնալով, պատմական այս օրերուն ողջունելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը` հպարտութեան, ցնծութեան եզակի պահեր ապրեցաւ ու վերանորոգեց իր ուխտը:

Մայր եկեղեցին մայրական սիրով վերականգնեցաւ, համախմբեց իր զաւակներն ու վերանորոգելի կեանքի մը մեկնարկը աւետեց:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան Վերջապէս Ունի Իր Առանձին Հարթակը

Յաջորդը

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին. Հալէպահայուն Բերդ Ամրոցը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?