Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այլամոլորակային Մանրակերտ

Ապրիլ 9, 2019
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Նարեկ Դուրեանի «Բոհեմ» թատերախումբը «Յ. Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ ներկայացուց իր հաւաքաբար հեղինակած «Շէնքում իրավիճակ ա փոխուել» կատակերգութիւնը: Բեմադրիչը եւ դերասանները կը յայտնեն, թէ գործը քաղաքական է` առանց «քաղաքականութիւն խաղալու» [1]:

Դիպաշարը.-  2018-ի ապրիլն է, զայրացած մարդիկ գրաւած են փողոցները, վաթսունամեայ Սեդրակ, սակայն, դուրս չէ եկած (խորհրդանշական)… մի  րոպէ… վաթսունամեա՞յ… բայց չէ՞ որ Դուրեան եւս… ինչեւիցէ…  տան մէջ փակուած կը մենախօսէ: Յանկարծ դուռը կը բացուի, որդին` Միքայէլ, ամբոխէն հալածուած, կը նետուի հօր գիրկը [2]:  Որդին կը կրէ տոլարներով լեցուն պայուսակ մը: Միքայէլ հանրապետական է, ուրեմն եւ` փտած, խարդախ, եւ… բայց չէ՞ որ քաղաքականութիւն պիտի չխաղայինք… ինչեւիցէ… այժմ ուշադրութիւ՛ն.  Միքայէլ կը փնտռէ իր մեծ մօր անձնագիրը… Սեդրակ կը մերժէ, որովհետեւ կ’ենթադրէ, որ որդին անձնագիրը պիտի շահագործէ մութ եւ ստոր նպատակներու համար:

Հօր մերժումը խորհրդանշական է: Մեծ մայրը տարագրուած է Այրուող Այգեստաններէն: Անձնագիրը (ազգային ինքնութի՞ւն) տարագիր սերունդի աւանդն է: Երկրորդ սերունդը իր տան (իմա` գիտակցութեան) մէկ անկիւնը պահպանած է այդ, թէեւ աժան վաճառած է իր սեփական «անձագիրը»: Երրորդ սերունդին համար, սակայն  «մեծ մօր աւանդը» այլեւս սրբութիւն չէ: Բարոյական անկում:

Միքայէլ կը դիմէ հիւանդապահներու (կազմակերպուած օրինաւոր բռնութիւն) օժանդակութեան: Սեդրակ կը փախչի պատշգամէ պատշգամ: Բնակարանները օրկանապէս միացած են իրարու (խորհրդանշական): Պարզ է, որ շէնքը ներկայ Հայաստանի մանրակերտն է [3,4]:

Առաջին կանգառն է արուեստագէտ այր եւ պատգամաւոր կին ամոլին տունը: Անոնք ամուսնացած են «աւանդական հարսանիքով»: Իմա` բոլոր ժամանակներու մէջ այդպէս եղած է կարգը: Պարզ է, որ այդ տան մէջ կի՛նն է, որ կը հագնի տաբատ: Արուեստագէտը կը քանդակէ… իր զոքանչի անդրին (՞):  Արուեստագէտը  կ’ապրի իր կնոջ, իմա` իշխանութեան հաշուին, ստրկամիտ է, պատեհապաշտ: «Յեղափոխութեան» իբրեւ կողմնակից` այդ մտաւորականը չի կրնար զանազանել Այէնտիի Չիլին` Քասթրոյի Քուպայէն եւ այլն, եւ այլն… Դուրեան թիրախ դարձուցած է հայրենի արուեստագէտներու յարաբերութիւնը իշխանութեան հետ ընդհանրապէս: Պատգամաւոր տիկինը եւս հանրապետական է… բայց ինչո՞ւ ոչ այլ… ինչեւիցէ… Միքայել պայուսակը կ’ուզէ փոխանցել «դեպուտատին»…

Թատրոններու կրճատման շուրջ բռնկած բանավէճը լուսարձակի տակ բերաւ իշխանութեան եւ մշակութային հաստատութիւններու յարաբերութեան հարցը: Թատրերգութեան  ցոյց տուած «նոր իրավիճակը» ա՛յն է, որ հակահանրապետական լայնածաւալ ցոյցերէն քաջալերուած` հլու արուեստագէտն անգամ այժմ ըմբոստանալու համարձակութիւն ձեռք բերած է:  Շա՛տ բարի:

Երկրորդ կանգառը լրագրող աղջկան պատշգամն է:  Այո՛, կռահեցիք, լրագրողը անսկզբունք ասպարէզամոլ մըն է (careerist),  որ յօժար է գայթակղիչ «scoop»-ի (շերեփում) մը սիրոյն անգամ ինքնիր բռնաբարումը բեմադրել: Այս եւս կը ցոլացնէ նոր իրականութեան ցաւոտ պատկերներէն մէկը: Փաշինեանի յեղաշրջումէն ետք, մամուլի մէջ թէ համացանցի վրայ, անհամեմատօրէն աճած է անպատասխանատու, «զգայացունց» լրատուութիւնը: Բարի՛:

Ապա բեմ կը մտնեն յուսակտուր աղջիկ մը, որ ամուսի՛ն կը փնտռէ եւ` վոտկայամոլ մըն է, որ բնակարա՛ն կը փնտռէ: Կը սկսի դասական սխալներու կատակերգութիւն: Տեսարանը իսկապէս ցաւոտ  է եւ յուզիչ: Կինը պատրաստ է 40 հազար դրամի փոխարէն (շուրջ 80$) թոյլ տալ, որ գինովը «ստուգէ» ապրանքը: Իսկ այրը բոլորովին անտեղեակ է «յեղափոխութենէն»: Երկուքը «կու լան իրենց կարապետները»:  Շարքային քաղաքացիին համար գետնի վրայ ոչինչ  փոխուած է:  Այս ամենացաւոտ իրականութիւնն է:

Վերջին կանգառը հայկական «սերիալ»-ներու նկարահանում մըն է: Պատրուակ մը` մատնանշելու համար մշակութային անկումը:  Կը մատնանշէ նաև դերասաններու անմխիթար վիճակը: Սերիալի դերասանը իր ելոյթին համար (պահաջելու իմաստով) նախ կը յիշէ 5 հազար դրամ: Քիչ ետք կը զիջի 4 հազար դրամի (շուրջ 8 տոլար):

Այսուհանդերձ, ելոյթը կ’աւարտի Ֆորշի «Հէնց այսպէս էլ ապրում ենք» երգով, որ գոհունակութիւն կ’արտայայտէ …

Քաղաքական.-  Նարեկ Դուրեանի կատակերգութեան անդրադարձած եմ նախքան «Բոհեմ» թատրոնի հիմնադրումը[5]: Անուանումը ինքնին որոշ մօտեցում կ’ենթադրէ: «Բոհեմական»` կը նշանակէ լուսանցքային արուեստագէտներու անհոգ-անկաշկանդ ապրելաձեւ: Ինչպէս Ազնաւուրի «La Boheme» երգը կ’ըսէ. «Խենթ երիտասարդներ, որոնք դատարկ ստամոքսներով մեծ յոյսեր կը փայփայեն» [6]: Թերեւս պոհեմական ապրելակերպը կը վերաբերի իր դերասաններուն, որոնք ոչ թէ մնայուն, այլ պայմանագրային են (contract), իսկ «Բոհեմ»-ը մէկ ամսուան ընթացքին 10-12 ելոյթ կ’ունենայ [4]: Դերասանները այլ աշխատանք ընդունելու համար հարկ է, որ արտօնութիւն ստանան «Բոհեմ»-ի վարչութենէն: Ի դէպ, Թելման Առաքելեան (գինովը) հոգոցով կը տեղեկացնէ, որ «սերիալները» աւելի լաւ չեն վճարեր, քան` պետական  թատրոնները [7]:

Դուրեան, որպէս թատերական աշխատանքի ձեւաչափ, ցոյց կու տայ… Coca Cola ընկերութիւնը,  որ անընդհատ կը փոխէ… «շշի տեսքը»: Կը հաւատայ, որ «թատրոնը սկսւում է վեշիլկայից» (հանդերձարան) [3]  «Այսօր Պեքեթի, Սարթրի ու Քամիւի դարը չէ,- կ’ըսէ Դուրեան,- «հայ հանդիսատեսը պուլվարի կարիք ունի» [8]: Այլ խօսքով, «Բոհեմ»-ը ուղղուած է դէպի «շուկայ»:

Արուեստի որեւէ գործ ի հարկէ քաղաքական է` ե՛ւ բացայայտ ե՛ւ թաքուն տողատակի առումներով: Ներկայ ելոյթը պատրաստուած է 2018-ի ապրիլին եւ կը ձաղկէ խուճապի մատնուած «Ելք» փնտռող հանրապետականները: Այդ շուկայական ապահով քայլ էր, որովհետեւ համատարած խորշանք կար այդ պատգամաւորներուն հանդէպ: Բացի այդ, պարզ էր, որ այդ համախմբումը պիտի չկարենար երկար պահել իշխանութիւնը:

Ներկայացումը կը հեգնէ նաեւ «յեղափոխական» երիտասարդները, որոնք  կը կարծեն, թէ «ամէն ինչի կարող են»: «Յեղափոխութիւնը» կը մնայ բեմէն դուրս, կը լսենք լոկ  ամբոխին աղմուկը: Թատրերգութեան մէջ չկայ դրական կերպար: Դուրեան` իբրեւ սրախօսութիւն, արուեստը եւ քաղաքականութիւնը կը յարակցէ… պոռնկութեան: Ապաքաղաքականացում` կը նշանակէ իշխող հասարակակարգի յարատեւութիւն:

Դուրեանի սրախօսութիւնները հանդիսատեսը չե՛ն մղեր իրականութիւնը նոր ձեւով տեսնելու: Դուրեան դիտել կու տայ, օրինակ, որ գողութիւնը համատարած երեւոյթ է: Կողմնակի ակնարկներուն մէջ կը լսենք, որ `«Եորիկը եորղան կը ծախէ»: Հայաստանի մէջ բոլորը գիտեն, որ Եորիկը (Yorick) այն իմաստուն ծաղրածուն էր, որուն  ծունկին քով մեծցած է Համլեթ: Իրաւազուրկ գահաժառանգը կ’արտասանէ իր հանրայայտ «Լինե՞լ, թէ՞ չլինել» մենախօսութիւնը` նոյն այդ Եորիկի գանկը ձեռքին: Ի՞նչ առնչութիւն կրնայ ունենալ այդ կերպարը Հայաստանի մաֆիոզ սակաւապետներու հետ [9]: Այս ոչ թէ քաղաքական ծանակ է, այլ` թեթեւամտութիւն, մէջբերելով թատերագէտ Արա Խզմալեանը` հարցերու «շաքարապատում»[10]:

«Պուլվարավարի»  այլ ակնարկներ (տեղական բարբառով` «թալթիշ») աղքատութեան, Սեւանի ապականման, Երեւանի դիմագիծին եւ այլ ցաւոտ հարցերու` կը մնան հարեւանցի:

Երկբայական.-  Դուրեանի` ինծի ծանօթ բոլոր կատակերգութիւններուն մէջ առկայ են սեռային երկբայութեան բազմաթիւ տեսարաններ: Այս կէտին նախապէս անդրադարձած եմ [5]: Կու տամ օրինակներ` առնուած ներկայ ելոյթէն: Դուրեանի «թոկայի» [11] փէշը վեր բարձրացուեցաւ առնուազն չորս անգամ, երբ ան արդէն իսկ բարձր կանգնած էր կողքի պատկերին մէջ սլաքով ցոյց տրուած պատուանդանին վրայ: Երբ գինովը փորձեց կրկին համբուրել Դուրեանը, վերջինը խուսափեցաւ` առարկելով, որ համբոյրէն իր «շաքարը կը բարձրանայ», բացի այդ` առնուազն երկու անգամ քանդակագործին հարց տուաւ, թէ արդեօք «իր մարմնի էսթեթիքան (գեղեցկութիւնը) հոգեւոր սերմե՞ր յառաջացուցեր էր երիտասարդին  մէջ»: Ի՞նչ մեկնաբանութիւն կարելի է տալ այս տեսարաններուն, բացի այն, որ Դուրեան հիւմըրի միջոցով կը փորձէ ընդունելի դարձնել սեռային երկբայութիւնը:

Կային նաեւ աւելի «նորմալ» ակնարկներ: Երբ Դուրեան թոկան փոխարինեց թափանցիկ անձրեւանոցով, նկատել տուաւ, որ տանտիրուհին իր դարանին մէջ ունէր նաեւ «պանաններով» տարբերակ մը:  Այս ընթացիկ խորհրդանիշ է  Դուրեանի մօտ եւ այլուր: Յուսամ, որ պարզապէս սխալ իմացած եմ: Իր որդին նախատելու համար Դուրեան բացաւ իր զգեստի յառաջամասը եւ ըսաւ.  «Ո՞նց ես վրիպեցի, որ դու ծնար»: Քանդակագործը կ’ըսէ, որ ինք պատգամաւորի հետ է ամուսնացեր, որպէսզի կարենայ իր գլուխը գովել` ըսելով, թէ ինք «ամէն գիշեր դեպուտատ է— ում»: Ի սէր Աստծոյ, որքա՞ն հեռու պէտք է երթալ` հատելու համար պատշաճութիւն / գռեհկութիւն սահմանագիծը: Ցաւալին այն է, որ նման տեսարաններ սրահէն աւելի ծիծաղ կը կորզեն, քան` որեւէ նուրբ ու կիրթ սրամտութիւն:

Ա.- Կառոյց  եւ համեմում.- Առաջին իսկ տեսարանին մէջ Դուրեան փութաց յայտնելու, որ «այլմոլորակային» մըն է, ապա ատիկա կրկնեց չորս անգամ: Ասիկա դիտաւորեալ ակնարկ է գէթ բարոյապէս հեղինակի  իրաւունքը յարգելու համար: Դուրեան ի հարկէ գիտէ, որ հայրենի հանդիսատեսը ծանօթ է նախատիպերուն: Ներկայացումը կը կրկնէ Ժիրայր Անանեանի (1934- 2004)  «Թռչող ափսէից իջած մարդը» (1992) թատրերգութեան կառոյցը եւ գլխաւոր տիպարները: Տեսարանները կրճատուած եւ համադրուած են: Խմանը, օրինակ, կը տեսնենք ոչ թէ թոշակառու պապիկի, այլ տունմնայ աղջկան հետ: Ատիկա առիթ կը ստեղծէ (Անանեանի կատակերգութեան մէջ բացակայ, բայց` ցանկալի քոկաքոլային) «սեքսուալ խառնաշփոթ» ներմուծելու ելոյթին մէջ:

Այդ կատակերգութիւնը տակաւին 1993 թուականին  «Լուսնէն իջած մարդը» վերնագիրով ներկայացուած է Հալէպի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին կողմէ Նիկոլայ (Կոլեա) Ծատուրեանի բեմադրութեամբ: Թատերախումբը ապա հիւրախաղով ելոյթ ունեցած է Պէյրութի մէջ: 2000 թուականին, Երուանդ Ղազանչեան նոյն գործը` «Տէ՛ր, մի՛ թողուր մեզ անտէր» վերնագրով բեմադրած է «Պարոնեան» թատրոնին մէջ: Ղազանչեան աւելի ուշ նոյն վերնագրով բեմադրած է Պէյրութի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին համար: Այդ ելոյթին տեսահոլովակը դիտած եմ` շնորհիւ «Վ. Փափազեան» թատրոնի արխիւին: Այս կը նշանակէ, որ պէյրութահայ հանդիսատեսին համար Նարեկ Դուրեանի «Շէնքը» Անանեանի «Թռչող ափսէի» երրորդ  մեկնաբանութիւնն է:

Ի տարբերութիւն` Անանեանի կատակերգութեան` երկու արարներու միջեւ տրուած դադարը փոխարինուած էր փակ վարագոյրի առջեւ կատարուած տեսարանով մը, որուն կը մասնակցէին գլխաւոր դերակատարները: Կը թուի, որ ատիկա միտէր (անուշադիր) հանդիսատեսին տալ յաւելեալ «լուսաբանութիւններ»:

Թատրեգութեան միտք բանին, այսինքն «Շէնքի մէջ նոր իրավիճակ»-ի  գաղափարը եւս ունի նախատիպ, որ կու գայ շարժապատկերի բնագաւառէն: Ատիկա Լուսինէ Սարգսեանի «Շքամուտք»-ն է (2014),  որ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին ստացած էր Ecumenic դատակազմին  մրցանակը: Այլ խօսքով` ծանօթ ժապաւէնէ մը [12]: Դուրեանի «Շէնքին» մէջ նոր իրավիճակը «յեղափոխութիւն»-ն է, իսկ  Սարգսեանի «Շքամուտք»-ին մէջ` Հայաստանի անկախութիւնը: Ի հարկէ այստեղ եւս «շէնք»-ը երկրի մանրապատկերն է: Դուրեան Անանեանի կատակերգութիւնը համեմած է «Շքամուտք»-ով: Հարկ է նշել, սակայն, որ վերջինը շատ աւելի լուրջ արուեստի գործ է: Շէնքի մուտքը այն վայրն է, ուր բնակիչները իրարու հետ կը հաղորդակցին: Ժապաւէնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս ցուրտ ու մութ տարիներուն մարդիկ ուժ կը գտնէին ոտքի կանգնելու եւ ապրելու համար:

Բեմագիրը.- Ներկայացումը պատկերներու շարան մըն է: Կարելի չէ խօսիլ թատերական շարժումի եւ կամ զարգացումի մասին: Բացի այդ` ծանրաբեռնուած է բազում «stand-up comedy» բնոյթի մենախօսութիւններով, որոնք ելոյթին կու տային զուարճախօս «շօ»-ի բնոյթ: Բնագիրը ծանրաբեռնուած էր նաեւ անհամար տեղի-անտեղի ակնարկներով` ծանօթ գործերու:  Արդէն իսկ վերը նշեցի Շէյքսփիրի Եորիկը,  կը յիշեմ նաեւ Յուլիոս Կեսարի  «Դո՞ւն ալ Բրուտո՛ս»-ը,  Հայֆիլմի «Ինչո՞ւ է աղմկում Արաքսը», Հախվերդեանի «Լաւագոյն տղերքը հեռանում են», Ֆորշը,  Համօ Սահեանի «Ախր ես ինչպէ՜ս վեր կենամ, գնամ»-ը եւ այլն, եւ այլն: Ի դէպ, երաժշտութիւնը եւս կազմուած էր հայ եւ օտար ծանօթ գործերէ (popular classics): Այստեղ կարելի է յիշել նաեւ առնուազն մէկ տեսարան, որ կը յիշեցնէր բոլորին սիրելի «Մեր բակը»:

Սրախօսութիւններէն մաս մը ծանօթ անեկտոդներ էին, ինչպէս խմանը, որ մոռցած է, թէ ի՛նչ բանը մոռնալու համար կը խմէ: Կատարողական աւանդի մէջ կան բազմաթիւ երկխօսութիւններ եւ զուգապարեր` աւելի եւ կամ կախիչի հետ:

Կատարողական.-  Նարեկ Դուրեան փորձառու դերասան է: Տիրապետած է սրահը գրաւելու հնարքներուն: Իսկ իր թատերախումբը կազմուած է վկայեալ արհեստավարժ դերասաններէ: Բոլորը ունին կիրթ հիւմըրի խոր ըմբռնում: Այս ուղղութեամբ ուշագրաւ կէտը այն էր, որ անոնք իրենց խօսքերը կ’ուղղէին ոչ թէ իրարու, այլ` հանդիսատեսին: Ատիկա կը շեշտէր ելոյթին «Շօ» մը ըլլալու հանգամանքը:  Հարկ է նշել նաեւ, որ կերպարները ծաղրանկարային, մէկ տարածաչափային էին: Դերասանները չունէին  մեկնաբանական իմաստով դժուար առաջադրանք: Կը մաղթեմ, որ այդ շնորհալի երիտասարդները աճին եւ ստանձնեն յանձնառու, իմաստալից դերեր:

Բեմայարդարումը նուազապաշտ եւ գործնական էր: Կը կայանար գլխաւորաբար չորս ուղղանկիւններէ, որոնք կը ներկայացնէին ե՛ւ պատշգամի դռները, ե՛ւ զոքանչի անդրին, ե՛ւ սերիալի դագաղը: Բարի՛: Նման տախտակներ կը տեսնուին Ղազանչեանի բեմադրութեան մէջ, ուր անհրաժեշտ էր ստեղծել բազմաթիւ միջավայրեր: Հաւանական է, որ նման զանգուածներ գործածուած էին Պարոնեանի ելոյթին մէջ: Իսկ պատշգամի շարժական վանդակաճաղի ծանօթ հնարքը գործածուած է  Ն. Ծատուրեանի բեմադութեան մէջ, եւ ոչ միայն: Այնուամենայնիւ, բարի՛:

Ներկաներու (հոգեբանականօրէն) ճնշող մեծամասնութիւնը յոտնկայս ծափահարեց ելոյթը:

Հուսկ Բանք.-  Բացման տեսարանին մեծ մօր անձնագիրը շահարկելու փորձը կը թելադրէր, որ  ներկայացման բներգը ազգային աւանդներու պահպանման համար մղուած պայքարն է: Անձնագրի կորզումը, սակայն, լոկ պատրուակ մըն էր Դուրեանը պատշգաշմէ պատշգամ հետապնդելու, այսինքն` փոխադրուելու համար տեսարանէ տեսարան: Ժ. Անանեան ընտրած էր հասարակ, ոչ նուիրական պատրուակ: «Թռչող ափսէի» բացման տեսարանին մէջ Սենի աներձագ Մուկուչ ներս կը խուժէ զայն ապօրինի գործարքի մը ներգրաւելու համար: (Նկատել.- Սեն-Սեդրակ եւ Մուկուչ-Միքայէլ  այս եւս ակնարկ է «Թռչող ափսէին»): Այդտեղ սրբապղծութեան հարց չկայ: Անձնապէս կը նախընտրէի, որ Դուրեան որդեգրէր նախատիպի մօտեցումը: Ընդունելի չէ, որ սուրբ աւանդներու ոտնակոխման հարցը յանկարծ մոռցուի:

Վերջին տեսարանին մէջ հանրապետական Միքայէլ, թերեւս` որպէս չքմեղանք, կ’ըսէ, որ նման արարքներու կը դիմէ, որովհետեւ իր երկրին մէջ ինքզինք օտար կը զգայ: Ուշադրութիւ՛ն.   Հայաստանի մէջ իշխող կուսակցութեան անդամն իսկ ինքզինք օտար կը զգայ: Այդ ահաւոր հարցը  իսկոյն կը «մոռացուի»: Ներկայացումը յաւուր պատշաճի հապճեպ համատեղում մըն է:

Սեդրակ կ’ատենախօսէ գրեթէ ամէն բանի մասին, բայց գրեթէ ոչինչ կ’ըսէ: Ի՞նչ է, օրինակ, Ձմեռ Պապուկի (քողարկեալ` Երկնաւոր Տէր) երկարապատում նամակի ճանաչողական արժէքը: Դուրեանի բոլոր ելոյթները կը միտին ըլլալ դիւրամարս: Կը խուսափի, իր բառերով, «հանդիսատեսի գլխին եռացած ջուր լցնելէ»:

Հայաստանին կը սպառնան արտաքին եւ ներքին շատ լուրջ վտանգներ: Անկախ Նիկոլ  Փաշինեանի հաւաստի կամ ոչ ասքէն, ի զուր չէ, որ հարիւր հազարաւոր  մարդիկ դուրս եկան բան մը փոխելու յոյսով: Այս վճռական օրերուն միթէ մենք, Հայաստանի մէջ թէ այստեղ, կարիք ունի՞նք շաքարապատ քնաբերներու:

—————————–

1.- Զառա Ղազարեան, «Նոր ներկայացում բոհեմում», Bravo.am, 12/1/2018:
2.- Ներողութիւն, Վարուժան:
3.- Նարեկ Դուրեան, «Պէտք է փոխել թատրոնի ֆորման», mediamall.am  15 ապրիլ 2013:
4.- Արթուր Բախդամեան, Հ1 տեսակցութիւն, «Կէս գիշերն անց» 31 օգ. 2018:
5.- «Առ ցուցք թաքնագիր», «Ազդակ» 10 սեպտ. 2016:
6.- Dans les cafés voisins / Nous étions quelques uns / Qui attendions la gloire / Et bien que miséreux / Avec le ventre creux / Nous ne cessions d՛y croire.
7.- Տեսակցութիւն  Բոհեմ Թատրոնի անդամներու հետ, «Վանայ Ձայն», 8 մարտ 2019:
8.- Ա1+ Մշակոյթ Պրեմիերա «Cherchez la femme»,  28 հոկտեմբեր 2011:

9.- Oligarchy – սակաւապետութիւն, ընտրանիի մը իշխանութիւնը:
10.-        Խզմալեան, Ա. Է. (2013) Սոցիալ-հոգեբանական միտումների բեմական անդրադարձները. Լրաբեր Հասարակական Գիտութիւնների թիւ 3:
11.-        Toga, Հռոմէական պատմուճան:
12.-        «90-ականների «Շքամուտքի» բնակիչները», Newmag 2 հոկ. 2014:   https://newmag.am/2014/shqamutq/

 

Նախորդը

Մենք Ձեզ Հետ Ենք

Յաջորդը

Դպրոցի Մը Պատմութիւնը (3)

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?