Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկարելի Նամակ Թիւ 4. Հայ Մամուլի Հասկացողութեան Մասին

Մայիս 30, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստորեւ` հայ մամուլի աշխատակից եւ «Փթիթ» մանկապատանեկան հրատարակութեան համախմբագիր Կարօ Աբրահամեանին նամակը:

Խորհրդատուական կարգով տեղեակ ըլլալով նախապատրաստական նիստերուն ճշդուած մասնակցութեան ձեւաչափին` անհրաժեշտ կը նկատենք արձանագրել հետեւեալը.

Հայ մամուլի տարուան առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած համաժողովին հրաւիրուած են օրաթերթերու եւ  շաբաթաթերթերու, ինչպէս նաեւ լրատուական կայքերու  գլխաւոր խմբագիրները: Այս առումով, հրաւէրները անձնական-հասցէական են եւ ուղղուած` նշուած բնոյթի լրատուամիջոցներու առաջին դէմքերուն:

Այս սկզբունքին առընթեր, առիթ տրուած է նաեւ մամուլի այն  գործիչներուն, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ համաժողովին, իրենց դիմումները ներկայացնելու կաթողիկոսութեան: Դիմումներուն համար ժամկէտ ճշդուած էր 15 ապրիլ 2019-ը:

«Ա.»

 

Սիրելի՛ Արմէն Յարութիւնեան,

Գիտեմ‚ որ ինձմէ նամակ կը սպասես‚ եւ գիտեմ‚ որ աչքդ ետեւդ մնալով` գացիր:  Մա՛րդ Աստուծոյ‚ ատենը մէկ դուն ալ մտածէ գրելու եւ այս կողմ ղրկելու մասին:  Գոնէ տեղեկացուր, թէ գացած տեղդ թերթ կամ գիրք կարելի՞ է գտնել: Վերջ ի վերջոյ‚ օր մը ես ալ պիտի գամ եւ գոնէ հիմակուընէ պատրաստուիմ հետս բաւարար քանակութեամբ եւ քանի մը տարի ընթերցելի գիրք բերելու մասին:  Ատենին, երբ փարաւոնները մահանային‚ անոնց դամբարաններուն մէջ կ՛ամբարէին պիտանի առարկաներ‚ նոյնիսկ` սպաննուած սպասաւորներ‚ որոնք կրնային պիտանի ըլլալ իրենց անդենական կեանքին մէջ:

Մեր մօտ մասնաւոր նորութիւն մը չկայ:  Աւելի ճիշդ` թէ՛ կայ եւ թէ՛ չկայ: Կախում ունի‚ թէ ինչպիսի՛ նորութիւններով հետաքրքրուած ես:  Կրնամ հետդ անկեղծ գտնուիլ եւ տեղեկացնել‚ որ սիրտ բացող նորութիւններ չկան:  Գործարար մարդ էիր‚ եւ վստահ եմ‚ որ տնտեսական տագնապի լուրերը առաջին օրէն ստացար:  Այս բոլորով հանդերձ‚ դուն աւելի կը հետաքրքրուէիր կրթական հարցերով եւ մանաւանդ` գիր-գրականութեամբ:

Քեզի ի՛նչ որ ալ գրեմ‚  նեղութիւն պիտի զգաս‚ սակայն չեմ կրնար չգրել:  Կրթական վիճակը հասաւ հոն‚ ուր հայ ծնողները պէտք է կրթուին‚ որպէսզի իրենց զաւակները անպայման հայկական վարժարան ուղարկեն:  Գրական հրապարակը կարծես երաշտի շրջանէ մը կ՛անցնի:  «Բագին» ու «Կամար» գրական հանդէսները կանոնաւոր կերպով կը հրատարակուին‚ իսկ մի՞ւս թերթերը…   Պիտի թելադրեմ, որ գացած տեղդ փնտռես Նասրէտտին խոճան եւ անոր հարցնես:

Հոս‚ այլեւս կը դժուարանամ շարունակել:  Հաւանաբար իմացար, թէ Արամ Ա. վեհափառը այս տարին հռչակեց ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ:  Ամանորեան իր պատգամին մէջ ալ կարեւորութեամբ շեշտեց մանկապատանեկան մամուլի խաղալիք կարեւոր դերը:  Չես կրնար երեւակայել‚ թէ որքա՜ն ուրախացայ` մտածելով, որ ազգային իշխանաւորները որոշած էին թիկունք կանգնիլ մեզի եւ հարթել մեր դժուարութիւնները:  Վերջ ի վերջոյ լափալիսեան ճշմարտութիւն է‚ որ ազգի գոյատեւումի գրաւականը կը գտնուի մանուկներու‚ պատանիներու եւ երիտասարդներու առողջ եւ հայեցի  դաստիարակութեան մէջ:

Վառ յոյսերով սպասեցինք մամուլի տարուան դրական զարգացումներուն. սպասեցինք, որ մեր թերթն ալ` լիբանանահայ պարբերական մամուլի իբրեւ լիիրաւ անդամ, հրաւիրուի տարուան սկիզբէն ի վեր ետեւ-ետեւի եւ ապա հոս-հոն տեղի ունեցող հանդիպումներուն եւ խորհրդածութիւններուն:  Օր մըն ալ օրաթերթային մամուլէն վերահասու եղանք հաղորդագրութեան մը եւ հոս ու հոն կատարուած հանդիպումներու եւ անոնց մասնակիցներուն խմբանկարներուն:  Երանի՜ չտեսնէինք‚ եւ երանի՜ գիտցած չըլլայինք, թէ որո՛նք մասնակցած են:  Յայտնի դարձաւ, որ հայ մամուլի իրենց եւ մեր հասկացողութիւնը նոյնը չէ եղեր:  Երանի խոճան ողջ ըլլար եւ մեզի բացատրէր եւ իրենց ալ հասկցնէր, թէ ստեղծուած կացութիւնը ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս անհեթեթի սահմանները ոտնակոխ ըրաւ ու անցաւ…

Ինքնաբերաբար յիշեցի համալսարանական իմ օրերուս հրատարակուած «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի համարները‚ ուր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան եւ Ժիրայր Դանիէլեան գիտական մակարդակով գրի առած էին հայ մամուլին առնչուող հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն-յօդուածներ` ապացուցելով‚ որ տարեգիրքերն ու նոյնիսկ բովանդակութիւն ունեցող օրացոյցներն ալ հայ պարբերական մամուլին մաս կը կազմեն: Եթէ Հայ մամուլի տարուան առթիւ կազմուած յանձնախումբի անդամները անտեղեակ են հայ մամուլի պատմութենէն‚ եւ մատենագիտական տուեալներէն‚ ինչո՞ւ Ժիրայր Դանիէլեանը իրենց ուշադրութեան չի յանձներ այս իրողութիւնը:  Ինչպէ՞ս հայ մամուլի վերոնշեալ  մատենագէտը կ՛արտօնէ, որ հայ մամուլին նուիրուած գիտաժողովը վերածուի հայ օրաթերթային մամուլի գիտաժողովի:  Տակաւին… հրաւիրուած անուններէն ոմանք ճանչնալով` վախնամ զարմանքս վերածուի սրտի կաթուածի…

Ահա այսպէս‚ սիրելի՛ բարեկամս:  Լա՛ւ որ հոս չես…

Ներողամիտ գտնուիր, որ աւելին չգրեմ եւ գլուխդ չցաւցնեմ:

Անձնապէս յոյս չունիմ, որ բան մը պիտի փոխուի:

Կարօտալի բարեւներ
ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Նախորդը

Ընկերական Զրոյց.- Հակադաշնակցականութիւնը Ընդդիմախօսութիւն Չէ, Այլ` Մոլուցք

Յաջորդը

«Թատրոնը Արուեստի Գործ Է. Եօթը Տեսարանները Մեր Առօրեայէն Առնուած Նիւթեր Են» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?