Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արմիս» Երգչախումբին Ելոյթը

Յունիս 11, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արմիս» երգչախումբը, որ կը վայելէ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան եւ իր նախագահին` վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին հովանաւորութիւնը, չորս տարուան դադարէ մը ետք բեմ բարձրացաւ իր առանձին համերգին համար: Հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, «Արմիս» երգչախումբին համերգը տեղի ունեցաւ կիրակի, 2 յունիս 2019-ին, Պէյրութի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիին մէջ, խմբավարութեամբ վերապատուելի Նշան Պագալեանի եւ դաշնամուրի նուագակցութեամբ Հենրի Իշխանեանի:

Մէկ ժամ տեւողութեամբ յայտագիրը կ՛ընդգրկէր հայկական թէ օտար հոգեւոր երաժշտութիւն, ինչպէս նաեւ` հայկական ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգեր: Երգչախումբը Միսիրեանի («Արմիս» գրչանունով) յօրինած «Աղօթք Տէրունական»-ը երգելէն ետք, իր բացման խօսքին մէջ խմբավարը նշեց, որ յայտագիրը կը բովանդակէ, այլ երգերու կողքին, հայ մշակոյթի երկու մեծանուն դէմքերուն` Կոմիտասի եւ Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն նուիրուած երգեր:

Լեզուաբան եւ միսիոնար Էլիաս Ռիկզի հայերէնի թարգմանած «Տէ՛ր, հիմա մեր Փրկչին» հոգեւոր երգով շարունակուեցաւ յայտագիրը, որմէ ետք երգչախումբը երգեց Կոմիտասի «Քրիստոս ի մէջ»-ը: Ետքը ներկայացուեցան Կոմիտասի ժողովրդական «Ալագեազ», «Խնկի ծառ» երգերը, որուն թաւջութակով միացաւ Շուշան Արթինեանը: Յատկանշական էր, որ երգին բոլոր տուները երգուեցան, ոչ թէ, ինչպէս` սովորաբար, առաջին երկու տուները միայն: Իսկ Գրիգոր Սիւնիի «Օ՜յ, նազան իմ»-ի երգեցողութեան միացաւ Կարին Հայտոսթեանը` ջութակով: Ամբողջացնելու համար ժողովրդական երգերու բաժինը` խումբը երգեց յունահայ խմբավար Յ. Փափազեանին յօրինած «Մայիսի գիշեր»-ը:

Ոչ հայկական հոգեւոր գործերէն «Արմիս»-ը անգլերէնով երգեց Հանտելի «Յաւիտեան օրհնեալ է Ան», ամերիկեան սեւամորթներու երգ «Տէրս չփրկե՞ց Դանիէլը» եւ Ուայթի «Աստուծոյ խաղաղութիւնը»:

Թումանեանի խօսքերով ընթացաւ յայտագիրը. անոր գրիչէն «Քառեակներ» ասմունքեց Ռոզին Քելուկեանը: Թումանեանէն ընտրած անոր քառեակները միահիւսուած էին կոմիտասեան եղանակներով, Յակոբ Քելուկեանի տուտուկի նուագով:

Ամբողջացնելու համար յայտագիրը` «Արմիս»-ը երգեց Ալան Յովհաննէսի «Վասպուրական»-ը եւ Յարութիւնեանի յօրինումով` Թումանեանի «Հայրենիքիս հետ»-ը, որուն ընթացքին Յակոբ Քելուկեանը եւ Զարմինէ Պետրոսեանը մեներգեցին:

Յայտագրի աւարտին համոյթը վայելեց ժողովուրդին ջերմ եւ յոտնկայս ծափահարութիւններն ու բարձր գնահատանքը:

Պատրաստուած գրքոյկին մէջ, յայտագիրին կողքին, կարեւոր տուեալներ գրուած էին իւրաքանչիւր մատուցուած երգի յօրինողին եւ բառերու հեղինակին մասին:

Հայ աւետարանական «Արմիս» երգչախումբի 32 կամաւոր երգողներու պարտաճանաչ աշխատանքը եւ գործին նկատմամբ ունեցած հաւատքը տուին իրենց գեղեցիկ եւ քաջալերական արդիւնքը: Ներկաները եկեղեցիէն հեռացան այն ակնկալիքով, որ «Արմիս»-ը տարեկան համերգով պիտի շարունակէ գաղութի մշակութային-հոգեւոր կեանքին յատուկ փայլք տալ:

Նախորդը

Մխիթարեան Վարժարանի Աշակերտները Կը Նշեն Մայրերու Տօնը

Յաջորդը

Իր Ցեղին Սրտի Զարկերու Մէջ Մտած 135-ամեայ Մեր Հանճարեղ Բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի Երթը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?